Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 14, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ 

Արտակ Բեգլարեան Մշակութային Ոլորտին Վերաբերեալ Համագործակցութեան Հարցեր Քննարկեց Զաքար Քէշիշեանի Հետ

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան վերջերս ընդունեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ եւ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը:

Պետական նախարարը բարձր գնահատեց Զաքար Քէշիշեանին աւանդը Արցախի մշակութային կեանքի աշխուժացման եւ հանրահռչակման գործին մէջ` այդ համանիւթին մէջ ընդգծելով Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբի 30-ամեակին նուիրուած համերգաշարերու կարեւորութիւնը:

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Արցախի մշակութային բնագաւառին ու Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան արցախեան գործունէութեան առնչուող շարք մը հարցերու շուրջ` շեշտելով շարունակական փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը այդ առումով:

Ստեփանակերտի Մէջ` Բեկորի Կիսանդրիի Բացում

6 սեպտեմբերին Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող թիւ 2 դպրոցի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս» եւ «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր Աշոտ Ղուլեանի կիսանդրիի բացման արարողութիւնը:

Հերոսի կիսանդրիի տեղադրման նախաձեռնութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի կառոյցինն է, իսկ ֆինանսաւորումը կատարեց աւստրալահայ երիտասարդ բարերար Շանթ Գրաճեան` Արցախի կառավարութեան հետ միատեղ:

Բեկորին անունը կրող դպրոցի տնօրէն Լաուրա Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնելով նախաձեռնութեան հեղինակներուն` նշեց, որ Աշոտ Ղուլեան մեզի պատգամած է ճիշդ ապրիլ, ճիշդ քալել եւ միասնաբար պահել հայրենիքը: «Ամէն օր այս դպրոցը մուտք կը գործեն 1100 աշակերտներ եւ ուսուցիչներ: Ամէն առաւօտ կը խոնարհինք Բեկորի վեհաշուք կիսանդրիին առջեւ, վերստին կ՛ուխտենք, որ պիտի ապրինք ճիշդ, պիտի քալենք ճիշդ», յայտնեց ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան անդրադառնալով նախաձեռնութեան` տեղեկացուց, որ գաղափարը ծագած է քանի մը տարի առաջ, երբ ՀՅԴ անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին տնօրէնը յորդորած է դպրոցին մէջ կանգնեցնել Աշոտ Ղուլեանի դիմաքանդակը: «Մեր խոստումը կրնանք համարել իրականացուած: Պատահական չէ, որ Աշոտի հայեացքը սեւեռուած է դէպի Շուշի, այսօր իր կիսանդրիին կողքին կանգնած են փառապանծ բանակի զինուորները եւ ապագայ սերունդը: Այս ամէնը իր մէջ խորհուրդ ունի առ այն, որ Աշոտ Բեկորի գաղափարները տակաւին պիտի իրականանան: Եթէ մեր սերունդը, իր ժամանակակիցները չեն կրցած ամբողջականացնել այդ գաղափարը, վստահ ենք, որ նոր սերունդը կրնայ իրականութիւն դարձնել զայն: Համոզուած եմ, որ այդ նպատակները կ՛իրականանան, ու Աշոտ Բեկորի կիսանդրիին առջեւ խոնարհուողը հպարտութեամբ կը լեցուի: Մեր խոնարհումը կրնայ ըլլալ միայն մեր նահատակներուն եւ մեր մեծերուն շիրիմներուն», ըսաւ Իշխանեան:

Կիսանդրիի տեղադրման աշխատանքներուն աջակցեցաւ նաեւ Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը: Ըստ քաղաքապետարանի կրթութեան եւ մարմնակրթութեան բաժինի նախագահ Թերեզա Ղարախանեանի, ազգային-ազատագրական պայքարի իւրաքանչիւր փուլ ծնած է հերոսներ, որոնք իրենց անձնական կեանքով, իրենց ապրած ժամանակաշրջանով կը տարբերին, բայց անոնց անձնական կեցուածքը նոյնը եղած է` հայրենասէր, հայրենատենչ, մահ իմացեալ ընդունելու պատրաստակամութեամբ: Դիմելով ներկայ աշակերտներուն` ան նշեց, թէ անոնք իրաւունք ունին հպարտանալու, որ կ՛ուսանին Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող օճախին մէջ:

Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Միքայէլ Համբարձումեան ներկաներուն հետ բաժնեկցեցաւ ուսանողական տարիներէ դրուագ մը: «Թէժ ժողովի մը մէջ հանդիպեցայ Բեկորին, ան տակաւին այդ անունը չունէր: Ժողովին մէջ կը քննարկուէին տարբեր հարցեր, Աշոտին հաճելի չթուեցան որոշ դրոյթներ, եւ ան ձեռքը թափ տալով ըսաւ, որ պէտք է զինուիլ եւ վերջ: Ուրիշ բան չըսաւ: Այս է նաեւ մեր այսօրուան կարգախօսը` զինուիլ ուղիղ եւ փոխաբերական իմաստով: Պէտք է մեր երեխաներուն զինել գիտելիքներով, որովհետեւ գիտելիքը ամէնէն անխոցելի զէնքն է, մեր ուսուցիչներուն` մանկավարժական հմտութիւններով, մեր պետական այրերուն` ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը գնահատելու կարողութիւններով եւ այսպէս շարունակ, ըսաւ ան` կոչ ուղղելով ձեւաւորուած միասնականութեան միջոցով ներկայ ողորմելի օրերը փոխարինել լաւերով:

Բեկորի մարտական ընկեր Աշոտ Սարգսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Աշոտ Ղուլեանի մարդկային որակներուն, որովհետեւ հիմնականին մէջ կը խօսուի ռազմական գործողութիւներուն, Բեկորի վաշտի հերոսութիւններուն մասին: «Իւանեանի ազատագրման նախօրեակին ես ու Ֆելիքս Գաբրիէլեանը զինուած մօտեցանք Բեկորին, բայց ան թոյլ չտուաւ մասնակցելու: Ռազմական գործողութեան աւարտէն ետք մօտեցանք եւ պարզաբանում խնդրեցինք: Հարցուց` քեզ ո՞վ նշանակեր է Ստեփանակերտի դաշնակցական կառոյցի ղեկավար, ըսի` բնականաբար վերեւէն: Հարցուց` ինծի ո՞վ նշանակեր է հրամանատար, ըսի` մենք: Ըսաւ` իւրաքանչիւր մարդ թող իր գործով զբաղի: Աշոտի ձգած պատգամն է, որ ամէն մարդ իր գործով զբաղի», պատմեց ան:

Արցախի անհետ կորսուած ազատամարտիկներու հարազատներու միութեան նախագահ Վերա Գրիգորեան «Հայրենիք եւ հաւատք» մետալով պարգեւատրեց Աշոտ Ղուլեանի այրին` Նելլի Ղուլեանը: Անհետ կորսուած իր որդին` Սպարտակը, Բեկորի վաշտին մէջ 3 ամիս 20 օր ծառայած է, այնուհետեւ հրամանատարը զայն հեռացուցած է վաշտէն` իբրեւ տան միակ զաւակի:

Նշենք, որ յուշակոթողին հեղինակը քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեանն է, ճարտարապետը` Սերգէյ Ադամեանը: Կիսանդրիի բացումը կատարեցին դպրոցի տնօրէն Լաուրա Մարտիրոսեան, Նելլի Ղուլեան եւ Բեկորի թոռը` Աշոտ Ղուլեան:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին` Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, պատգամաւորներ, պետական այրեր, Բեկորի մարտական եւ կուսակցական ընկերներ, հարազատներ, դպրոցի մանկավարժներ եւ աշակերտներ:

Աւետիս Պուլուզեանի Նահատակութեան Երկամեայ Յիշատակը Վառ Պիտի Պահենք Երեւանի Բժշկական Համալսարանի Ուսանողներու Կրթաթոշակի Օժանդակութեան Շարունակականութեամբ

Մէկ ամիսէն կը լրանայ Աւետիս Պուլուզեանի նահատակութեան երկամեակը: Աւետիսին յիշատակը վառ պահելու համար հիմնադրուած բարեգործական կազմակերպութիւնը 2021-2022 ուսումնական տարուան ընթացքին հոգաց Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան բժշկական համալսարանի Արցախի տարբեր շրջաններու 3 ուսանողներու կրթաթոշակին մէկ մասը:

«2022-2023 ուսումնական տարուան ընթացքին եւս կը նախատեսուի նոյն ծրագիրը վերաիրականացնել: Դուք եւս ձեր մասնակցութիւնը կրնաք ունենալ այս բարեգործական նախաձեռնութեան եւ այդ միջոցով սատարել մեզի, որպէսզի Աւոյին յիշատակը վառ պահենք: Շնորհակալ ենք բոլոր նուիրատուներուն»: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Աւետիսին հայրը` Արա Պուլուզեան:

Մանրամասնութիւններու համար կրնաք այցելել «Աւետիս Պուլուզեան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան կայքէջը:

Հանդիսաւոր Կերպով Նշուեցաւ Շուշիի «Վարանդա» Պետական Երգչախումբին 30-Ամեակը

Շուշիի ազատագրումն ու «Վարանդա» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբը տարեկիցներ են: 1993-ին Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի, ուսանող խմբավար, շուիահար եւ տուտուկահար Զաքար Քէշիշեանի կողմէ Շուշիի Արամ Մանուկեանի անուան վարժարանին մէջ հիմնադրուած երգչախումբը նպատակ ունէր պատերազմի արհաւիրքը ապրող շուշեցի մանուկներու եւ պատանիներու դէմքերուն արցունքը չորցնել, ժպիտ ուրուագծել, հոգեւոր եւ երաժշտական աւանդներ սնուցանել: Յաջորդող տարիներուն երգչախումբը պետականացուեցաւ է եւ այժմ իր ստեղծագործական կեանքը կը շարունակէ երեք մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական կազմերով:

Երգչախումբը աւելի քան 200 երգահանդէսներով հանրութեան ներկայացաւ Արցախի տարբեր շրջաններու, զօրանոցներու, դպրոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ, միացեալ երգահանդէսներ ունեցաւ իր քոյր` Լիբանանի Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան եւ «Այգ» երիտասարդական երգչախումբերուն հետ, որոնց հիմնադիրն ու գեղարուեստական ղեկավարը եւս Զաքար Քէշիշեանն է:

«Վարանդա» երգչախումբին 30-ամեակը նշուեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, բեմին վրայ գտնուեցան երգչախումբին հին ու նոր անդամները: Խօսելով Արցախ այցելելու եւ երգչախումբ հիմնելու մասին` Զաքար Քէշիշեան յիշեց. «Այն օրերուն էր, որ ես առաջին հայեացքով սիրահարեցայ այս ժողովուրդին եւ ուխտեցի ցմահ, ու եթէ հարկ ըլլայ, կեանքիս գնով շարունակել»:

Սեպտեմբեր 10-ին Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի բեմէն հնչեցին ե՛ւ նոր խմբերգներու առաջին կատարումները, ե՛ւ անցած 30 տարիներու ընթացքին «Վարանդա» երգչախումբին խթանումով ծնունդ առած 169 խմբերգներէն գողտրիկ փունջ մը: Յոբելենական համերգին ներկայ գտնուեցան` Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը, երգչախումբի նախկին անդամներ, հրաւիրեալներ:

«Վարանդա» երգչախումբը բարի աւանդոյթ ունէր. ամէն անգամ համերգաշարերէն ետք կը հաւաքուէին Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ բակին մէջ եւ կ՛երգէին «Երազ իմ երկիր հայրենի» երգը: Այս անգամ Ստեփանակերտի «Ազատամարտիկներու» պուրակին մէջ տեղադրուած արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակներուն լուսանկարներուն առջեւ երգչախումբի անդամներն ու հրաւիրեալները ի կատար ածեցին աւանդոյթը:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքը շնորհաւորական ուղերձ յղեց, իսկ համերգի ժամանակ բեմէն ուղերձը կարդաց զայն Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեանը:

Շնորհաւորական ուղերձը կը բովանդակէ հետեւեալը.

«Արցախ աշխարհի տոկուն հայրենակիցնե՛ր,
Սիրելի՛ ընկեր Զաքար Քէշիշեան,
«Վարանդա» երգչախումբի շնորհալի մանուկներ,

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան աշխարհասփիւռ ընտանիքը միշտ սրտի թրթիռով եւ ոգեւորութեամբ հետեւած է Արցախի մէջ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին գործունէութեան եւ այսօր շատ կարեւոր կը նկատէ ձեր ջանքերը յետպատերազմեան Արցախի մէջ երգչախումբին նորովի վերակազմակերպման գործին մէջ` իբրեւ Արցախ աշխարհի փոքրիկ , բայց նշխար դարձած հողակտորին մէջ լոյսի եւ յոյսի, գալիքի հանդէպ անսպառ հաւատքի աղբիւր:

Յիրաւի, դուք մանուկներու շուրթերով իւրովի կ՛ապրեցնէք Արցախը, որովհետեւ մանուկներու աչքերուն մէջ է Արցախի եւ բոլորիս վաղուան օրը: Կը հաւատանք, որ պատերազմի դաժան օրերով անցած մեր հայրենիքը ձեզի պէս նուիրեալներու շնորհիւ աշխարհին ամէն օր պիտի յիշեցնէ իր գոյութեան մասին, եւ մեր յաղթական երգը տակաւին պիտի հնչէ աշխարհի խուլ ականջին:

«Սիրելի՛ «Վարանդա»,

«շնորհաւոր 30-ամեակդ, ապրէ ու ապրեցո՛ւր հայ երգը: Հայ երգով ծի՛լ տուր Յոյսին, ու թող Յոյսն ու Հաւատքը բողբոջին ու ծաղկին հայրենի Արցախի մէջ:

Ձեր վարձքը կատա՛ր:

Ջերմագին բարեւներով`
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մեծ ընտանիք»:

Աւարտին Զաքար Քէշիշեան պարգեւատրուեցաւ «Մայրական երախտագիտութիւն» մետալով` իր անձնուէր ծառայութեան համար:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Տեղեկատուական Ոլորտին Մէջ 2021 Թուականին Հայաստանի Պետական Մրցանակի Դափնեկիրը

Սեպտեմբեր 7-ին Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրման համար Հայաստանի պետական մրցանակի արժանացած «Այ.Պի.Էմ.» (IBM) ընկերութեան ելեկտրոնային ինքնագործ նախագծման խումբի փոխնախագահ Լէոն Սթոկը` ուղեկցութեամբ  «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանի եւ գործադիր տնօրէն Յովիկ Մուսայէլեանի:

Հանդիպման սկիզբը «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան տնօրէնը անդրադառնալով ընկերութեան  կողմէ կազմակերպուող ամէնամեայ մրցանակաբաշխութեան` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ներկայացուց 2021 թուականի դափնեկիր Լէոն Սթոկը եւ անոր ներդրումը նորարարական արհեստագիտութիւններու ստեղծման մէջ:

Շնորհաւորելով Լէոն Սթոկը  Հայաստանի  պետական  մրցանակին արժանանալուն առիթով` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը վերջինիս մաղթեց նորանոր իրագործումներ` ի նպաստ մարդկութեան անվտանգ եւ ապահով կեանքի կերտման:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակեցին նորարարական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ ապագայի հեռանկարներու վերաբերեալ:

Գործարար Ռուբէն Վարդանեան Արցախի Մէջ Քննարկեց Գործակցութեան Կարելիութիւնները

Գործարար, բարերար եւ «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան, որ, ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, նախորդ շաբաթավերջին յայտարարած էր, թէ կը հրաժարի ռուսական քաղաքացիութենէն, բնակութիւն պիտի հաստատէ Արցախի մէջ եւ հանդէս եկած էր առաջարկելով Արցախի անվտանգութեան ու զարգացման աջակցութեան Համահայկական ճակատ ստեղծել, 8 սեպտեմբերին Արցախի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին հետ հանդիպումին քննարկուեցան գործակցութեան հեռանկարները:

Յարութիւնեան ողջունեց Վարդանեանի` Արցախ տեղափոխուելու եւ Արցախի ապահովութեան երաշխաւորման ու զարգացման գործին անմիջական մասնակցութիւն ունենալու որոշումը` յայտնելով, թէ յոյս ունի, որ այդ քայլը օրինակ կը ծառայէ աշխարհասփիւռ բազմաթիւ հայերու:

Նոյն օրը Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Գագիկ Բաղունց խմբակցութիւններու ղեկավարներուն եւ յանձնախումբերու նախագահներուն մասնակցութեամբ ընդունեց Ռուբէն Վարդանեանը:

Բաղունց եւս ողջունեց Վարդանեանի` Արցախի քաղաքացիութիւն ստանալու, Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատելու որոշումը եւ յոյս յայտնեց, որ այդ կարեւոր քայլով կ՛արդարացնէ արցախցիներուն ակնկալութիւնները:

Իր կարգին, Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար, բարձր գնահատեց օրէնսդիր մարմինին յետպատերազմեան եւ յատկապէս ստեղծուած ծանր պայմաններու մէջ տարած գործունէութիւնը:

«Արցախի ապագայի հարցը միայն Արցախի մէջ ապրողներուն հարցը չէ, այլ` համայն հայութեան», նշեց Վարդանեան եւ վստահեցուց, որ պատրաստ է բոլոր իր կարելիութիւնները եւ ներուժը օգտագործել ի նպաստ Արցախի:

Խօսելով ներկայի մարտահրաւէրներուն մասին` Վարդանեան անդրադարձաւ Արցախ այցելելու 3 հիմնական նպատակներուն տեսլականը` Արցախի կարգավիճակի, ապահովութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման վերաբերեալ:

Ան կարեւոր նկատեց ո՛չ միայն ռազմական, այլ նաեւ տեղեկատուական ապահովութեան երաշխաւորման հարցը: «Մինչեւ Արցախի հարցը չլուծուի, ես ոչ մէկ տեղ կ՛երթամ», ըսաւ ան:

Խորհրդարանականները ողջունեցին Արցախի եւ հայոց աշխարհի համար այս ծանր ժամանակաշրջանին Վարդանեանին տուած որոշումը եւ փոխգործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնելը: Անոնք կարեւոր նկատեցին համախմբուածութիւնը յստակ նպատակի ու հարցի շուրջ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Պարսկական Բանակին Ներխուժումը Եւ Մելիք Աբովի Դէմ Ամբաստանութիւններ

Յաջորդը

«Ու Ես Կ’երթամ Դէպի Աղբիւրը Լոյսին…»

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?