Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան հեռատեսիլը` Հ1-ը, «ՀԱՅԻ ՀԵՏՔԸ» կոչուած իմաստուն հաղորդում մը ունի: Միշտ ես ինծի հարց տուած եմ, որ «հետք»-ը կը վկայէ կեանքի եւ ներկայի՞ մասին, թէ՞ կորուստի եւ մահուան: Հետքը` մարդոց եւ անոնց արարումներուն, որոնք բարի կամ վատ դրոշմ կ՛ըլլան:
Այսօր համացանցը ահազանգեց:
Հայ Բագրատունիներու պետութեան մայրաքաղաքն էր Անին, ունէր հազար ու մէկ եկեղեցիներ, մշակութային պատմական մեծ կեդրոն էր, որուն հազարամեայ աւերակները, իրենց լուռ եւ միշտ կանգուն պարիսպներով եւ եկեղեցիներով, կը յիշեցնեն, որ եղած է անոնց տէր ստեղծագործ ժողովուրդ մը. ՀԱՅԸ:
Պատահական անցորդը, զոր կը կոչենք զբօսաշրջիկ, կը տեսնէ` լայնանիստ պարիսպներ, գմբէթներ եւ աւեր պատերով որբ եկեղեցիներ, որոնք կը վկայեն, որ հոն եղած են զանոնք կառուցած ժողովուրդ եւ անոնց տէր պետութիւն, որոնք չկան: Այդ ժողովուրդին հիւլէացած յետնորդները մարդոց չարիքին պատճառով անոնց տէր եւ ծառայ չեն, երբեմն, կը հասնին հոն իրենց լուսանկարչական սարքերով եւ դարերու խորքին մէջ մնացած-մոռցուած նախահայրերու յիշատակ-հետք կը փորձեն պոկել մահաքունի մէջ գտնուող քարերէն, կը կարծեն լսել` արձագանգներ հայերէն խօսքի, աղօթքի եւ կրօնական մեղեդիի: Հետք որոնող անզօրներ:
Աւերակ ոստան Անիի աւերակ մայր եկեղեցիի գմբէթին տակ եւ պատերէն ներս պէտք է գտնուիլ եւ լսել հայ երգչուհիին առ Աստուած սաւառնող շարականը` խորաչափելու համար Սիամանթօ հայ բանաստեղծի ահաւոր վսեմութեամբ «մարդուն չարիքը մարդուն դէմ» ահանդական խօսքի տարողութիւնը:
Վեցամեակ մը առաջ էր, օգոստոսի օր մը, բուռ մըն էինք հոն եւ երգուած շարականի ալիքներուն ծփանքով դարեր կ՛անցնէինք: Անիի մայր եկեղեցին հայ հոգիի, տեսիլքի, ճարտարութեան եւ ստեղծագործ միտքի ժամանակներու դէմ կանգնած ՎԿԱՅ էր, կը յուշէր տարածութենէ անդին սահող զգայնութեան անտարազելի խորհուրդ: Մեծարենցեան բառով` «անթարթ պակուցում»-ի պահ էր: Հոն ունեցած էի այն զգացումը, որ հակառակ ամէն աւերի ու չարիքի` այդ ՄԱՅՐ եկեղեցին կը պատկանէր ինծի, կը պատկանէր հայուն, որ ես եմ, դուն ես: Թէեւ փլած, գմբէթ եւ դարերու սեւով անփայլ պատերը կը յիշեցնէին Վահան Թէքէեան բանաստեղծի խօսքը. «Եկեղեցին հայկական «ծննդավայրն է հոգւոյս»: Հայու հոգիին:
Անջնջելի պատկեր. լքուած տարածութիւն, եկեղեցիին մէջ հայեր, տաճարի աստեղային լռութեան մէջ, շարականի ալիքներով տարուած, տիեզերական ամայքին մէջ, կը հաղորդուէին նախնիներու արարումներով, շարականը եւ երկինքին առջեւ բաց աչքի պէս գմբէթը կը փսփսային…
Յուլիսի այս օրը համացանցը ահազանգեց. Անիի մայր եկեղեցին պիտի նորոգուի եւ պիտի վերածուի մզկիթի:
Բռնագրաւելէ ետք հայու նախահայրերու նիւթական ժառանգութիւնը, անոր ոգին ալ պիտի հեռացնեն այնտեղէն: «ՀԱՅԻ ՀԵՏՔ» եղած պիտի չըլլայ հոն: Այդ աղէտին անզօր վկայ հանդիսատես պիտի ըլլանք, վկայ ենք միջազգային (ան)բարոյութեան, անոր մեղսակցութեամբ եւ բիրտ ուժի ընձեռած իրաւունքով, Կոստանդինի Սուրբ Սոֆիա տաճարը դարձած էր մզկիթ, եթէ այդ յիշողներ ալ ըլլան, անոնցմէ ոչ մէկը կ՛անհանգստանայ, չեն անհանգստանար ամպագոռգոռ սկզբունքներու կայսերական քղամիդով թափառող կեղծիքի մեծամեծները, որոնք, ըստ շահերու, կը չափեն եւ կը վճռեն քարոզուած ճշմարտութիւն եւ իրաւունք` միշտ պճնուելով մարդու եւ քաղաքակրթութեան պաշտպանի փետուրներով, համամարդկայինի գլխուն տակ փրփրացող ճոռոմ աղմուկով:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ մշակութային չարիքներւ զոհերուն մխիթարանք բերելու կոչուած է, ըսելիք պիտի ունենա՞յ, երբ Անիի հայոց քրիստոնէական մայր եկեղեցին մզկիթի վերածելու ձեռնարկեն, որ պիտի ըլլայ` ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ կրօններու (չ)համակեցութեան վառ խորհրդանիշ, ջատագովուած եւ դաւանուած սկզբունքներու ժխտումի անաղմուկ հանդէս:
Ֆրանսա, Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Եւրոպա, Վատիկան, պատմաբաններ եւ բոլոր անոնք որոնք ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութիւն կը պաշտպանեն, Եգիպտոսի բուրգերէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկայի ինքաներու յուշարձանները, մոմիաներու լռութի՞ւն պիտի պահեն: Մի՞թէ Անիի մայր եկեղեցին համամարդկային ժառանգութիւն չէ, անոնք պիտի ընդունի՞ն, որ քրիստոնէական այդ ժառանգութիւնը նուաճողի բիրտ որոշումով այլանայ:
Ինչո՞ւ Անիի մայր եկեղեցին պիտի չնկատուի համաշխարհային մշակութային ժառանգութիւն, պիտի չվերականգնուի եւ չդրուի միջազգային հովանիի տակ:
Ինչո՞ւ այդ հայ քրիստոնէական տաճարը պիտի չվերադարձուի Հայ եկեղեցիին, եւ հոն պիտի չվերածնի հայ քրիստոնեայի կրօնական կեանքը:
Բայց նախ այդ պահանջող յետնորդ տէրեր պիտի ըլլան:
Հայ ժողովուրդը, որ ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի, իր յիշողութեան եւ ոգեկանութեան տէր կանգնելով, Անիի մայր եկեղեցիի ՀԱՐՑը, տիրոջ իրաւունքով, ինչո՞ւ պիտի չմիջազգայնացնէ, պիտի չյանդգնի ա՛յդ ընել` որպէս ինքզինք յարգող մարդ եւ ժողովուրդ: Այս հարցն է նաեւ քաղաքակիրթ մարդկութեան, եթէ այս ըմբռնումը փուչիկ չէ, եթէ «մարդը մարդու գայլն է», «homo homini lupus»-ով Հոպզի բանաձեւած աշխարհին մէջ չենք ապրիր:
Հայաստանի դրկից է Անիի մայր եկեղեցին: Ուխտաւորը Գիւմրիէն քալելով կրնայ հասնիլ հոն:
Մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութիւնը իրաւունք է: Յիշողութիւն եւ իրաւունք ջնջելու համար Անիի մայր եկեղեցին պիտի նորոգուի ոչ թէ զայն վերանորոգելու համար որպէս մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւն, այլ` զայն վերածելու համար մզկիթի, որպէսզի «ՀԱՅԻ ՀԵՏՔ»-ը ջնջուի, այդ հետքը չըլլայ: Եւ այս տեղի պիտի ունենայ օրէնքի եւ բարոյականի անունով բարբառող միջազգային բարոյականութեան ամլացած մունետիկներու աչքին առջեւ:
Տրտնջալէ առաջ, հայ եւ հայկական պետութիւն, համաշխարհային ազգի դատարկ բարձէն պիտի հրաժարի՞նք, պիտի դադրի՞նք միջազգային համայնքին առջեւ անողնայար միմոսի ճապկումներ ընելէ եւ յարգելի ըլլալու համար իրաւատէր պիտի ըլլա՞նք, եւ ըստ այնմ աթոռներ զբաղեցնենք` դադրեցնելով բեմերու վրայ եւ խօսափողի առջեւ շորորալու խաղը, հասկնալով, որ համացանցի վրայի փոխադարձ ցեխարձակումները ազգի ծառայութիւն եւ տիրութիւն չեն:
Վաղը եթէ Անիի մայր տաճարը նորոգեն, զայն դարձնեն մզկիթ եւ կոչեն Պեհաէտտին Շաքիր, մի՞թէ նոր տեսակի ցեղասպանութեան ենթարկուած չենք ըլլար: Անվարան ըսենք, ինքնաքննադատութեամբ, որ այդ պիտի ըլլայ մե՛ր հրաժարումով եւ միջազգային համայնքի անթաքոյց մեղսակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
Նախ մենք տիրոջ վերաբերում պէտք է ունենանք: Այդ ունի՞նք այս կամ այն դուռը բախելէ առաջ:
Տէր ըլլալը կ՛ենթադրէ անշպար միացեալ յանձնառութիւն` առանց անկարելին ծիտերը վախցնող արտի խրտուիլակ համարելու, ոտքի քնանալու եւ ոտքի քնացնելու:
Անկարելիին դիմաց ձեռնթափ մնալ կանխաւ` ընդունուած պարտութիւն է: Անկարելին կարելի է համարել եւ կանգ չառնել` յաջողութեան առաջին քայլն է: Այս գիտակցութիւնը համաշխարհայնացած ազգին սրսկող կը փնտռուի, որ պիտի բերէ իրաւութիւն, որուն պիտի հետեւի ժողովուրդը, ինչպէս Կարմիր ծովը քալելով անցնելու համար ժողովուրդը հետեւեցաւ Մովսէսին:
Այս յաղթանակին համար փուճ խօսքերը փուճ են: Պէտք է լսել օրինակի արժէքը եւ անոր անսալ:
Երեւանէն Մոսկուա, Պեւըրլի Հիլզէն Քոթ տ՛Ազիւր եւ ագեվազներու երկիր` «անելիք ունե՞նք` թէ՞ չունենք, եթէ չունենք, ի՞նչ ենք, ի՞նչ կը բանինք»:
Ինչպէ՞ս նուաճել բարեսիրութենէ եւ «տուրիզմ»-է աւելի բարձր ազգային մարդկային որակ:
Թէեւ, եթէ հրապարակ գանք Անիի մայր եկեղեցիի պաշտպանութեան օրակարգով, դիմենք պետութիւններու եւ ատեաններու, անոնք բրտօրէն կրնան ըսել, որ դուք ի՞նչ բանի մասին կը խօսիք, երբ ձեր պետութիւնը կը հալածէ եկեղեցի եւ եկեղեցականներ: Եւ մենք` մեծով եւ պզտիկով, կը նսեմանանք:
Կրկին կը յիշեմ մեծ պատմաբան Առնոլտ Թոյնպին, որ ըսած է. «Ազգերը չեն մեռնիր, անձնասպան կ՛ըլլան»:
7 յուլիս 2025, Փարիզ