Պետութիւն մը կարելի է կերտել` սահմաններով, բանակով, օրէնքի գործադրութեամբ: Բայց ժողովուրդ մը գոյ կը մնայ իր ազգային արժանապատուութեամբ: Ո՛չ իբրեւ ճառ, ո՛չ իբրեւ կարգախօս, այլ` կենսական ուժ: «Ես կ՛ապրիմ, որովհետեւ ինքնութիւնս զէնք է», կ՛ըսէ մարդկային արժանապատուութիւնը:
«Մոռցէ՛ք, ներեցէ՛ք, ստորագրեցէ՛ք», այս է մեր օրերու նոր հռետորաբանութիւնը: Այլապէս` քաղաքական ենթախորքով անհիմն ամբաստանութիւններ, ձերբակալութիւններ:
Բայց ո՞վ կ՛ըսէ, թէ խաղաղութեան հիմնասիւն պիտի ծառայեն այսօրինակ տեսութիւններ:
Ո՞ւր է արդարութիւնը, երբ կը պահանջուի առյաւէտ մոռնալ Արցախի հայրենաթափ հողը: Ինքնասպանութիւն` յանուն խաղաղութեան…
Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ ցեղասպանութեան զոհ ժողովուրդի մը մորմոքը, երբ ղեկավարներ ասպետաբար կը ճառեն. «Մոռցէ՛ք Արեւմտահայաստանը, մոռցէ՛ք Արարատը, քննարկե՛նք 1915-ը…»:
Թուղթին յանձնած այս մտածումներս ո՛չ երգիծանք են, ո՛չ ամբաստանութիւն:
Յօդուածս պոռթկում մըն է հեռաւոր Քուէյթէն: Շատ հաւանաբար` ինծի նման մտածող սերունդի մը արձագանգը: Լռութեան մէջ խեղդուող անհատի մը սրտէն ազգային արժանապատուութեան կանչ:
Ինչպէ՞ս մոռնալ, երբ Արցախի գոյութիւնը կը ժխտեն: Արցախը միայն տարածք չէր: Արաքսէն արեւմուտք Թուրքիա է կը յայտարարեն: Երբ…
Արցախը վերջին պատուանդանն էր մեր ազգային հպարտութեան:
Աւերուած է հողը: Զաւակները` տարագրուած: «Խաղաղութեան» անիրագործելի պատրանքներով կը յուսադրեն ժողովուրդը:
Մե՛նք ենք մեղաւորը: Թշնամին մինակը չգրաւեց Արցախը: Մեղսակից ենք` մեր լռութեամբ, ապիկարութեամբ եւ անմիաբանութեամբ…
Մեղաւոր ենք, որովհետեւ «բանակցութեան գործընկեր» կը ներկայացնենք ցեղասպանը: «Պէտք է մոռնալ պատմութիւնը, որպէսզի ապրինք ապագայով», այսօրինակ պատգամներ կ՛ուղղեն աջ ու ձախ: Ո՞ր ապագային մասին է խօսքը` առանց արմատներու, առանց պատմութեան, առանց պատիւի եւ արժանապատուութեան: Ո՞ւր է մեր ազգային արժանապատուութիւնը: Ո՞ւր է մեր կեցուածքը, եւ ե՞րբ է փրկութիւնը… Ապիկար իշխանութիւններ, անմիաբան եւ անհեռանկար ընդդիմութիւն: Յուսախաբ է ժողովուրդը: Փոխադարձ զիջումներու փոխարէն, միակողմնակի զիջումներ կը կատարուին թշնամիին: Տակաւին կը լռենք, երբ հեղինակազուրկ, հոգեպէս պարտուած ժողովուրդի վերածած են մեզ:
Արժանապատուութիւնը հռետորաբանական ճառախօսութիւն չէ:
Արժանապատուութիւնը գիտակցութեան դրսեւորում է, գոյատեւումի երաշխիք: Անձնատուութիւնը` քայքայում…
Այո՛, պարտութիւն կրեցինք եւ կորսնցուցինք Արցախը: Բայց փակուած չէ Արցախի հարցը: Կամք եւ ազգային արժանապատուութիւն դրսեւորելով` պիտի վերապրինք դժուարութիւնները, պիտի հետապնդենք ու յարատեւենք: Պիտի մերժե՛նք եւ կը մերժե՛նք պարտադրուած խաղաղութիւնը, հաշտութեան դիմակներու տակ պահուած անձնատուութիւնը:
Մտահոգիչ լռութիւն: Սարսափազդու անտարբերութիւն: Ո՞ւր են մեր ղեկավարները, մեր մտաւորականները… Հայրենիքին ապագան ինչպիսի՞ ոսպնեակով կը դիտեն արդեօք մեր այսօրուան իրատեսականներն ու «Իրական Հայաստան»-ի գաղափարախօսները:
Մե՛նք պիտի դառնանք փրկարարը, մե՛նք: Պատմութիւ՛նը վկայ: Բիւրաւոր նահատակներու արեամբ պահպանած ենք հնարաւոր կարելին: Դժբախտաբար անմիաբանութեան ցեցը կը հիւծէ հայրենիքը, կը քայքայէ սփիւռքը: Պարտուողականութիւնը դարձուցած ենք գաղափարախօսութիւն, վարժանք: Իրատեսութիւն կը դիտարկենք անձնատուութիւնը…
Մենք կը հաւատանք եւ կը պահպանենք մեր արժէքները: Բացակայողը այդ կամքը դրսեւորելու վճռակամութիւնն է դժբախտաբար: Չունինք այդ կամքն ու հաւատքը արտայայտող ղեկավարներ: Ղեկավարներ, որոնք աշխատանքով, համոզումով եւ վեհութեամբ վայելեն մեր բոլորին վստահութիւնը:
Ո՞ւր են մեր ղեկավարները այսօր: Ո՞ւր ծուարած են դատարկահնչուն ճառերով բոլոր «չլրողներ»-ը, «չմոռցողներ»-ը, «չդաւաճանողներ»-ը: Ո՞ւր են մեր նահատակներուն կտակին «երդուեալներ»-ը, «հետապնդողներ»-ը: Շարժեցէ՛ք: Չուշանա՛նք: Հայկ նահապետն անգամ ահաբեկիչներու շարքին կրնայ դասուիլ շուտով, որովհետեւ «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսը արձակած էր Բէլի դէմ պատերազմի նախօրեակին: Հայոց Հայրիկը անկասկա՛ծ: «Երկաթէ շերեփ»-ի պատգամը բաւական անհաճոյ կրնայ թուիլ մեր իշխանութիւններուն… Հեռու չենք այն օրէն, երբ «Հայաստանի պատմութեան» հեղինակները ահաբեկիչ դասեն մեր ազգային հերոսները…
Արժանապատուութիւնը ո՛չ կարգախօս է, ո՛չ ալ դիւանագիտական եզր: Արժանապատուութիւնը անհատի ներաշխարհէն բխած դրսեւորում է:
Մեր ազգային արժանապատուութիւնը պահպանող ղեկավարներ կը փնտռենք այսօր: Ժողովուրդին լռութեան մէջ կրակ կայ պահուած, յիշողութիւն կայ ապրող: Ճարահատ, լքուած եւ յուսակտուր: Վերջին ճարը` չզիջիլ ճշմարտութիւնը…
Մեր պատմութեան մէջ եղած են պահեր, երբ քաղաքական զէնքի խորհրդանիշ դարձած է մեր ազգային յիշողութիւնը: Այսօր մոռացումը դարձած է պետական դիրքորոշում: Յարգանքով կ՛ոգեկոչենք բոլոր այն նուիրեալներուն յիշատակը, որոնք թէեւ պարտուեցան, բայց պարտուեցան պատուով: Այսօր ունինք իշխանութիւն, որ «կը յաղթէ» միայն լռեցնելով պատմութիւնը: Ղեկավարներ չեն այսօրուան «ղեկավարներ»-ը: Ղեկավար չէ ան, որ հայրենիքը կ՛առաջնորդէ ստորնացող խաղաղութեան: Ղեկավար չէ ա՛ն, որ կը մոռնայ զոհը, կ՛ուրանայ հողը եւ կը մեղադրէ սեփական ժողովուրդը: Ղեկավար չէ ա՛ն, որ հեգնելով կը հարցնէ. «Արցախը Հայաստա՞ն է, թէ՞ ոչ…»: Ղեկավար չէ ա՛ն, որ դուրսէն տրուող ազդանշաններու տակ հայոց պետականութիւնը եւ ինքնութիւնը կը քայքայէ…Մենք կը հարցնենք մեր ապաշնորհ «ղեկավար»-ին` ծանօ՞թ է արդեօք մեր պատմութեան: Ծանօ՞թ է հայ ժողովուրդի պատմութեան: Ծանօ՞թ է Անդրանիկին, Արամին, Փարամազին, Ժիրայրին եւ Մուրատին, Աղասիին եւ Հրայր Դժոխքին, Թեհլիրեանին, Սիամանթոյին եւ Վարուժանին… Երկար է շարքը: Ծանօ՞թ է այն բիւրաւոր ղեկավարներուն, ֆետայիներուն, որոնք ինկան մեր ժողովուրդին նուազագոյն իրաւունքները հետապնդելու ճանապարհին վրայ: Մարդիկ, որոնք պայքարեցան յանուն մեր ազգային արժանապատուութեան: Պայքարեցան, որպէսզի սերունդներ ապրին…
«Մոռցէ՛ք». Կը հրահանգեն մեզի: «Ներեցէ՛ք, եթէ կ՛ուզէք ապագայ». կը մարգարէանան: Բայց ո՞ր ապագան: Ապագայ` առանց արմատներու եւ անցեալի, առանցարդարութեան, առանց պատասխանատուութեան: Ալ ո՞ւր կը մնայ մեր ազգային արժանապատուութիւնը, այն օրհնանքը, որ մեզ պահպանած է իբրեւ ժողովուրդ, այլ` ո՛չ ամբոխ: Մոռնալ այս բոլորը` կը նշանակէ ժխտել ինքնութիւնը: Ներել ու ուրանալ առանց ճշմարտութեան` կը նշանակէ սպաննել մեր արժանապատուութիւնը:
Լռութիւնը եւ ուրացումը հոգեվարքի ազդանշան է… Տակաւ չստորանանք «խաղաղ ապագայ»-ի անիրատես պատրանքներուն առջեւ:
Հինգ հազար տարուան պատմութեամբ հարստացած ժողովուրդ մը չի կրնար մոմով, լռութեամբ եւ անտարբեր աչքերով դիտել այս գահավէժը: