Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Խօսքեր` Մեկնած Բանաստեղծին

Սարգիս Կիրակոսեանին

Յուլիս 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ամրան տաքին,
երբ վտանգուած շոճիները Նաքքաշի
կը փորձէին գոյատեւել`
ծղրիթներու խմբերգին հետ
եւ ճնճղուկներու դայլայլումին տակ
դուն անշշուկ հեռացար:

Սիրելի՛ Սարգիս,
սէրը  լեզուին եւ քերթողութեան
ծանօթացուցած էր մեզ
եւ վերածած հարազատի:
Յիշողութեանս մէջ դեռ թարմ է
խանդավառ այցելութիւններդ  Հալէպէն,
երբ կու գայիր մեր խմբակին միանալու,
կարդալու եւ կարդացուելու
տենդով տարուած կամ վարակուած:
Այդ օրերուն ռումբերու տակ կը տուայտէր
ո՛չ Պէյրութը, ո՛չ Հալէպը,
մեր մտքին մէջ կասկածն չկար,
որ մեր լեզուին վրայ ծաղկող հայերէնը
կրնար վտանգուիլ,-
բարբառն մայրենի
աշխուժ լեզու էր կենդանի,
որ շրթներուն մեր կը խաղար
Միջերկրականի ալիքներուն պէս`
կը փոթորկէր, կը հանդարտէր,
կը շնչէր ու կը ներշնչէր
եւ կ՛արարէր
մեր տրոփող ու վարարող կշռոյթով արեան:

Ահա դիմացս կը բացուի
Երեւանեան հայ կեդրոնի բակը արեւոտ,
ուր խմբագրատուն ելած ատեն
կամ կէսօրուան դադարին
կը սիրէինք կանգ առնել,
զրուցել եւ վայելել
գինովցնող բոյրը հասուն կուաֆայի:
Կեանքը, հակառակ պայթող ռումբերուն,
անցարգելներուն,
սարսափելի խճողումին`
քանի յաճախ քաղաքը միացնող
երակներէն միմիայն մէկը բաց կը պահէին`
մեզի համար դեռ կը մնար ուժական,
վտանգին հետ հազար խոստում,
առեղծուած միշտ պահող:

Այս նոր օրերու
մեծ սփռումէն առաջ էր:
Մեր շուրջն էին`
ազնուական  լայն ժպիտով Իշխանը,
Պօղոսը, որ գիրին հանդէպ կիրք էր անհուն,
Յարութիւնը, որ ծխամորճը պիտի վառէր
հանդարտ զրուցէր, տարակարծիք պիտի ըլլար
կամ համաձայնէր:
Շարքը երկար է`
Բրուտը, Կարոն, եւ Վազգէնը
փիլիսոփայի իր քոնֆուսեան մօրուքով,
որ մերժած էր Արեւմուտքը ու Քանատան,
Պէյրութ դարձած` իր մտային լայն պաշարով.
դեռ Խոսրովը, Վեհանոյշն ու  Կորիւնը,
Նազոն, Փանոսը, Պետիկը հեգնող,
եւ այլ տղաք,
այսինքն` խումբ մը, որ պատրաստ էր
բանաստեղծութիւն կամ յօդուած գրել,
առարկել, վիճիլ,
կարծես հայութեան ճակատագիրը
կախուած ըլլար նաեւ իրենցմէ,
այսինքն` մեզմէ:

Քու «Ականեալ ձայներ»-դ հասաւ վերջերս`
կարծես ըլլար վերջին բարեւ:
Մակագրած էիր.
«Ահաւասիկ Պէյրութը, աշխարհը հեքիաթային,
որ ապրեցանք միասին
իբրեւ քաղցր երազ եւ ամէնօրեայ մղձաւանջ»:
Այո՛, Պէյրութը,
ծովային փշոտ այն «թութիա»-ն էր,
զոր սուզուելով կը քաղէի ժայռերէն`
սիրտը ծովային քաղցրահամ պտուղ,
սակայն եւ սնդիկ կուտակուած կ’ըլլար
ապականած շրջապատէն,-
պէտք էր գիտնայինք ըմբոշխնել զայն,
սակայն ոչ այնքան,
որ մեզ տակաւ թունաւորէր:

Եւ դուն էիր, որ մեզմէ
բացուած էիր շրջապատին տեղական`
արաբագիր քերթողութեան:
Ատոնիսը, Ունսի՛լ Հաժը
եւ նորօրեայ բանաստեղծութեան
Պէյրութ ապրող տաղերգուները
հարազատ էին քեզի, ծանօթ,-
վերստեղծելով կը թարգմանէիր
գործերը իրենց,
միշտ կամրջելով երկու աշխարհներ:

Պէյրութը, այո՛, սէր էր ու տագնապ,
բանականութեան բոլոր եզրերը չքացած էին
խենթութեան այդ բիրտ հարսանիքին մէջ,
սակայն այդ քանդող կոյր մոլուցքին դէմ`
զինաթափող էր անկեղծութիւնդ –
կը պահէիր դիմագիծդ մարդկային,
մաքրութիւնը ներաշխարհիդ:
Սէրը լեզուին արիւնդ էր, որ տուած էիր խոր պաշտամունքով
Անեղծ մարմնին մէջ բանաստեղծութեան:

Սակայն ձայնդ է,
որ կը հնչէ միշտ ականջիս:
Հայոց լեզուի բառերը բիւր
պեղած էիր դուն անդադար
եւ ամբարած տեղ մը թաքուն:
Բառերը կարծես համայիլ էին,
Բժժանք ու յուռութք,
որոնք իրենց հմայքին տակ,
շրջագիծին մէջ իրենց ծիսական
կը պահէին քեզ,
բառերը վայրի ձիերու նման
քեզ կը տանէին անծանօթ վայրեր:
Կարծես քուրմին պէս,
որ մեհեանին մէջ խօսքեր կը լսէ,
ձայներ` հովերու թեւերով հասած,
նշանագիրեր` արեւի լեզուով,
եւ ահա տարուած
անոնց մոգական ազդեցութեան տակ
կ՛անցնի «թրանս»-ի մը մէջ անհասկնալի,
դուն եւս ահա
կ՛արձագանգէիր, կ՛արձանագրէիր
ինչ որ կը հասնէր բառերու երկրէն:

Բանաստեղծութեան լեզուն ճշմարիտ
ի՛ր իսկ սեփական աշխարհը յատուկ
իրականութեան լայն սահմաններով
միշտ կը կառուցէ:
Հիմա արարած աշխարհիդ մէջ ես
եւ այնտեղ կ՛ապրիս,
սիրելի՛ Սարգիս:

 

 

 

 

Առաջին անգամ լոյս տեսած` «Բագին» եռամսեայ 2015, ԾԴ. տարի, թիւ 3

Նախորդը

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի (Թիւ 437). Բարոյական Իրաւունք

Յաջորդը

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Պրն. Սարգիս Կիրակոսեանի Յուշերով…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?