Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 31, 2022
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կայանայ Շուշիի «Վարանդա» Երգչախումբի Ստեղծման 30-Ամեակին Նուիրուած Համերգաշար

Այս տարի կ՛ամբողջանայ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբի հիմնադրութեան 30-ամեակը:

Այս օրերուն երգչախումբի անդամները Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճին մէջ սկսած են նախահամերգային փորձերու:

«Վարանդա» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ պատերազմէն ետք երգչախումբի տնօրէնութիւնը ընտրեց գործունէութիւնը շարունակելու նոր ձեւաչափ,  այն է` հանդէս գալ բազմաբնոյթ համերգաշարերով:

«Անցեալ տարի Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ միատեղ կեանքի կոչեցինք «Երգող Արցախ» երգչախմբային ծրագիրը, որուն կը մասնակցին Շուշիի, Հադրութի, Ստեփանակերտի երեխաները: Սկիզբը ընդգրկուած էր 90, իսկ այժմ արդէն` շուրջ 120 երեխայ: Այս տարուան համերգացանկին մէջ ներառած ենք չկրկնուող երգեր, ինչպէս նաեւ երգչախումբի յոբելենական տարուան նուիրուած 169 երգերէն մօտաւորապէս 20-ը: Համերգային ծրագրին մեկնարկը պիտի տրուի սեպտեմբեր 5-ին` Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ: Սեպտեմբեր 10-ին` ժամը 19:00-ին տեղի պիտի ունենայ նաեւ պաշտօնական համերգ», ըսաւ Զ. Քէշիշեան` տեղեկացնելով, որ երգչախումբի յոբելենական տարուան առիթով որոշած է հանդէս գալ նաեւ առանձին համերգով` դաշնակահար Նադեժդա Յակոբեանին հետ:

«Անիկա քիչ մը կը նմանի համերգապատումի.  պիտի պատմեմ ուշագրաւ դրուագներ իմ արցախեան 30-ամեայ կեանքէս: Կը կարծեմ, թէ ձեւաչափը հետաքրքրական կ՛ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ համերգապատումը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 19-ին Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ:

Բերձորէն, Աղաւնոյէն Եւ Ներքին Սուսէն Տարհանուած Են Ընդհանուր Առմամբ 46 Կոթողներ

Նախքան ազրպէյճանական կողմին յանձնելը կոթողային արուեստի յուշարձանները տարհանուցեան Բերձոր, Աղաւնոյ եւ Ներքին Սուս համայնքներէն:

Այս մասին յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` մանրամասնելով, որ ընդհանուր առմամբ երեք բնակավայրերէ դուրս բերուած են շուրջ 46 արուեստի յուշարձաններ եւ Բերձորի քաղաքային գրադարանի գիրքերու ֆոնտը, որոնք տեղափոխուած են նախատեսուած վայրը:

«Տարհանուած են խաչքարեր, յուշարձաններ, յուշաքարեր, որոնք նուիրուած են ազգային հերոսներու, Հայոց ցեղասպանութեան եւ յիշարժան տարբեր իրադարձութիւններու», մանրամասնեց Յովհաննիսեան` յայտնելով, թէ համոզուած է, որ իրենց գտնուած վայրին մէջ մնալու պարագային, այդ յուշարձանները պիտի ենթարկուէին ազրպէյճանական վանտալիզմին:

«Տեղափոխուած կոթողներու տեղակայման ուղղութեամբ այժմ քանի մը տարբերակներ կը քննարկենք: Համապատասխան առաջարկներ ներկայացուցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմը, Արցախի պետական համալսարանը, անհատներ: Մասնաւորապէս` Արցախի թեմին կողմէ առաջարկուած է Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածամօր Յովանի մայր տաճարի տարածքին մէջ ստեղծել համապատասխան պուրակ, ուր կը տեղադրուին տարհանուած խաչքարերն ու յուշակոթողները: Ներքին Սուսի Հերոսներու պուրակի հովանաւորը փափաք յայտնած է, որ անիկա վերականգնուի Ստեփանակերտի կամ Մարտակերտի մէջ», աւելցուց Յովհաննիսեան` ընդգծելով, որ բոլոր տարբերակները պիտի քննարկուին սեղմ ժամկէտներու ընթացքին եւ հարցին լուծում պիտի տրուի:

Տարհանուած կոթողներու կարգին յատուկ արժէք կը ներկայացնէ նաեւ Աղաւնոյի Սուրբ Նահատակաց եկեղեցիէն տեղափոխուած խաչքարը, որ կը պատկանի 11-12-րդ դարերուն:

Ըստ Յովհաննիսեանի, խաչքարը պիտի տրամադրուի Արցախի պետական պատմական երկրագիտական թանգարանին:

Տաւուշի Սահմանամերձ Բնակավայրերու Մէջ` «Երաժշտութիւն Յանուն Խաղաղութեան Եւ Յոյսի» Նախագիծ

Հայաստանի երաժշտահաներու միութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Գալուստ Կիւլպէնկէան» Հիմնարկութեան աջակցութեամբ, օգոստոս 23-25-ին Տաւուշի սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ տեղի ունեցաւ «Երաժշտութիւն յանուն խաղաղութեան եւ յոյսի» խորագիրը կրող նախագիծը: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի երաժշտահաներու միութենէն:

«Նշենք, որ նախագիծը մեկնարկած էր յուլիսին. նախ Սիւնիքի, ապա Արցախի սահմանամերձ բնակավայրերու մէջ Հայաստանի երաժշտահաներու միութեան անդամ երգահաներ Մարթին Վարդազարեանը, Էտկար Գեանճումեանը, Վահէ Հայրապետեանը, Նարինէ Զարիֆեանը, Աշոտ Ղազարեանը եւ Էդմոնդ Մակարեանը` միութեան նախագահ Արամ Սաթեանի գլխաւորութեամբ,  հանդիսատեսին ներկայացուցին իրենց ստեղծագործութիւնները` իրենց իսկ կատարմամբ: Բեմին վրայ կային նաեւ մենակատարներ Արման Աբրահամեանը, Լուսինէ Կչոզեանը, Մարինա Խանդանեանը, Արմէն Մկրտչեանը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին, նոյն կազմով Երաժշտահաներու միութեան պատուիրակութիւնը Տաւուշի մարզին մէջ առաջին համերգը իրագործեց Մովսէս գիւղին մէջ` օգոստոս 23-ին, իսկ օգոստոս 24-ին համերգներ իրականացան Չինարի եւ Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղերուն մէջ, մինչ օգոստոս 25-ին ալ` Պառաւաքար գիւղին մէջ:

15-Ամեայ Դաշնակահարուհի Լիւսի Իշխանեան` Միջազգային Մրցումի Ոսկէ Մետալակիր

Երեւանի Չայկովսկի անուան երաժշտական դպրոցի աշակերտուհի Լիւսի Իշխանեան «Music and Stars Awards» միջազգային մրցումին արժանացաւ Ոսկէ մետալի:

Միջազգային այս մրցումին  կազմակերպիչը սպանացի յայտնի դաշնակահար Կարլս Լաման է: Վերջինս հիմնադրած է նաեւ շարք մը այլ միջազգային մրցանքներ եւ փառատօներ, որոնց կը մասնակցին տաղանդաւոր երիտասարդներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Լիւսի Իշխանեան երաժշտութիւն սորված է 4 տարեկանէն, այժմ 15 տարեկան է, 11-րդ դասարան: Իր յաջողութիւններուն համար Լիւսին երախտապարտ է թէ՛  իր ընտանիքին, եւ թէ ուսուցչուհիին` Ռոզա Թանդիլեանին:

91-ամեայ ուսուցչուհին, որ եղած է Առնօ Բաբաջանեանի սաներէն, իր ամբողջ ուժը կը ներդնէ լաւագոյն աշակերտներ պատրաստելու գործին:

Լիւսի Իշխանեան տարբեր միջազգային  մրցումներու մասնակցած եւ միշտ դափնեկիրի կոչում ստացած է: Իսկ այս օրերուն տաղանդաւոր հայուհին Լոնտոնի միջազգային երաժշտական միջազգային մրցումին արժանացաւ երկրորդ մրցանակի: Ան մտադիր է շարունակել ուսումը այս ասպարէզին մէջ եւ ստանալ մասնագիտական կրթութիւն:

Կեանքէն Հեռացաւ Շարժապատկերի Մասնագէտ, Գրող Սերգէյ Գալստեան

Վերջերս կեանքէն հեռացաւ շարժապատկերի մասնագէտ, կինոդրամատուրգ, լրագրող, Հայաստանի շարժապատկերի գործիչներու եւ Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սերգէյ Գալստեան: Այս մասին տեղեկացուցին Հայաստանի շարժապատկերի գործիչներու միութենէն:

Գալստեանի կենսագրութիւնը սերտօրէն կապուած է հայկական շարժապատկերին հետ: Ան կեանքի ուղին կ՛անցնի Երեւանի վաւերագրական ժապաւէններու սթիւտիոյէն, «էքրան» ամսագրի խմբագրութենէն, հայկական հեռուստատեսութենէն, Հայաստանի գրողներու միութենէն եւ կը շարունակուի իր ստեղծագործութիւններով` «Ասես երէկ էր», «Երկու բերք նոյն հողամասից», «Արտաշէս Հայարտեան», «Վարպետը» ժապաւէններու բեմագրութեամբ եւ հայ շարժանկարի անուանի դէմքերու նուիրուած գիրքերով:

«Ողջոյն Հայաստանին»  Բանաստեղծութիւններու Գիրքը` Իրանցիներու Եւ Հայերու Բարեկամութեան Հռչակագիր

«Փարս թուտէյ»-ը ներկայացուցած է իրանցի բանաստեղծ Ապպաս Էղպալ Մեհրանի «Ողջոյն Հայաստանին» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ գրուած է երկու տարուան ընթացքին եւ ներառած է 20 բանաստեղծութիւններ, որոնց մէջ կ՛արտացոլան հայերու հերոսական ոգին եւ գիտական, մշակութային ու արուեստի ոլորտին մէջ առաջատար ըլլալը:

Գիրքի նախաբանին մէջ հեղինակը գրած է. «Բանաստեղծութիւնները գրելու միտքը ծագած է Սպահանի Նոր Ջուղայի մէջ գտնուող  Վանք եկեղեցի կատարած իմ այցելութենէս եւ հայոց պատմութիւնն ու այս սիրելի ու հարուստ մշակոյթի տէր ժողովուրդին մեծ ողբերգութիւնները ուսումնասիրելէ ետք: Անոնք սիրտս լեցուցին ցաւով եւ վիշտով»:

Ան նաեւ  նշած է. «Եթէ այսօր Սպահանը յայտնի է իբրեւ աշխարհի կէսը, ապա վստահաբար հայերուն ազդեցութիւնը շատ գունեղ է, պատմական եւ գեղեցիկ այս քաղաքին շքեղութեան մէջ: Ջուղան հայերուն ու իրանցիներուն բարեկամութեան եւ խաղաղ կեանքի, ինչպէս նաեւ այս երկու ժողովուրդներուն միջեւ փոխվստահութեան խորհրդանիշն է: Իրանի աշխարհագրական տարածքին մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներու առկայութիւնը նոյնպէս երկու ժողովուրդներու ազատութեան եւ խոր բարեկամութեան նշան է»:

Բանաստեղծ  Մեհրան երախտագիտութիւն յայտնած է Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան փրոֆեսէօր Արսէն Աւագեանին` անոր ցուցաբերած հովանաւորութեան համար եւ գիրքը նուիրած է Հայաստանի ժողովուրդին:

Գիւմրիի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ «Կինոտուն» Խորագիրով Նոր Թանգարանային Ցուցադրութեան

Գիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ «Կինոտուն» խորագիրով նոր թանգարանային ցուցադրութեան:

Թանգարանային այս նախագիծը իրականացուած է շատերուն յայտնի ալեքսանդրապոլեան շինութիւններէն մէկուն բակին մէջ, ուր նկարահանուած են` «Մեր մանկութեան թանկոն», «Հեղնար աղբիւր», «Ուրախ աւտոբուս» եւ այլ շարժանկարները:

Թանգարանային ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ հայկական արտադրութեան շարժանկարներու ցուցապաստառներ, շարժանկարներու ստեղծման աշխատանքային դրուագներ ներկայացնող եզակի լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ իրեր, որոնք օգտագործուած են նկարահանումներու ընթացքին: Բաղկացուցիչ մաս կը կազմէ նաեւ շարժապատկերի երաժշտութիւնը: «Այս վայրին մէջ պատմական յիշողութիւններ կան` սիրուած վայր եղած է բեմադրիչներու, յատկապէս` Ալպերթ Մկրտչեանի համար: Այս հայկական շարժապատկերի մշակոյթը ցոյց տալու ամէնէն յարմար վայրն էր: Այս ամէնը երեք շաբթուան ընթացքին կազմակերպուած էր` շատ անսպասելի եւ շատ արագ ձեւով: Ես ունէի հաւաքածու, իսկ տարածքը իմ լաւ բարեկամ Արթուր Դաւթեանի ընտանիքին կը պատկանի», լրագրողներուն տեղեկացուց Հայկ Դեմոյեան` նշելով, որ  անհրաժեշտ լուսանկարչական նիւթերը տրամադրած են Հայաստանի ազգային արխիւն ու Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը:

Ցուցադրութեան հեղինակները վստահ են` զբօսաշրջիկներուն մնայուն այցելութիւններու վայրը Գիւմրիի մէջ այս ցուցադրութեամբ ալ աւելի կը սիրուի:

Հաղորդենք, որ մինչեւ տարեվերջ ցուցադրութեան մուտքը անվճար պիտի ըլլայ:

 

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մելիքները Լոռիի, Բորչալուի Եւ Բոլնիսի Մէջ

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 11-րդ Համաժողովին

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?