Մեր Խօսքը. Դաշնակցական Պատանին Հայ Դատի Վաղուան Զինուորն Է
Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յիշատակի հաւաքները, գրութիւնները եւ բազմատեսակ նախաձեռնութիւնները ինքնանպատակ չեն, այլ առիթներ` մտածելու անցնող տարիներու գործունէութեան մասին, վերանորոգելու գործը շարունակելու կամքը եւ հաւաքաբար յարգանք մատուցել զոհերուն համար: Այս շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները չեն կրնար անմասն մնալ այս աշխատանքներէն եւ իրենց կարելիութիւններու ու կարողականութիւններու սահմաններուն մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ պիտի բերեն պահանջատիրական աշխատանքներուն: Ազգովի մտահոգիչ եւ խառն...

















