Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէմքեր… Հետքեր. Շարլ Ազնաւուր

Յուլիս 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՇՈՂԻԿ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

101 տարի առաջ` 22 մայիսի 1924-ին, Փարիզի մէջ հայ գաղթականներ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ ծնաւ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեանը: Ախալցխայի մէջ ծնած հայրը` Միշա Ազնաւուրեանը, արմատներով Էրզրումէն էր, իսկ մայրը` Քնար Պաղտասարեան` Զմիւռնիայէն:

Օրին դերասանական խումբի հետ Միշա Ազնաւուրեան Պաթումէն կ՛անցնի Կ. Պոլիս, ուր կը հանդիպի եւ ապա կ՛ամուսնանայ Քնար Պաղտասարեանին հետ: Վերջինիս ընտանիքը միլիոնաւոր հայերու հետ 1915-ի զոհ կը դառնայ Ցեղասպանութեան: 1920-ականներու սկիզբը Ազնաւուրեաններու երիտասարդ ընտանիքը նորածին դստեր` Այտային հետ կը տեղափոխուի Պուլկարիա, ապա` Փարիզ: Միշան կը սկսի աշխատիլ իր հօրը ճաշարանը: Ան թառ նուագելով` հայերէն եւ ռուսերէն երգեր կ՛երգէ:

Ազնաւուրի մայրը դերասանուհի էր, այդ պատճառով  Շարլը մանկութենէն ծանօթ էր թատրոնի աշխարհին: Քրոջը համար դժուար էր Շահնուր անունը հնչել, ուստի ան շատ արագ ունեցաւ երկրորդ, աւելի դիւրին կիրարկելի անուն` Շարլ:

Արուեստագէտի ընտանիքին մէջ հասակ առնելը ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ Շարլին համար, քան` երազել բեմի եւ պոհեմական կեանքի մասին: 9 տարեկանին տարուած ըլլալով արուեստագէտի կեանքով` ան ձգեց դպրոցը եւ բեմ բարձրացաւ պատանիի յատուկ երազներով:

Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ազնաւուրեաններու տան մէջ ապաստան գտած էին  փախուստով փրկուած բազմաթիւ ռազմագերիներ` հայեր, ռուսեր եւ հրեաներ: Ֆրանսական դիմադրութեան հերոս Միսաք Մանուշեանը եւ անոր կինը` Մելինէն, բազմիցս փրկուած են հետապնդումէ` Միշային օգնութեամբ, ի միջի այլոց  այդ միջոցին էր, որ Մանուշեան Շարլին ճատրակ խաղալ կը սորվեցնէ:

Ազնաւուրեաններու ընտանիքին կեանքը այնքան ալ դիւրին չէր: Հետագային Շարլ Ազնաւուրի ինքնակենսագրականին մէջ պիտի կարդայինք հետեւեալը. «Աչքերս բացած եւ տեսած եմ մեր տան ողորմելի եւ հին կահկարասին: Այդ մէկը Լատինական թաղամասին մէջ էր` Monsieur le prince փողոցին վրայ: Շրջապատիս մէջ դերասաններ եւ երգիչներ կային: Այդ մարդիկ չքնաղ, աննման էին, կ՛ապրէին միայն երազներով, որոնք կը խօսէին ռուսերէն եւ հայերէն լեզուով: Հայրս կ՛երգէր օփերեթներու մէջ, եւ անոր ձայնին կը նախանձիմ մինչեւ այսօր: Մայրիկս իր դերասանական խումբին մէջ դեր կը վերցնէր, սակայն իրենց խումբը կարիքաւոր էր, դրամ չունէր: Ես եւ քոյրս ալ, ուրախ եւ խնդուն, բեմանկարի ետեւ գաղտնի կը հետեւէինք իրենց»:

Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ պահպանուող համապատասխան փաստաթուղթերու համաձայն, Ազնաւուրի ընտանիքին մասին կայ կարեւոր իրադարձութիւն մը, որուն մասին ոչ մէկ ակնարկ կը գտնուի:  Երիտասարդ արխիւագէտ Արմէն Պատալեանի ուսումնասիրած փաստաթուղթերու համաձայն, 1946-ին Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքը` հայրը, մայրը եւ քոյրը կ՛ուզէին իբրեւ հայրենադարձ վերադառնալ հայրենիք` Խորհրդային Հայաստան: 1946-ի մայիսի 30-ին անոր ընտանիքը դիմեց Փարիզի մէջ գտնուող Ներգաղթի կոմիտէ, եւ շաբաթ մը ետք, 5 յունիսին, ըստ փաստաթուղթերու, պաշտօնապէս դիմում ներկայացուցին Խորհրդային Հայաստան մեկնելու արտօնութիւն ստանալու համար:

Թէ ինչո՞ւ հայրենադարձութիւնը տեղի չունեցաւ` յստակ չէ: Թերեւս Ազնաւուրեաններու ընտանիքին եւս, ինչպէս տասնեակ հազար հայրենակիցներու, կարգը հասած չէ, որովհետեւ 1948-ին ներգաղթը անսպասելիօրէն ընդհատուեցաւ…

Ազնաւուրի հայրը կամաւոր կերպով պատերազմի մեկնած էր, եւ Շարլը ընտանիքին միակ հոգացողն էր: Մինչեւ գերմանացիներու քաղաք մտնելը` ան թերթեր կը վաճառէր, յետոյ հեծանիւներ կը ծախէր, ինչպէս նաեւ` տուրմ եւ օծանելիք: Ան գիշերային վայրի մէջ աշխատանք ստանալով հանդերձ, չձգեց այդ եկամտաբեր գործը: Այդ օրերուն Շարլը կը յիշէր խօսքը հօրը ընկերներէն մէկուն, որուն հայրը դիմած էր իր զաւկին թատերական դպրոցին համար գումարով մը օգնելու համար: Ան կ՛ըսէր` ի՛նչ թատրոն: Հայերը ստեղծուած են վաճառականութեան համար: Եթէ Շարլը  ուզէ առեւտուրով զբաղիլ, կ՛օգնեմ անոր: Իսկ եթէ կ՛ուզէ ամբողջ կեանքը զուարճանալ, Աստուած վկայ, ան ինձմէ ֆրանք անգամ չի ստանար»:

1941-ին Շարլ Ազնաւուր կը ծանօթանայ դերասան Pierre Roche-ին, որուն իբրեւ արդիւնք` կը ստեղծուի Aznavour-Roche duet-ը:  Երկեակը միասնաբար ելոյթներ կ՛ունենայ գիշերային ակումբներու մէջ: Անոնք ամէն երեկոյ շրջելով փարիզեան ակումբներ` գործ կը փնտռեն: Երբեմն անոնց թոյլ կու տային բեմ բարձրանալ, քանի մը երգ երգել ու քանի մը ֆրանք շահիլ կամ երգ վաճառել. երգեր,  որոնք կը գրուէին Փարիզի կեդրոնը գտնուող Ռոշի բնակարանը:

Անդրադառնալով արուեստագէտի փառքի ճանապարհին` ան 20 տարի տեւեց: Ֆրանսացի հանրութիւնը սկիզբը սուլոցներով կը ճամբէր Ազնաւուրը, լրագրողները կը ծաղրէին արտաքինը, բայց ան իր մէջ ուժ գտնելով` դարձեալ բեմ կը բարձրանար, մինչեւ որ ստիպեց բոլորին` լսել զինք:

Ճակատագիրը ուրիշ ուղի պատրաստած էր Ազնաւուրին համար: Ան իր սիրոյ երգերով կ՛երթար նուաճելու Փարիզի արուեստասէր հանրութեան սիրտը: Ո՛չ մէկ բան խոչընդոտեց Ազնաւուրի ուղին. ո՛չ աղքատութիւնը, ո՛չ հիասթափութիւնը, ո՛չ անյաջողութիւնը, ո՛չ արտաքին անհամապատասխանութիւնն ու պերճաշուք հագուստի բացակայութիւնը:

Տիեզերական նախախնամութիւնն էր, որ անոր երազներու իրականացման գործը յանձն առաւ, երբ 1946-ին ֆրանսացի աշխարհահռչակ երգչուհի Էտիթ Փիաֆի հետ ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող հանդիպումը տեղի ունեցաւ: Նոյն տարին էր, երբ ան ամուսնութիւն կնքեց իր առաջին սիրոյն` Միշլին Ռիւկելի հետ:

Ազնաւուր եւ Փիաֆ իրարու հանդիպեցան այն ժամանակ, երբ Ազնաւուրը իր ընկերոջ` Փիեր Ռոշէի հետ գիշերային ակումբին մէջ կը  կատարէր իր սեփական ստեղծագործութիւնները: Ազնաւուրի երգը հիացուց Փիաֆը: Ան ոտքի ելաւ եւ հրամայեց Ազնաւուրին պարել: Շարլը կարմրած` անսպասելիօրէն տեղէն ելաւ, բայց երգչուհին զինք դարձեալ նստեցուց: Փիաֆ առանց հասկնալու կատարուածին մասին` կը նայէր երիտասարդին: Բոլորը լուռ էին: Շարլը  առանց աճապարելու` դարձեալ ոտքի ելաւ, քանի մը քայլ յառաջացաւ, դարձաւ դէպի Փիաֆը ու թեթեւ սուլոց մը արձակեց: Այդ մէկը փողոցային արտայայտութիւն էր եւ միայն տղամարդը կրնար այդ ձեւով պարելու հրաւիրել: Էտիթ  շատ լաւ գիտէր այդ կանոնները: Իր շքախումբին դառնալով, գոհունակութեան արտայայտութիւն մը ունենալէ ետք, հարցուց Շարլին` «Հրեա՞յ ես»: «Ո՛չ, հայ եմ»: «Այդ ինչպէ՞ս»: «Երկար պատմութիւն է», ըսաւ Շարլ: «Եթէ երկար է, ուրեմն պէտք չէ պատմել… Իսկ ինչո՞ւ սեւ հագած ես»: «Այդպէս գոնէ չ՛երեւիր, որ հագուստներս այնքան ալ մաքուր չեն», ըսաւ Շարլ:

Այդ գիշեր Փիաֆ առաջարկեց Ազնաւուր-Ռոշէ երկեակին ելոյթ ունենալ համերգային իր շրջագայութեան առաջին հատուածին մէջ: Բայց այդ հիւրախաղերը երկար չտեւեցին: Էտիթ պիտի մեկնէր Միացեալ  Նահանգներ: Երբ Ազնաւուրը ամչնալով  հարցուց  Փիաֆին` արդեօք մտադիր չէ՞ երկարաձգել իրենց պայմանագիրը, վերջինս զարմացաւ. «Անշուշտ, եկէք այնտեղ իմ քովս: Կը սպասեմ ձեզի»:

Հետաքրքրական դրուագ մը կայ այս ճամբորդութեան հետ կապուած: Ազնաւուր եւ Ռոշ Միացեալ Նահանգներ կը ճամբորդեն առանց վիզայի: Մ. Նահանգներու ոստիկանութիւնը զանոնք կը բանտարկէ` կարծելով, որ անոնք եկած են Մ. Նահանգներու նախագահը սպաննելու: Երկար հարցաքննութենէ ետք կը հասկնան, որ անոնք արուեստագէտներ են, որոնք դրամ չունին եւ պարզապէս եկած են, որովհետեւ Փիաֆ ըսած էր` «Ամերիկա եկէք եւ մնացածը վրաս ձգեցէք»: Այս ուղեւորութեան հետ կապուած` Ազնաւուր կը պատմէ, որ երբ New York-ի Times square-ի բարձրայարկ շէնքերու առջեւ կը կանգնի, անոնք մեծ ազդեցութիւն կը գործեն իր վրայ: Հոն է, որ իր մէջ կը ծագի ճանչցուած եւ յայտնի ըլլալու ցանկութիւնը: Ան անգլերէն մէկ նախադասութիւն գիտէր, այդ ալ կ՛ըսէ վարորդին` I am happy to meet you: Երեւակայել մարդ մը, որ միայն մէկ նախադասութիւն գիտէ, ան ալ կը դառնայ տարուան hit համարուող  She երգին հեղինակը: Անոր մէջ եղած փափաքն էր, որ այդպէս կրնար դարձնել մարդը, նոյնիսկ տաղանդը չէր բաւեր, եթէ այդ մեծ աշխատանքը չտանէր ինքն իր վրայ:

Այդ օրերուն Ազնաւուրն ու Ռոշը մեկնեցան Քանատա եւ բաւական լաւ ելոյթներ ունեցան: Քանի մը ամիս ետք անոնք վերադարձան Փարիզ: Ազնաւուր ներկայացաւ Փիաֆին (զմրուխտէ շապիկով, մերկ կնոջ նկարով լայն աթլասէ փողկապով), վերջինը շատ զարմացաւ` «Ի՞նչ է` այնտեղ կրկէսի մէ՞ջ աշխատեցար», հարցուց ան Շարլին: Այս խօսքը Ազնաւուրը շատ վիրաւորեց, բայց այդ կնոջմէ չէր կրնար երկար ժամանակ նեղուած մնալ:

«Էտիթը հրաշք էր,- տարիներ ետք կ՛ըսէ Ազնաւուր. իսկ հրաշքին կարելի չէ դիմակայել»: Ազնաւուրին կինը` Միշլինը, յոգնելով ամուսնոյն բացակայութենէն` ուզեց բաժնուիլ անկէ, հակառակ որ անոնք ունէին աղջիկ զաւակ մը` Սեդան:

Այդպէս սկսաւ Ազնաւուրի կեանքին ամէնէն զարմանալի` Էտիթ Փիաֆի հետ  տարօրինակ յարաբերութիւններու շրջանը: Շուրջը բոլորը համոզուած էին, որ անոնք սիրահարած են, եւ անոր մասին կը խօսէին իբրեւ երիտասարդ մը, որ երգեր կը գրէր եւ կ՛ապրէր Փիաֆին հետ:

Ազնաւուր կը փորձէր համոզել ծանօթները, որ ոչ մէկ սիրոյ պատմութիւն գոյութիւն ունի, բայց ոչ ոք կը հաւատար: Դառնալով Փիաֆի վարորդը, քարտուղարն ու «բաժակի ընկերը»` Շարլը տեղափոխուեցաւ անոր բնակարանը: Ան միշտ անոր մօտ էր, կը կատարէր բոլոր փափաքները` գիշերուան ժամը 3-ին կ՛երթար քաղաքին միւս ծայրը Էտիթի սիրած խմորեղէնը բերելու, ժամերով կը լսէր անոր հերթական սիրականի մասին պատմութիւնները…

Էտիթ Փիաֆի հետ ծանօթութիւնը եղաւ ամէնէն գլխաւոր ազդակը Ազնաւուրի մասնագիտական կեանքին մէջ: Ան Փիաֆէն սորվեցաւ ամէն  ինչ, որ պէտք էր գիտնալ շանսոնիէի մը արուեստի մասին: Փիաֆի պնդումով Ազնաւուր կը հեռանայ Ռոշէն եւ կը սկսի իր ցնծալի յառաջընթացը` իբրեւ երգիչ-մենակատար:

Ահա այսպէս, սկիզբ կ՛առնէ նոր ընթացք, երաժշտական նոր աշխարհ, ուր կ՛ապրէր եւ կ՛արարէր փոքրամարմին, սէր երգող եւ երազները հետապնդող երիտասարդը: Ազնաւուր չէր խօսեր իր անձնական կեանքին մասին, սակայն Փիաֆին նկատմամբ ունեցած յատուկ վերաբերմունքին եւ ակնածանքին մասին բոլորը գիտէին: Ազնաւուրը երգեր կը գրէր Փիաֆի համար, անոր քարտուղարն էր, վարորդը, օգնականը, բաժակի ընկերը, բայց երբեք` սիրականը: Փիաֆի այդ նախընտրութիւնը կը զարմացնէր շատերը: Արդեօք ի՞նչ գտած էր անոր մէջ:

Իսկապէս երկուքն ալ ֆրանսական չափանիշներով գեղեցիկ չէին. կարճահասակ, ինքնավստահ, բայց տաղանդաւոր:  Ֆրանսական միջավայրը շատ կը ծաղրէր Ազնաւուրին` հայկական մեծ քիթը: Փիաֆը ստիպեց Ազնաւուրին` գեղագիտական գործողութեան ենթարկուիլ գեղեցկացնելու համար քիթը: Ազնաւուրը կ՛ըսէր, որ Էտիթը իրեն ստիպեց ֆրանսացի դառնալ: Շատ անգամ կը փորձէր հեռանալ անկէ, ամուսնանալ, բաժնուիլ, բայց դարձեալ անոր քով կը վերադառնար:

Ազնաւուրին եւ Փիաֆին միացեալ կեանքը տեւեց 8 տարի: Ան սկսաւ իր անհատական աշխատանքի ժամանակաշրջանը: Փարիզի ակումբներէն մէկուն մէջ առաջին մենահամերգի պայմանագիր ստորագրելը Ազնաւուրի համար պահանջեց մէկ տարի: Բայց ֆրանսական միջավայրը անողոք էր, դաժան էր նաեւ մամուլը: Ռատիոհաղորդավարներէն մէկը  անգամ մը իր հաղորդումին մէջ նոյնիսկ այնպէս մը բնութագրած է զայն, որ… պարոն Ազնաւուրեանը վերադարձուցած է հրէշաւոր պատկերներու դար: Նորաձեւ էին անոր սիրոյ երգերը, իսկ Ազնաւուրի զգացական ըսելիքները դեռ չէին ընդունուած ֆրանսական հասարակութեան մէջ: Ի վերջոյ վաղանցիկ նորաձեւութիւնը իր տեղը զիջեցաւ կայուն, անմիջական եւ խոր զգացումներուն ու տաղանդին:

(Շար. 1)

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (21 Յուլիս 2025)

Յաջորդը

Սարգիս Կիրակոսեանի Մահուան 10-Ամեակ. Մակագրութեան Մը Պատմութիւնը (Չվերջացող Զրոյցէ Հատուած)

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?