Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՕՄ-ի 2022-2023 Տարեշրջանի Կրթական Օժանդակութիւնը` Ուղղուած Ասկերանի Խնածախ Եւ Ակնաղբիւր Գիւղերէն Երկու Արցախցիներու
Ասկերանի շրջանի Խնածախ գիւղէն Պաւել Աւագիմեանը եւ նոյն շրջանի բռնագրաւուած Ակնաղբիւր գիւղէն Սօսէ Մարգարեանը արժանացան ՀՕՄ-ի 2022-2023 տարեշրջանի կրթաթոշակին: Յիշեցնենք, որ Երեւանի մէջ ուսանողներուն ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը յատկացուցած է 1000-ական ամերիկեան տոլարի աջակցութիւն` ուսման հետ կապուած ծախսերը հոգալու համար:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի գրասենեակին մէջ ուսանողներուն կրթաթոշակը յանձնեց Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի ատենապետուհի Լիլիթ Մարտիրոսեանը:
Հայ օգնութեան միութիւնը շահառու ուսանողներուն կը մաղթէ շարունակական յաջողութիւն համալսարանական կեանքի մէջ` վստահ ըլլալով, որ անոնք իրենց մասնագիտութեամբ ու կարողութիւններով օգտակար պիտի դառնան հայրենիքին:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ջերմուկէն Կոչ Կ՛ուղղէ Զինուելու Քաջութեամբ
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս այցելեց Վայոց Ձորի Ջերմուկ քաղաք, ուր դիմաւորուեցաւ Վայոց Ձորի թեմի առաջնորդ Աբրահամ արք. Մկրտչեանի, Վայոց Ձորի մարզպետ Արարատ Գրիգորեանի եւ Ջերմուկի քաղաքապետ Վահագն Արսէնեանի կողմէ:
Այնուհետեւ Ջերմուկի Սուրբ Գայեանէ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ խաղաղութեան մաղթանք` Հայաստանի, Արցախի եւ հայրենեաց սահմաններու անսասանութեան ու հայ ժողովուրդի ապահով, խաղաղ եւ բարօր կեանքի համար, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացուեցաւ հայրենիքի պաշտպանութեան զոհուած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար:
Արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղեց ներկայ ժողովուրդին` շեշտելով, որ բուժիչ յատկութիւններ ունեցող Ջերմուկը այսօր ինք կարիքը ունի ապաքինման ու վիշտերու թօթափման: Անդրադառնալով 13 սեպտեմբերին ազրպէյճանական զինուած ուժերու լայնածաւալ յարձակման` կաթողիկոսը իր սրտակցութիւնը յայտնեց մեր ժողովուրդի սգաւոր եւ վշտացեալ զաւակներուն, ազրպէյճանական յարձակումներէն զոհուած հայորդիներու, աւերուած քաղաքներուն եւ շէնքերուն համար` հայցելով, որ Տէրը Իր ողորմութեամբ հանգստութիւն պարգեւէ հայրենիքին համար նահատակուած քաջորդիներուն, մխիթարութիւն եւ սփոփանք շնորհէ զոհուածներու ընտանիքներուն, նաեւ կամք ու քաջութիւն` հաւատաւոր զաւակներուն, որպէսզի կարենան դիմակայել ծագող հարցերը:
«Այսօր մեր կեանքին մէջ տագնապներն ու անհանգստութիւնները չափազանց շատ են: Մենք մտահոգուած ենք մեր հայրենիքի, հարազատ երկրի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներու ներկայով եւ ապագայով, յատկապէս երբ մեր հայեացքները ամէն անգամ հանդիպին անմեղ, բայց արդէն հոգսաշատ դարձած մեր մանուկներու աչքերուն: Մեր երկրին եւ ժողովուրդին առջեւ ծառացած մտահոգութիւններէն ու անհանգստութիւններէն դրդուած` որոշ ընտանիքներ կը հեռանան երկրէն եւ կը դառնան գաղթական` օտարութեան մէջ փնտռելով իրենց եւ իրենց զաւակներուն երջանկութիւնն ու ապահովութիւնը:
«Մենք եկած ենք այստեղ ըսելու, որ այն ամէնը, ինչ որ ունինք, մեր երկիրը, մեր հայրենիքն է: Պիտի զինուինք քաջութեամբ եւ տոկունութեամբ, որպէսզի պաշտպան ըլլանք ա՛յն սրբազան հողին, ուր ապրած ու արարած են մեր հայրերը եւ մեր հայրերուն հայրերը, ուր նահատակուած են մեր զաւակները», նշեց կաթողիկոսը:
Ան կոչ ուղղեց գօտեպնդուելու հաւատքով ու քաջութեամբ. «Մենք կը հաւատանք, որ Ջերմուկի խորհրդապատկերի նմանողութեամբ այս գեղատեսիլ քաղաքը, այլեւ մեր ամբողջ երկիրը վերստին պիտի ապաքինի իր վէրքերէն, պիտի վերապրի ողբերգութիւնները եւ պիտի յաղթահարէ դժուարութիւններն ու նեղութիւնները: Եւ մեր ժողովուրդը իր իմաստութեամբ, աշխատասիրութեամբ, տոկունութեամբ ու քաջութեամբ պիտի շարունակէ կառուցել արժանապատիւ եւ ստեղծագործ իր կեանքը, զօրացնել երկիր հայրենին եւ կերտել լուսաւոր գալիքը»:
Մարտակերտի Վանք Գիւղի Դպրոցին Մէջ Կայացաւ «Նրանք» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Նոյեմբեր 12-ին Մարտակերտի Վանք գիւղի դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ նոյն դպրոցի աշակերտ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամ Անի Լազարեանի «Նրանք» խորագրով առաջին գիրքին շնորհահանդէսը:
Շնորհահանդէսին ներկայ էին դպրոցի ուսուցիչներն ու աշակերտները, համայնքի ղեկավարն ու Անիի հարազատները, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութենէն խումբ մը ընկերներ:
«Նրանք» գիրքին հերոսները յանուն հայրենիքի մահուան հետ առճակատուած քաջորդիներն են, որոնք նահատակուեցան արցախեան 44-օրեայ պատերազմին:
Վանքի դպրոցի տնօրէն Արամայիս Բալայեան նշեց, որ այսօր տօն է, որովհետեւ հաւաքուած ենք ողջունելու մեր դպրոցի աշակերտուհիներէն Անի Լազարեանի «Նրանք» գիրքի անդրանիկ հեղինակութիւնը:
«Անին մեր դպրոցի գրագէտ եւ դաստիարակուած աշակերտուհիներէն է, անոր յիշողութիւններուն մէջ տակաւին կայ այդ չարաբաստիկ պատերազմը, որ հետք ձգեց բոլորիս վրայ:
«Նրանք» գիրքը մեր հերոսներուն, պատերազմի ու այդ սեւ յիշողութիւններուն մասին է, որ աշակերտական մակարդակով առաջինն է թէ՛ դպրոցին եւ թէ՛ գիւղին մէջ: Ես շատ ուրախ եւ հպարտ եմ, այո՛, հպարտ եմ, որ ունինք այսպիսի աշակերտուհի` շնորհաշատ, համեստ ու հայրենասէր:
«Շնորհակալ ենք նաեւ Անիի ծնողներուն` Արցախի արժանի զաւակ դաստիարակելնուն համար», եզրափակեց Ա. Բալայեան:
Նշենք, որ շնորհահանդէսի աւարտին կազմակերպուած էր նաեւ գիրքի նիւթին համապատասխան բեմական ներկայացում` զինուորներու մասնակցութեամբ:
Գրողներու Միութիւնը Գրական–Գեղարուեստական Ձեռնարկով Տօնեց Վահագն Դաւթեանի 100-Ամեակը
Բանաստեղծ, հրապարակախօս, թարգմանիչ, թատերագիր, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Վահագն Դաւթեանի 100-ամեակին առիթով Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ նոյեմբեր 11-ին կայացաւ գրական-գեղարուեստական հանդիսութիւն:
Գրողները խօսեցան Դաւթեանի ստեղծագործութիւններու բացառիկութեան, անոր հայրենասիրական ոգիին եւ հայ գրականութեան մէջ ունեցած կարեւոր ներդրման մասին, նաեւ կարդացին անոր տարբեր ժամանակներու գրած ստեղծագործութիւններէն:
Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Եղիշէ Չարենցի մահէն ետք հայ գրական միջավայր մուտք գործեցին աշուղներ, եւ դաշտը լեցուեցաւ կիսագրագէտ մարդոցմով, եւ եթէ այդպէս շարունակուէր, հայ գրականութիւնը իր մակարդակը կը կորսնցնէր: Ճիշդ այդ ժամանակ եկաւ Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի, Վահագն Դաւթեանի, Գէորգ Էմինի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Հրաչեայ Յովհաննիսեանի սերունդը, որ իր ներկայութեամբ զարդարեց հայ գրականութիւնը: «Ան հետաքրքրական դիտողականութեամբ պատմական անցքերը կը վերածէր բանաստեղծութիւններու, որոնցմէ էր` «Ասք սիրոյ եւ սրի» ստեղծագործութիւնը, գրեց «Թոնդրակեցիներ» բանաստեղծութիւնը, որ hետագային վերածուեցաւ թատրերգութեան: Դաւթեան հրաշալի թարգմանիչ եւ տաղանդաւոր գրող էր: Ան կ՛անդրադառնար հրապարակախօսութեան, մշակութաբանութեան եւ թարգմանական գրականութեան տեսութեան: Դաւթեան հայերէնի թարգմանած է Մայակովսկիի, Եսենինի, Պուշկինի եւ այլ մեծերու գործերը», նշեց Միլիտոնեան:
Ըստ Գրողներու միութեան նախագահին, Վահագն Դաւթեանի բանաստեղծութիւնները կարծես հայ բազմադարեան բանաստեղծութեան ամփոփումը ըլլան: «Անոր հատընտիրը կարդալու ընթացքին կը լսես մեր բանաստեղծութեան զնգոցը, ժամերգութիւնները, հնչիւնները, շշուկները», շեշտեց Է. Միլիտոնեան:
Գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Տեմիրճեան ուրախ էր, որ դահլիճին մէջ ներկայ են ո՛չ միայն արուեստագէտներ, այլեւ` դպրոցականներ, որոնք կը ճանչնան Դաւթեանի գրականութիւնը եւ անգիր գիտեն հեղինակին բանաստեղծութիւնները:
Տեմիրճեանի խօսքով, Վահագն Դաւթեան մեծ հոգիի ու մտածողութեան տէր անհատականութիւն էր, որ կը խօսէր զիրար հակասող երեւոյթներու` վերեւի, ներքեւի, հողի, երկինքի մասին: «Մարդը առանց տիեզերքի, առանց անհունութեան, առանց յաւերժի գիտակցութեան` չի կրնար սիրել այն հողը, որուն վրայ կ՛ապրի, իսկ հող ըսելով Վահագն Դաւթեան կը հասկնար հայրենիք` իր ծննդավայրէն սկսեալ մինչեւ այն հայրենիքը, որ մեր բոլորին հոգիներուն մէջ է` անկախ գծուած եւ չգծուած սահմաններէն», նշեց ան:
Անդրադառնալով Դաւթեանի «Անքնութիւն» ստեղծագործութեան` Տեմիրճեան յայտնեց, թէ առիթով մը Դաւթեան պատմած է, որ անքնութեան պահուն փորձած է մտքին մէջ վէպեր գրել` անքնութիւնը յաղթահարելու համար, սակայն այդ ժամանակ անոր աչքին առջեւ եկած է հայոց պատմութիւնը, ուստի չէ կրցած քնանալ: «Այդ անքնութիւնը զայն տարաւ պատմութեան քառուղիներով, ինչպէս կ՛ըսէր Չարենց, եւ այսպիսով ծնան շարք մը պատմական հրաշալի բանաստեղծութիւններ», ընդգծեց Պ. Տեմիրճեան:
Տեղեկացնենք, որ գեղարուեստական երեկոն աւարտեցաւ Վահագն Դաւթեանի մասին պատմող վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեամբ եւ երաժշտական կատարումներով:
Վանաձորի Տիկնիկային Թատրոնը Տօնեց Իր Հիմնադրութեան 30-Ամեակը
Վանաձորի տիկնիկային թատրոնը նշեց իր հիմնադրութեան 30-ամեակը:
Վանաձորի համայնքապետարանէն տեղեկացուցին, որ ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան` Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպս. Յակոբեանը, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Արա Խզմալեանը, Վանաձոր համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար Արկադի Փելեշեանը, Լոռիի փոխմարզպետ Գոռ Ասրեանը, Երեւանի պետական տիկնիկային թատրոնի ներկայացուցիչներ, դերասաններ, մտաւորականներ:
Համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար Արկադի Փելեշեան շնորհաւորելով թատրոնի յոբելեանը` նշեց, որ` «Մօտ ապագային տիկնիկային թատրոնը պիտի ունենայ նոր շէնքային պայմաններ: Վստահ եմ, որ նոր պայմաններու մէջ աւելի մեծ թափով եւ ոգեւորութեամբ պիտի գործէ թատրոնը»:
Թատրոնի տնօրէն Սեւակ Սարգսեան Վանաձորի տիկնիկային թատրոնի յուշամետալներով պարգեւատրեց անոնք, որոնք անգնահատելի աւանդ ունին այս թատրոնի ստեղծման, կայացման ու զարգացման գործին մէջ:
Ուստի յուշամետալի առաջին օրինակը տրուեցաւ թատրոնի հիմնադիր եւ բազմամեայ տնօրէն Սերգէյ Մելիքեանին: Այնուհետեւ ներկաները վայելեցին Վանաձորի սենեկային նուագախումբի կատարումներէն եւ տիկնիկային ներկայացումներէն դրուագներ:
«Թուֆէնքեան» Բարեգործական Հիմնադրամը Վերակառուցեց Կարմիր Շուկայի Մէջ Բնակող Բազմազաւակ Ընտանիքի Մը Տունը
«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ վերակառուցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի Կարմիր Շուկայ համայնքի բնակիչ, բազմազաւակ ընտանիքի հայր, 44-օրեայ պատերազմին վիրաւորուած Արտակ Շահնազարեանին առանձնատունը:
Նոյեմբեր 14-ին տեղի ունեցաւ Շահնազարեաններու ընտանիքի վերակառուցուած առանձնատան բնակարանամուտը:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Արտակ Շահնազարեան պատմեց, որ 44-օրեայ պատերազմին թշնամիին կողմէ Կարմիր Շուկայի հրթիռակոծութեան պատճառով մասնակի վնասուեցաւ նաեւ իրենց տունը:
«Աշխարհազօրայիններու կազմին մէջ մասնակցելով հայրենիքի պաշտպանութեան` 2020 թուականի հոկտեմբեր 28-ին ոտքերէս վիրաւորուեցայ: Տան պայմանները այդքան ալ բարւոք չէին: Մեզի համար այսօր մեծ ուրախութիւն է, որովհետեւ կարելիութիւն ընձեռուեցաւ ապրելու այսպիսի յարմարաւէտ պայմաններու մէջ», ըսաւ Ա. Շահնազարեան: Սահմանամերձ գիւղի բազմազաւակ` 5 երեխայ ունեցող ընտանիքի հայրը իրենց ապագան հայրենի ծննդավայրին մէջ կը տեսնէ: «Ուր ալ ըլլանք, մէկ է` մեր տունն ու տեղը ուրիշ է: Այստեղ մենք բոլորս ալ հոգեպէս ուժեղ ենք», ընդգծեց Ա. Շահնազարեան:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի հասարակական կապերու տնօրէն Ռուբէն Ճանպազեան նշեց, որ իրենց համար նոյնպէս մեծ ուրախութիւն է փոքր լումայ ներդնելը սահմանամերձ գիւղերու մէջ, եւ այս թիւին մաս կը կազմէ Կարմիր Շուկան եւս:
«Մենք մեր կարելին կ՛ընենք, որպէսզի ժողովուրդին դէմքին վրայ ժպիտ ըլլայ: Շինարարները ջանք չխնայեցին տունը գեղեցիկ տեսքի բերելու համար: Շնորհակալ ենք աշխարհի տարբեր ծագերուն մէջ գտնուող մեր այն նուիրատուներուն, որոնք աջակցեցան այս ծրագրի իրականացման», աւելցուց Ռ. Ճանպազեան` հաւաստիացնելով, որ հիմնադրամը պիտի շարունակէ ամուր կանգնիլ արցախցիի կողքին եւ տարբեր ծրագիրներ իրականացնել Արցախի մէջ:
«Յիշողութեան Ուժը». Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Արցախի Բռնագրաւուած Բնակավայրերու Լուսանկարներու Ցուցահանդէս
Նոյեմբեր 9-ին Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական թատրոնի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարիչ Սեւակ Ասրեանի «Յիշողութեան ուժը» խորագրով լուսանկարներու անհատական ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ 44 լուսանկար, որոնք կը ներկայացնեն 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած արցախեան բնակավայրեր, բնութեան պատկերներ եւ եկեղեցիներ:
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Սեւակ Ասրեան յայտնեց, որ` «Լուսանկարներուն մեծ մասը նկարած է 2016-2019 թուականներու ընթացքին, իսկ միւս մասն ալ` 2020-ի ամրան: Իւրաքանչիւր նկար ինծի համար մեծ ցաւ ու յիշողութիւն է: Անոնց նայելով` կը հասկնամ, թէ ինչե՜ր կորսնցուցինք, բաներ, որոնք ժամանակին չենք գնահատած», նշեց լուսանկարիչը:
«Յիշողութեան ուժ»-ը խորագրով ցուցահանդէսին ներկայացուած 44 լուսանկարները Սեւակի արխիւին մէկ փոքր մասն է միայն: «Այդ բռնագրաւուած տարածքներէն մօտաւորապէս 500 լուսանկար ունիմ: Ինծի համար նախապէս լուսանկարիչը մարդու կեանքը նկարողը, վաւերագրողն էր, բայց ներկայ իրավիճակին մէջ այդ նկարները նոր իմաստ ստացան: Լուսանկարած եմ եկեղեցիներ, մատուռներ, որոնք, ըստ որոշ տուեալներու, արդէն չկան: Ինծի համար մեծ պատասխանատուութիւն է, որ պիտի պահեմ անոնց լուսանկարները եւ մարդոց ցոյց տամ», յայտնեց Ասրեան:
Արցախի տարբեր շրջաններու բնապատկերներ, մշակութային կոթողներ եւ բնութեան հրաշալիքներ պատկերող ցուցահանդէսին կարելի է տեսնել մեզի ծանօթ վայրերը նոր դիտանկիւնէ: «Վանքասարը իմ ամէնէն սիրած վայրերէս էր, ուր պատրաստ էի ամէն օր երթալ ու նկարել: Յիշողութիւնը մեզի շատ բան կու տայ, նաեւ յառաջ կը տանի, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է այսքանը տեսնել, յիշել ու համակերպուիլ: Ամէն անգամ նայելուս կը մտածեմ, որ վաղը բան մը անպայման պիտի փոխուի, եւ ես նորէն պիտի երթամ Վանքասար կամ Հունոտի կիրճ հանգստանալու: Այս յիշողութիւնն է, որ մեզ հայ, արցախցի կը պահէ», հաղորդեց Սեւակ:
Ցուցահանդէսին փակման օրը` նոյեմբեր 15-ին, կայացան հետաքրքրական բանախօսութիւններ: «Ռէարմենիա» հարթակին աջակցութեամբ կեանքի կոչուած այս նախագիծը իր մէջ ներառեց ո՛չ միայն լուսանկարներու ցուցադրութիւն, այլ նաեւ` 1000 օրինակով տպագրութիւն պատկերագիրքի, որ կը բովանդակէր` 44 լուսանկարներ, բռնագրաւուած տարածքներու մասին տեղեկութիւններ, մեր կորսնցուցած 192 գիւղերու ցանկը, 44-օրեայ պատերազմի եւ Արցախի 3 հազար տարուան համառօտ պատմութիւնը քարտէսներով:
Յայտնենք, որ այս պատկերագիրքի վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի ուղարկուի Մարտունի շրջանի Հաղորտի գիւղի շուրջօրեայ ջրամատակարարման ապահովման հարցի լուծման:




