Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի (Թիւ 437). Բարոյական Իրաւունք

Յուլիս 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաւունքը ունի երկու երես. իրաւական եւ բարոյական:

Այն, որ օրէնքի գիրքերու եւ կանոնագիրներու մէջ յատուկ յօդուածներով բանաձեւուած կանոն է եւ մարդոց բան մը ընելու կամ ըլլալու արտօնութիւն կու տայ, իրաւական իրաւունք է: Մինչդեռ այն, որ բարոյական արժէքներու եւ սկզբունքներու վրայ հիմնուած անգիր օրէնք է, բարոյական իրաւունք է:

Անգիր օրէնքները ժամանակի ընթացքին կրնան գրաւոր դառնալ եւ կանոնագիր մուտք գործել, բայց կրնան նաեւ դուրս մնալ եւ բարոյական ուժով, իբրեւ ոգի, նոյնքան մեծ ազդեցութիւն ունենալ, որքան` կանոնագիրի սովորական տառն ու յօդուածը:

Ի վերջոյ, ոգին հիմքն է որեւէ աշխատանքի յաջողութեան: Կանոնը պարզապէս ուղղութիւն կու տայ մարդոց, որպէսզի շեղումներէ եւ թերացումներէ հեռու մնան անոնք: Կանոնը կը միջամտէ, երբ ոգին ապարդիւն ըլլայ:

Ոգի եւ կանոն, բարոյական եւ իրաւական իրաւունքներ սերտօրէն կապուած են իրարու: Սակայն երբեմն կրնան չհամընկնիլ իրարու եւ կրնան մինչեւ իսկ… հակասել զիրար: Կրնայ պատահիլ նաեւ, որ օրէնքով արտօնուածը բարոյապէս ընդունելի չըլլայ: Հետեւաբար, երբ փորձ կատարուի հաւաքականութիւն մը միայն չոր ու ցամաք կանոններով առաջնորդելու, կրնան վտանգուիլ բարոյական արժէքներ եւ նուիրական սկզբունքներ:

Ամէն քայլի մարդոց դէմ օրէնքի սուրը ճօճելը առողջ մթնոլորտ չի ստեղծեր բնաւ: Հարցերը անպայման պատիժով, պարտադրանքով եւ կանոնագրային սաստերով չեն լուծուիր, որքան` ընկերականութեամբ եւ հասկացողութեամբ, հանդուրժողութեամբ եւ լայնախոհութեամբ, յորդորով եւ խրատով:

Յորդորն ու խրատը կանոններ չեն: Կանոններու տրամադրութիւններէն բխող ոգիի արտայայտութիւններ են, որոնք հարցերու լուծման մէջ կրնան բարերար դեր ունենալ:

Այս ընդհանուր պատկերին մէջ կը պարզուին երեւոյթներ, որոնք աւելիով կը շեշտեն բարոյական իրաւունքին ուժն ու կարեւորութիւնը:

Այսպէս, ամէն մարդ իրաւական իրաւունքը ունի ազատ խօսքի եւ արտայայտութեան, բայց արդեօք ամէն մարդ նոյնին բարոյական իրաւունքը եւս ունի՞: Ձեռնածալ տունը նստող, չգործող ու չծառայող մէկը բարոյական իրաւունքը ունի՞ հանրային կեանքի մարդոց մեծ-մեծ դասեր տալու, կատարուած աշխատանք մը քննադատելու, առաւել եւս` չհաւնելու:

Բարոյական ո՞ր իրաւունքով նիւթի մը մասնագիտական պատրաստութիւնը չունեցող անձ մը կրնայ շռայլ կարծիքներ տալ նոյն նիւթի մասնագէտներուն` փորձելով պարտադրել իր տեսակէտն ու… տգիտութիւնը:

Դարձեալ` իրաւական իրաւունքով, պատասխանատուութիւններ կրնան ստանձնել, պէ՛տք է ստանձնեն, բոլորը: Սակայն բարոյական ո՞ր իրաւունքով դիրքերու եւ պաշտօններու կը դիմեն անոնք, որոնք չեն ամբողջացներ տուեալ պատասխանատուութեան մը տարրական պահանջները. չունին ժամանակ, չունին փորձառութիւն ու տեսլական, զուրկ են հմտութիւններէ: Չունին նոյնիսկ մակերեսային գաղափար մը իրենց ստանձնելիք պատասխանատուութեան մասին: Նմանները կը մոռնան, որ պատասխանատուութեան պատուանդանը կը բարձրանան աստիճան առ աստիճան: Հետեւաբար անոնք բարոյական իրաւունքը չունին ուրիշներու հաշուոյն անկարգելով մէկ օրէն միւսը վերերը հասնելու եւ ապա միայն իրենց ստանձնելիք պատասխանատուութեան ծանօթանալու: Ի վերջոյ, մարդն է, որ աթոռին արժէքը կը բարձրացնէ եւ ոչ` հակառակը:

Կայ նաեւ բարոյական իրաւունքը գնահատուելու եւ արժեւորուելու: Ո՞վ կրնայ շքանշանի եւ մեծարանքի արժանանալ: Իրաւական իրաւունքը ունին բոլորը, անկասկած: Սակայն կարճ ժամանակ մը գործած ու ապա ինքզինք մեկուսացուցած եւ հրապարակէն հեռացած մէկը բարոյական ո՞ր իրաւունքով կրնայ բարձրագոյն շքանշաններ պահանջել` մեկնակէտ ունենալով միութենական կեանքի տարիներու թիւը միայն: Արդար ըլլանք. քանա՞կն է կարեւորը, թէ՞ որակը: Տարիներու թի՞ւը, թէ՞ ծառայութիւնը: Վաստակաշատ դառնալու համար տարիքը երբեք արժեչափ չի կրնար ըլլալ, որքան` մէկու մը յարատեւ աշխատանքը եւ անսակարկ նուիրումը, որմով ան կրնայ արժանանալ նախ` պարգեւատրման բարոյական իրաւունքին ու ապա` պարգեւատրման:

Նման երեւոյթներ շատ կան մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ քիչ մը ամէն տեղ մարդիկ կը յաւակնին տէր ըլլալ իրաւունքներու, որոնք առաջին ակնարկով կրնան բնական ըլլալ կանոնագրային հիմունքներով, սակայն կրնան կանխահաս կամ անբնական ըլլալ` բարոյական ուժով: Արժանաւորները ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի ճշդէ այս պարագային, եթէ ոչ` այն հաւաքականութիւնը, այն մարմիններն ու անձերը, որոնք բարոյական սկզբունքներու եւ միութենական արժէքներու գիտակցութիւնը ունին եւ անոնց պահպանման անհրաժեշտ նախանձախնդրութիւնը կը ցուցաբերեն:

Նման հաւաքականութիւններ, մարմիններ եւ անձեր վստահաբար կան: Իսկ եթէ չկան, պէտք է ունենալ ամէն գնով, որպէսզի չըլլայ այնպէս, որ օրին մէկը իրաւական իրաւունքը գերակշռէ բարոյական իրաւունքին եւ արժէքային-սկզբունքային մեր համակարգը իր տեղը զիջի կաղապարեալ օրէնք-կանոններու, որոնց թիւր օգտագործումը յաճախ կրնայ ըլլալ ի հաշիւ իսկական արժէքին ու արժանիքին, չափին ու չափանիշին:

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

Յաջորդը

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Խօսքեր` Մեկնած Բանաստեղծին

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?