Սուրիոյ Սուէյտա նահանգին մէջ վերջին զարգացումները ընթացք առին դէպի Դամասկոս տանող ճամբուն վրայ գողութեամբ մը, որուն հետեւեցան շրջանի աշիրեթներուն ու տիւրզիներուն միջեւ փոխադարձ առեւանգումներ ու զինեալ բախումներ: Կառավարական ուժերը ապահովութիւնը վերականգնելու նպատակով շուրջ երկու օր ետք միջամտեցին, սակայն այդ միջամտութիւնը շուտով շեղեցաւ իր յայտարարուած նպատակէն եւ ստացաւ տիւրզի համայնքին վրայ յարձակումի բնոյթ:
Ինքզինք Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքի պաշտպան հռչակած Իսրայէլը հակազդեց, սակայն չբաւարարուեցաւ Սուէյտայի մէջ սուրիական վարչակարգին ուժերը ռմբակոծելով, այլ օդային յարձակումներ գործեց Դամասկոսի մէջ նախագահական պալատին, պաշտպանութեան նախարարութեան եւ սուրիական բանակի սպայակոյտի կեդրոնատեղիին, ինչպէս նաեւ Տարաայի վրայ:
Իսրայէլ մայիսի սկիզբը տիւրզի բնակչութիւն ունեցող Ժարամանա շրջանին մէջ զարգացումներուն հակազդած էր Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահական պալատէն հազիւ 400 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող վայր մը հարուածելով: Օրին իսրայէլեան հակազդեցութիւնը «զգուշացում» յղելու համար էր: Իսրայէլի վարչապետն ու պաշտպանութեան նախարարը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` յայտարարեցին. «Դամասկոսի հարաւը ուժերու տեղակայում կամ տիւրզի համայնքին ուղղուած որեւէ սպառնալիք պիտի չընդունինք»: Սուէյտայի մէջ զարգացումներէն ետք շղթայազերծուած իսրայէլեան յարձակումները այդ զգուշացումին գործադրութիւնն են:
Աւելի՛ն. Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց նշեց. «Իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ սուրիական վարչակազմի ուժերուն վրայ յարձակում գործել, մինչեւ որ Սուէյտայէն հեռանան»: Ան շարունակեց` աւելցնելով. «Սուրիական վարչակարգը պէտք է հանգիստ ձգէ Սուէյտայի տիւրզիները եւ իր ուժերը ետ քաշէ»: Քաց աւելի ուշ ալ սպառնաց. «Սուրիոյ վրայ յարձակումներուն կշռոյթը պիտի բարձրանայ, եթէ պատգամը չհասկնան»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի սպառնալիքը հասցէագրուած էր երկու կողմերու` սուրիական վարչակարգին եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ:
Թէեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց, թէ իսրայէլեան բանակը «աշխատանք կը տանի փրկելու մեր տիւրզի եղբայրները», սակայն այդ միջամտութեան իսկական նպատակը մարդասիրական չէ: Թել Աւիւի համար Անգարայի հովանաւորութիւնը վայելողներուն կողմէ իր պաշտպանութեան տակ եղողներուն դէմ յարձակումը Թուրքիոյ կողմէ իր դէմ շղթայազերծուած յարձակում մըն է, որովհետեւ այդ ուժերուն, ուստի եւ Թուրքիոյ դէպի հարաւ յառաջխաղացքը կը վտանգէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը:
Իսրայէլ թրքական կողմին նետած այդ ձեռնոցը վերցուց եւ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող կողմին դէմ իր բուռն յարձակումով ու որդեգրած խիստ հռետորաբանութեամբ յստակ ու գործնական կերպով յայտարարեց Սուրիոյ մէջ իր շահերը պաշտպանելու համար Թուրքիոյ հետ ուղղակի ճակատելու իր պատրաստակամութիւնը:
Իսրայէլեան կողմի վճռակամութեան լրջութեան լոյսին տակ, թրքական կողմը ոչ միայն մագլցումի դիմելէ խուսափեցաւ, այլ ստիպուեցաւ նահանջել: Սուրիական վարչակարգը Թել Աւիւի կամքին ենթարկուելով` իր ուժերը ամբողջութեամբ հեռացուց Սուէյտա նահանգէն:
Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ յայտարարեց. «Որոշեցինք Սուէյտայի մէջ անվտանգութեան պատասխանատուութիւնը յանձնել տեղական զինեալ խմբաւորումներուն ու շէյխերուն»: Ան նաեւ աւելցուց. «Իսրայէլի հետ պատերազմի կամ տիւրզի շէյխերուն հետ համաձայնութիւն գոյացնելու երկընտրանքին միջեւ էինք, ուստի ընտրեցինք հայրենիքը պաշտպանել»: Այլ խօսքով, Սուրիոյ նախագահն ու Թուրքիան, իսրայէլեան յարձակողականութեան լոյսին տակ, ստիպուեցան իրենց տեսանկիւնէն չարեաց փոքրագոյնը ընտրել: