Անդրադարձ

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի Ուսումնասիրութիւնը` «Դէպի Արտաքին Տիեզերքի Յաւելեալ Կառավարում» Խորագիրով` Արաբական Էմիրութեանց «Ռազմագիտական Տեսութիւններ» Արաբատառ Պարբերաթերթին Մէջ

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի Ուսումնասիրութիւնը` «Դէպի Արտաքին Տիեզերքի Յաւելեալ Կառավարում» Խորագիրով` Արաբական Էմիրութեանց «Ռազմագիտական Տեսութիւններ» Արաբատառ Պարբերաթերթին Մէջ

Արաբական աշխարհին մէջ կարեւորագոյն ուսումնասիրական կեդրոններէն կը համարուի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց «Ռազմավարական ուսումնասիրութեանց կեդրոն»-ը, որ լոյս կ՛ընծայէ «Ռազմավարական տեսութիւններ» (Ռուա իսթրաթիժիյա) արաբատառ պարբերաթերթը: Սոյն կեդրոնը քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հրատապ իրադարձութեանց մօտէն հետեւելով` կ՛աշխատի արձագանգել անոնց եւ յարմար ռազմավարութիւնները գծել` արդիականացման հետ քայլ պահելու առաջադրանքով եւ իր կատարած այս աշխատանքով յառաջատար դիրք կը գրաւէ Միջին Արեւելքի մէջ: Եռամսեայ դրութեամբ լոյս...

Սրբուհի

Սրբուհի

ՍՊԱՐՏԱԿ ՂԱՐԱԲԱՂՑԵԱՆ Հալէպից Տէր Զօր տանող ճանապարհը… Հինգերորդ անգամն է կտրում եմ անապատը, ու ամէն անգամ թւում է, թէ մեղք եմ գործում: Ականատեսները վկայում են, որ ճանապարհաշինարարները մարդկային հազարաւոր ոսկորներ ու գանկեր են բացել: Արաբները մեղք են համարել, փորձել են այլ տարածքներով մայրուղին գցել, բայց որտեղ էլ փորել, որտեղ էլ ետ են տարել աւազը` անթաղ նահատակների ոսկորների ու գանկերի են...

Խմբագրական.  «Վատիկան Գործողութիւն»-ը Եւ Ցեղասպանութիւններու Համեմատութիւնը

Խմբագրական. «Վատիկան Գործողութիւն»-ը Եւ Ցեղասպանութիւններու Համեմատութիւնը

12 ապրիլին Վատիկանի մէջ արձանագրուածը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընդհանուր շրջագիծին մէջ կարելի է բնորոշել իրադարձային հանգամանքով: Հայկական գործօնը` իր պետական, հոգեւորական եւ դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակներով ծրագրաւորուած եւ համակարգաւորուած արդիւնաւէտ աշխատանքի մը արգասիքը ապահովեց  անցեալ կիրակի քրիստոնեայ աշխարհի կեդրոնատեղիին մէջ: Յետադարձ հայեացք մը կրնայ բացատրողական ըլլալ մեկնաբանելու համար մեր երկրի նախագահին դէպի Վատիկան ու Հռոմ կատարած այցելութիւնները, Վատիկանի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն...

Տեսակէտ.  Ուշագրաւ Յօդուածի Մը Հետքերով

Տեսակէտ. Ուշագրաւ Յօդուածի Մը Հետքերով

ԴՈԿՏ. ԱՐԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի «Հայրենիք»-ի փետրուար 20-ի թիւին մէջ լոյս տեսած Կարօ Արմէնեանի «Փանթուրքական գրաւը եւ Արցախի հարցը» վերնագիրը կրող խորաթափանց յօդուածը, որ լայն ընդգրումով ու տարբեր տեսանկիւններէ կը վերլուծէր Արցախի հիմնահարցը` համաթուրանական դարաւոր ծրագիրի լոյսին տակ: Առարկայական տուեալներուն հիման վրայ Կ. Արմէնեան ամենայն լրջութեամբ ու պատասխանատուութեամբ կը ներկայացնէ Հայաստանի գոյատեւման ու զարգացման համար հայանպաստ պայմաններով Արցախի հարցի...

Որքան Հայ, Այնքա՛ն Ամէնաթողութիւն

Որքան Հայ, Այնքա՛ն Ամէնաթողութիւն

Մակար, ի Գաղիա - Համացանց, թերթ, բեմ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ` դարձած են ոսկեղինիկը մորթելու եւ մորթազերծ ընելու զոհասեղան ... Այս բառերով պարտէզ մտաւ Կեդրոնականցի Արմենակ, երբ արդէն յոգնած էի հողը մոլախոտերէն ազատագրելու պայքարէս: Մոլախոտը խնամքի պէտք չունի, կ՛աճի, կը խուժէ, ինչպէս` բոլոր մոլութիւնները: Այդպէս է ողբերգութիւնը ոսկեղինիկին, որ ամէն օր քիչ մը աւելի դաժան ներխուժման կ՛ենթարկուի: Գիտէի Արմենակի սրտի ցաւը: Բայց...

Ճաշ Պատրաստելու Դասընթացք

Ճաշ Պատրաստելու Դասընթացք

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Վարդուհի Տեկիրմենճեան» խոհանոցի յանձնախումբը, Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, 8 ապրիլ 2015-ի առաւօտեան սկսաւ  իր աւանդական «Ճաշ պատրաստելու արուեստը» դասընթացքին, որ պիտի տեւէ մինչեւ մայիս 2015-ի վերջը, շաբաթը մէկ դասի դրութեամբ: «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող Կարինէ Պալեանի  գործակցութեամբ եւ ընտրութեամբ, 14 հայուհիներ կը մասնակցին դասընթացքին, որոնք դասերու աւարտին պիտի ստանան համապատասխան վկայագիրներ: Դասատուները, ընդհանրապէս հանրածանօթ  խոհարարներ, ոմանք...

Թուրք Իրաւաբանները Ցեղասպանութեան Համար Ներում Հայցած Են Հայերէն

ԵՊՀ Հրատարակչութիւնը Լոյս Է Ընծայել Մարիամ Յովսէփեանի «Արեւմտահայ Մամուլի Պատմութիւն (1832-1915 Թթ.)» Դասախօսութիւնների Ժողովածուն

Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւնը լոյս է ընծայել բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու Մարիամ Յովսէփեանի «Արեւմտահայ մամուլի պատմութիւն (1832-1915 թթ.)» դասախօսութիւնների ժողովածուն: Այն հրատարակուել է ԵՊՀ ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետի գիտխորհրդի երաշխաւորութեամբ: Խմբագիրը ԵՊՀ ժուռնալիստիկայի ֆակուլտետի դեկան, բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ Նաղաշ Մարտիրոսեանն է: Հայ մամուլի պատմութեան առանձին բաժին է կազմում արեւմտահայ մամուլը: Այս հարուստ ու բազմազան մամուլի մասին ուսանողների գիտելիքներն առաւել ամբողջական եւ ընդգրկուն դարձնելու...

Թուրք Իրաւաբանները Ցեղասպանութեան Համար Ներում Հայցած Են Հայերէն

Թուրք Իրաւաբանները Ցեղասպանութեան Համար Ներում Հայցած Են Հայերէն

Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման նուիրուած խորհրդաժողովի կայացումը զայրացուցած է Իզմիրի իրաւաբանները: «Ժամանակակից իրաւաբաններու միութիւն» կազմակերպութեան Իզմիրի մասնաճիւղը ատկէ ետք հաղորդագրութիւն տարածած է` ներում հայցելով հայ ժողովուրդէն: Անոնք նշած են, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան մէջ Թուրքիոյ մէջ արդարութեան հաստատման համար պատասխանատու իրաւաբաններէ բաղկացած միութիւնը համոզուած է, որ տեղահանութեան անուան տակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է: «100 տարի առաջ հայերուն...

Ըսինք` 100-Ամեակ.  Ցեղասպանութեան Դէմ Յաղթանակը Մենք Մեզի Դէմ Տարուած Պայքարի Յաջողութիւնն Է

Հռոմը Հայկական Էր 12 Ապրիլին. Հռոմ Եկած Էին Հայեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Արտակարգ օր մը: Ընթացիկ թղթակցութիւն մը գրելու համար չեմ նստած սեղանիս առջեւ, Հռոմի այս արեւոտ կիրակին, Մոնթէ Վերտի բլրան մեր փոքրիկ բնակարանը, հիւրանոց` առանց դրացիի, ընդունելութեան սրահի, վերելակի: Հասած էինք ուրբաթ յետմիջօրէին, եւ պատմութեամբ յագեցած քաղաքը վերստին աչքով յափշտակելու համար, չափած էինք փողոցները, քանի մը եկեղեցի, նաեւ Վիլլա Պորկեզը, արուեստի եւ յիշատակներու բաց գիրքը, իր արձաններով, նկարիչներու գործերով,...

Հայերը Պէտք Է «Ամօթի Պատ» Կառուցեն` Ապրիլ 24-ին Կալիփոլի Գացողներուն Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Մինչ հայերը կը քննադատեն Թուրքիան` Ցեղասպանութեան ժխտման եւ մարդու իրաւունքներու այլ զանգուածային խախտումներու համար, նոյնքան կարեւոր է մեղադրել բոլոր ոչ թուրքերը, որոնք կը գործակցին Թուրքիոյ հետ, այդպիսով իսկ խրախուսելով թրքական իշխանութիւնները`           շարունակելու իրենց անարգալից վարքագիծը: Օրինակ, այս պահուն, բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ անամօթաբար կը պատրաստուին ապրիլ 24-ին մեկնելու Կալիփոլի` տօնելու մէկդարեայ թրքական յաղթանակը, շատ լաւ գիտնալով, որ պիտի մասնակցին...

Ըսինք` 100-Ամեակ.  Ցեղասպանութեան Դէմ Յաղթանակը Մենք Մեզի Դէմ Տարուած Պայքարի Յաջողութիւնն Է

Ըսինք` 100-Ամեակ. Ցեղասպանութեան Դէմ Յաղթանակը Մենք Մեզի Դէմ Տարուած Պայքարի Յաջողութիւնն Է

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այս մասին մտածեցի, երբ ներկայ էի դասախօսութեան մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ նկարահանումներ: Յուզիչ: Խօսեցան Թուրքիոյ այս կամ այն խուլ անկիւնը մոռցուած-վերապրած եւ ժամանակի աւերին ենթարկուած մամիկներ, որոնց շրթներուն վրայ դեռ մնացած էին հայերէնի փշրանքներ: Յուզիչ: Մամիկները երբ այդպէս կը խօսէին, կը ցաւէինք, կը հասկնայինք: Սփիւռքածին նկարահանողը այդ մամիկներուն հետ կը խօսէր սիրտ ցաւցնող նախնական եւ կցկտուր հայերէնով...

Վերյիշելով 1969 Թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան Յատուկ Առաջին Որմազդներու Տեղադրումը Լիբանանի Զանազան Շրջաններու Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Քաջալերուած նախորդ տարուան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ ցուցահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած վաւերագրական լուսանկարներու ազդեցիկ, հոգիները թափանցող եւ օրուան խորհուրդը առանց մեկնաբանութեան կարիքի փոխանցող յաջող փորձէն` խումբ մը համալսարանականներով որոշեցինք այդ լուսանկարներէն մէկը տպել որմազդի ձեւով եւ փակցնել Պէյրութ քաղաքի որոշ շրջաններու պատերուն, հակառակ երկրին մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն` ցոյցեր եւ այլն: Այս սեղմ խմբակին...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով Ֆրիտեոֆ Նանսեն (1861-1930)

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Առիթով Ֆրիտեոֆ Նանսեն (1861-1930)

ՀԱՄՕ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ «Մե՛ղք հայ ժողովուրդին, որ եւրոպական քաղաքականութեան հետ գործ ունեցաւ: Իրեն համար շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ իր անունը երբեք չ՛արտասանուէր Եւրոպայի դիւանագէտի մը կողմէ: Սակայն հայ ժողովուրդը երբեք չէ կորսնցուցած իր յոյսը: Ու մինչ լծուած էր կորովի եւ հաստատակամ աշխատանքի մը, անիկա սպասեց, սպասեց երկար: Կը սպասէ միշտ»: ՖՐԻՏԵՈՖ ՆԱՆՍԵՆ Նորվեկիոյ ժողովուրդի մեծ զաւակը, խաղաղութեան մեծ առաքեալը,...

Հաղորդագրութիւն.  Տէր Եւ Տիկին Յարութ Եւ Վիքի Մարաշլեաններ 50.000 Տոլար Կը Նուիրեն Հայ Օգնութեան Միութեան

Հաղորդագրութիւն. Տէր Եւ Տիկին Յարութ Եւ Վիքի Մարաշլեաններ 50.000 Տոլար Կը Նուիրեն Հայ Օգնութեան Միութեան

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը երախտագիտութեամբ կը յայտարարէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգէն տէր եւ տիկին Յարութ եւ Վիքի Մարաշլեաններ 50,000 տոլար կը նուիրեն Հայ օգնութեան միութեան: Բարերարներուն փափաքով գումարը հաւասարապէս պիտի յատկացուի երկու նպատակներու` Ստեփանակերտի ՀՕՄ-ի «Սօսէ» մանկապարտէզի վերանորոգման նոր ծրագիրի աշխատանքներուն եւ Կեդրոնական գրասենեակի ընթացիկ ծախսերուն, ներառեալ` Նիւ Եորքի մէջ կայացած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ հայոց ձեռագործներու ցուցահանդէսը:...

Չիչեք Շուլցի Ներկայացուցած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Իր Տեսակէտը

Թրքական «Աքշամ» օրաթերթը կը գրէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Թուրքիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի, խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքի հետ: Վերջինիս հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: Չիչեք հայերու զանգուածային սպանութիւնները դարձեալ վերագրած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի պայմաններուն` նշելով, որ անիկա մարդկութեան պատմութեան ամէնէն արիւնալի...

Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Հայաստան, Ղարաբաղ Պիտի Գնայինք…  (Թուրք Յօդուածագիրը` Սարգիս Սերոբեանի Մասին)

Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Հայաստան, Ղարաբաղ Պիտի Գնայինք… (Թուրք Յօդուածագիրը` Սարգիս Սերոբեանի Մասին)

T24-ի թղթակից Ճելալ Պաշլանկըչըն «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի մահից յետոյ հրապարակել է յօդուած, որում պատմել է նրա հետ Հայաստան կատարած հաճելի ճանապարհորդութեան եւ Սերոբեանի` մանուկ հասակում չլսած «հեքիաթների» մասին: Յօդուածը ներկայացնում ենք որոշ կրճատումներով: Դեռ պիտի ճանապարհորդէինք: Հայաստան, Ղարաբաղ պիտի գնայինք Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Սակայն այժմ քեզ ճանապարհում ենք դէպի ովկիանոսների անվերջութիւն: Ճանապարհիդ լոյս լինի, Սարգի՛ս եղբայր:...

Սարգիս Սերովբեանի Կենսագրական Գիծերը

Սարգիս Սերովբեանի Կենսագրական Գիծերը

Սարգիս Սերովբեան ութսուն տարիներ առաջ ծնաւ Պոլսոյ մէջ, որպէս անդրանիկը բնիկ սեբաստացի ընտանիքի: Դեռ երկու տարեկան էր, երբ ճաշակեց որբութեան դառն բաժակը: Մեծ Մշեցիի` Ս. Մեսրոպի աշակերտը եղաւ նախ Արդի կրթարանի, ապա Էսայեան վարժարանի մէջ: Որբութիւնը չարտօնեց, որ ան ըլլայ լիսէական, համալսարանական կամ գեղարուեստից ակադեմիոյ սան: Մտաւ կեանքի ասպարէզ: Եղաւ համեստ աշխատաւոր` սառնարանի նորոգող: Միշտ մնաց սանը Մաշտոցի ու անոր...

Վրէժուհի Գաբրիէլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Վրէժուհի Գաբրիէլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Արցունքոտ աչքերով կը գրեմ այս տողերս, սիրելի՛ մայրս, խոստովանելով, որ չէի անդրադարձած, թէ առիթը պիտի չունենամ անձամբ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու քեզի` քու անսահման զոհողութիւններուդ ու գուրգուրանքիդ համար: Աստուածավախ եւ բարեպաշտ էիր, նուիրեալ ու աննման մայր մը, որ միշտ առաջնահերթ նկատեցիր ընտանիքդ, զաւակներդ ու թոռներդ: Տքնաջան աշխատանք տարիր, որպէսզի մենք ստանանք հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձր մակարդակի ուսում: Մեր յաջողութիւնը մեծագոյն ուրախութիւնն...

Ազգային Հպարտանք

Ազգային Հպարտանք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ապրիլի առաջին շաբաթավերջին, զատկական օրերու երեկոյ մը, Հայաստանէն պատկերասփռուող լրատուական յայտագիրի մը կը հետեւէի: Յատուկ տեղ տրամադրուած էր  սահմանային գօտիներու մէջ, նախորդող օրերուն, ազերիական նենգամիտ յարձակումներու զոհ գացած նահատակ զինուորներու: 18-21 տարեկան երիտասարդներ էին նահատակները, հայրենի տարբեր օճախներէ: Հաղորդավարը այցելութիւններ տուած էր նահատակներու ծնողներուն, նախկին դպրոցները, եւ զրոյցներ ունեցած էր ծնողներու, ուսուցիչներու, զինակիցներու եւ հարազատներու հետ, որոնք յուշե՜ր...

Արշաւիր Շիրակեան (1900-1973)  Ահաբեկումէ Մը Շատ Աւելին Էր…  «Կտա՜կն Էր Նահատակներուն»

Արշաւիր Շիրակեան (1900-1973) Ահաբեկումէ Մը Շատ Աւելին Էր… «Կտա՜կն Էր Նահատակներուն»

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայ ժողովուրդի ազգային հերոսներու շարքին փառապանծ ու յաւերժական իր պատուանդանը ունի Արշաւիր Շիրակեան, որուն մահուան 92-րդ տարելիցը կ՛ոգեկոչենք ապրիլ 12-ի օրը: 12 ապրիլ 1973-ին այնքա՜ն արիւնահեղութիւն եւ սարսափ տեսած իր աչքերը առյաւէտ փակեց «Հայոց Նեմեսիս»-ի քաջասիրտ Ահաբեկիչը: Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու փաղանգին մէջ Արշաւիր Շիրակեան կը հանդիսանայ ա՛յն իւրայատուկ դէմքը,...

Page 784 of 806 1 … 783 784 785 … 806

Արխիւներ