Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Սիրելի՛ ընկերս` Սարգիս Կիրակոսեան, սիրելի՛ Սագօ,
Մե՛ր «Ազդակ»-ի խմբագրութենէն երկտող մը հասաւ այսօր, թէ` 21 յուլիսի թիւը պիտի ձօնեն յիշատակիդ: Առաջին հակազդեցութիւնս եղաւ. «Քանի՞ տարի եղաւ մեկնելուդ»: Գրադարանիս մէջ իրենց յատուկ տեղը ունեցող հատորներդ բերի սեղանիս ու բացի կենսագրականիդ էջը. մեկներ ես… 21 յուլիս 2015-ին: Վա՜յ, տասը տարիները ինչպէ՞ս սահեր են, մինչդեռ քեզմէ շա՜տ բան, ինչպէս` մեկնումիդ սեւ լուրը, յուշերուս մէջ նստած են` իբր թէ երէկ կամ 3-4 տարի առաջ ըլլային…
Երկտողը փոշի չկապած-չկապող յիշատակներուդ երկա՜ր շարքը դարձեալ տարածեց մտապաստառիս վրայ: Յաջորդ հակազդեցութիւնս եղաւ այն, որ սքանչելի բանաստեղծ եւ արձակագիր Ռուբէն Որբերեան այդքան ալ ճիշդ չէ, երբ «Գիւղիս ճամբան» բանաստեղծութիւնը կը սկսի «Կեանքի նաւակը հետք չթողուց իր ետին, մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան, (…) յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի մը նման» նախադասութիւններով, ու պեղելով յուշերուն շտեմարանը` կը վերակենդանացնէ` իր գիւղն ու դէպի հոն տանող արահետը, շրջապատը, գառնուկին հետ իր վազքը: Որբերեանի գրական ժառանգութիւնն ալ վկայութիւն է, որ կեանքի նաւակը հետք կը թողու, եւ` ինչպիսի՜ առատութեամբ: Նպատակս Որբերեանը սուտ հանել կամ անոր հակաճառել չէ, այլ ըսել, որ քեզի պէս ընկերներէ ունիմ (եւ ինծի պէս` շատեր ունին), բազում յուշեր եւ յիշատակներ, որոնց ամէնէն շօշափելին դիմացս նստած հատորներդ են:
Մտածեցի. ընկերոջս հետ շատո՜նց սկսած զրոյցս, չվերջացո՛ղ զրոյցս շարունակեմ պահ մը: Մէկ առ մէկ թերթեցի հատորներդ` սկսելով մակագրութեան էջերէն: Տեսայ, որ երեքին մէջ կան «արիւնէդ ու մարմինէդ» բխած անկեղծ մակագրութիւններ, իսկ չորրորդին մէջ նման արձանագրութիւն չկայ: Պատճա՞ռը. որովհետեւ անիկա լոյս տեսած է 2016-ին, մեկնումէդ տարի մը ետք: Չեմ կասկածիր, որ եղած տեղէդ փորձեցիր ա՛յդ ալ մակագրել. երեւակայութեանս աչքերով կը տեսնեմ, որ գիրդ անտեսանելի ներկայութիւն է տիտղոսաթերթին վրայ, հատորին բոլոր էջերը ընդունած եմ իբրեւ մակագրութիւն…
***
Պահ մը «կեանքի նաւակ»-ով ճամբորդեցի հատորներուդ էջերուն մէջ, անգամ մը եւս զգացի, որ երբ կը խօսիս արեանդ եւ մարմնիդ մասին, յետոյ նաեւ` միւս հատորներուդ էջերէն, չունիս այն յաւակնութիւնը, որ ս. պատարագի ընդմէջէն` Քրիստոսի պատգամներուն հետեւելով կը մատուցես արիւնդ ու մարմինդ, այլ այս հատորները քու կեանքդ են` ապրումներդ, մտածումներդ, աշխարհի, կեանքի մասին դիտարկումներդ, իւրայատուկ վերլուծումներդ ու խոհերդ, որոնք մտած են արեանդ մէջ, միաձուլուած` մարմինիդ, եւ ահա, մեկնումէդ 10 տարի ետք ալ, նաեւ` յառաջիկայ տարիներուն, մեզի հետ պիտի մնան իբրեւ ԱՊՐՈՂ վկայութիւն կեանքի ու գրականութեան ճամբաներուն վրայ քու ներկայութեանդ մասին: Անոնք պիտի յիշեցնեն, որ կեանքի նաւակը լայն հետքեր կը ձգէ իր ետին:
Առաջին քայլերէդ իսկ որդեգրած ես գրելու սեփական ոճդ, որ իր տեղը ունի` իբրեւ նորարար գրողներ ճանչցուածներու անդաստանին մէջ: Քեզի պէս բանաստեղծներ ու արձակագիրները սխալ «համբաւ» մը կը վայելեն, իբր թէ ձեր գրածը անհասկնալի է` դժուար հասկնալի, վերացական, ու տարաշխարհիկ ոլորտներու պատկանող: Մինչդեռ, ինչպէս` ոեւէ գրողի, քու էջերդ ալ հրաւէր են ընթերցողին, որ չմնայ պատանդ` հրամցուած պատառները դիւրութեամբ կուլ տալու աւանդութեան, այլ ճիգ ընէ տողերուդ եւ էջերուդ ընդմէջէն ճանչնալու քեզ, հարց տալու, թէ սա գրողը ինչպիսի՞ ապրումներու, զգացումներու, յաճախ նաեւ խոհական մտածումներու, կեանքը ելեւէջներու մատնող ալիքներուն վրայ նաւարկած է` թուղթին յանձնելու համար իրեն համար անխորթ, այլ հարազատ տողերը, խնամած է անոր իւրաքանչիւր տողը, բա՛ռը:
Դուն արդէն գրելու քու առաքելութիւնդ եւ մղումդ շատ յստակ կերպով բացատրած ես տեղ մը եւ ճերմակի վրայ սեւով արձանագրած` երկրորդ հատորիդ ետեւի կողքին վրայ, քեզ կարելի հարազատութեամբ պատկերող լուսանկարիդ տակը: «Գրութիւնը յայտնագործելու ակնթարթը նոյնինքն գրելու անզուսպ ցանկութիւնն է…», կ՛ըսես եւ կը խոստովանիս, որ գրելը արբեցումի վիճակ է քեզի համար, կ՛առաջնորդէ լեզուի դրախտին… Չեմ կարծեր, որ այս տողերը չհասկցող ըլլայ, զայն նկատէ դժուարամատչելի: Ու եթէ ա՛յս ուղեցոյցով մտնէ էջերուդ մէջ, պիտի տեսնէ, որ ամէն տեղ համով (երբեմն նաեւ` տրտմեցնող ու տագնապի մատնող) սեղաններ կան:
Բայց… Եկո՛ւր, գրական վերլուծումի տրամադրութիւնը մէկդի ձգենք, անիկա պիտի առաջնորդէ տեղ մը, որուն համար գրելու չսկսայ այս սիւնակը: Ինչպէս մեկնումի օրերուդ, նոյնպէս ալ հիմա կը նախընտրեմ մէկ-երկու մանրապատումով յիշել ու յիշեցնել դիմաստուերդ: Կան արուեստագէտներ, որոնք մատիտի կամ վրձինի քանի մը հարուածով դիմանկար մը կամ խորհուրդ մը կը նկարեն: Գիրքերէդ երկուքին կողքերը զարդարուած են Ռ. Էլիբեկեանի եւ Փ. Կիրակոսեանի վրձիններէն բխած այդպիսի գեղանկարներով, եւ ատիկա այլապէս յուշարար է, որ գիրի արուեստին կողքին, դուն հարազատ կը զգայիր նաեւ գեղանկարչութեան հետ, այս կալուածը լայն տեղ ունէր արուեստագէտներ ներկայացնող քու սիւնակներուդ մէջ: Գեղանկարիչ չեմ, որ գոյնով ու գիծով ներկայացնեմ քեզ, ուրեմն ըլլամ «անձնական»` յուշերուս շտեմարանէն օգտուելով:
9 յուլիս 2025
(Շար. 1)