Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Միամեայ Գործունէութիւնը

Յուլիս 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը 1987 թուականէն ի վեր լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի համայնքին կը տրամադրէ զանազան ծառայութիւններ, որոնք ուղղուած են հիւանդութիւններու կանխարգիլման, ախտորոշման եւ բուժման:

Յուլիս 2024-էն յունիս 2025-ին կեդրոնի բոլոր բաժանմունքները` բժշկական, տարրալուծարանի, դեղարանի, շողանկարումի, մարձումի,  շտապ օգնութեան, ատամնաբուժարանի թէ ընկերային գրասենեակի բարեգութ խնամք մատուցեցին կեդրոն ներկայացող  57.032 անհատներու:

Ստորեւ կը ներկայացնենք կեդրոնի բաժանմունքներուն միամեայ  գործունէութիւնը:

Ա.- Առողջապահութեան նախարարութիւն

– ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը, մաս կազմելով առողջապահութեան նախարարութեան «Նախնական առողջապահական հոգատարութիւն» մատուցող կեդրոններու համացանցին, սերտօրէն կը գործակցի նախարարութեան հետ եւ կը կիրարկէ նախարարութեան առողջապահական կեդրոններու յատուկ ծրագիրները` դեղորայքի հայթայթում, մանուկներու եւ տարեցներու պատուաստում, երեխաներու, յղի թէ մանուկ դիեցնող կիներու թերսնուցումի հսկողութիւն, ֆիզիքական հաշմանդամութիւն ունեցող պարագաներու յատուկ խնամք, ոչ քրոնիք եւ քրոնիք հիւանդութիւններու կանխահաս տարիքէն յայտնաբերում եւ այլն: Առ այդ, կեդրոնը  նախարարութենէն կը ստանայ` 0-էն 16 տարեկան մանուկներու թէ պատանիներու պարտադիր պատուաստներ,  քրոնիք եւ ոչ քրոնիք հիւանդութեանց դեղեր, բժշկական բաժանմունքին մէջ օգտագործելի պիտոյքներ, սարքեր եւ այլն:

– Նախնական առողջապահութիւն մատուցելու ծրագիրի իրագործման ծիրէն ներս անց մէկ տարուան ընթացքին կեդրոնի բժշկական բաժանմունքէն ներս պատուաստուեցան 864 երեխաներ եւ 91 տարեցներ, յատուկ հսկողութիւն կատարուեցաւ թերսնուցումէ տառապող 396 յղիներու եւ 792 երեխաներու, բարեգութ խնամք ստացան ֆիզիքական հաշմանդամութիւն ունեցող 4128 պարագաներ եւ  հոգեկան առողջութեան հարցեր դիմագրաւող 6048 անհատներ, իսկ դպրոցական առողջապահութիւն ծրագիրին ծիրէն ներս կեդրոնի բժշկական անձնակազմը այցելեց Սին Էլ Ֆիլի շրջանի պետական նախակրթարանը, ուր ընդհանուր մարմնի քննութիւն կատարեց 88 աշակերտներու:

– Սեպտեմբեր 2024-ին Լիբանանի հարաւը հարուածող պատերազմին ընթացքին,  առողջապահութեան նախարարութեան թելադրանքով Պուրճ Համուտի մէջ 3 պետական վարժարաններ ապաստանած 716 գաղթականներու հսկողութիւնն ու բժշկական խնամք մատուցելը ստանձնեց կեդրոնը:

Բ.- Ընկերային հարցերու նախարարութիւն

Կեդրոնը շարունակեց գործակցիլ ընկերային հարցերու նախարարութեան հետ, որմէ ստացաւ անիւով կառքեր, անթացուպեր, մանուկներու կշիռք, ձեռնափայտեր եւ այլ պիտոյքներ, զորս տրամադրեց կարիքաւոր պարագաներու:

Գ.- Նախազգուշական արշաւներ, քննութիւններ

Առողջ ընկերութիւն մը ունենալու եւ կարգ մը հիւանդութիւններու կանխահաս յայտնաբերումին համար կեդրոնը կազմակերպեց անվճար նախազգուշական արշաւներ, որոնք տեղի ունեցան կեդրոնէն ներս թէ հայահոծ շրջաններու մէջ: Այսպէս, ընդհանուր մարմնի, արեան շաքարի, ճնշումի, հասակի, կշիռքի թէ աչքի անվճար քննութիւններ կատարուեցան 853 պարագաներու, եւ  քննութեանց լոյսին տակ անոնք ստացան յատուկ հոգատարութիւն` համապատասխան արեան քննութիւններ եւ դեղորայք:

Դ.- Կեդրոնին մատուցած ծառայութիւններու վարկաւորում

Յուլիս 2024-էն յունիս 2025-ին  կեդրոնի անձնակազմը խմբային համատեղ աշխատանքով  բծախնդրօրէն հետեւեցաւ առողջապահութեան նախարարութեան ճշդած կեդրոններու որակաւորման չափանիշներուն եւ արժանացաւ առողջապահութեան նախարարութեան գնահատանքին, ըստ որուն, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը ճշգրտօրէն կիրարկած է վարկաւորման չափանիշները եւ` որակի մեծ բարելաւում արձանագրած:

Ե.- Միութիւններու, կազմակերպութիւններու հետ կապեր

1.- «Ամէլ»

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը գործակցեցաւ «Ամէլ» միջազգային կազմակերպութեան հետ, որ ֆինանսաւորեց կեդրոնի բժշկական, շողանկարումի, շտապ օգնութեան, տարրալուծարանի բաժանմունքներուն ծախսերը:

«Ամէլ»-ի հետ գործակցութեան շնորհիւ` անվճար բժշկական խնամք  ստացան 26.566 պարագաներ: «Ամէլ» կեդրոնին նուիրեց նաեւ բժշկական իրեր հականեխող գործիք մը:

2.- «ԿԱՄՔ»

Գործակցաբար Արտակարգ իրավիճակներու մարմին – «ԿԱՄՔ»-ին, կեդրոնը շարունակեց թթուածինի սարքեր տրամադրել շնչառական հարցեր դիմագրաւող պարագաներու:

3.- Պէյրութի ամերիկեան համալսարան

Կեդրոնը  գործակցեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ: Գործակցութեան լոյսին տակ բժշկական բաժանմունք ներկայացող բոլոր պարագաներուն` 2049 անհատներու կատարուեցաւ քրոնիք հիւանդութիւններու ախտորոշում (NCD Screening), ինչպէս նաեւ յուլիս 2024-ին եւ մարտ 2025-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս կազմակերպուեցան նախազգուշական արշաւներ, որոնց ներկայ գտնուող պարագաներուն կեդրոնի հիւանդապահուհիները ներկայացուցին հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար ցուցմունքներ եւ կատարեցին ընդհանուր մարմնի  քննութիւններ:

4.- «Ատրա» կազմակերպութիւն

Գործակցաբար «Ատրա» կազմակերպութեան` փետրուար 2025-ին կարելի եղաւ ընկերային գրասենեակի 87 պարագաներուն համար ապահովել երկամսեայ դեղորայք:

5.- Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութիւն

Մայիս 2025-ին կեդրոն այցելեցին Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկները` գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի: Զանազան մասնագիտութիւններու բժիշկներ անվճար կերպով բժշկական խնամք մատուցեցին աւելի քան 627 պարագաներու, ինչպէս նաեւ կեդրոնին տրամադրեցին` մեծաքանակ դեղորայք, բժշկական իրեր, ատամնաբուժարանի պիտոյքներ: Բժշկական առաքելութիւնը ֆինանսաւորեց կեդրոնի նորոգութեան ծախսերը, ինչպէս նաեւ ատամնաբուժական բաժանմունքը օժտեց արդիական 4-րդ աթոռով մը` օժանդակութեամբ «Գլարա Մարկոսեան» ֆոնտին եւ նախաձեռնութեամբ տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանին:

6.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք

Գործակցութեամբ Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան,  կեդրոնի ատամնաբուժական եւ շողանկարումի բաժանմունքներու մատուցած ծառայութիւններուն բարիքները վայելեցին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները:

Զ.- Ընկերային ծառայութիւն

Ընկերային ծառայութեան գրասենեակը անցնող վեցամսեակին շարունակեց իր ընթացիկ աշխատանքները` ընդունելով կարիքաւոր հայորդիներ, որոնց մատուցեց մարդասիրական, ընկերային եւ առողջապահական օժանդակութիւններ, ինչպէս` դեղերու հայթայթում,  հագուստեղէնի բաշխում, տարեցներու եւ մանուկներու շորերու բաշխում, արեան ապահովում, ծերանոց մուտքի դասաւորում, թաղման դասաւորումներ, տնային այցելութիւններ, տարրալուծարանի, ատամնաբուժարանի թէ բժշկական բաժանմունքներու տրամադրած քննութիւններու սպասարկութեան յղումի աշխատանք եւ օժանդակութիւն: Տուեալ սպասարկութիւններէն կարողացան օգտուիլ 2076 հայորդիներ:

Է.- Այլ նախաձեռնութիւններ

1.- Առողջապահութեան համաշխարհային օրուան առիթով, 7 ապրիլ 2025-ին, կազմակերպութեամբ կեդրոնի տնօրէնութեան, տեղի ունեցաւ 25 տարիներ շարունակ կեդրոնէն ներս ծառայած բժիշկներու պարգեւատրումի երեկոյ: Պարգեւատրուեցան 11 մասնագէտ բժիշկներ:

2.- Մարտ 2025-ին կեդրոն այցելեցին Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի 9-րդ եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի 5-րդ դասարաններու աշակերտները, որոնք շրջեցան կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացան տարուած աշխատանքներուն:

3.- Նուիրատուութեամբ ճարտարարուեստի նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, յուլիս 2024-ին, կեդրոնի ատամնաբուժական եւ բժշկական բաժանմունքները սարքաւորուեցան բժշկական պիտոյքներու հականեխման համար օգտագործելի սեղաններով եւ պահարաններով:

4.- Կեդրոնը ընդունեց Պէյրութի ամերիկեան, Սեն Ժոզեֆ եւ լիբանանեան, ԵՊՀ համալսարաններէն ուսանողներ, որոնք իրենց վարժութեան աշխատանքներն ու հանրային կամաւոր ծառայութիւնը կատարեցին կեդրոնէն ներս:

5.- Մասնագիտական եւ որակեալ խնամք մատուցելու նպատակով անցնող միամեակին կեդրոնի պաշտօնէութիւնը մասնակցեցաւ նաեւ զանազան վարժողական նիստերու:

6.- Անցնող միամեակին կեդրոնը գործակցեցաւ  նաեւ Premiere Urgence International, YMCA, Arc en Ciel, UNICEF, IOCC, IDRAAC  եւ Food Heritage միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի (Ֆորում) 30-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում` Սէրուժ Պաղտասարեանի Եւ Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիք Նուագախումբի Վիպերգական Ձայներու Հնչեղութեամբ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?