Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Յուշագրական Պատառիկներ» (Հեղինակ` Կիրակոս Գույումճեան)

July 18, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քուէյթի մէջ 2025-ին լոյս տեսաւ Կիրակոս Գույումճեանի «Յուշագրական պատառիկներ» գիրքը, բաղկացած` 156 էջերէ:

Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս եպիսկոպոս Մանուէլեան կ՛ըսէ, որ Կիրակոս Գույումճեան քուէյթահայ գաղութին մէջ հանրածանօթ է իբրեւ գործարար, հրապարակագիր եւ բարերար: Անոր գրիչին կը պատկանին Քուէյթի արաբատառ մամուլին մէջ լոյս տեսած տասնեակ յօդուածներ, նուիրուած հայութեան եւ Հայ դատին:

Նախաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ այս գրքոյկով պիտի փորձէ տարուան յուշերը լոյսին բերել, հրատարակել, ընթերցողին հրամցնելու համար փորձառութիւնը եւ հետաքրքրական հանդիպումները:

Գույումճեան կ՛ըսէ, որ յաճախած է Հալէպի Տաւուտիէի Վարդանանց վարժարանը: Նիւթական ծանր պայմաններու բերումով չէ կրցած շարունակել բարձրագոյն ուսման ընթացքը: Զինուորական ծառայութենէն ետք փոխադրուած է Քուէյթ: Համեստաբար եւ մեծ նուիրումով ծառայած է Քուէյթի թեմի Ազգային մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն մէջ: Հրապարակագրութեան սկսած է Քույէթի «Ալ Քապաս» թերթին մէջ: Արաբերէն յօդուածները ընդհանրապէս Հայ դատի լուսաբանման նուիրուած են: Ժամանակ մը ետք սկսած է հայերէն գրել:

Կիրակոս Գույումճեան կ՛ըսէ, որ իր գործին ոլորտը կ՛ընդգրկէ երկաթէ, պրոնզէ կամ սթենլէս սթիլէ շինուած տուներու կամ պանդոկներու եւ պալատներու աստիճաններ, դարպասներ, ցանկապատեր ու մետաղեայ, բարձրորակ սարքաւորումներ պատրաստել ու զետեղել` առաւելաբար Քուէյթի շուկային մէջ:

Գույումճեանի «Իմ երթը երկաթին հետ» խորագիրը կրող գիրքը արդիւնք էր երկաթին հետ անոր մշակած 60 տարուան սերտ յարաբերութեան: Ան կ՛ըսէ. «Գիրքը ինծի համար մեծ նշանակութիւն ունեցաւ, կարծէք կեանքիս նպատակներուն մեծագոյնը իրականացուցի` տնտեսական գետնի վրայ երկաթ մետաղին ունեցած կարեւորութեան անդրադառնալու եւ իմ արժեւորումը տալով երկաթին, որպէս արդի քաղաքակրթութեան մեծագոյն հում նիւթը: Նիւթ մը, որ ինծի համար եղած է մետաղներու ամենայարգին»: Գիրքը հրատարակուեցաւ 2023-ին, Քուէյթի մէջ: Բաղկացած է 332 էջերէ: Գիրքին մասին գրախօսականներ գրուեցան:

Գույումճեանի նախորդ գիրքերը` «Կայաններ եւ դիրքորոշումներ» եւ «100 տարի Ցեղասպանութենէն վերականգնում»,  լուսարձակի տակ առած են հայրենիքը եւ անոր էական շահերը:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ ազգային պատկանելիութիւնը ընտանիքէն ներս կամ դպրոցին մէջ դաստիարակչական շատ պարզ միջոցներով արմատ կը նետէ մարդու ներաշխարհին մէջ:

Ան կը շարունակէ ըսելով, որ ուսուցիչը` Եդուարդ Բատոյեան, անխախտելի ազգասիրութիւն սերմանած է իր ներաշխարհին մէջ:

Կիրակոս Գույումճեան ծանօթ է իր բարեգործութիւններով: «Ազգին նուիրել» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ ան կ՛ըսէ. «Այս տողերը կը գրեմ ազգիս զաւակներուն անդրադարձնել տալու, որ իենց առօրեան ապրելով մէկտեղ, իրենց քսակը լայն բանան ազգին, հայրենիքին, որովհետեւ կը հաւատամ, որ մեր ազգն ու հայրենիքը արժանի են նուիրաբերումի, անոնց տուածդ չի պակսեցներ քսակէդ, ընդհակառակը` նուիրատուութիւնը անուղղակիօրէն նուիրողին կը վերադառնայ այլ արժէքներով»:

Գույումճեան կ՛ըսէ, որ մենք հպարտ ենք մեր ազգի վարք ու բարքով, պատուով, որ մեր նախնիներուն միջոցով սերունդէ սերունդ փոխանցուած է մեզի, որպէսզի մենք ալ փոխանցենք գալիք սերունդներոն:

Անդրադառնալով Արցախի կորուստին ան կ՛ըսէ. «Մենք ոչ միայն պարտուեցանք այս փուլին, այլեւ մեր թշնամիներուն եւ անոնց համակիրներուն պարգեւեցինք անսահման փառք ու զօրութիւն, ուժ եւ կարելիութիւններ, որոնք երկար տարիներ պիտի ընկճեն մեր հոգիները, մինչեւ որ մենք մեզ վերագտնենք»:

Կիրակոս Գույումճեան կ՛անդրադառնայ նաեւ պատկերասփիւռի կայաններու եւ արաբական լրատուամիջոցներու հետ իր գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ իրեն շնորհոած «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին:

 

 

Նախորդը

«Հայրենիք» Շաբաթաթերթ. «Ցտեսութիւն` Թուղթէ Մամուլին…»

Յաջորդը

Grateful Dead Խումբը Ինչպէ՞ս Կերտեց Համացանցը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.