Անդրադարձ

Սիրոյ Եւ Հաւատքի Ջահը` ԼՕԽ-ը

Սիրոյ Եւ Հաւատքի Ջահը` ԼՕԽ-ը

ՇԱՔԷ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Այսօր, սփիւռքի մէջ, աւելի քան 85 տարի շարունակ, հայ ժողովուրդի սիրտը ներկայացնող Լիբանանի հայ իրականութեան մէջ տեւաբար եւ մայրաբար գործող ԼՕԽ-ը չի սահմանափակուիր ծառայելու, որպէս` լոկ մարդասիրական եւ բարեսիրական միութիւն, այլ հաստատ համոզումով կը շարունակէ ազգապահպանման ծանր, սակայն սրբազան առաքելութեան վսեմ գործը` որպէս իր իտէալը. տակաւին, եղած է ու կը մնայ հայ կնոջ նկարագիրի, բարոյական կազմաւորման` հայուհիի արժանիքները...

Տանք Աստուծոյ Փառքին Ու Մարդոց Բարիքին Համար

ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ ԼՕԽ-ը մեր ազգի կեանքին մէջ գոյութեան եկաւ իրենց գոյութիւնը վտանգի տակ գտնուողներուն զօրավիգ ըլլալու համար: Մեր անցեալի պատմութիւնը կը վկայէ, որ ԼՕԽ-ը օգնութեան կարիքը ունեցողին համար օգնութեան ձե՛ռք եղաւ, գորով փնտռողին համար` գորովալից մօր գի՛րկ եղաւ, անտէրին` տէ՛ր եղաւ, եւ անօգնականին` օգնական: Բայց որպէսզի ԼՕԽ-ը հաստատ մնայ աստուածահաճոյ այս ճամբուն վրայ, կարիքը ունի մեր ազգի զաւակներուն...

«Ժողովուրդէն` Ժողովուրդին» Կարգախօսը Կը Պատկանի ԼՕԽ-ին

ԱՆԻԹԱ ԹԵՓԻՐՃԵԱՆ Ամէն տարուան ապրիլին ԼՕԽ-ը կը նախաձեռնէ հանգանակութեան, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ սիրայօժար իր լուման կը նուիրէ` քաջ գիտնալով, որ այդ հանգանակուած գումարը պիտի տրամադրուի կարիքաւոր աշակերտի, որ հայկական վարժարանէն չզրկուի, հաւատալով, որ հայ վարժարանին պարգեւած հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթի ուսուցմամբ սերունդներ պիտի կերտուին: Ընկերային պարագաներու, առողջապահական հարցեր ունեցող իւրաքանչիւր հիւանդի, ծերունիի կարիքներուն... բոլորս մեծ հաւատքով կը մասնակցինք այս...

Կաթիլ Առ Կաթիլ` Կարեւոր Օգնութիւն

Կաթիլ Առ Կաթիլ` Կարեւոր Օգնութիւն

ՆԱՐԻՆ ԱԴԱՄԵԱՆ Ինչպէս առակագիր Եզովբոս ըսած է` «Ոչ մէկ բարի գործ, որքան ալ փոքր ըլլայ անիկա, երբեք ի զուր եղած չ՛ըլլար», այդպէս ալ մենք այս խօսքէն ու գաղափարէն մեկնած, իբրեւ ազգային վարժարանի` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներ, անգամ մը եւս այս տարի մասնակցեցանք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի կազմակերպած հանգանակութեան, որովհետեւ իբրեւ հայ երիտասարդներ` նուազագոյն ներդրումը, որ կրնանք ունենալ ԼՕԽ-ի կատարած բոլոր...

Տալու Մասին

Տալու Մասին

ԺԸՊՐԱՆ ԽԱԼԻԼ ԺԸՊՐԱՆ Յետոյ հարուստ մարդ մը ըսաւ. - Խօսէ՛ մեզի Տալու մասին: Եւ ան պատասխանեց. - Շատ քիչ տուած կ՛ըլլաք, երբ ձեր ստացուածքներէն կու տաք: Ճշմարտապէս տուած կ՛ըլլաք միայն այն ատեն, երբ դուք ձեզմէ կու տաք: Որովհետեւ ի՞նչ են ձեր ստացուածքները, եթէ ոչ բաներ, զորս կը պահէք եւ կը պահպանէք, այն վախով, որ վաղը կրնաք պէտք  ունենալ անոնց: Եւ...

Տարօնի Յեղափոխական Հայուհին` Սօսէ Վարդանեան (Սօսէ Մայրիկ)

Տարօնի Յեղափոխական Հայուհին` Սօսէ Վարդանեան (Սօսէ Մայրիկ)

Սօսէ, Սօսի կամ Սօսուն պարզ գիւղացի աղջիկ մըն էր Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն, որ 13 տարեկանին ամուսնացաւ ապագայ նշանաւոր ֆետայի Սերոբ Աղբիւրի կամ Սերոբ փաշայի հետ: 1890-ական թուականներուն ամուսինը պանդխտութեան գնաց, իսկ Սօսէն Սոխորդ մնաց: Երիտասարդ գեղջկուհիին վրայ խոր տպաւորութիւն ձգեցին իր ամուսինին Առաքել հօրեղբօր հայրենասիրական պատմութիւնները: 1895-ին, երբ ամուսինը Ախլաթ վերադարձաւ եւ սկսաւ քարոզել` «Տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առթիւ. Հազազի Ձորի Եղեռնը

ԱՐՄԻՆԷ ՄԻՆԱՍԵԱՆ 1988 թուականի ահաւոր երկրաշարժից յետոյ, գրեթէ ամԷն տարի այցելում եմ Հայաստան, ի մասնաւորի` Սպիտակ, երկրաշարժից վերապրող Մարինէ Ասատրեանին: Խօսակցութեանս պահին նրանից խնդրեցի որոշ տեղեկութիւններ մօտակայ շրջանից: Խորը վշտով նա անդրադարձաւ Հազազի Ձորում տեղի ունեցած կոտորածի մասին: Հետաքրքրութիւնս բազմացաւ ու ցաւս շատացաւ, որոշեցի նորէն լոյս աշխարհ հանել թուրքի չար մտքի հայաջնջումի բարբարոսութիւնները:: Սպիտակից դէպի Երեւան վերադառնալիս, ճանապարհին վարորդից խնդրեցի,...

Խմբագրական.  Պահանջատիրական,  Նաե՛ւ Զօրակցական

Խմբագրական. Պահանջատիրական, Նաե՛ւ Զօրակցական

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ տարուող աշխատանքներու ընդհանուր ուղղուածութիւնները` ներազգային, լիբանանեան (հասարակական եւ պետական), ինչպէս նաեւ դիւանագիտական շրջանակներու վերաբերեալ, տարբեր առիթներով լոյսին բերուած են եւ յատուկ ընդգծումներ ապահոված: Հրատարակչականէն քարոզչական, մշակութայինէն կրթական ու գիտական, անցնելով արխիւայինէն մինչեւ ցուցական-պահանջատիրական, այս գաղութը 100-ամեակ նշելու իր ցուցաբերած կորովին ու հաւաքած թափին մէջ կը շարունակէ գրաւել սփիւռքեան շրջաններու համեմատութեամբ առաջին հորիզոնականը: Միջինարեւելեան տարածաշրջանի...

Բարի Լոյս 5.  Հաւաքական Յիշողութեան  Դարբնումի Անհրաժեշտութիւնը

Բարի Լոյս 5. Հաւաքական Յիշողութեան Դարբնումի Անհրաժեշտութիւնը

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Չորեքշաբթի, 15 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Հայկազուն Եափուճեանի «Տառապանքի եւ յոյսի ապրումներ» գիրքին վերահրատարակութեան շնորհահանդէսը, որ լոյս տեսաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով այսպիսի վերահրատարակութիւն մը կը զգենու շատ կարեւոր իմաստ եւ նշանակութիւն, եւ շնորհահանդէսը բնական է, որ առիթ ծառայէ կարեւոր խորհրդածութիւններով մօտենալու այսպիսի հրատարակութեան մը եւ հոն արծարծուած նիւթերուն: Հայկազուն Եափուճեանի հատորը...

«Հայապահպանութեան Գործում Նշանակալի Աւանդի Համար» Մրցոյթի «Լաւագոյն Ամէնօրեայ Կրթօճախ»-ի Առաջին Կարգի Մրցանակին Արժանացաւ Զմմառեան Միաբանութեան Դպրեվանքը

«Հայապահպանութեան Գործում Նշանակալի Աւանդի Համար» Մրցոյթի «Լաւագոյն Ամէնօրեայ Կրթօճախ»-ի Առաջին Կարգի Մրցանակին Արժանացաւ Զմմառեան Միաբանութեան Դպրեվանքը

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն կարգին է նաեւ «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» մրցումը: Նախաձեռնութիւնը դրական լիցքեր կը փոխանցէ` ամրօրէն կառչելու եւ տէր ըլլալու մեր պատկանելիութեան գրաւականը հանդիսացող ազգային զրահին` հայոց լեզուին: Ամփոփուեցաւ 2014 թուականի Սփիւռքի նախարարութեան եւ Համահայկական քոնկրեսի նախաձեռնած «Հայապահպանութեան գործում նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, «Լաւագոյն ամէնօրեայ կրթօճախ» անուանակարգով մրցոյթին սփիւռքէն ներկայացուած յայտերու մանրակրկիտ ուսումնասիրութենէն...

Առաջարկ.  Որպէսզի Կանխատեսե՛նք Գալիքը

Առաջարկ. Որպէսզի Կանխատեսե՛նք Գալիքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը հանգրուան մըն է: Հարիւրամեակի առթիւ ստեղծուած համագործակցական ոգին, յառաջացած միացեալ յանձնախումբերը ու հաւաքաբար իրականացած եւ իրականացող նախաձեռնութիւնները լաւ սկիզբ մը ու խարիսխ մը կրնան հանդիսանալ լաւապէս օգտուելու համար այս հանգրուանէն ու պատրաստուելու համար մեր ազգային կեանքի յաջորդ փուլին: Պահ մը կանգ առնելու, թէ՛ ետ նայելու եւ թէ՛ առաջ նայելու համար: Ինքնաքննումի՛ համար: Ծրագրումի՛ համար: Վերազարթնումի՛ համար...

Ընկերային Ցանցերուն Եւ Որոնման Համակարգերուն Մէջ Հայաստանի Նկատմամբ Հետաքրքրութիւնը Մեծապէս Աւելցած

Ընկերային Ցանցերուն Եւ Որոնման Համակարգերուն Մէջ Հայաստանի Նկատմամբ Հետաքրքրութիւնը Մեծապէս Աւելցած

Armenians` հայեր բառը Դիմատետրի ընկերային ցանցին վրայ 13 ապրիլին գրաւած է աշխարհի ամէնէն հետաքրքրական 10 նիւթերու երկրորդ դիրքը` զիջելով միայն Միացեալ Նահանգներու նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն մասնակցելու մտադրութիւն յայտնած Հիլըրի Քլինթընի անուան: Վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին Հայաստանի, հայերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող որոնումները մեծապէս աւելցած են համացանցին վրայ` Քիմ Քարտաշեանի եւ ընտանիքի միւս անդամներուն Հայաստան այցելութեան եւ Վատիկանի մէջ պապին մատուցած...

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ Հայասպանութեան «Մոխիրներն Ու Արիւնը»

Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակ Հայասպանութեան «Մոխիրներն Ու Արիւնը»

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ Նիսի կեդրոնական գրադարանէն ելլելէս առաջ կ՛ուզէի արագ կարդացուելիք գիրք մը գտնել. ուշադրութիւնս գրաւեց Ֆրետերիք Հ. Ֆաժարտիի «Մոխիրներ եւ արիւն» (Cendres et sang... Aperçu d’un génocide régionaliste) խորագրեալ 66 էջնոց գիրքը. կողքին ներսի էջին վրայ, կարդացի` «Ակնարկ մը շրջանային ցեղասպանութեան» նշումը: Հեղինակը երեւան կը հանէ ֆրանսացիներուն եւ մեզմէ շատերուն անծանօթ ու գաղտնի մնացած «շրջանային ցեղասպանութիւն»-ը: Յափշտակութեամբ կարդացի...

14 Ապրիլ 1919-Նախագահ Ուիլսընի Հանդիպումը Աւետիս Ահարոնեանի Եւ Պօղոս-Նուպար Փաշայի Հետ

14 Ապրիլ 1919-Նախագահ Ուիլսընի Հանդիպումը Աւետիս Ահարոնեանի Եւ Պօղոս-Նուպար Փաշայի Հետ

Ապրիլ ամսու այս օրը, 96 տարի առաջ, Փարիզի մէջ պատմական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ մէկ կողմէ ատենի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի եւ միւս կողմէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ներկայացնող զոյգ պատուիրակութեանց նախագահներ Աւետիս Ահարոնեանի եւ Պօղոս-Նուպար փաշայի միջեւ: Ա. Աշխարհամարտը նոր աւարտած էր եւ Փարիզի մէջ իր աշխատանքները սկսած էր Խաղաղութեան խորհրդաժողովը, որ ամիսներու վրայ երկարեցաւ, որովհետեւ իր...

Հալէպի Խոնարհներէն. Անխօս Նուիրեալը` Թաուիլ Եուսուֆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Կան մարդիկ, որոնք իրենց ապրած գաղութին մէջ, տարիներու վրայ երկարող իրենց կեանքի տեւողութեան շրջանին, իրենց անսակարկ ճիգով, աշխատանքով, խիղճով, օրինակով, քրտինքով եւ լումայով այդ գաղութին պատմութեան էջերուն վրայ արձանագրած են յստակ եւ ազնիւ տողեր: Մէկ խօսքով, նոյն այս հայ մարդոց, կամ աւելի ճիշդ` նոյն իրենց ընտանիքի պատկանող անդամներուն համեստ ներդրումով, այդ գաղութին գեղեցիկ եւ օրինակելի պիտակը եղած են...

Խմբավարին Խօսքը . Պատուաստում` Կոմիտասով

Խմբավարին Խօսքը . Պատուաստում` Կոմիտասով

Կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբը հանդէս պիտի գայ համերգով` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար իրականացող այս համերգին պիտի ներկայացուին դասական, ժողովրդական, հայրենասիրական եւ ժամանակակից երգեր` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ մայեսթրօ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արեգ Տաղլեանի:...

Մենք Հզօր Ենք, Երբ Մեր Բանակը Հզօր Է. (Լիբանանի Թեմի Ազգային Իշխանութեան Անունով` Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի Ողջոյնի Խօսքը, Հ.Հ. Պաշտպանութեան Նախարար Զօր. Սէյրան Օհանեանի Ընդունելութեան Ի Պատիւ)

Մենք Հզօր Ենք, Երբ Մեր Բանակը Հզօր Է. (Լիբանանի Թեմի Ազգային Իշխանութեան Անունով` Ազգ. Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի Ողջոյնի Խօսքը, Հ.Հ. Պաշտպանութեան Նախարար Զօր. Սէյրան Օհանեանի Ընդունելութեան Ի Պատիւ)

Ուրախութեամբ եւ պատուով կ’ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար զօր. Սէյրան Օհանեանի ներկայութիւնը լիբանանահայութեան այս հիւրընկալ յարկին` Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ: Յարգելի նախարարը եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուին Լիբանան` UNIFIL-ի հայ խաղաղապահ ուժերուն այցելելու եւ Լիբանանի պետական շրջանակներուն հետ աշխատանքային հանդիպումներ ունենալու համար: Կը ցանկանք ու կը մաղթենք, որ այդ հանդիպումները ըլլան շինիչ եւ արդիւնաւէտ, ի...

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին Տպաւորութիւններ Այցէ Մը

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին Տպաւորութիւններ Այցէ Մը

Հայ Գիրքի Տօն Արեւմտեան Կողմն Աշխարհի Հերթական Նախաձեռնութիւն Ֆրանսահայ «Մշակոյթի Տան» Մը (Ալֆորվիլ-Փարիզ) ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ «Հայկական» Ալֆորվիլը կպած է արեւմտեան մեծաքաղաքի մը` «Լոյս-Քաղաք» Փարիզի կողին: Հայկական, անկասկած ո՛չ` ինչպէս կը հասկնանք հայախօս արեւելեան Սփիւռքի տարածքին: Անկասկած ո՛չ` հայերէնը իր մայթերուն վրայ հնչեցնող, մեսրոպեան տառերը իր վաճառատուներուն եւ հաստատութիւններուն ճակատին ցուցադրող հայաքաղաք բնորոշումին յաւակնորդ աւաններու նման: Նուազ երեւցող, նուազ լսուող, հայեցիութիւնը...

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի.  Ապրիլի 24-ին Ընդառաջ Եւ Դրանից Յետոյ

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Ապրիլի 24-ին Ընդառաջ Եւ Դրանից Յետոյ

Հաշուած օրեր են մնում մինչեւ Ցեղասպանութեան զոհերի ոգեկոչման 100-րդ տարելիցի եզրագիծը: Սպասուող օրուայ մօտենալու հետ բարձունքից գլորուող ձնագնդի պէս աւելի մեծ թափ է առնում Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի արծարծումը թէ՛ հայկական եւ թէ՛ օտար միջավայրերում: Անշուշտ գոհունակութեամբ պէտք է արձանագրենք այս երեւոյթը, բայց եւ շատ ցանկանալով, որ գործընթացի թափը չընկնի Ապրիլի 24-ից յետոյ: Յայտնի է, որ տարբեր միջոցառումներ նախատեսուել են ողջ...

Լիբանանեան Պատերազմի 40-Ամեակին.  Լիբանանցիք Կը Վերահաստատեն Պատերազմին Չվերադառնալու Իրենց Վճռակամութիւնը

Լիբանանեան Պատերազմի 40-Ամեակին. Լիբանանցիք Կը Վերահաստատեն Պատերազմին Չվերադառնալու Իրենց Վճռակամութիւնը

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Քառասուն տարիներ անցած են արդէն սարսափելի թուականէն` 13 ապրիլ 1975-էն, երբ սկսած պատերազմը աղէտալի աւերներ գործեց Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ: Լիբանանի պատմութեան տխրահռչակ այդ հանգրուանի քառասնամեակ թեւակոխումով հիմնական հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ, թէ` ի՞նչ փոխուեցաւ Լիբանանի մէջ, պատերազմը կրցա՞ւ հրահրումի պատճառներուն լուծում կամ դարմանում բերել: Փաստօրէն, մէկէ աւելի հանգրուաններու «ռաունտ»-երով բռնկած լիբանանեան պատերազմը, իւրաքանչիւր փուլին կը...

Page 783 of 806 1 … 782 783 784 … 806

Արխիւներ