Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Քիչ առաջ ըսի, որ ինծի նուիրած գիրքերուդ մէջ ունիս սիրտէդ ու հոգիէդ բխած մակագրութիւններ: Վստահ եմ, որ եզակի չեմ, թէեւ նաեւ վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր մակագրութիւնդ անպայման կապ մը, հաղորդականութեան շերտ մը ունի գիրքերէդ նուէր ստացողներուն հետ: Բոլոր մակագրութիւններդ ալ ունին բանաստեղծական շունչ մը:
Կ՛ուզեմ առանձնացնել առաջին հատորէդ ինծի նուիրածիդ մէջի մակագրութիւնդ, որ ո՛չ միայն չափածոյ է եւ շատ անձնական, այլ հոն կայ քու զուարթախոհութեանդ մէկ արտայայտութիւնը, իսկ դուն ընդհանրապէս ճանչցուած ես իբրեւ «լուրջ ոճով գրող»:
1973-ին լոյս տեսած հատորէդ օրինակ մը ինծի նուիրեցիր 3 տարի ետք (լոյս ընծայման օրերուն Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ էինք), թուականը` 24-11-1976: Քիչ ետք կը յիշեցնեմ, թէ ինչո՛ւ յատկանշական է այդ թուականը: Շատ լաւ կը յիշեմ, թէ մակագրելէդ ետք հատորը ինծի երկարեցիր` ըսելով, որ անիկա մեր «արիւնակցութեան» մէկ յիշատակարանը կը նկատես: Չէ՛, ի մտի չունէիր մեր այնթապցի ըլլալը (յաճախ կատակով ատիկա կը ծախէինք մեր ընկերներուն), ո՛չ ալ ի մտի ունէիր այն, որ տարի մը առաջ պայթած «քաղաքացիական պատերազմ»-ը մեզ իբրեւ գործակիցներ մէկտեղած էր «Ազդակ»-ի յարկին տակ` նոյնինքն պատերազմին ստեղծած տաժանքը խումբ մը ընկերներու եւ գրաշար-էջադրողներու հետ բաժնեկցելու համար: Այդ մակագրութեան ետին կայ պատմութիւն մը, որ մեզ տարե-դարձ-ա-կից դարձուցած էր եւ պարգեւած` over time ապրելու առիթ մը (անկէ ետք ուրիշ նման առիթներ ալ եղան, եւ մեզիպէսներուն կեանքին մէջ over time-երը վերածուեցան տեսակ մը… սովորութեան):
Արենակցութեան շարժառիթը մակագրութենէդ ամիս մը առաջ էր, 15 հոկտեմբեր 1976-ին: «Ազդակ»-ի անձնակազմէն անոնք, որոնք «արեւելեան» Պէյրութի բնակիչ էին քեզի եւ ինծի պէս, դարձած էին «Արա Երեւանեան» ժողովրդային տան բնակիչ, յետոյ նաեւ` շրջանի հայկական բնակարաններու «պահակ»: Վտանգներէ խուսափող կամ գործատեղիի հարկադրանքին ենթարկուող հայեր իրենց բնակարաններու բանալիները յանձնած էին ակումբի պատասխանատուներուն, որոնք նա՛եւ մեզ` թերթի անձնակազմի անդամներ «լծակից» դարձուցեր էին անոնց պահպանումին (մինչեւ իսկ անտէր չեղող բնակարաններ կը կողոպտուէին օր ցերեկով): Քեզի եւ ինծի բաժին ինկած էր «Ազդակ»-ի խմբագրատան շէնքին երրորդ յարկի մէկ բնակարանը: Վստահ եմ` հիմա ալ կը յիշես, թէ ինչպէ՛ս աշխատանքի աւարտէն ետք, յաճախ արեւածագը ողջունող ժամերուն քնանալու կ՛ելլէինք (ելեկտրականութեան հոսանքի ընդհատումները սկսած էին յաճախակի դառնալ եւ պատճառ կ՛ըլլային անտանելի ուշացումներու), նախաճաշին ու կէսօրուան ճաշին ակումբի սրահին մէջ հաւաքաբար («ազդակճիներուն», ակումբին ծառայողներուն եւ պահակներուն հետ) կը վայելէինք ԼՕԽ-ական նուիրեալներու պատրաստած սեղանը, որ յաճախ կը սարքուէր ի չգոյէ… գոյացած ուտեստներով. շուկաները դարձած էին ժլատ, ամէնէն տարրական սննդամթերքն անգամ ձեռք կը բերուէր վտանգներ աչք առնելով: Ոմանք կը կատակէին, որ իսկական քրիստոնեայ էինք, որովհետեւ քրիստոնէութեան առաջին դարերուն, մարդիկ այսպիսի հաւաքական սեղաններու բաժնեկից կ՛ըլլային…
Ռմբակոծումներն ու թաղերը պատուհասող կրակոցները «սովորական» էին եւ վերապրողներուն կը պարտադրէին վարժուիլ նման անպատեհութիւններու (Լիբանան մինչեւ հիմա ալ նման «պարգեւներ» կը վայելէ, եւ մխիթարական չէ, որ ուրիշ տեղեր ալ նման «վայելքներ» կան):
15 հոկտեմբերի առաւօտուն ուշ արթնցանք, որովհետեւ քնանալու ելած էինք, երբ երկնակամարը սեւ զգեստը սկսած էր փոխարինել կապոյտ պարեգօտով: Ակումբի խոհանոցին մէջ նախաճաշէն բան չէր մնացած, տիկինները արդէն կէսօրուան ճաշի պատրաստութեան սկսեր էին: Պէտք էր նախաճաշի համար մեր գլխուն ճարին նայէինք:
Ուղղուեցանք ակումբին դիմացը գտնուող («Ազդակ»-ի այդ օրերու խմբագրատան տակը) ճաշարանը, որ ունէր երկու ճաշատեսակ. ֆուլ եւ հըմմոս: Հազիւ թէ ակումբի դուռէն դուրս ելած էինք, երբ տեսանք գրաշարներէն Պօղոսը, որ ուտեստի եւ այլ մթերքներով ուռած տոպրակներով բեռնաւորուած` դէպի տպարան կ՛երթար (մօտ 300 մեթր անդին): Բացատրեց, որ Համրայի կողմերը գացեր էր գնումի համար: Աւետեց, որ օրը տարօրինակօրէն խաղաղ էր, ռմբակոծում-կրակոց չկար, մինչեւ իսկ խճողում կար: Արեւելքի «Շան զ՛Էլիզէ»-ի համբաւը շահած Համրան այդ տարիներուն վերածուած էր մայթերու վրայ անկրպակ վաճառորդներու շուկայի, ժողովրդական «բառամթերք»-ով` «պիթ-պազար»-ի: (Պուրճ Համուտի մէջ ալ երբեմն նման շուկաներ ստեղծուեցան): «Եկո՛ւր, Համրա երթանք եւ համով-հոտով քնաֆէ պը-ժըպնէ մը ուտենք», առաջարկեցիր` քաջալերուած Պօղոսին խաղաղաւէտ տեղեկութենէն: Մտածեցինք, որ ֆուլը ամէն օր հոն է, միւսը աւելի՛ հրապուրիչ է: Խոստովանիմ, որ երկուքս ալ անուշեղէնի մոլի էինք…
Օրօր-շօրօր, զրուցելով` ուղղուեցանք Համրա: Պօղոսը չէր չափազանցած: Համրա հասնելէ առաջ իսկ մեր դիմաց երկարեցաւ ինքնաշարժներով խճողուած փողոցը, որ ո՛չ մէկ յիշատակ ունէր պատերազմական վիճակէն: Ճամբեզրին կային գետնատարած կրպակներ, որոնցմէ մէկն ալ թերթավաճառ մըն էր, երբեմնի «Հորս շու» ճաշարանէն առաջ, մայթին կողքի պատին (չեմ գիտեր, թէ երբեմնի հռչակաւոր այդ ճաշարանին կամ նմաններու հետքը կա՞յ այսօր), օրաթերթ ու շաբաթաթերթ վերցուցինք եւ շարունակեցինք դէպի Համրայի խորքերը, ուր, գիտէի՛ր, աջին, շարժապատկերի վերջին սրահին կողքին, կար համով քնաֆէ պը-ժըպնէ ծախող մը: «Հորս շու»-ին դիմացի անկիւնը` դէպի Ամերիկեան հիւանդանոց տանող ճամբուն անկիւնը, նոր կառուցուող շէնքի մը շինանիւթերը` աւազ, խճաքար եւ այլն, փակած էին մայթը: Հարկադրուած էինք շարունակել պողոտային ձախ մայթին վրայով:
Հազիւ թէ մեր ոտքը դրած էինք «Հորս շու»-ի յառաջամասի մայթին, երբ «ՊՈ՛ՒՄ»… հրթիռ մը ինկաւ դիմացի աւազակոյտին վրայ, մեզմէ հազիւ 15 մեթր հեռու, երկու ակնթարթ ետք երկրորդ մը` մօտաւորապէս 100 մեթր դէպի արեւմուտք եւ անմիջապէս ետք երրորդ մը` անկէ քանի մը հարիւր մեթր անդին: Մեր եւ փողոցին մէջ եղող բազմութեան առաջին` բնազդային շարժումը եղաւ նետուիլ ճամբեզրին կանգ առած ինքնաշարժներուն ետին, ու երբ զգացինք, որ երրորդ հրթիռէն ետք դադար մը կայ, վազեցինք ու ապաստանեցանք յիշեալ ճաշարանի ներքին մէկ սիւնին ետին: Զարհուրած անցորդներ կային հոն (աւելի ուշ, երբ բանականութեան մէկ պատառը վերագտած էր մեզ, անդրադարձանք, որ աւազակոյտը «կուլ տուած էր» առաջին հրթիռին սաստկութիւնը եւ սանձած` բեկորներու սանձարձակ տարածումը: Այլապէս, հաւանաբար միւս աշխարհը հասած պիտի ըլլայինք, եւ մեզի պիտի զլացուէր over time ապրիլը…):
Փողոցը անմիջապէս ամայացաւ: Պէտք է յիշես, թէ ինչպէ՛ս «լաւ ազատեցանք»-ի պէս ակնարկներով լուռ զրուցեցինք քանի մը երկվայրկեան ու դիտեցինք շուրջ-բոլորը (յաջորդ օրը թերթերէն պիտի իմանայինք, որ այդ պահուն գոնէ մէկ զոհ եւ 59 վիրաւոր ինկած էին երեք հրթիռներուն պատճառով): Երկվայրկեանները կը սահէին` դանդաղեցուած ժապաւէնի մը «փութկոտութեամբ»: Յանկարծ, սրդողած ու զիս ալ սրդողումի մատնելով, կուրծքդ բռնած` ըսիր. «Օրթա՛խ, ես վիրաւորուեր եմ»: Բացիր շապիկդ, արեան հետքեր կ՛երեւէին ստամոքսիդ վարին մէկ կէտին ու սրտիդ ճիշդ վարի մասին: Ոտքերուս թուլութիւն մը զգացի… Քանի մը ակնթարթ ետք իմացուցիր, որ վիրաւորուած են նաեւ ոտքերդ, արիւնի մանր «առուակ» մը կը հոսէր սրունքէդ վար: Առաջին հարուածին ցաւ չէիր զգացած, հիմա, պահ մը ետք, հրթիռին բեկորները կ՛ըսեն, թէ իրենց հետ խաղ չէր ըլլար…
Դուրսէն լսեցինք հիւանդատար ինքնաշարժի մը սուլոցը: Պաղեստինեան «Կարմիր մահիկ»-ին մէկ ճմռթկուած հիւանդատարն էր, որ եկաւ, կանգ առաւ մեր ապաստարանին առջեւ, անկէ դուրս ցատկեցին քանի մը հսկայ երիտասարդներ եւ սկսան ճամբուն վրայ ինկած վիրաւորները (որոնք նոր կը տեսնէինք` մեր դուրս գալէն ետք) հաւաքել ինքնաշարժին մէջ: Ուս-ուսի տուած` ուղղուեցանք դէպի այդ ինքնաշարժը: Քանի մը քայլ առնելէ ետք, կօշիկիս մէջ հեղուկի պէս բան մը զգացի: Վար նայեցայ եւ` «Օրթա՛խ, ես ալ վիրաւորուեր եմ», շշնչացի: Ցաւը սկսած էր զգացնել ինքզինք:
Իրարու յենած` բարձրացանք ինքնաշարժ: Մէջը թխմուած էին 10-12 վիրաւորներ, նաեւ` հաւաքող երիտասարդները: Կողքիս նստած երիտասարդ մը, մեր խօսակցութիւնը լսելով, հարցուց. «Հա՞յ էք»: Դալուկ դէմք մը ունէր: Բեկոր մը վիրաւորած էր գլուխը, արիւնը սեւ մազերուն մէջէն բարակ գիծով մը իջեր էր դէպի ծոծրակը: Փորձեցի հաւատացնել, որ վէրքը վտանգաւոր չ՛երեւիր (ես ո՜ւր, վէրքին վտանգաւոր ըլլալ-չըլլալը վճռողը` ո՛ւր):
Մեքենավարը յայտնապէս ծանօթ չէր այդ փողոցներուն: Քշեց դէպի արեւմուտք, դարձաւ ձախ ու հասանք այդ օրերու ՊԻ. ԵՈՒ. ՍԻ. համալսարանին փողոցը, յետոյ մտաւ ուրիշ փողոց մը, որ պիտի տանէր դէպի Ռաուշէ… Վիրաւորներս նոր միայն անդրադարձանք, որ աննպատակ կը շրջէինք փողոցներուն մէջ: Հարցուցի. «Ախի՛ (եղբայր), ո՞ւր կը տանիս մեզ»: Պատասխանեց. «Ամերիկեան հիւանդանոց»: Ձայնակիցներու հետ բացատրեցինք, որ Ամերիկեան հիւանդանոցը մօտ էր այդ վայրին, ուրկէ հաւաքած էր մեզ: Շրջադարձ, եւ «ճամբորդներուս» ցուցմունքներուն հետեւելով, քանի մը վայրկեան ետք մեզ հասցուց Ամերիկեան հիւանդանոց, շտապօգնութեան շէնքին առջեւ:
Մուտքին խմբուած ու պասքեթպոլիստի հասակով օժտուած քանի մը երիտասարդներ օգնութեան հասան: Քալելու կարողութիւնը պահածներ առանց օգնականի մտան շտապօգնութեան բաժանմունքի շէնքը, իսկ դուն ու ես բառացիօրէն կախուեցանք «պասքեթպոլիստ» զինեալներուն ուսերէն, մեզ «թռցուցին» դէպի բուժման վայրը` սենեակներ, նրբանցքներ եւ այլն: Բժիշկ մը արագ ակնարկ մը նետեց մեր վէրքերուն վրայ: Մնացի նրբանցքին մէջ, իսկ քեզ տարին արդէն խճողուած սենեակ մը, որովհետեւ վէրքդ աւելի վտանգաւոր նկատուած էր: Ոտքերս ձերբակալած ցաւին հետ սրդողումս վայրկեան առ վայրկեան կը սաստկանար: Վէրքերդ աւելի վտանգաւոր դասած էին… Սի՞րտ, թո՞ք…
Աներեւակայելի իրարանցում կար ամէն տեղ: Սպիտակ վերարկուով մէկը մօտեցաւ ինծի եւ անմիջական խնամք տրամադրեց վիրաւոր ոտքերուս, յետոյ, կռնակիս զարնելով` հաւատացուց, որ վտանգաւոր բան չկայ (իսկ թէ վերջը ի՞նչ եղաւ, դուն լաւ կը յիշես, հոս չպատմեմ): Քաջալերուած` ոտքի ելայ եւ… քիչ մնաց տապալէի ցաւին ու գլխապտոյտի պատճառով (նրբանցքն ու սենեակները դեղերու «բոյրով» ծանրացած էին): Պատին կռթնելով` ճամբայ ելայ քեզ վերագտնելու: Սենեակի մը մէջ պառկեցուցեր էին պատգարակի մը վրայ, վէրքերդ դեղած էին, «աւետեր» էին, որ պէտք էր վիրաբուժութեան ենթարկեն քեզ ու դուրս բերեն սրտիդ ու աղիքերուդ մօտ հանգչած «հիւր»-բեկորները, սակայն թէ ե՞րբ… Աստուած ալ չէր գիտեր հաւանաբար, այնքա՜ն որ առատ էր հրթիռներուն «հունձքը», կային աւելի՛ վտանգուած վիրաւորներ:
Դէմքդ եւ աչքերդ սրդողումիդ թարգմաններն էին: «Օրթա՛խ, ակումբ լուր տուր, զիս հոս թող չձգեն, արեւելեան կողմ տանին, հոն ըլլայ վիրաբուժութիւնը…», փսփսացիր: Չէ՛, վախ չունէիր, այլ բնական մտահոգութիւն մը…
Երկու ոտքով կաղալով ու անցուդարձող բժիշկի մը հարցնելով` գտայ հեռաձայնին տեղը: Ակումբէն պատասխանողն էր մեր աղուոր ընկերներէն Ճոնի Արեւեանը, որ իմանալով պատահածը` կտրուկ պատասխանեց. «Հի՛մա կու գանք»:
Հաւանաբար տասը վայրկեան չէր անցած, երբ Ճոնին եւ երկու ԼԵՄ-ական տղաք հասան հիւանդանոց, քանի մը խօսք փոխանակեցին բժիշկներուն հետ (Ճոնին յայտնապէս անծանօթ մը չէր հիւանդանոցի մարդոց, կինը հոն բուժքոյր էր), եւ ահա, քեզ փոխադրեցին դուրսը սպասող ինքնաշարժը, զիս ալ «թռցուցին» ու նստեցուցին կողքդ:
Եւ սկսաւ ոդիսական մը: Ռումբերու տարափին տակ նախ գացինք Ռաուշէ, ուր մայր ճամբէն վար, հռչակաւոր ժայռին դիմացի ծովափին, հաստատուած էր դաշտային հիւանդանոց մը, հսկայ վրանի մը տակ: «Տեղ չկայ», եղաւ պատասխանը: Գացինք Քորնիշ Մազրաայի շրջանը, ուր ֆութպոլի դաշտին մօտերը կար այլ հիւանդանոց մը: Նոյն վիճակը: Վերադարձանք ակումբ: Զիս բարձրացուցին մեր բնակավայր յարկաբաժինը, իսկ քեզ հրաշքի համազօր եւ անձնազոհութիւն բուրող «արարողութեամբ» մը տարին-հասցուցին «արեւելեան» շրջան, ուր նոյն օրն իսկ բեկորազերծուեցար…
Ապաքինումը տեւեց քանի մը շաբաթ: Վերադարձանք «օրթախութեան» աշխատանքին, եւ ահա թղթապանակէդ հանեցիր «Այս է արիւն իմ»-իդ օրինակը, զոր արդէն մակագրած էիր բանաստեղծօրէն: Կարդացի եւ յուզուեցայ, հիմա ալ յուզումով կը յիշեմ այդ օրերը: Զուարթախոհութիւնդ քեզ տարեր է կարողութիւններս գնահատելու չափազանցութեան (երգիծողին մենաշնորհներէն մէկն ալ չափազանցելն է), սակայն անիկա մնայուն վկայութիւն եւ յիշատակ է, թէ ինչպէ՛ս «արիւնակից» դարձանք: Անկէ ետք, ամէն տարի, անձամբ կամ հեռաձայնային կապով զիրար շնորհաւորեցինք մեր «ծննդեան օր»-ը, նախ եղանք մանուկ, յետոյ անցանք պատանութեան ու երիտասարդութեան փուլերէ, հիմա… 59 տարեկան ենք, ըսել կ՛ուզեմ, մարմնապէս հեռանալէդ ետք ալ տարեդարձներուն հաշիւը չեմ կորսնցներ:
Կը յիշե՞ս, որ ապաքինելէդ ետք, երկար ատեն սովորութիւն մը պահեցիր` պարբերաբար ձեռքդ կը պահէիր փորիդ վրայ, կարծես թէ սպիացած վէրքդ թաքցնելու, «ասիկա իմս է» ըսելու պէս: Պէտք է յիշես նաեւ, որ այս մանրամասնութիւնները չգիտցողներ մեղադրեցին մեզ, թէ` երկու Սագոները Համրա գացեր ենք պտտելու կամ ճաշելու… Մեր պատասխանը լուռ ժպիտ էր պարզապէս:
***
Այս ինքնատիպ ու անկրկնելի մակագրութեանդ ետին պահուըտած պատմութիւնը զիս տարաւ նաեւ ուրիշ յուշերու, եւ որովհետեւ սկիզբը գրեր եմ, որ պատումներ պիտի արձանագրեմ, յիշեմ նաեւ սա մէկը:
Մեր վէրքերը մոռնալու վրայ էինք, երբ օր մը լայն ժպիտով մը ըսիր, որ հայրդ` վարպետ մեքենագործ մը Հալէպի մէջ, քեզի համար ինքնաշարժ մը գնած-ղրկած է Հալէպէն անցնող հայորդիէ մը: Տարիր զիս ձեր տան թաղը: Մայթին վրայ կը քնանար սպիտակ եւ փայլուն «Ժակուար» մը. շքե՜ղ բան մըն էր, լեռ-ձոր հեռու` իմ գունաթափ եւ ինքզինք քաշքշող «Ֆիաթ»-էս, որ կը ծառայէր մեզ «արեւելք»- «արեւմուտք» տեղափոխելու: Ուրախ էիր ստացած նուէրովդ, սակայն խոստովանեցար, որ… ինքնաշարժ վարել չէիր գիտեր (արտօնագիր ունէիր, ատիկա դիւրին բաժինն էր այդ օրերուն, հարցը վարե՛լն էր): Եւ առաջարկեցիր, որ յաջորդ օրերուն քու ինքնաշարժովդ երթանք-գանք:
Ինչպէ՞ս մերժէի: Խոստովանիմ, որ քիչ մը վախով բազմեցայ ղեկին ետին (հա՛, այդ ինքնաշարժին մէջ զետեղուիլը բազմիլ էր, նստիլ չէր): Ինծի չպատկանող ինքնաշարժ մը վարելու վախը չէր զգացածս, այլ այն, որ ճամբան վտանգաւոր էր, նման «պատառ» մը պիտի գրգռէր գող-աւազակներուն ախորժակը, կրնային որեւէ տեղ կանգնեցնել մեզ, ինքնաշարժը առնել-երթալ, ու բախտաւոր պէտք էր զգայինք, եթէ over time ապրելու նոր առիթ մը տրուէր մեզի: Հրապոյրը քանի մը օր գերազանցեց վախը: «Ազնիւ նժոյգի պէս բան մըն է», ըսի` զգալով, որ հայրդ զայն վարպետօրէն «ձեռքէ անցուցած է» եւ դրած` կատարեալ վիճակի մէջ: Քանի մը երթեւեկէ ետք մտավախութիւնը գլուխ բարձրացուց. համաձայնեցանք, որ իմ «խուրտա»-ի նմանող ինքնաշարժիս (որուն շարժակին «ձի»-երէն մէկ քանին սատկած էին, իսկ միւսներն ալ` կաղ ու ծերացած) աչք դնող չ՛ըլլար: «Նժոյգդ» տարինք, «կապեցինք» ձեր թաղի ակումբին առջեւ: Յետոյ իմացայ, որ զայն դրած էիր ակումբի տղոց տրամադրութեան տակ, որովհետեւ թաղեցիներուն հազար ու մէկ կարիքները հոգալու համար անոնք ինքնաշարժներու կարիքը ունէին, եւ ահա չսպասուած նուէր մըն ալ իրենք կը ստանային…
Ես լաւ չեմ յիշեր, բայց դուն լաւ պէտք է յիշես, որ այդ ինքնաշարժը վարելու առիթ չունեցար: Աշխատանքդ, որ միայն խմբագրատան մէջ չէր, այլ յաճախ ազատ օրերդ լուսցնել կու տային գրիչիդ երիվարին վրայ, ժամանակ չձգեցին, որ վարժութիւն ձեռք բերես անոր ղեկին տիրապետելու: Ատեն մը ետք պատմեցիր, որ «նժոյգդ» անգործածելի դարձած է. արկա՞ծ, հրթի՞ռ, թէ՞ այլ, դուն ինձմէ լաւ պիտի յիշես:
***
Շարունակե՞մ: Բայց ինչպէ՞ս, ո՞ր դրուագները արձանագրեմ: Հաւատա, որ բոլորն ալ ամենայն մանրամասնութեամբ կը յիշեմ: Սրտակից-ուղեկից ընկերներու կապուած յիշատակները անջնջելի կը մնան մարդուս էութեան մէջ, կը ձայնակցիմ Դուրեանի` «դեռ կենդանի եմ» տողերուն: Եւ ահա այսպէս, երկտող մը պատճառ կ՛ըլլայ, որ անոնք վերադառնան, Թէքէեանի հետեւողութեամբ (թէեւ տարբեր մօտեցումով)` «…անուշցած ու զօրացած, հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան»:
… Քանի մը ամիսէն պիտի տօնենք մեր 60-րդ տարեդարձը (Տե՞ս, մեր երիտասարդութիւնը նոր մեր ետին պիտի ձգենք): Եթէ ձեւ մը գիտես, ըսէ՛, հեռաձայնեմ ու հին օրերուն պէս զիրար շնորհաւորենք կատակով ու աղուոր յուշերով (ո՞վ գիտէ, արդի բանականութիւնը ինչե՜ր ընել կու տայ): Այլապէս, ես հոս, դուն ալ հոն, 15 հոկտեմբերին գաւաթ մը բարձրացնենք բարի մաղթանքներով ու յիշելով հարազատներ եւ ուղեկից ընկերներ, բարեկամներ:
9 յուլիս 2025
(Շար. 2 եւ վերջ)
—