1950-ականներուն Քազապլանքայի մէջ տեղի ունեցած համերգը պարզապէս շրջադարձային եղաւ Ազնաւուրին համար: Հանդիսատեսը երկար ժամանակ չձգեց, որ ան բեմէն հեռանայ:
Ան Փարիզ վերադարձաւ արդէն իբրեւ ուրիշ Շարլ Ազնաւուր: 1954 թուականին ստորագրեց առաջին լուրջ պայմանագիրը: Շարլ Ազնաւուրի անունը հնչեց եւրոպական ամէնէն հանրածանօթ համերգասրահներէն մէկուն` «Օլիմփիա»-ի մէջ:
1959-ին Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահի մուտքի դրան դիմաց դրուած էր Շարլ Ազնաւուրի համերգի ազդագիրը: Քանի մը չընդունուած համերգներէ ետք այդ յամառ երիտասարդը կը փորձէր անգամ մը եւս գրաւել բծախնդիր եւ բարձրաճաշակ ֆրանսացիներուն սիրտը: Վառեցան բեմին լոյսերը: Փարիզը սառնաշունչ հայեացքով մը կը սպասէր երգիչը, եւ ահա քանի մը երգ երգելէ ետք, այլեւս ոչ ոք կը նկատէր անոր արտաքինն ու կարճ հասակը: Վարագոյրը փակուեցաւ, սակայն ծափահարութիւնները չդադրեցան: Այդ երեկոյ ֆրանսական երաժշտութեան երկնակամարին վրայ ծնած էր նոր աստղ մը, որ հետագային իր արուեստով պիտի խօսէր ամբողջ աշխարհին հետ: «Ֆրանսան ազնաւուրացուած է», գրեց ֆրանսական մամուլը:
Իւրաքանչիւր յետադարձ ակնարկ նետելու ժամանակ Ազնաւուր մեծ երախտագիտութեամբ կը յիշէր «Փոքրիկ ճնճղուկը», որ 20-րդ դարու նշանաւոր կիներէն մէկն էր: Ճիշդ ժամանակին իրեն երկարած օգնող ձեռքը ան կը նկատէր իր կեանքի բեկումնային պահը:
Քանի մը տարի ետք Ազնաւուր կը գրէ իր առաջին երգը` «J՛ai Bu» («Ես խմեցի»), որ կ՛արժանանայ տարուան ձայնապնակի մրցանակին:
Ան ո՛չ թիկնեղ էր, ո՛չ ազդեցիկ արտաքինով, բայց կարողացաւ աշխարհը ծունկի բերել: Թաւշեայ, մեղմ ձայնով պատմող կեանքն ու սէրը անկեղծ էին, բեմին վրայ պարզ ու հասարակ կեցուածքով, սակայն` անմիջական ու մտերմիկ, կարծես բեմին վրայ ոչ թէ կ՛երգէր, այլ կը խօսէր եւ կը խօսեցնէր:
Այս միջոցին էր, որ ան կնքեց իր երկրորդ ամուսնութիւնը Էվլայն Փլեսիսի հետ, որ տեւեց 4 չորս տարի:
Ազնաւուրի երգը հատեց ովկիանոսը: Ֆրանսական երգը այնքան ալ չընդունող Ամերիկան յոտնկայս ծափահարեց զայն: Ամերիկան բան մը եւս աւելցուց Ազնաւուրի կեանքին. 1960-ականներուն Նիւ Եորքի մէջ Ազնաւուր հանդիպեցաւ իր կեանքին մէջ տեղ գտած յայտնի կնոջ` Լայզա Մինելլիին, որ սիրահարեցաւ անոր: Մինելլին 17 տարեկան էր, Շարլը` 39: Շարլն արդէն հռչակաւոր էր, Լայզան դեռ նոր սկսած էր քայլեր առնել դէպի արուեստ:
«Ինծի համար յաւերժական սէրը կ՛ամփոփուի երկու պայծառ կերպարներու մէջ` Էտիթ Փիաֆ եւ Լայզա Մինելլի: Էտիթի շնորհիւ` ես դարձայ ֆրանսացի, մենք շատ ընդհանուր բաներ ունէինք, ինչպէս` մեր անցեալը, որուն մասին միշտ տխրութեամբ կը յիշէինք: Ես սիրած եմ նաեւ Լայզա Մինելլին, բայց սովորաբար այդպիսի սէրը ապագայ չ՛ունենար, այդպիսի սէրէն միայն երգեր կը ծնին: Յաւերժական սէրը` Մոն Էմուվանթէ ամուրը ձեզի օրինակ»:
1963-ին Նիւ Եորքի Քառնեկի Հոլի մէջ ունեցած համերգը իրեն համաշխարհային հռչակ ապահովեց: Սիրոյ երգիչը կը նուաճէր աշխարհը: Ան կ՛երգէր` հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, սպաներէն, գերմաներէն: Անոր երգերը, որոնք քնքշութեան լեզուով կը խօսէին հոգիներու հետ, նոր քարտէսներ կը գծէին: Պատահական չէր, որ ան ճանչցուեցաւ 20-րդ դարու էսդրատային ժանրի լաւագոյն երգիչ:
Խորհրդային տարիներուն երկաթէ վարագոյրին այն կողմը մեծերու մասին միայն շշուկներ կային, եւ անոնց մասին` պատմութիւններ: Իրական առասպելը 1963-ին էր: Հայաստանի մէջ առաջին անգամ պէտք էր հնչէին Շարլ Ազնաւուրի կենդանի կատարումները: Տոմսեր գտնելը գրեթէ անկարելի էր, համերգասրահի միջանցքներուն մէջ նոյնիսկ կանգնելու տեղ չկար: Ազնաւուր միայն մէկ բան խնդրած էր` ազատ ձգել առջեւի 7 տեղերը: Շատ կը փափաքէր հոն տեսնել իր մեծ մայրը, որուն այդ ժամանակ չէր ճանչնար եւ կ՛ուզէր ծանօթանալ: Համերգի ընթացքին եւ վերջը մեծ մօր ծափերը չէին դադրեր, ինչպէս նաեւ չէին չորնար անոր աչքերէն թափող արցունքները: Ազնաւուր, իր սովորութեան համաձայն, այդ օրուան բռնած թաշկինակը ծունկի գալով նուիրեց իր մեծ մօր:
1967-ին Ազնաւուրի ընտանեկան կեանքը ապրեցաւ նոր ծաղկում, երբ ան դարձեալ որոշեց բոյն կազմել շուէտուհի` Ուլլա Թորսէլի հետ: Երեք ամուսնութիւններէն ան ունեցաւ 5 զաւակներ` Սեդա, Փաթրիք, Քաթիա, Միշա եւ Նիքոլա:
Շարլ Ազնաւուր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին մնաց ամէնէն հայ ֆրանսացին եւ ամէնէն ֆրանսացի հայը: Պատահական չէ, որ ան քանի մը անգամ իրեն կաթով սուրճի հետ կը համեմատէր: Այնտեղ դժուար է կաթն ու սուրճը իրարմէ բաժնել, այնպէս` ինչպէս կարելի չէ անոր մէջ տարանջատել հայկականն ու ֆրանսականը:
Ան իր ծագումին եւ արմատներուն մասին միշտ մեծ պատկառանքով կը խօսէր: Ան հայ էր` իր տեսակով, իր էութեամբ, իր ընտանեկան դաստիարակութեամբ եւ իր հոգիի կանչով: 1915-ի հայակործան Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը սրտին մէջ` իր արուեստով վերածնունդի կոչ կ՛ուղղէր, կը փորձէր սիրոյ ուժով բուժել իր նախահայրերուն չսպիացած եւ դեռ թաց վէրքերը: Ան հայ էր եւ ֆրանսացի` իր կեանքով եւ նոյնիսկ… մահով: Ան կամուրջ էր երկու ժողովուրդներու միջեւ: Մեծ հայրենասէրը երբեք անտարբեր չեղաւ իր պատմական հայրենիքի ճակատագիրին նկատմամբ: Որեւէ երեւոյթի հանդէպ ունէր իր արձագանգը եւ որեւէ ցաւի համար` իր բարեգթութիւնն ու հոգատարութիւնը:
1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ան հիմնեց «Ազնաւուրը Հայաստանի համար» բարեսիրական ընկերութիւնը եւ կազմակերպեց քանի մը ծրագիրներ` օգնութիւն հաւաքելու նպատակով: Ան «Քեզի համար, Հայաստան» երգին եւ տեսահոլովակին շուրջ հաւաքեց 90 ֆրանսացի երգիչներ եւ դերասաններ. երգին վաճառքը հատեց 2 միլիոնը:
1956-էն Ազնաւուրը կանոնաւոր կերպով մուտք կը գործէ շարժապատկեր: Ան կը նկարահանուի աւելի քան 50 ժապաւէններու մէջ` համագործակցելով այնպիսի բեմադրիչներու հետ, ինչպիսիք են` Ռընէ Կլեր, Քլոտ Շափրոլ, Քլոտ Լելուշ: Ամէնէն հանրաճանաչ ժապաւէններէն են` Ժան Քոքտոյի «Օրֆէի պատգամը» (1960), Ֆրանսուա Տրիւֆոնի «Կրակեցէք դաշնակահարին» (1960), Ֆոլքըր Շլենտորֆի «Երկաթեան թմբուկը» (1979): Ազնաւուրի ստեղծագործական կեանքին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ» (2002) ժապաւէնը, որ նուիրուած է 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան:
Ֆրանսացի մեծ ղեկավար Շարլ տը Կոլ Ազնաւուրի մասին արտայայտուած է հետեւեալ խօսքով. «Դուք կը գրաւէք աշխարհը, որովհետեւ կրնաք յուզել»:
Ազնաւուրի կենսագիր Իվ Սալկ կը գրէ. «Այդ ձայնը, որ կարծես աղէտի եզրին է եւ ամէն վայրկեան կրնայ խռպոտիլ ու լռել, այդ մեծագոյն ձայնը հեւացող, բայց արիաբար գագաթը նուաճող լեռնագնացի ձայն է, վիրաւոր թռչունի խուլ եւ տանջալից ձայն, որ փետուրներու հետ բեմին վրայ կը ձգէ սիրոյ կախարդական երգերը, այդ հոգեվարք ապրող սթրատիվարիուսը, այդ ձայնը, որ մարած հրաբուխը կը յիշեցնէ, որ բառերը կ՛արտասանէ աւելի շատ սրտի, քան ականջի համար… լսելի է ամբողջ աշխարհին»:
Իր արուեստին մէջ անկրկնելի կրկնօրինակող Սեմ Եունիոր, որը վարպետօրէն կը նմանակէ այնպիսի մեծութիւններու ձայնն ու արթիստիզմը, ինչպէս` Լուի Արմսթրոնկը, Ռէյ Չարլզը, Մորիս Շըվալիէն եւ ուրիշներ, հրաժարեցաւ Ազնաւուրի կատարումը նմանակելէ: «Ազնաւուրի երգերը անոր արտաքին կերպարն են,- գրած է ան: -Ազնաւուրի անձին անսքող անկեղծութիւնը կը բացառէ նմանակումը: Մահացու թռիչքի պատրաստ այդ մարմինին մէջ ողբերգակ մը թաքնուած է: Եթէ փորձեմ նմանակել Ազնաւուրը, հանդիսատեսը ինծի չի հաւատար: Ազնաւուրը ծիծաղ չ՛ընդունիր»:
Ուիլիըմ Սարոյեան առիթով մը ըսած է. «Երբ ձայնասփիւռի կոճակը կը սեղմեմ եւ հեռու-հեռուներէն կը լսեմ Ազնաւուրի երգերը, միտքէս կ՛ըսեմ. «Ապրի՛ս, եղբայր, դուն ալ յաղթեցիր, դուն մեծ ու տոկուն հայ մըն ես…»:
Շարլ Ազնաւուր միջազգային ասպարէզին մէջ 180 միլիոն ձայնասկաւառակ վաճառած է: 70 տարուան ընթացքին ան ձայնագրած է 1400 երգեր, որոնցմէ 1300-ին հեղինակը ինքն է: Ան ունի 390 ալպոմ` բազմաթիւ լեզուներով. ֆրանսերէն, հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ սպաներէն: Մէկ մասը` երգահան Ժորժ Կառվարենցի հեղինակցութեամբ, ինչպէս բազմաթիւ միջազգային հիթեր` «Մաման», «Պոհեմը», «Դեռ երէկ», «Երիտասարդութիւն», «Պէտք է գիտնալ», «Շի», «Երկու կիթառ», «Ինչպէս կ՛ըսեն», «Յաւերժական սէր», «Աւէ Մարիա» եւ այլն: Անոնց կատարողներէն են` Էտիթ Փիաֆը, Լայզա Մինելլին, Մստիսլաւ Ռոստրոփովիչը, Փլասիտօ Տոմինկոն, Խուլիօ Իկլեզիասը, Շերը, Ճօ Տասենը, Ռէյ Չարլզը եւ ուրիշներ:
Ազնաւուր յաճախ կը կատակէր իր ֆիզիքական թերութիւններուն մասին, յատկապէս իր տխրահռչակ առանձնայատկութեան` կարճ հասակին, որ 160 սմ էր:
Անոր ինքնակենսագրական գրութիւններու մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Իմ ճանապարհս դիւրին եւ հանգիստ եղած չէ: Շատ դառնութիւններ ճաշակած եմ այդ ճանապարհին` երեսիս փակուած դռներ, հեգնանքով ու արհամարհանքով լեցուն ժպիտներ, կատակի տակ քողարկուած չարախօսութիւններ. «Յամառութիւն մի՜ ընէք», «Բան չունինք ձեզի համար», «Տուէ՛ք ձեր հասցէն, կը գրենք ձեզի», «Ամէն պատահական մարդու վրայ ժամանակ չունինք կորսնցնելու»… Այս եւ նման այլ արտայայտութիւններ: Ես ճաշակած եմ այդ բոլորը:
«Շատերու նման` կլլած եմ թուքս, զսպած եմ արցունքներս:
«Կասկածն ու յուսահատութիւնը, չհասկցուած ըլլալու եւ բախտ չունենալու զգացողութիւնը յաճախ զգետնած են զիս: Բայց ցաւս թաքցուցած եմ, քաշուած եմ պատեանիս մէջ եւ ուժ հաւաքած եմ դիմանալու, պաշտպանուելու համար:
«Քաղցը, ցուրտը, յոգնածութիւնը, զսպուած արցունքը ճանապարհիս անբաժան ընկերները եղած են:
«Կիներ, որոնց միշտ ամէն ինչէ վեր դասած եմ, զիս սիրած են, խաբած, պաշտած, լքած: Բայց հեռանալէ առաջ երջանկութեան պատրանքներ տուած են ինծի:
«Ուստի ես զիս ո՛չ զոհ կը նկատեմ, ոչ ալ` սուրբ: Յաճախ ես նոյնը փոխհատուցած եմ իրենց, քանի որ ես ալ, միւսներուն նման, մարդ եմ: Ես ալ, իմ կարգիս, յաճախ զանոնք արցունքներու մէջ ձգած եմ: Գնահատել չգիտնալով իսկական սէրը` վազած եմ վաղանցիկ սէրերու ետեւէն:
«Խաբած եմ, նախքան որ զիս խաբէին, այսպիսով խաբած եմ ինքզինքս… Ի՜նչ ընենք, այդ է կեանքը, այդ է սէրը…
«Բայց այդ մասին չէ, որ կ՛ուզեմ խօսիլ, ու պատճառը այն չէ, հաւատացէք ինծի, որ կ՛ուզեմ պահել կեանքիս մութ անկիւնները, ո՛չ: Ես պարզապէս չեմ ուզեր ձեզ մասնակից դարձնել իմ յոյզերուս եւ տխրութիւններուս: Յաջողութեան հասած մարդը պէտք չէ իր անցուցած ծանր օրերուն սրտաճմլիկ նկարագրութիւնը ընէ:
«Այնքան շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ զիս անցուց այդ փորձութիւններէն եւ հնարաւորութիւն տուաւ երազելու եւ այդ երազը ապրելու:
«Ի վերջոյ, դժուար կեանքս ու խաբուած սէրերս են, որ զիս դարձուցին այն, ինչ կամ, եւ ինքնագովութիւնը չըլլայ, երբ ըսեմ, որ ես ինքզինքս կը հաւնիմ:
«Եթե ինծի վիճակուէր կրկին ապրիլ, ապա այդ բոլորը դարձեալ կ՛ապրէի նոյնութեամբ»:
Թաւշեայ ձայնով առասպելը ո՛չ թիկնեղ էր, ո՛չ ալ ազդեցիկ արտաքին ունէր, բայց ան կարողացաւ աշխարհը ծունկի բերել: Թաւշեայ, մեղմ ձայնով պատմող կեանքն ու սէրը անկեղծ էին` բեմին վրայ պարզ ու հասարակ կեցուածքով, սակայն` անմիջական ու մտերմիկ, կարծես բեմին վրայ ոչ թէ կ՛երգէր, այլ կը խօսէր եւ կը խօսեցնէր:
Շարլ Ազնաւուր մահացաւ 1 հոկտեմբեր 2018-ին, 94 տարեկան հասակին: Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչը, իր փափաքին համաձայն, թաղուեցաւ Փարիզէն ոչ հեռու գտնուող Մոնֆոր-լ՛Ամորի շրջանին մէջ: Հոն կը գտնուէր իր տուներէն մէկը, ուր ան յաճախ ժամանակ կ՛անցընէր իր ընտանիքին հետ:
(Շար. 2 եւ վերջ)
—
(Շար. 1)