Յարութիւն Մարկարոսեանի Անմար Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)
ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ Ձախէն աջ` Եդուարդ Պօյաճեան, Սարգիս Պլղաշեան, Վարուժան Աղասարգիսեան, Պօղոս Սնապեան, Աղաւնի Վարժապետեան (Պ. Սնապեանի ապագայ կողակիցը), բարեկամ մը, Յարութիւն Մարկարոսեան, Գալուստ Պապեան եւ Վահրամ Պոյաճեան: Լեռնալիբանան, 1961 թ.: Հինգշաբթի, 20 մարտը տխուր շատ տխուր օր մը եղաւ ինծի եւ ընտանիքիս բոլոր անդամներուն համար, երբ Յարութիւն Մարկարոսեանի մահուան գոյժը առինք: Հօրս ապրող մէկ մասնիկն էր ան` Յարութիւն Մարկարոսեանը, որ...


















