Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենասիրութեան Անվիճելի Հաւաստիքը. ՀՅԴ ԶՈՄ-ը Եւ ԼԵՄ-ը` Համահայկական 12-րդ Բանակումին Առաջնագծին

Յուլիս 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱԼԹՈՍ

«Դէ՜հ, սեւ օրեր, բողոք դարձէ՛ք,
Արիւն, քրտինք երկունք մտէ՛ք,
Տանջանք, զրկանք լեզու առէք,
Դաշնակցութեան ճամբայ բացէ՛ք»

Աւելի քան 90 ԶՈՄ-ական եւ ԼԵՄ-ականներ` հաւատքով լեցուն, խանդավառութեամբ հմայուած ու ոգիով զօրացած, մեկնեցան Հայաստան` մասնակցելու ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած Համահայկական 12-րդ բանակումին: Կուսակցութեան կենսունակ միաւորներ իբրեւ` անոնք չգացին զբօսաշրջութեան, այլ` պայքարի, ինքնութեան պահպանման եւ յուռճացումն հայրենասիրութեան: Այս բանակումը, որ սկիզբ առած է որպէս սերունդներու դաստիարակութեան ու ինքնութեան պահպանման գոհարագոյն փորձառութիւն, այսօր կը ծաւալի ու կը խորանայ իբրեւ համահայկական հարթակ` մեր ուսանողական եւ երիտասարդական ներուժին գիտակցական ձեւաւորման, ազգային մտայնութեան կոփման եւ հայրենիք-սփիւռք կապերու վերամարմնաւորման անբաժանելի օղակ:

Բանակումը կը ծառայէ որպէս գործնական հարթակ`

Ա.- Հայրենասիրութիւնը կեանքի վերածելու,
Բ.- Յիշողութիւնը ժառանգութեան վերածելու,
Գ.- Գալիք սերունդները մարտունակ եւ ոգեղէն կերտելու:

Այս բանակումը պատգամ ունի` ապրելու, պայքարելու, կառուցելու եւ յաղթելու: Ան կը համախմբէ այն բոլոր զաւակները, որոնք հայրենիքը կը տեսնեն ոչ թէ իբրեւ զբօսաշրջական վայր, այլ` սուրբ պարտաւորութիւն եւ անփոխարինելի ներկայութիւն:

ԶՈՄ-ը եւ ԼԵՄ-ը` իբրեւ ՀՅԴ-ի կազմակերպական յենարաններ, իրենց այս բանակումին մասնակցութեամբ անգամ մը եւս կը հաստատեն, որ ազգի ապագան պիտի չձեւաւորուի թերահաւատութեամբ ու սպասումով, այլ ազգը իր տեսլականը կը կերտէ այն երիտասարդներէն, որոնք վարձկան աշխարհի պատրանքները կը մերժեն ու կը նախընտրեն կռուիլ` գիտակցաբար ու հաւատքով: Այսօր, երբ մեր հայրենիքը կը հրամցուի թշնամիի ախորժակին, եւ երբ իշխանութիւն կոչուած իշխանազուրկ շուքը հայ ժողովուրդը կը յանձնէ գերութեան եւ յանձնուողականութեան, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի կողմէ ՀՅԴ ԲԵԳ-ի կազմակերպած բանակումի նախաձեռնութիւնն ու մասնակցութիւնը, աւելի քան երբեւիցէ, քաղաքական ու բարոյական պարէն է:

Այս բանակումը չի սկսիր ու չ՛աւարտիր դաշտին վրայ: Ան սկիզբ կու տայ գիտակից դիմադրութեան, մաքուր դաստիարակութեան եւ ազգային վերածնունդի, երբ երկիրը կը զրկուի պետական ուղղութենէն, երբ ղեկավարները կը հրաժարին պատմական յիշողութենէն, երբ սփիւռքին ձայնը կը փորձեն լռեցնել յագեցողութեամբ եւ անտարբերութեամբ: ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպած բանակումը կը գոչէ. «Մենք հոն ենք, ուր մեր ժողովուրդը կը ճչայ: Մենք կու գանք` ո՛չ յօնքեր մաքրելու, այլ արիւնով պաշտպանելու մեր ինքնութիւնը»: Ասիկա մարտահրաւէր մըն է` ուղղուած այսօրուան իշխանական աղէտին, որ կը տեսնէ Արցախը` որպէս բեռ, ազատագրումը` որպէս սխալ եւ Սարդարապատը` որպէս աւանդապատում: Այս բանակումը անարգանքներէն վեր ճակատագիր մըն է, ուր հայրենիքը ինքզինք կը վերագտնէ մատաղ սերունդներու աչքերուն մէջ: Սերունդներ, որոնք կը մերժեն յանձնուողականութեան լեզուն եւ կը խօսին Սասունէն, Վասպուրականէն ու Անիէն ժառանգած արժանապատուութեան լեզուով: Այս բանակումին պատգամը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ  այն, որ մենք դեռ ունինք պայքարող սերունդ, ոչ թէ «անտարբեր» հայրենասէր, այլ` գործով ապացուցող հայորդի: Երբ հայրենիքը կ՛ըլլայ շուկայական ապրանք, բանակումը կ՛ըլլայ սրբավայր: Երբ պետականութիւնը կը ծախուի թուրքի սեղանին վրայ, ՀՅԴ-ն իր բանակումներով կը հաստատէ, որ հայրենասիրութիւնը սակարկելի չէ: Երբ Ազգային ժողովը կը վերածուի կեղծ օրինականութեան խարազանող սրահի, մեր բանակումի տաղաւարը կը դառնայ նուիրումի, զոհողութեան եւ լուսանցքէ դուրս մնացած ճշմարտութեան բեմ: Այս բանակումը պատահականութիւն չէ: Ան պատմութեան պահանջն է, ի պատասխան` վաղուան: Այդ պատասխանին մէջ է մեր ապագան, եւ այդ ապագան կերտողը` ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի ոգիով մեծցող երիտասարդն է: Եւ երբ մեր տղոց ոտքը հայրենի հողին կը դպչի, պատմութիւնը կը զարթնի ու ճշմարտապէս կ՛ըսէ. «Ահա՛ իսկական զաւակներս. որոնք չեն վաճառեր, չեն փախչիր, չեն յօժարիր: Անոնք պիտի վերագտնեն մեր խեղաթիւրուած յոյսը»: Այս ամառն ու այս բանակումը թող դառնան նոր իմաստի, նոր հաւատքի, նոր ճշմարիտ հայրենասէր մարդուն ծննդոց: Եւ այն 90 հոգիներուն ետեւէն գալու են հարիւրաւորներ, որովհետեւ ժողովուրդներ կ՛ապրին, երբ երիտասարդները ընտրեն պայքարիլ` յանձնուելու փոխարէն:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Վերանորոգուած Յարկի Բացման Հանդիսութիւն` Նուիրուած Դրօ Մանտալեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցի 2024-2025 Տարեշրջանի «Ծաղկած Կեանք» Ցուցահանդէսը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?