Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Պրն. Սարգիս Կիրակոսեանի Յուշերով…

Յուլիս 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ դպրեվանուց

Տրցակ մը ծանր ու թեթեւ գիրքերով եւ օրուան թերթով դասարան կը մտնէր պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը` դպրեվանքի հայ գրականութեան մեր ուսուցիչը: Աշակերտական հոգեբանութեամբ կը մտածէինք, թէ արդեօք պրն. Սարգիսին ո՛ր տկար թելին կրնայինք դպչիլ, որպէսզի հայ գրականութեան շրջագիծէն դուրս ելլէինք եւ դասի ժամանակը վատնելով` յաջորդ օրուան դաս պատրաստելու պարտաւորութենէն ձերբազատուէինք: Նախ կը փորձէինք ֆութպոլի նիւթով շեղել իր ուշադրութիւնը` միշտ յիշեցնելով իրեն, որ «դուրսի աշխարհէն կտրուած ենք» եւ հետեւաբար «Մանչըսթըր Եունայթըտ»-ի (Manchester United) խաղերուն մասին միայն իրմէ կրնայինք տեղեկանալ: Եթէ չյաջողէինք ֆութպոլի նիւթով ճոխացնել պահը, ուրեմն պէտք էր ճաշի վերաբերող նիւթ մը ընտրէինք: Պրն. Սարգիսին համար դժուար էր այդ նիւթը անտեսել, մանաւանդ եթէ հարցումը Այնթապի ճաշատեսակներու մասին ըլլար: Ան ոչ միայն կը նկարագրէր կերակուրը, այլ նաեւ կը բացատրէր անոր պատրաստութեան ձեւն ու իւրայատկութիւնը: Ի՛ր եւ մե՛ր ախորժակը կը բացուէր միաժամանակ, եւ բնականաբար դասի մասին խօսիլը այլեւս անկարելի կը դառնար…

Եթէ ըսեմ, որ պրն. Սարգիսը հայ գրականութիւն դասաւանդելը պաշտամունքի կը վերածէր, չափազանցած չեմ ըլլար: Երբ ան խօսէր հեղինակի մը եւ կամ անոր գործին մասին, ամբողջապէս կը վերանար: Անոր աչքերէն իսկ կարելի էր նկատել, թէ գրականութեան աշխարհով կլանուած` իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կ՛ըմբոշխնէր: Կ՛ապրէր իւրաքանչիւր բառի եւ անոր իմաստին հետ` իրեն յատուկ ձեւով: Կ՛ուզէր իր աշակերտներն ալ ընկղմել այդ աշխարհին մէջ եւ ցոյց տալ այն, ինչ որ ինք կը տեսնէր: Իւրաքանչիւր հեղինակի մասին կը խօսէր այնպէս, ինչպէս մտերիմ անձ մը միայն կրնար ընել` առանց որեւէ դասագիրքի դիմելու: Այս բոլորը կը վկայէին հայ գրականութեան եւ անոր հսկաներուն հանդէպ ունեցած իր յարգանքը, սէրն ու պաշտամունքը:

Նոյնիսկ եթէ աշակերտ մը պրն. Սարգիսին դասաւանդութեան չհետեւէր եւ սորվիլ չուզէր, անկարելի էր որ կարենար անտեսել անոր գործածած իւրայատուկ բառամթերքը եւ մանաւանդ հայկական ասացուածքները: Պրն. Սարգիսին ամէնէն պարզ խօսակցութիւնն անգամ գրականութեան եւ հայերէնի դասընթացք էր: Որքա՜ն բան կարելի էր սորվիլ անոր գործածած բառերէն եւ դարձուածքներէն, որոնցմէ կ՛ուզեմ յիշել քանի մը հատը` «Պապանձումն Զաքարիայի», «Բաղնիք Բաբելոն», «Ձախ ձեռքով պիտի սկսիմ խաչ հանել», «Հա՛րս, քեզի ըսեմ, աղջի՛կս, դուն հասկցիր», եւ շարք մը նման զուարճալի ասացուածքներ: Ան դիտմամբ կը գործածէր այս բոլորը, որպէսզի իր տալիք յանդիմանութիւնը բամպակով ծածկէ եւ միաժամանակ մեզի սորվեցնէ առածներ` անոնց գործածութեան ձեւն ու իմաստը բացատրելով:

Դպրեվանեան տարիները սահած են, եւ տակաւին պրն. Սարգիսին անձը մեր յիշողութեան մէջ թարմ կը մնայ: Երբ սերնդակիցներով հաւաքուինք, անպայման կ՛ուզենք յիշել պրն. Սարգիսին դասապահերը, որոնք գեղեցիկ յիշատակներով լեցուն էին: Անոր ունեցած բարեացակամութիւնը, հայրական մօտեցումը եւ ուսուցիչի ազնիւ տիպարը չի մոռցուիր: Որքա՜ն կը հպարտանայինք, որ կը գրուէին ու կ՛երգուէին, պրն. Սարգիսին հեղինակութեամբ նոր երգեր, որոնց երաժշտութիւնը կը յօրինուէր դպրեվանքի մեր ձայնագրութեան ուսուցիչին` պրն. Վահրամին կողմէ: Բառին բուն առումով մտաւորական էր պրն. Սարգիսը, եւ ատիկա հպարտութեան աղբիւր էր բոլորիս համար:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի նախկին սերունդները պիտի շարունակեն երախտապարտ զգացումներով եւ հպարտութեամբ յիշել իրենց հայ գրականութեան անկրկնելի ուսուցիչը` պրն. Սարգիս Կիրակոսեանը: Ան իր կեանքը անսակարկօրէն նուիրեց հայ գիրին եւ գրականութեան` թէ՛ դպրեվանքէն եւ թէ՛ մեր ազգային հաւաքական կեանքէն ներս: Նման տիպարներու թիւը հետզհետէ կը նուազի, բայց կը հաւատամ, որ պրն. Սարգիսին եւ իր նման ուսուցիչներու ցանած սերմերուն շնորհիւ` մենք պիտի չզրկուինք հայ գիրն ու գրականութիւնը  արժեւորողներէ: Մեզի կը մնայ միայն մեծարել պրն. Սարգիսին պէս նուիրեալները, անոնց ոգիով ներշնչել ու քաջալերել նոր սերունդները, որպէսզի հայ գրականութեան բագինը մնայ բոցավառ եւ շարունակէ լուսաւորել մեր ինքնութիւնը:

Թող միշտ անմար մնայ պրն. Սարգիս Կիրակոսեանին յիշատակը :

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի մեծ ընտանիքին կողմէ` սէր, յարգանք եւ խունկ անոր յիշատակին:

 

 

Նախորդը

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Խօսքեր` Մեկնած Բանաստեղծին

Յաջորդը

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Մակագրութեան Մը Պատմութիւնը (Չվերջացող Զրոյցէ Հատուած)

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?