Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Լոյս Տեսած Գիրքս` Սրտէս Բխած Խօսք Յառաջիկայ Սերունդներուն

Յուլիս 21, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՔԷ Հ. ԳԱՐԱՅԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2025 տարին հռչակեց «Աւանդութիւններու կենսաւորման տարի»: Այս յայտարարութիւնը միայն խորհրդանշական կամ ծիսական արժէք չէր, ան կը փոխանցէր հոգեւոր ու ազգային խոր ահազանգ մը: Վեհափառ հայրը կը յստակացնէր իր մտահոգութիւնը` ապագայ սերունդներու ինքնութեան վերաբերող: Երբ աշխարհը արագ կը փլուզէ հին ու փորձուած արմատները, երբ նորը կը խլէ մեր հայեացքը անցեալէն, վեհափառ տիրոջ պատգամը եղաւ շեշտադրում մը.

«Վերադառնանք մեր աւանդութեան, որպէսզի գոյատեւենք ապագային»:

Այս որոշումը պատահական արարք մը չէր: Այդ մէկը բխած էր վեհափառին առաքելական տեսլականէն` ազգին հոգեմտաւոր ապագայի նկատմամբ ունեցած սրտացաւ մտահոգութենէն: Վեհափառ հայրը զգացած էր, որ նոր սերունդը` կանգնած նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, կը սպառնայ կորուստի ենթարկել այն արժէքները, զորս մեր ժողովուրդը դարեր շարունակ պահեց արհաւիրքներու ու հալածանքներու մէջ իսկ:

Կաթողիկոսը խորապէս գիտակցեցաւ, որ ազգային ինքնութիւնը չի պահուիր միայն սահմաններով, այլ` աւանդութեամբ, սերունդէ սերունդ փոխանցուած հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեամբ: Այս առումով է, որ հռչակումը ստացաւ իր կարեւորագոյն առաքելութիւնը` իբրեւ հրաւէր համայն հայութեան` վերադառնալու արմատներուն, վերարժեւորելու այն ժառանգութիւնը, որ մեզ կը պահէ իբրեւ ինքնուրոյն ազգ:

Վեհափառ տիրոջ այս որոշումը յստակ կոչ մըն էր նաեւ` մշակութային բոլոր գործիչներուն, գրողներուն, դաստիարակներուն, հոգեւորականներուն, ծնողներուն եւ իւրաքանչիւր հայու:

Այս հռչակումը ինծի համար դարձաւ վկայութեան կոչ մը: Տարիներու աշխատանքիս խտացումը կը պարփակէր` գրադարաններու փոշոտ էջեր, ազգագրագէտներու տողեր ու մամիկներու կեանքի պատումներ, ուստի միտքը հասունցած էր, ու ժամանակը հասած` այս բոլորը մատուցելու հանրութեան, ընթերցողին ու փոխանցելու նոր սերունդին:

Եւ այսպէս ծնաւ իմ գիրքս` «Աւանդութեանց լուսամուտը»:

Այս գիրքը ծնունդ առաւ ոչ միայն իմ գրիչէս, այլ` երկար տարիներու համբերութեան, վկայութեան եւ ջերմ հաւատքին ճամբով: Պեղեցի հին հայ ազգագրագէտներու նիւթերը, կարդացի Լալայեանէն, Սրուանձտեանցէն եւ շատ շատերէ, յաճախ հետեւեցայ դասախօսութիւններու` երբեմն սրահի մէջ, երբեմն առցանց, կապեր հաստատեցի հայրենի ազգագրագէտներու հետ, ամբողջ գիշերներ կլանուած` համացանցէն հետեւեցայ մեր ժառանգութեան բազմաշերտ մեկնաբանութիւններուն:

Սակայն մեծագոյն աղբիւրս հանդիսացան մեծ մայրիկներն ու պապիկները: Տարիներ շարունակ ես զանոնք ունէի` իբրեւ ընկերներ, զրուցակիցներ, սրտի մօտիկ մարդիկ, որոնք վկան եղան անցեալին, իրենց ապրած երկրին ու սերունդներուն: Զանոնք ունէի ոչ իբրեւ հարցազրոյցի նիւթ, այլ` իբրեւ հոգեղէն աղբիւր, որոնք մանուկի պէս բաց սրտով կը պատմէին նուռին իմաստը, հարսանիքի խնձորին խորհուրդը, հացով խաչակնքելուն խորքը, տօնական օրերուն բռնած շուրջպարերուն իւրայատկութիւնը ու Ամանորի գիշերը մարած մոմերուն շուրջ երգուած մաղթանքները:

Ես լսեցի, գրի առի, պահեցի ու ապրեցայ:

Ու երբ օր մը գրեցի իմ գիրքիս առաջին տողերը, յիշեցի մանկութեանս օրերու հարսանիքները մեր բակին մէջ, հեզաճկուն պարերը, հոն, ուր հարսին քողին տակ կը պահուէր կարմիր խնձորը` իբրեւ բեղմնաւորութեան յոյս, եւ ամէն տուն իր դուռը կը բանար հարեւանին, որպէսզի նուռի սերմերը ցիրուցան չըլլան, այլ հաւաքուին իբրեւ բարիդրացիութեան միակամութիւն:

Տօները ունէին` իրենց խորհուրդը, իրենց շարժումը, իրենց հոգիի լոյսը: Ամանորը միայն օր չէր, այլ մուտքը` նոր կեանքի: Վարդավառը միայն ջուր չէր, այլ` օրհնութեան ու մաքրումի վերածուող ծիսակարգ: Խաղերը զուարճութիւն չէին միայն, այլ` սերունդներու միջեւ լեզու, կապ ու երանգ:

Այս գիրքով ուզեցի շնչել ու ներշնչել: Իւրաքանչիւր ընթերցող` ըլլայ երիտասարդ թէ տարեց, այս էջերուն մէջ պիտի զգայ ոչ միայն պատմութեան վկայութիւն, այլ նաեւ` սիրոյ, հաւատքի եւ ստեղծագործ հաւատարմութեան շունչ:

Գիրքս պատուհան մըն է` բացուած մեր ազգի հոգեւոր հարստութեան վրայ: Լուսամուտ մը, որուն մէջ կը տեսնուին ժամանակէն դուրս մնացած աւանդութիւններ, զորս կ՛երազեմ տեսնել դարձեալ ապրող, տօնուող ու շարունակուող:

Վեհափառ տիրոջ աւանդութեան տարուան հռչակումին այս գիրքը իմ խոնարհ արձագանգս է: Որպէս ձայն մը` այն բոլոր խոհուն մեծերուն, որոնք բառերով չէին գրեր, բայց կեանքով կը պատմէին: Որպէս կապ մը` այն բոլոր ընթերցողներուն, որոնք կը փնտռեն արմատները` լուսաւորելու ճամբան դէպի ապագայ:

Այս գիրքը կը հանդիսանայ ոչ միայն երախտագիտութիւն մը անցեալ սերունդներուն, այլ հրատապ կոչ մը` գալիք սերունդներուն, որպէսզի պահենք մեր ազգութիւնը ոչ միայն անունով ու ծագումով, այլ` մշակոյթով, ժառանգութեան գիտակցութեամբ, պէտք է ամէն մէկս մեր բաժինը տանք` ամուր պահպանելու այս շղթային օղակները:

Աւանդութիւնը թանգարանային ցուցանմուշ չէ: Ան չի պահուիր միայն հին տոմարներու մէջ հնութիւն մը ըլլալու համար: Աւանդութիւնը կեանք է, շունչ է, շարժում է: Ապրելու, վերապրելու, վերաաստուածագործելու հրաշալի կարողութիւնն է, որ մեզ կ՛ամրացնէ իբրեւ ազգ` ժամանակներու փլուզումներուն մէջէն նաւարկելու:

Եւ այսօր, այս պահուն, մեր պատմական պարտաւորութիւնն է ուրախութեամբ ու սիրով մեր յաջորդներուն փոխանցել այն հոգեւոր հարստութիւնը, որ մեծ մայրերը սրբապաշտութեամբ փոխանցեցին մեզի:

Գիրքս այս երազանքիս յաւերժացումն է:

Թող հայեցի ապրելու կանչը հասնի իւրաքանչիւր երիտասարդ սրտի, որովհետեւ եթէ մենք զանոնք չըսենք, չապրինք, չփոխանցենք, մեր կենաց ծառին արմատները կը տկարանան. ու կը չորնան:

Ահա՛ այս լոյսն է, որ կը ճառագայթէ իմ գիրքէս` «Աւանդութեանց լուսամուտը» հատորէն, իբրեւ հրաւէր լոյսի եւ ինքնութեան պատուհան մը բանալու ու իբրեւ վստահութիւն, որ մեր ազգին զաւակները իրենց արմատներուն տէր մնալով` կրնան խրոխտ շարունակել իրենց ճամբան դէպի ապագայ:

 

 

Նախորդը

«Հայի Հետքը» Եղած Պիտի Չըլլայ

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ Համահայկական Բանակումը Կը Շարունակէ Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?