Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բեկորի Ոգին Պէտք Է Մշտարթուն Պահել
Հոկտեմբեր 6-ը ՀՅԴ անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Ստեփանակերտի Ա. վաշտի հրամանատար, Արցախի հերոս Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր, Ասկոլկա) ծննդեան օրն է:
Ստեփանակերտի` Բեկորի անունը կրող պուրակին մէջ հաւաքուեցան` Բեկորի ընտանիքի անդամները, կուսակցական, մարտական ընկերները, Արցախի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:
Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող թիւ 2 դպրոցի սաները հերոսի յուշաքարին մօտ երդում կատարելով` համալրեցին «Զարթօնք» մանկապատանեկան կազմակերպութեան արծուիկներու խումբը:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի խօսքով, Բեկորի ոգին պէտք է մշտարթուն պահել, իսկ այդ ոգիին կարիքը միշտ եղած է ու պիտի մնայ. «Ես կը ցաւիմ, որ մեր շարքերուն մէջ այդ ոգիին տէր մարդոց ցանկը նուազեր է բոլոր ոլորտներուն մէջ` քաղաքական, ռազմական, հասարակական: Ժամանակակիցներս շատ լաւ կը յիշենք ամէնէն ծանր պայմաններու մէջ վճռական եւ ճիշդ որոշում կայացնելու Բեկորին ունակութիւնը, որ մեր բոլորին համար շատ անհրաժեշտ է մանաւանդ այս օրերուն»:
Պետրոս Քահանայ Շիթիլեանի Ղեկավարած Համերգը` Երեւանի Մէջ
Սեպտեմբեր 30-ին Հայաստանի պետական սենեկային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի հոգեւոր հովիւ` Պետրոս քհնյ. Շիթիլեանի (Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Ինտիըն Օրչըրտ – Մասաչուսեց), ելոյթ ունեցաւ Երեւանի Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան մէջ: Հաղորդենք, որ համերգը կազմակերպուած էր «Հայահաւաք» նախագիծի ծիրին մէջ:
Նուագախումբը ներկայացուց Դանիէլ Երաժիշտի հայկական ժողովրդական եւ հոգեւոր մեղեդիները` «Արուեստ եւ ժողովրդական պար», «Ուստի՞ կու գաս» եւ «Պետրոս Ղափանցի» մշակումները, Մոցարթի համանուագ թիւ 29-էն եւ Շոսթաքովիչի սենեկային համանուագէն հատուածներ եւ Ս. Ասլամազեանի կտորներ` հայկական ժողովրդական երգերու նիւթերով (ըստ Կոմիտասի գրառումներուն):
Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Հայահաւաք» նախագիծի ընթացքին Հայաստանի մէջ ելոյթ կ՛ունենան հայազգի հանրայայտ արուեստագէտներ, որոնք անցեալին որոշ պատճառներով ելոյթ չեն ունեցած կամ աշխուժ ստեղծագործական գործունէութիւն չեն ծաւալած հայրենիքի մէջ:
«Հայազգի խմբավարներն ու մենակատարները ներկայացնելով եւ անոնց ձայնը աւելի լսելի դարձնելով` Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը կը նպատակադրէ նոր թափ հաղորդել Հայաստանի մէջ մշակութային կեանքի զարգացման եւ Հայաստան-սփիւռք մշակութային կապերու ամրապնդման», նշեց նախագիծի համակարգող, Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի փոխտնօրէն Արմէն Սուքիասեանը:
Ծննդավայր Հալէպի մէջ նախնական ուսումը ստանալէ ետք, Շիթիլեան իր երաժշտական ուսումը շարունակած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ խմբավարի մասնագիտութեամբ: Ապա անցած է Ս. Փեթերսպուրկի երաժշտանոց, ուր յաւելեալ մասնագիտութիւն ստացած է: Իր խմբավարութեան բնագաւառի ունեցած ձեռքբերումներուն համար պարգեւատրուած է Ռուսիոյ մշակութային հիմնադրամի մետալով եւ պատուոյ գիրով: Ան նաեւ մասնակցած է շարք մը երաժշտական փառատօներու, ինչպէս` Մոսկուայի Զատկի եւ Շուէտի Պորքհոլմսի միջազգային երաժշտական փառատօներուն:
Վերջերս Պետրոս քհնյ. Շիթիլեան մասնակցած է Ս. Փեթերսպուրկի «Փալաս» միջազգային երաժշտական փառատօնին, ուր ղեկավարած է Մոցարթի «Ռեքուիեմ»-ը եւ արժանացած` քննադատներու բարձր գնահատականներուն: Անցեալ նոյեմբերին ան ելոյթ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ` ղեկավարելով տեղւոյն «Մոցարթ փլէյըրզ» նուագախումբը, «Սէյնթ Ճան Սմիթ» սրահին մէջ: Նշենք, որ նուագախումբը ներկայացուց Մոցարթի, Մենտելսընի եւ Պեթհովենի գործերը:
Իմացական Խաղ` Արցախեան Գոյամարտի Նիւթով
Հոկտեմբեր 4-ին Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կայացաւ «Արցախեան գոյամարտ» խորագիրը կրող իմացական խաղ-մրցոյթին հանրապետական փուլը: Մրցոյթին մասնակցեցան 6 խումբեր, որոնք ներկայացուցին` Ստեփանակերտը, Մարտունին, Մարտակերտը, Ասկերանը, Շուշին եւ Հադրութը:
10-12-րդ դասարաններու աշակերտները մրցեցան արցախեան գոյամարտի մասին գիտելիքներով: Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան արտադպրոցական ծրագիրներու բաժինի գլխաւոր մասնագէտ Նայիրա Ղահրամանեանի խօսքով, խաղի իրականացման նպատակն է` դպրոցականներու իմացութեան մակարդակի բարձրացումը, համախմբումը, գիտելիքներով հարուստ դպրոցականներու բացայայտումն ու խրախուսումը:
Խաղի արդիւնքներով մրցանակային առաջին դիրքը գրաւեց Ասկերանի շրջանի «Նորագիւղ» խումբը, երկրորդ դիրքը` Մարտակերտի շրջանի «Բեկոր» խումբը, իսկ երրորդը` Մարտունիի շրջանի «Շանթ»-ը: Իմացական խաղ-մրցոյթի բոլոր մասնակիցները պատուոյ գիրեր եւ գիրքեր ստացան, իսկ մրցանակային տեղեր գրաւած խումբեր` նաեւ յուշանուէրներ:
Արշաւ` «Կուկըլ»-ի Մէջ Հայկական Վայրերուն Տրուած Ազրպէյճանական Տեղանուններուն Դէմ
Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը յայտարարած է, որ Google Map եւ Google Earth յաւելուածներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի շարք մը վայրերու տեղանունները նշուած են ազրպէյճաներէն եւ ազրպէյճանական տեղանուններով:
«Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ անուանափոխուած եւ կեղծ կամ գոյութիւն չունեցող ազրպէյճանական անուններով նշուած են` դպրոցներ, այգիներ, հրապարակներ եւ այլն: Օրինակ` «Որոտան» գետը նշուած է ազրպէյճանական անուանումով` «Bazarçay», կամ Սիսիանի զբօսայգին անուանակոչուած է Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի կամ Աթաթուրքի անունով, կամ Սիւնիքի մարզպետարանի շրջակայքը նշուած է միայն ազրպէյճաներէնով` «Zəngəzur Vilayəti Administrasiyası» եւ այլն: Նոյնիսկ փորձած են փոխել Սիսիան քաղաքին անունը` Qarakilise: Ակնյայտ է, որ տեղի ունեցածը եղած է ազրպէյճանական իշխանութիւններու միջամտութեամբ: Այս արարքով նախ կը փորձարկուի հոգեբանական ճնշումներու ենթարկել Հայաստանի ժողովուրդն ու յատկապէս բնակավայրի բնակիչները», գրուած է «Թաթոյեան» հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշեալ հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ այդ ձեւով կը փորձեն կեղծիքներով աշխարհին ներկայացնել, որ իբր թէ Սիւնիքը ազրպէյճանական է: Ի վերջոյ, կը փորձեն օրինականացնել ազրպէյճանական յարձակումները եւ ոճրային ներխուժումները` Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ:
Այսպիսի մօտեցումով ազրպէյճաներէնով նշուած են նաեւ տեղանուններ` Մեղրիի եւ Կապանի մէջ:
«Թաթոյեան» հիմնադրամը արդէն իսկ կապի մէջ է «Կուկըլ» ընկերութեան հետ եւ միջոցներու կը դիմէ հարցին լուծման ուղղութեամբ: Ձեռնարկուած քայլերուն շնորհիւ որոշ կեղծ անուններ արդէն իսկ փոխուած են:
Այս եղանակով չփոխուելու պարագային, ամերիկեան գործընկեր հայ փաստաբաններու հետ քայլեր պիտի առնուին` ազրպէյճանական կեղծիքները վերացնելու պահանջով, դատական գործընթացներ սկսելու ուղղութեամբ:
Նշենք, որ ազրպէյճանցիները քարտէսներուն մէջ յաջողած են նոյնիսկ քարոզչական պատգամ մտցնել, որովհետեւ անոնցմէ մէկուն վրայ կը կարդանք` «Սիսիանը Ազրպէյճան է»:
Հայաստանի Երաժշտահաններու Միութեան Պատմութեան Ամէնէն Հետաքրքրական Դրուագները Ներկայացուեցան Կառոյցի 90-Ամեայ Յոբելեանին Նուիրուած Ցուցադրութեան
Հայաստանի երաժշտահաններու միութեան 90-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ հոկտեմբեր 7-ին, Երեւանի մեթրոյի «Երիտասարդական» կայարանին մէջ, ուր ներկայացուած արխիւային լուսանկարներու, փաստաթուղթերու միջոցով կարելի դարձաւ ծանօթանալ միութեան ստեղծման, վարչական շէնքին, Դիլիջանի Էդուարդ Միրզոյեանի անուան երաժշտահաններու ստեղծագործական տան համալիրի կառուցման պատմութեան, համերգներուն եւ այլ կարեւոր իրադարձութիւններու:
Երաժշտահաններու միութեան նախագահ Արամ Սաթեան միութիւնը համեմատեց 90-ամեայ «երիտասարդի» հետ` նշելով, որ ճիշդ այդ պատճառով յոբելենական ցուցահանդէսին բացումը կը կայացուի «Երիտասարդական» կայարանին մէջ: Անոր խօսքով մարդիկ պէտք է ճանաչնան հայ անուանի երգաժիշտները եւ երիտասարդ ստեղծագործողները, որոնց գործերը կը հնչեն ամբողջ աշխարհի մէջ, իսկ այս ցուցադրութիւնը կրնայ նպաստել անոր:
«Հայաստանի երաժշտահանները կը ստեղծագործեն յանուն հայրենիքի, կը գրեն երգեր, սիմֆոնիք մեծակտաւ գործեր` յանուն հայրենիքի: Մեր զէնքը մեր երաժշտութիւնն է, որ այսօր կ՛ուղղորդէ քաղաքացիները` յառաջանալու, հաւատալու, իսկ երաժշտութեան մէջ պէտք է ըլլայ դրական յոյզ: Երաժշտութեան մէջ կ՛արտայայտուի ե՛ւ այսօրը, ե՛ւ ապագան», ընդգծեց Սաթեան:
Հայաստանի երաժշտահաններու միութեան համերգային կազմակերպչական բաժինի ղեկավար Էդմոն Մակարեան յիշեցուց, որ յոբելենական տարին յագեցած է` բազմաբովանդակ ձեռնարկներով, համերգային ծրագիրներով, փառատօնով եւ մրցոյթներով: Ան շեշտեց, որ իրենց նպատակներէն մէկը Դիլիջանի ստեղծագործական տունը վերակենդանացնելը, վերակառուցելը եւ նոր շունչ տալն է: Այդ նպատակով այնտեղ կազմակերպուած են շարք մը համերգներ, որոնք պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ տարի:
«Ցուցահանդէսին ներկայացուած է 24 ցուցանմուշ, իսկ կազմակերպուած է «Արուեստը մեթրոյի մէջ» ծրագրի շրջանակին մէջ: Մեթրոյի ղեկավարութիւնը ջանք չի խնայեր, որ մեր սիրելի ուղեւորները կայարանային համալիրին մէջ անցուցած ժամանակը օգտագործեն ի նպաստ իրենց` ծանօթանալով հետաքրքրական ցուցանմուշներուն եւ կարդալով տեղեկութիւնները: Մենք միշտ կ՛աջակցինք նոյնանման նախագիծներու, եւ մեր դռները բաց են բոլոր արուեստագէտներուն համար», նշեց Երեւանի մեթրոյի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Բաբգէն Սեդրակեանը:
Ցուցադրութեան բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Արա Խզմալեանը: Ըստ Խզմալեանի, դժուար է գտնել որեւէ տեղ, ուր մարդկային այդքան մեծ հոսք ըլլայ: «Կը յուսամ, որ այս ցուցահանդէսը շատ աւելի մեծ ու երկարատեւ գործընթացի մեկնարկը կ՛ըլլայ: 2023-2024 թուականներու նշանաւոր իրադարձութիւններու, նշանաւոր արուեստագէտներու յոբելեաններ կան. Կը կարծեմ, որ կրնանք որոշ ժամանակով մեթրոյի իւրաքանչիւր կայարան պայմանաբար անուանակոչել անոնց անուններով ու ցուցադրել մեծերու կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած ցուցադրութիւններ», շեշտեց փոխնախարարը:
Խզմալեան հաղորդեց, որ մշակոյթը պէտք է դուրս գայ թանգարաններու պահոցներէն, ցուցասրահներէն եւ պէտք է մտնէ մարդոց կենցաղին ու առօրեային մէջ: Յաճախ կը դժգոհինք, որ այս կամ այն վայրին մէջ հակամշակութային բովանդակութեամբ պաստառներ կան եւ այլն. պէտք չէ բողոքել, պէտք է կատարել հակառակը: Պէտք է դրական բովանդակութեամբ յագեցնել մեր միջավայրը», նշեց Խզմալեան:
Փոխնախարարը անդրադարձաւ նաեւ սահմանային լարուածութեան պայմաններու մէջ կազմակերպուող մշակութային ձեռնարկներուն եւ նշեց, որ լարուածութիւնը կ՛ազդէ հանրային տրամադրութիւններուն վրայ, իսկ մշակութային նախաձեռնութիւնները, համերգները, ներկայացումները կը պահանջեն լաւ տրամադրութիւն, լաւատեսութիւն: «Սահմանային որեւէ ցնցում անմիջապէս իր ներգործութիւնը կ՛ունենայ հանդիսատեսին յաճախելիութեան վրայ, բայց մեր ենթակայութեամբ գործող բոլոր կառոյցներուն հրահանգած ենք միայն ամէնէն խիստ լարուածութեան պարագային չեղարկել ձեռնարկները, երբ զանգուածաբար կը վերադարձուին տոմսերը, երբ հանդիսատեսի ներկայութեան լուրջ հարց կայ: Անգամ 20 հանդիսականի ներկայութեան պարագային ձեշնարկը պէտք է կայանայ: Պէտք չէ թոյլ տանք, որ հանրային կեանքը կաթուածահար ըլլայ», եզրափակեց ան:
Յայտնենք, որ յոբելենական ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ` Հայաստանի երաժշտահաններու միութեան, Հայաստանի ազգային արխիւի, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ու Կարէն Դեմիրճեանի անուան Երեւանի մեթրոյի ջանքերով:
«UCOM»-ն ու «Պես–Պես»-Կը Շարունակեն Գործակցութիւնը Հայրենաճանաչութիւնը Խթանող Կրթական Նախագիծի Շրջանակներու Մէջ
«UCOM» ընկերութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ հայրենաճանաչութիւնը խթանող «Պէս-Պէս» կրթական նախագիծին:
Հեղինակային նախագիծի շրջանակին մէջ երեխաները ո՛չ միայն կրնան Երեւանի եւ Գիւմրիի քարտէսներու մէջ գունաւորել երկու քաղաքներու տեսարժան վայրերը, այլեւ` Երեւանի արձանները, շէնքերը եւ հայ գեղանկարչութիւնը ներկայացնող գունազարդման գիրքերու միջոցով կը ծանօթանան հայ ճարտարապետութեան ու արուեստին, հետաքրքրական տեղեկութիւններ քաղելով մեծ հայերու մասին:
«Երեխաներուն մեծ մասը առհասարակ կը սիրէ գունազարդել: «Պէս-Պէս»-ի հետ, հաճոյք ստանալով գործընթացէն, անոնք ո՛չ միայն էապէս կը ճանչնան իրենց բնակավայրը, այլեւ գիտելիք կը ստանան անոր պատմութեան մասին: Աւելի՛ն. երեխաները ստեղծագործելու կարելիութիւն ունին` պատկերացնելով սիրելի քաղաքները ճիշդ իրենց երեւակայութեանը բնորոշ գոյներով: Ուրախ եմ, որ «UCOM» ընկերութիւնը շարունակաբար աջակցած է ու կ՛աջակցի Գիւմրին ներկայացնող մեր նախագիծի շարունակականութեան», ըսաւ «Պէս-Պէս» նախագիծի հիմնադիր Եանա Պապաճանեանը:
Մասնաւորապէս Գիւմրիի գունազարդման քարտէսը ներկայացուած է մեծ 140×90 սանթիմեթր եւ միջին` 100×70 սանթիմեթր չափերով: Տեղեկատուական հոսքերու մեծ ծաւալը մշակուած, ճշգրտուած եւ զտուած է ծնողներու եւ երեխաներու միացեալ ժամանցը աւելի յագեցած դարձնելու համար:
«UCOM»-ը միշտ մեծ պատրաստակամութեամբ աջակցած է հայրաքաղաք Գիւմրին ներկայացնող կրթական նիւթերու ստեղծման նախագիծին: Ուրախ եմ, որ փոքրերու եւ անոնց ծնողներուն ուշադրութեան յանձնուած է մեր երկրի իր աւանդութիւնները պահած քաղաքներէն մէկը», յայտնեց «UCOM» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Արա Խաչատրեանը:
Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկի Երկու Ծրագրի Ֆինանսաւորումը Հաստատուեր Է «Երիտասարդ Գիտական Աշխատողներու Հետազօտութիւններու Աջակցութեան Ծրագիր-2022»-ի Ծիրին Մէջ
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Գիտութեան կոմիտէի Գիտական եւ գիտական-արհեստագիտական գործունէութեան պայմանագրային ֆինանսաւորման «Երիտասարդ գիտական աշխատողներու հետազօտութիւններու աջակցութեան ծրագիր-2022»-ի ծիրին մէջ հաստատուած է ֆինանսաւորումը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի երկու ծրագրի` «Թուրք-ազրպէյճանական հայատեացութեան ակունքները, արդի վիճակը, միտումները (միջգիտակարգային մօտեցումները)», ղեկավար` Շուշան Խաչատրեան, եւ «Թուրք կիներու մասնակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան գործընթացին. Կարմիր մահիկի կիներու կեդրոնը», ղեկավար` Էլինա Միրզոյեան:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը շնորհաւորեն թեմաներու ղեկավարները եւ մասնակիցներն ու կը մաղթեն յաջող հետազօտական ընթացք ու ձեռքբերումներ:




