Դիւցազներգութիւն. Փիւնիկեան Ժողովուրդիս Յաւերժի
ՅՈՎԻԿ ՕՀԱՆԵԱՆ Արաբերէնէ թարգմանեց ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ 1915-ի ապրիլ 23-ի գիշերն էր... Այդ գիշեր Իր խաչին գամուած Քրիստոս ըսաւ, «Տէ՛ր իմ, թեւերուդ մէջ կ՛աւանդեմ հոգիս...» Երկինքը արցունքոտեց, Լացողը հոգէառ հրեշտակն էր, Մահէն սարսափած սադայէլն էր ինքնին... Երանի՜ սադայէլին, Այդ գիշեր, նստած Մուսայ Լերան բարձունքին, Տեսաւ եւ իր թեւերուն վրայ հրեշտակային, Ու իր ճիրաններովը պոչաւոր սատանային, Վաւերագրեց ողբերգութիւնը անմարդկային... Ուրեմն, Ե՛կ սադայէլ,...




















