Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Ստեփանակերտի Կեդրոնը Կոչուեցաւ Նահատակ Արտակ Իշխանեանի Անունով
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ գտնուող միութեան Երիտասարդական կեդրոնը անուանակոչուեցաւ դաշնակցական ընկեր, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան եւ ՀՄԸՄ Արցախի միաւորի վարչութեան անդամ Արտակ Իշխանեանի անունով:
Հանդիսութեան ներկայ էին` Արտակ Իշխանեանի ծնողները եւ հարազատները, կուսակցական եւ գաղափարակից ընկերները, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեանը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամները, Արցախի Ազգային ժողովի «ՀՅ Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեանը, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամները, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորներու ներկայացուցիչները:
ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Տաթեւիկ Աղաջանեան ներկայացուց Արտակ Իշխանեանի կենսագրութիւնը: «Առաւել հարուստ է անոր կուսակցական եւ հասարակական գործունէութիւնը: Ան ՀՅԴ պատանեկան շարքերու Աշան շրջանի մէջ էր` դպրոցական տարիներուն, իսկ ուսանողական տարիներուն անդամակցած է ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան, եղած է ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութեան ատենապետ, նաեւ` ՀՄԸՄ Արցախի միաւորի Կեդրոնական վարչութեան անդամ», նշեց ան:
Աղաջանեան դիտել տուաւ, որ Արտակ կառոյցներու շարքերուն մէջ սովորական անդամ չէր, այլ` կառոյցները յառաջ մղող նուիրեալներէն մէկը: «Պատասխանատուութեամբ կը մօտենար իրեն վստահուած բոլոր գործերուն, սակայն չէր սիրեր աչքի իյնալը: Կեանքի մէջ երբեւիցէ հարցազրոյց չէ տուած: Նկատած կ՛ըլլաք, որ աւանդական ջահերթի եւ միւս ձեռնարկներուն կազմակերպիչը ինքն էր, սակայն երբեք հարցազրոյց չէ տուած եւ միշտ մեզի կ՛ըսէր, որ պատասխանենք հարցումներուն», ըսաւ ան:
Արցախի Երիտասարդական միութեան երիտասարդական կեդրոնը վերանորոգելը Արտակ Իշխանեանի փափաքներէն մէկն էր, սակայն այդ իրականութիւն դարձաւ առանց անոր: «Մենք միասին եկամտաբեր ծրագիրներ կ՛իրականացնէինք, որոնցմէ որոշակի գումար կը գոյանար, եւ Արտակը միշտ կ՛առաջարկէր այդ գումարով կեդրոնը վերանորոգել, արժէքաւոր գոյք գնել կեդրոնի համար, եւ մենք որոշեցինք անոր այդ գաղափարը իրականութիւն դարձնել: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի աջակցութեամբ վերանորոգեցինք եւ Արտակ Իշխանեանի անունով անուանակոչեցինք այս Երիտասարդական կեդրոնը: Նպատակը այն է, որ եկող սերունդները եւս իմանան ու ճանչնան Արտակ Իշխանեանը», յայտնեց Աղաջանեան:
Արտակ Իշխանեանի մանկութեան ընկերը` Արթուր Գաբրիէլեան, վկայեց, որ Արտակը այնպիսի անձնաւորութիւն էր, որմէ պէտք է միշտ օրինակ առնել: «Արտակը միշտ ալ օրինակ էր ընկերներուն համար, միշտ լաւատես էր եւ իրմէ կախեալ ամէն բան կը կատարէր թէ՛ հարազատներուն, թէ՛ ընկերներուն, թէ՛ համագիւղացիներուն օգնելու համար», նշեց ան:
Արտակի հետ ունեցած իր յիշողութիւնները բաժնեկցեցաւ նաեւ Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ դիտել տուաւ, թէ երբեւէ չէր պատկերացներ, որ Արտակ Իշխանեանի նուիրուած կեդրոն կը բացուի:
«2008-էն Արտակ եղած է մեր կրտսեր ընկերը: Բախտ վիճակուեցաւ նաեւ ինծի հետը աշխատելու Արցախի մշակոյթի նախարարութեան մէջ. ան եղած է իմ օգնականս: Բացի ընտանիքիս անդամներէն` աւելի քան 8 ամիս առաջին բարեւ տուողն ու վերջին հրաժեշտ տուողը Արտակն էր: Կը յիշեմ անոր խօսքերը, երբ որ 2018 թուականի հոկտեմբերին առաջին անգամ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցանք Երեւան եւ հանդիպումներ ունեցանք, դուրս գալէ ետք ըսաւ. «Ընկե՛ր Յովհաննիսեան, այս մանկապարտէզը ուրկէ՞ հաւաքած են»: Երեւի գիտէր, որ այդ մանկապարտէզը վերջաւորութեան մեր գլխուն դաժան խաղ պիտի խաղար, նաեւ` իր արեան գնով», յայտնեց Յովհաննիսեան:
Արցախի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայոց երկիրը 5000 տարուան պատմութիւն ունի եւ անիկա ապրած է անգին նահատակներ ունենալու գնով: «Ցաւօք սրտի, կեանքի փիլիսոփայութիւնը այդպիսին է, երեւի Աստուած մարդուն այդպէս ստեղծած է, որ հայրենիքը միշտ կանգուն մնայ արժանաւոր զաւակներ ունենալու պարագային: Արտակ այդ զաւակներէն մէկն էր, որ չվարանեցաւ իր կեանքը զոհելու, որպէսզի Արցախը ապրի», նշեց ան:
«Արտակի գործը իսկապէս անմար պիտի մնայ, որովհետեւ այն արիւնը, որ թափեր է հայրենիքի համար, ի զուր չէ, այլ կը դառնայ որակ, նոր կեանք, որ կ՛արտացոլայ իր որդիին աչքերուն մէջ, եւ ան ապրելով Արցախի մէջ` պիտի շարունակէ իր հօր գործը, պիտի շարունակուի Իշխանեաններու գերդաստանը, որ պտղաբեր է ու հայրենիքի համար նուիրական գործեր կը կատարէ», դիտել տուաւ Բալայեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ իր մօտ երկուութիւն կայ թէ՛ իբրեւ հարազատ, թէ՛ իբրեւ կուսակցական ընկեր, պատասխանատու մարդ: «Արժէքը կորսնցնելէ ետք կը սկսինք գնահատել: Ցաւօք սրտի, այդպիսին է մարդ արարածը: Այս համոզումը մէջս չառաջացաւ Արտակի կորուստէն ետք, այլ` 90-ականներուն, երբ մեր շարքերուն մէջ կը կորսնցնէինք մեր ընկերները: 1991-ին, առաջին զոհերը ունենալով մեր կողքին, շատ դժուար էր: Իբրեւ մարդ արարած` կը փորձես գնահատել այն, ինչ որ կայ, հասկնալ որդեգրած ճանապարհդ, որով կը շարժիս: 23-24 տարեկան երիտասարդներու համար դժուար է, կենսափորձ չունենալով հանդերձ, հասկնալ, թէ ի՛նչ ճանապարհ կ՛որդեգրեն: Ես կը զարմանայի եւ նաեւ կ՛ոգեւորուէի, երբ կը տեսնէի, թէ ինչպէս իմ սերնդակիցներուս, զոհուած ընկերներուս զաւակները իրարու հետ ընկերութիւն կը կատարեն: Այդ ընկերութիւնը ե՛ւ կուսակցութեան մէջ էր, ե՛ւ անկէ դուրս, ու այստեղ պատահականութիւն չկայ: Ինչպէս քիչ առաջ ըսուեցաւ, ծիները կը փոխանցուին: Ես կը յիշեմ` 90-ականներուն առաջին անգամ կը կարդայինք ու կը լսէինք, որ մեր ծինային դրամագլուխը կը փորձեն ոչնչացնել, մեր ծինական ֆոնտը կը նուազի: Ասոնք պատահական բառեր չեն, այլ տեսակի եւ գիտակցութեան հարց է: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հասկնայ, ընդունի եւ խորապէս ընկալէ, որ մեր տեսակը, լաւագոյն տեսակը, մեր դաշնակցական ընտանիքի ծինական ֆոնտը պէտք է պահպանուի եւ իրարու փոխանցուի: Ես ուրախ եմ` տեսնելով, որ մեր զաւակները մեր գործը շարունակողներն են: Թերեւս քիչ մը զգացական ստացուի, բայց ընդհանրութեան մէջ ճանապարհը, որ մենք որդեգրած ենք, շատ երկար ու դժուարին պիտի ըլլայ, եւ այս պէտք է գիտակցի իւրաքանչիւրը: Երբ որ կը խօսինք ծինական ֆոնտի մասին, կը տեսնենք Արտակի որդին` Ռուբէնը, մեր միւս նահատակներուն զաւակները, որոնք մեր շարքերուն մաս կը կազմեն` իրենց արժանի ծնողներուն փոխարինելու», ըսաւ Իշխանեան:
Ըստ անոր, այսպիսի ձեռնարկները կուսակցութեան մէջ ընդունուած են` իբրեւ դաստիարակութեան միջոց: «Իւրաքանչիւր ոք` ծնող, ընկեր, հարազատ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւն մուտք գործած երիտասարդ պէտք է գիտակցի, որ ճանապարհը այսպիսին է: Այսօրուան իրավիճակը մեզի կը թելադրէ, որ պէտք է շարունակենք այն գործը, որ մեր աւագ ընկերները, մեր սերնդակիցները, մեր նախնիները որդեգրած են: Այդ գործը շարունակողներէն մէկն ալ Արտակն էր: Իմ խոնարհումս բերելով Արտակի ծնողներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն` վստահ եմ, որ այդ նպատակը, որուն համար մենք տուինք թանկ կորուստներ, պիտի փորձենք իրականացնել` իւրաքանչիւրս մեր գործով, մեր առաքելութեամբ եւ ամէնօրեայ աշխատանքով», յայտնեց Իշխանեան:
Ապա ներկաները դիտեցին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ նկարահանուած Արտակ Իշխանեանի մասին պատմող ժապաւէնը:
Յիշեցնենք, որ Արտակ Իշխանեան նահատակուեցաւ 31 հոկտեմբեր 2020-ին, Արցախի Մարտունի քաղաքին մօտակայքը: Ան յետմահու պարգեւատրուեցաւ Մարտական խաչ 2-րդ աստիճանի շքանշանով: Իսկ Արտակ Իշխանեանին մարմինը ամփոփուեցաւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոնին մէջ: Ան ամուսնացած էր եւ ունի մէկ որդի:
Ազատութեան Հրապարակին Վրայ Հանդիսաւորութեամբ Բացումը Կատարուեցաւ Օհան Դուրեանի Արձան–Յուշակոթողին
Ականաւոր խմբավար Օհան Դուրեանի 100-ամեայ յոբելեանին առիթով, նոյեմբեր 4-ին Ազատութեան հրապարակին մէջ` Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի յարակից տարածքին վրայ, տեղադրուեցաւ մայեսթրոյին արձան-յուշակոթողը:
Գաղափարի հեղինակ Վահան Վարդապետեան հանդիսութիւնը վերնագրեց «Օհան Դուրեանի երրորդ վերադարձը»: «1957 թուական` վերադարձ Խորհրդային Հայաստան, 1991 թուական` վերադարձ անկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ այսօր` 2022 թուականի նոյեմբեր 4-ին` վերադարձ երրորդ կամ յաւերժական: Աշխարհահռչակ խմբավարը, մեծ քաղաքացի եւ մտաւորական, իմ իսկ բնութագրութեամբ` Հայաստանի ամէնէն ազատ եւ ամէնէն անկախ քաղաքացի Օհան Դուրեանի ժողովուրդի իշխանութիւնը յաւերժ վերադարձուց Ազատութեան հրապարակ` Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերային թատրոնի յարակից տարածք», շեշտեց Վարդապետեան եւ ընդգծեց, որ տեղի ընտրութիւնը խորհրդանշական է:
Անոր խօսքով, կատարողական արուեստի համաշխարհային մեծութիւնը օփերայի եւ ֆիլհարմոնիայի մօտ պէտք էր ըլլար: Ան շեշտեց` մինչեւ կեանքի վերջին շունչը Դուրեան յանուն ժողովուրդի ազատութեան, ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան համար կը պայքարէր եւ համաժողովրդական շարժման խմբավարն էր: «Ֆրանսայի քաղաքացին, արուեստի եւ գրականութեան պատուոյ ասպետը Ֆրանսայի հրապարակին այսքան մերձ է եւ ամէնէն կարեւորը, կը կարծեմ, կը փառաւորուի Օհան Դուրեանի հոգին, որովհետեւ այսքան մօտ է իր պաշտելի երգահանին` Ալեքսանդր Սպենդիարեանի շիրիմին», ըսաւ ան:
Օհան Դուրեանի այրին` Ալիս Դուրեան, երախտագիտութիւն յայտնեց նախաձեռնողներուն եւ աջակիցներու գաղափարին եւ զայն իրագործման համար: Ան խաղաղութիւն մաղթեց երկրին, իմաստութիւն` ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ նուաճումներ` մշակութային եւ այլ ասպարէզներու մէջ:
Քանդակագործ Գետիկ Բաղդասարեան Օհան Դուրեանը մեր ազգի սիւներէն մէկը կը համարէ եւ կը կարծէ, որ ան մշակոյթի մեծ վարպետ էր: «Այնպէս պատահական չէ, որ իրեն մայեսթրօ կ՛ըսենք: Շատ քիչ մարդոց կարելի է այդպէս կոչել: Փափաքած եմ գլխու, ձեռքերու, ապակիէ սիւներու միջոցով երաժշտութիւն, կշռոյթ ցոյց տալ ու ներկայացնել Դուրեանի էութիւնը: Ճիշդ այդպէս կը պատկերացնեմ Դուրեանը: Անհամեստ թող չհնչէ, սակայն կը կարծեմ, որ յաջող է: Կարեւոր էր, որ Թումանեանի, Սպենդիարեանի կողքին Օհան Դուրեանը ո՛չ մեծ, ո՛չ փոքր երեւայ», նշեց քանդակին հեղինակը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր աջակիցներուն:
Օհան Դուրեանի որդին` Նարեկ Դուրեան նշեց, որ Օհան Դուրեան խիստ հայր եղած է: «Դաստիարակութիւնը այսօր վերածուած է երկխօսութեան, որ զաւակը կը վարէ ծնողներուն հետ: Այդպէս պէտք չէ ըլլայ: Մէկ ծայրայեղութենէն միւսը պէտք չէ անցնիլ: Ծնողը պէտք է երեխային դաստիարակէ եւ խիստ ըլլայ: Այդ շատ լաւ պտուղներ կու տայ, ըստ ինծի: Օհան Դուրեան շատ խիստ հայր էր, որուն համար շնորհակալ եմ եւ երախտապարտ», յայտնեց դերասանը:
Երեւանի Տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Բաբայեան նշեց, որ Դուրեանի կեանքը կապուած էր Հայաստանի ո՛չ միայն մշակութային, այլեւ քաղաքական կեանքին հետ: «Այս հրապարակին մէջ կայ օփերային թատրոնը, ուր իր կեանքին զգալի մէկ մասը անցուցեր է Դուրեան եւ հիացուցեր է բոլորս իր արուեստով: Արձանը արտայայտիչ է, բան մը, որ բնորոշ էր մեծ մայեսթրոյին: Քաղաքակիրթ կը դառնայ այն հանրութիւնը, որ կը հասկնայ, թէ մշակոյթը իր կեանքի կարեւորագոյն մասն է, եւ ես կը յուսամ, որ այս արձանն ու երաժշտութիւնը, որ այստեղ կը հնչէ, մեզ բոլորս կը դարձնեն աւելի կիրթ, աւելի հանդուրժող, մարդկային, իսկ մայեսթրոն կ՛ապրի», հաւաստիացուց Բաբայեան:
Հաղորդենք, որ արձան-յուշակոթողին քանդակագործը Գետիկ Բաղդասարեանն է, ճարտարապետը` Սահակ Սաֆարեանը, իսկ ապակիէ պատուանդանին հեղինակը` Արսէն Պետրոսեանը:
Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ «Անմահներու Դիրքը» Ներկայացման Առաջնախաղը
Ստեփանակերտի «Վահրամ Փափազեան»-ի անուան պետական թատրոնը առաջնախաղով ներկայացուց Էդուարդ Զօրիկեանի «Անմահներու դիրքը» թատրերգութիւնը` բեմադրութեամբ Վահան Խաչատրեանի:
«Ներկայացումը մեր խղճի, մեր հոգիի պատմութիւնն է: Փորձերու ժամանակ շատ եղած են «լռութեան վայրկեանները»: Յաճախ մենք մեզի հարց կու տայինք` արդեօ՞ք մենք արժանի ենք անոնց մասին խօսելու», ըսաւ բեմադրիչ Վ. Խաչատրեան:
«Անմահներու դիրքը» ներկայացումը հայրենիքի ամէն մէկ թիզ հողին համար կռիւ մղած տղաներուն մասին է: Անոնք հայրենիքն ու հայ ժողովուրդին գոյութիւնը պահելը-պաշտպանելը իրենց կեանքէն աւելի բարձր դասեցին:
Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական թատրոնի դերասանուհի Մարիա Սարգսեան մարմնաւորեց լրագրողի կերպարը, որ եկած էր դիրքերը նկարահանելու, երբ սկսաւ պատերազմը, եւ ան յայտնուեցաւ շրջափակման մէջ: Անոր կերպարը ներկայացման բանալին է, որուն միջոցով կը բացուին միւս բոլոր հերոսներուն պատմութիւններուն շերտերը:
Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդական դերասան Քաջիկ Յարութիւնեանին մարմնաւորած հերոսը Արցախի գիւղերէն մէկուն բնակիչն է եւ մասնակցած է առաջին պատերազմին, սակայն անոր երկու զաւակները զոհուեր են հրադադարի ժամանակ դիպուկահարի կրակոցէ ա՛յն դիրքին վրայ, որ այժմ ինքը կը պաշտպանէ:
Դերասան Մարատ Դաւթեան կերպաւորած է դերը հրամանատարին, որ պատանեկան տարիքէն միացած է ինքնապաշտպանական ջոկատներուն` ամբողջ կեանք մը ապրելով խրամատի մէջ, ուր իր նահատակուած զինուորներուն անունները փորագրուած են: Սկսելով Հայկ նահապետէն մինչեւ այսօր` հայոց հողի իւրաքանչիւր սանթիմեթրին, իւրաքանչիւր դիրքի վրայ կանգնած են յանուն հայրենիքի նահատակուածներուն հոգիները: Այս է «Անմահներու դիրքը» ներկայացման առանցքը:
Աւետիք Իսահակեանի Ծննդեան 147-Ամեակը Նշուեցաւ Նոր Գիրքի Շնորհահանդէսով Եւ Երգի Անդրանիկ Ներկայացումով
Վերջերս մեծանուն հայ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 147-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները տեղի ունեցան Վարպետի երեւանեան տան մէջ:
Թանգարանի տնօրէն, գրականագէտ Անժելա Խորէնեան ուսանողներու եւ աշակերտներու հետ կազմակերպուած հանդիպում-դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ բանաստեղծին ձգած գրական ժառանգութեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուց բոլոր այն ծրագիրները, որոնք ներկայիս կ՛իրականացուին թանգարանին մէջ:
Վարպետին ծննդեան օրը ուսանողները կարելիութիւն ունեցան մասնակից դառնալու յատուկ իրենց համար կազմակերպուած շրջայցին եւ իրենց հարցումները ուղղեցին թանգարանի տնօրէնին:
Ձեռնարկներու շարքին տեղի ունեցաւ «Ապու Լալա-Մահարի» պոէմին նոր հրատարակութեան շնորհահանդէսը: Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան հանգամանալից կերպով անդրադարձաւ Ա. Իսահակեանի գրականութեան` առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացնելով «Աբու Լալա Մահարի» պոէմը: Խօսք արտասանեց նաեւ Վարպետին թոռը` Աւիկ Իսահակեան, որ շեշտեց նոր սերունդին աշխուժ մասնակցութիւնը թանգարանի կեանքին, եւ որուն շնորհիւ կարելի է աւելի սերտօրէն ծանօթանալ իսահակեանական գրական ժառանգութեան:
Ձեռնարկներու շարքը ամփոփուեցաւ «Վարպետին աշունը» համերգ-ներկայացումով: Տեղի ունեցաւ նաեւ Աւ. Իսահակեանի «Անի» բանաստեղծութեան հիման վրայ գրուած երգի անդրանիկ ներկայացումը: Վարպետին ծննդեան նուիրուած երկօրեայ ձեռնարկներու աւարտին թանգարանին տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց թանգարանին նկատմամբ ցուցաբերուող ուշադրութեան համար եւ հանրութիւնը հրաւիրեց բոլոր այն ձեռնարկներուն, որոնք պարբերաբար կը կազմակերպուին:





