Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 28, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Տեղի Ունեցաւ «Պոլսահայ Գրականութիւնը 20-րդ Դարի Կէսից Մինչեւ Մեր Օրերը» Թեմայով Գիտաժողովը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակը եւ Երեւանի Խ.Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնը սեպտեմբեր 23-ին Համազգայինի սրահին մէջ կազմակերպեցին համահայկական գիտաժողով` «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարի կէսից մինչեւ մեր օրերը» խորագիրով:

Գիտաժողովը սկիզբ առաւ լռութեան մէկ վայրկեանով յոտնկայս յարգելով յանուն հայրենիքի նահատակուած զոհերու յիշատակը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն, փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեան:

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքը ներկաներուն փոխանցեց Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան` կարեւորելով Ցեղասպանութիւնը վերապրած պոլսահայութեան դերը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ:

Սուրէն Դանիէլեան կարդաց Պոլսոյ պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի օրհնութեան խօսքը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՊՄՀ նախագահ, փրոֆեսէօր Սրբուհի Գէորգեան` կարեւորելով համալսարանի 100-ամեակին նման թեմայով գիտաժողով մը կազմակերպելը:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան վարչութեան անունով ողջունեց գիտաժողովին մասնակիցները եւ իր խօսքին մէջ կարեւորեց, որ ներկայ օրերուն, երբ սփիւռքը ուծացման տագնապի առջեւ կը գտնուի, երբ հայրենիքի մէջ կը նուազի հետաքրքրութիւնը սփիւռքահայ գրականութեան եւ արեւմտահայերէնի հանդէպ, կարեւոր է պոլսահայ գրականութեան համահայկական գիտաժողովի մակարդակով անդրադառնալը:

«Արեւմտահայերէնի գոյութիւնը լուրջ վտանգուած է: Ազգային աղէտներուն համընթաց` պոլսահայ գրական ժառանգութեան նուիրուած գիտաժողովը իր գիտական վերլուծութեամբ, հայրենիքի մէջ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական արժէքներու նկատմամբ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու կարեւոր քայլ է», նշեց Քէշիշեան:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտեց. «Մեր պետութեան այս ժամանակահատուածին մէջ խորհրդանշական է պոլսահայ գրականութեան նուիրուած այս գիտաժողովը, որովհետեւ այն, ինչ կ՛ըսէ գրականութիւնը, թերեւս քաղաքագէտները չկրնան նոյնիսկ ըսել այդ մասին»:

Հայաստանի Գրողներու միութեան անունով մասնակիցները ողջունեց եւ խօսք առաւ միութեան քարտուղար Պետրոս Դեմիրճեանը:

Գիտաժողովի զեկուցումները ընթացան երկու նիստով, որոնց ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան` փրոֆեսէօր Վազգէն Գաբրիէլեան, Ֆրանսայէն փրոֆեսէօր Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեան, փրոֆեսէօր Արծրուն Աւագեան, Քուէյթէն դոկտոր Հրայր Ճէպէճեան, Միացեալ Նահանգներէն դոկտոր Հրանդ Մարգարեանի զեկուցումը կարդաց Մարի Մերտխանեանը: Զեկուցումներ ունեցան` Լիլիթ Սէյրանեան, Թուրքիայի «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագարատ Էստուքեան (տեսակապով), փրոֆեսէօր Աշոտ Գալստեան, Հայկազուն Ալվրցեան, Վալերի Փիլոյեան, Արցախի պետական համալսարանէն Նոնա Դաւթեան, գրականագէտ Ֆելիքս Բախչինեան, Քնարիկ Աբրահամեան, Դաւիթ Մոսինեան, Կարինէ Մարտիրոսեան, Արցախէն Մանուշ Բալայեան եւ Հայաստանէն Մարինէ Ղազարեան:

Տեղի Ունեցաւ «ՍԴՀԿ 135-Ամեակ. Ազատագրական Պայքարից` Անկախ Պետականութիւն» Գիտաժողովը

22 սեպտեմբեր 2022-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ «ՍԴՀԿ 135-ամեակ. ազատագրական պայքարից` անկախ պետականութիւն» խորագրեալ գիտաժողովը:

Գիտաժողովի մասնակիցները ողջունեց ԳԱԱ-ի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանը: «Այսօրուան գիտաժողովը սերտօրէն կապուած է անկախութեան գաղափարին հետ: Մեզի համար շատ ուրախանալի է, որ 135 տարի առաջ կեանքի կոչուած հայ ազգային կուսակցութիւններէն մէկը` Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը, ժամանակի ամենաընդունուած, կարեւոր քաղաքական գաղափարներէն մէկը` անկախութեան գաղափարը, դարձուցած է իր գործունէութեան  հիմնական ուղղութիւնը: Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը խիստ կարեւորած է իր ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ անկախութեան եւ ազատութեան գաղափարները, որոնց համար իր ամբողջ գործունէութիւնը, յատկապէս` 19-րդ դարու վերջին, 20-րդ դարու սկիզբին` այդ ճակատագրական ժամանակաշրջանին, նուիրուած է այդ գաղափարներու կեանքի կոչման», ըսաւ Աշոտ Մելքոնեան:

ԳԱԱ-ի Պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մկրտիչ Դանիէլեան հանդէս եկաւ «Նարոդնիկներ-հնչակեաններ գաղափարական առնչութիւններ» զեկոյցով: Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուց «Հայաստանի անկախութեան գաղափարը «Հնչակ» թերթում» զեկոյցը: «Իտէալի եւ իրականութեան հակաթեզը ՍԴ Հնչակեան եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնների 1890-ական թթ. ծրագրային փաստաթղթերում» զեկոյցով հանդէս եկաւ Պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խուտինեան: Ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր Եղիկ Ճերէճեան հանդէս եկաւ «Անկախութեան գաղափարին հոլովոյթը Հնչակեան կուսակցութեան մօտ, «Հնչակ»-ի հրատարակութենէն – Հայաստանի Հանրապետութիւն (1887-1920թթ.)» զեկոյցով: Հնչակեան գործիչ Ալեքսան Քէօշկէրեան ներկայացուց «Հնչակեան ծրագիրին մէջ տեղ գտած Հայաստանի անկախութեան գաղափարին ընկալումը օսմանեան դատարաններուն կողմէ» զեկոյցը:  Պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գեղամ Յովհաննիսեան ներկայացուց «Ազգային պետութեան հիմնահարցը «Երիտասարդ Հայաստան» պարբերականում (1903-1921թթ.)» զեկոյցը: Գիտաժողովը կազմակերպուած է ԳԱԱ-ի Պատմութեան հիմնարկի եւ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմէն Ետք Ստեփանակերտի Բնակչութիւնը Կտրուկ Ձեւով Աճ Արձանագրած Է

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ստեփանակերտի բնակչութիւնը կտրուկ ձեւով աճ արձանագրած է: Արցախի բռնագրաւուած բնակավայրերէն տեղահանուած հազարաւոր հայրենակիցներ Ստեփանակերտի մէջ ապաստան գտած են: «Արմենփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը` շնորհաւորելով համաքաղաքացիներուն Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օրը:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, այսօր Ստեփանակերտի օրն է: Արցախի մայրաքաղաքը իր հերոսական անցեալով միանշանակ արժանի է տօնական`  գունագեղ հանդերձանքի, հետաքրքրական ձեռնարկներու: Բաներ, որոնց սովոր էին Ստեփանակերտը, ստեփանակերտցիները եւ հիւրերը: Բայց 27 սեպտեմբեր 2020-ը նաեւ այս առումով անխուսափելի փոփոխութիւններ պարտադրեց: Տօնական ձեռնարկներէն ձեռնպահ մնալով հանդերձ, այսօր պարտաւոր ենք կրկնակի ու եռակի ջանքեր ուղղել հերոսներու կեանքի գինով պաշտպանուած մեր հայրենիքի այս փոքրիկ պատառիկը շէնցնելու, ամրացնելու: Պարտաւոր ենք յանուն մեր նահատակներու յիշատակին, պարտաւոր ենք յանուն գալիք սերունդներուն: Այդ խորդուբորդ, բայց եւ պատուաբեր ուղին ընտրած ենք 1990-ականներէն ի վեր», գրած է ան` աւելցնելով, որ անցնող ամէն օր կը նպաստէ մայրաքաղաքի դիմագիծին եւս մէկ երանգ աւելցնելուն` եւս մէկ շէնք կառուցելով, եւս մէկ փողոց բարեկարգելով, քաղաքային միջավայրը եւս մէկ նոր կարելիութեամբ համալրելով:

Դաւիթ Սարգսեան կը նշէ, որ իրենք Արցախի բռնագրաւուած բնակավայրերէն տեղահանուած հազարաւոր հայրենակիցները գրկաբաց ընդունած են:

«Վստահ ենք` կու գայ օրը եւ կը կատարուի անոնց երազը. իւրաքանչիւրը իր հարազատ օճախը վերադառնալու կարելիութիւնը կ՛ունենայ: Իսկ մինչ այդ մենք կ՛ընենք ամէն ինչ, որ քաղաքի ենթակառուցուածքները արդիականացնենք, հզօրացնենք` չնախատեսուած ծանրաբեռնուածութիւնը յաղթահարելու, մայրաքաղաքի բնականոն կեանքը չխաթարելու համար», նշած է քաղաքապետը` իր երախտագիտութիւնը յայտնելով համայնքային ընկերութիւններուն ու գործընկեր բազմաթիւ կազմակերպութիւններուն` քաղաքի կենսագործունէութիւնը ապահովելու համար:

«Խունկ ու խոնարհում` մեր հերոսներու յիշատակին, որոնք գիտակցաբար իրենց կեանքը զոհասեղանին դրին նաեւ յանուն Ստեփանակերտի® Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր մշակոյթներու ու դարաշրջաններու խաչմերուկ հանդիսացող քաղաքը տակաւին կը տօնէ իր օրը խինդուծիծաղով, երգուպարով: Իւրաքանչիւրս մեր տեղը ըլլալով եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ, պարզապէս պէտք է կարելին ընենք այդ օրը մօտեցնելու համար… Շնորհաւո՜ր տօնդ, Արցախի մայրաքաղաք, մեր սրտի քաղաք Ստեփանակե՛րտ», նշուած է Արցախի քաղաքապետի գրառման մէջ:

Սիւնիքի Մարզի Բանահիւսական Ժառանգութեան Պահպանման Նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան Միջազգային Աջակցութիւն Ցուցաբերուած Է

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» պայմանագրի հիմնադրամէն «Միջազգային աջակցութիւն» անուանակարգով 2022 թուականին Հայաստանին տրամադրուած է դրամաշնորհ (74,855.00 տոլար)` «Հայաստանի Սիւնիքի մարզի բանահիւսական ժառանգութեան համայնքահեն գոյքագրումը, փաստաթղթաւորումը եւ պահպանումը» վերնագիրով 2 տարի ժամկէտով ծրագիր իրականացնելու համար:

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ դիմումը պատրաստուած է Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան խորհրդատուական աջակցութեամբ:

Ծրագրի նպատակն է գոյքագրել, պահպանել եւ խթանել Սիւնիքի մարզի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը` որպէս տարածաշրջանի տեղական առանձնայատկութիւններու եւ ինքնութեան դրսեւորում, քանի տակաւին ան կենսունակ է եւ կը շրջի ժողովրդական հեքիաթներու, առասպելներու, աւանդոյթներու, ասացուածքներու, ծիսական երգերու եւ այլ ձեւերով: Ներկայիս անհրաժեշտութիւն է այս բոլորին արձանագրումը` նկատի առած սերնդափոխութիւնը եւ ժառանգութեան փոխանցման ապահովումը:

Ծրագրի ընթացքին Սիւնիքի մարզին մէջ պիտի իրականացուին տեղական բանահիւսութեան գոյքագրման եւ դաշտային հետազօտական աշխատանքներ, ուսուցողական հանդիպումներ ժառանգութիւնը կրողներուն հետ` Արծուանիկ, Դաւիթ Բէկ, Կապան, Շաղաթ, Թասիկ, Տեղ, Շինուհայր, Կարճեւան եւ Լեհվազ շրջաններու, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւն` Սիւնիքի հայագիտական կեդրոնի եւ Գորիսի պետական համալսարանի հետ:

Ծրագիրի ծիրին մէջ սեպտեմբեր 25-ին Հայաստան այցելեց  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջազգային փորձագէտ, Թեհրանի Շահիտ Պեհեշտի համալսարանի դասախօս Ժանետ Պլէյք, որ վերապատրաստման դասընթացք պիտի կազմակերպէ ծրագիրը իրականացնող խումբին անդամներուն` մասնագիտական խորհրդատուութեամբ, նպաստելով ծրագրի արդիւնաւէտ կազմակերպման: Սիւնիքի մէջ հաւաքագրուած եւ փաստաթղթաւորուած նիւթերը կը թուայնացուին` ստեղծելով Սիւնիքի բանահիւսական ժառանգութեան տուեալներու շտեմարան եւ կայք:

Կը նշուի, որ այս աշխատանքները համահունչ են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 2003 թուականի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրին, «Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան մասին» օրէնքի եւ այլ իրաւական ակտերի դրոյթներուն:

Զմիւռնիոյ Հայ Վերապրողներու Պատմութիւններու Հետքերով. Հանդիպում Վերապրողներու Ժառանգներուն Հետ

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու սրահին մէջ Զմիւռնիայի հայ վերապրողներու ժառանգներուն հետ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին ժառանգները իրենց գերդաստաններու պատմութիւնները վկայող մասունքները ի պահ յանձնեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական ֆոնտերուն: Նմուշներու հիմնական մասը ներկայացուած են 14 սեպտեմբեր 2022-ին բացուած «Զմիւռնիան հայոց եւ յունաց ցեղասպանութիւնների ուղեծիրում. բնաջնջում, հրկիզում եւ տարագրութիւն (սեպտեմբեր, 1922 թ.)» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութեան:

Ներկաներուն ողջոյնի խօսքով դիմեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ու վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող, ցուցադրութեան հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեանը` նշելով, որ Զմիւռնիոյ հայերու եւ յոյներու բնաջնջման ու անոնց թաղամասերու հրկիզման խնդիրի լուսաբանման մեծապէս կը նպաստեն ականատես-վերապրողներու պատումները: Ան նշեց, որ յուշագիր-օրագրերը` որպէս վաւերաթուղթեր, շատ յաճախ լոյս կը սփռեն ժամանակի պատմական իրողութիւններուն վրայ:

Կարեւորելով Զմիւռնիոյ հայ վերապրող Աւետեան, Պերպէրեան, Սվազլեան, Ղազէրեան, Խաչերեան եւ Բարթիկեան ընտանիքներու պատմութիւնները` Թեհմինէ Մարտոյեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ժառանգներուն համագործակցութեան համար:

Գառնիկ Սվազլեանի թոռնուհին` Քնարիկ Աւագեան, ներկայացուց իր մեծ հօր պատմութիւնը` հետաքրքրական մանրամասնութիւններ հաղորդելով ներկաներուն:

Հանդիպման աւարտին ժամանակաւոր ցուցադրութեան նիւթերով եւ պատմութիւններով օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար վերապրողներու ժառանգները շնորհակալագրեր ստացան:

Հայ Սպաները Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Օրերուն. Լոյս Տեսած Է Հանրագիտարանային Արժէք Ներկայացնող Աշխատութիւն

Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն թէեւ հայ ժողովուրդը մարդկային, նիւթական, մշակութային ծանր կորուստներ կրած է, սակայն հայ զինուորն ու սպան կերտած են հերոսական էջեր: Նախորդ օրերուն «Թէքէեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ա. Համաշխարհային պատերազմի հայ սպաներ. Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի սպաներ 1914-1920 թթ.» գիրքին շնորհահանդէսը: Հանրագիտարանային արժէք ներկայացնող հսկայական աշխատութիւնը (1390 էջ ծաւալով) տեղեկութիւններ կը պարունակէ 1914-1918 թուականներուն Ա. Համաշխարհային պատերազմին մասնակցած աւելի քան եօթը հազար հայերու, ինչպէս նաեւ 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին մէջ ծառայած հայ սպաներու եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներու մասին:

Գիրքին հեղինակներն են պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ամատունի Վիրապեան եւ պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սոնիա Միրզոյեան: Հետազօտութիւնը կատարուած է Հայաստանի Ազգային արխիւի, ռուսական արխիւներու եւ պատմական տարբեր աղբիւրներու հիման վրայ: Ամատունի Վիրապեանի խօսքով, իրենց նպատակը եղած է ո՛չ միայն կենսագրական տեղեկութիւններ հաղորդել հայ սպաներու եւ անոնց անձնուրաց գործունէութեան մասին, այլ նաեւ հերքել այն թիւր կարծիքը, թէ հայերը միայն արհեստաւորներ կամ վաճառականներ եղած են եւ Ռուսական կայսրութեան մէջ ապրած են միայն հարստանալու համար: Մինչդեռ ռուսական բանակին մէջ կը ծառայէին մեծ թիւով հայ սպաներ եւ զինուորներ: «Այս գործը սկիզբ ունի, բայց վերջ չունի, որովհետեւ գործը կը շարունակուի այսօր: Այս աշխատանքով մոռացութենէ փրկեցինք եօթը հազար սպաներու անուններ, ներկայացուցինք լուսանկարներ, որոնք երբեք չեն հրապարակուած: Բացի անկէ, փորձած ենք ցոյց տալ, թէ ինչպիսի՛ հայ սպաներ ունեցած ենք: Սպաներ, որոնց յաղթական գործը պէտք է շարունակուի այսօր», կը նշէ հեղինակը` աւելցնելով, որ գիրքը արխիւային մասնագէտներու քանի մը տասնամեակներու քրտնաջան աշխատանքի արդիւնք է:

Հայաստանի «Թէքէեան» մշակութային միութեան նախագահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ռուբէն Միրզախանեան գիրքի հրատարակումը կարեւորեց պատմական տեսանկիւնէ. Ան կարելիութիւն կը ստեղծէ հանրութեան լայն շրջանակներուն տեղեկանալու Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ռուսական կայսրութեան զօրքերուն մէջ հայերու ունեցած եզակի դերին ու նշանակութեան մասին: «Եօթը հազար սպայ, վաթսուն զօրավար, որոնց մեծ մասը արժանացած է կայսրութեան բարձրագոյն զինուորական կոչումներու եւ պատուի: Ռուսական պետութեան աւելի մեծաթիւ ազգերը չեն ունեցած այդքան արդիւնաւէտ, լուրջ եւ պատմականօրէն նշանակալի դեր: Միւս կողմէ երբեւէ որեւէ պետութեան բանակի մէջ այսքան մեծ թիւով հայ սպաներ չեն եղած», ըսաւ Ռուբէն Միրզախանեան:

«Մենք միշտ կը հպարտանանք մեր ձեռագիրներով: Այսօր ունինք զինուորական ցուցակ, ուր իւրաքանչիւր զինուոր իր դերը ունեցած է մեր կեանքին մէջ, եւ այդ դերը չ՛աւարտիր իր կեանքի աւարտով», նշեց Նաթան արք. Յովհաննիսեան` շնորհահանդէսի մասնակիցներուն փոխանցելով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հայրապետական օրհնութիւնը: Սրբազանի խօսքով, հատորի հրատարակութիւնը խորհրդանշական ու դաստիարակչական դեր ունի յատկապէս մեր օրերուն, երբ բոլորս կը գիտակցինք հզօր ու մարտունակ բանակի կարեւորութեան:

Նշենք, որ պատմական եւ կենսագրական աշխատութեան երկրորդ հրատարակութեան լոյս ընծայումը ֆինանսաւորած է բարերար Հրաչեայ Պօղոսեան: Վերջինս բազմաթիւ բարեգործական նախաձեռնութիւններու շարքին մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տարածքին մէջ գտնուող հայոց կաթողիկոսներու գերեզմաններուն:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայաստանի Զօրակցութեան Ձեռնարկ` Մարոնիներու Մինա Հուսնի Ս. Եղիա Եկեղեցւոյ Մէջ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?