Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենսունակ Արեւմտահայերէն` Խոչընդոտներէն Դէպի Հնարաւորութիւններ

Յուլիս 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Դոկտոր ընկերալեզուաբանութեան

Լեզուապահպանումի նիւթը, մանաւանդ` արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալը, ինչպէս ներկայացուեցաւ ամփոփ ձեւով` անցեալ երկու յօդուածներուն մէջ, լուրջ, մտահոգիչ եւ պատասխանատու հարց է: Այլասերելու եւ մէկ մշակոյթի ծառայելու մարտահրաւէրները անողորմ են եւ ճնշիչ, մանաւանդ` փոքր գաղութներու համար, որոնց յաջորդական սերունդները կը ծնին եւ կը մեծնան օտար ափերու վրայ:

Կեդրոնանանք մեր գաղութներուն վրայ եւ մեր մայրենիին վրայ:

Ի՞նչ են արեւմտահայերէնին դիմագրաւած խնդիրները

Վստահաբար դուք ալ ունիք ձեր պատճառներու ցանկը` մեկնելով ձեր փորձառութիւններէն: Ըստ մեր հետազօտութիւններուն, ակադեմական հարցազրոյցներուն, հարցախոյզերուն եւ նկատառումներուն, արեւմտահայերէնի դիմագրաւած խնդիրներն են`

Անիմացութիւն` արեւմտահայերէնի վտանգուած լեզու ըլլալու մասին,

– Անտարբերութիւն,
– Երկլեզուութեան մասին սխալ ըմբռնումներ,
– Մշակութային ձուլում,
– Նշանափոխութեան (code-switching) հանդէպ ժխտական դիրք,
– Նսեմութեան զգացումներ եւ
– Տնտեսական ճնշումներ:

Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած մեծագոյն խնդիրը` ժխտական կեցուածք

Եթէ անպայման պիտի մասնաւորենք կամ ընդգծենք մեծագոյն խնդիրը, որուն  պատճառով այսօր արեւմտահայերէնը «Անպայման վտանգուած» կը դասակարգուի, այդ ալ ժխտական կեցուածքն է` ընդհանրապէս ծնողներու, հանդէպ` հայկական դպրոցին, Հայ եկեղեցւոյ, հայկական կուսակցութեանց, Հայաստանի եւ Ցեղասպանութեան:

Անկախ այն իրականութենէն, թէ հայերու ժխտական կեցուածքները մեծապէս պատճառ դարձած են իրենց մայրենիին ներկայ վիճակին, այս ժխտական դիրքերուն հետեւանքները բազմազան են եւ ակներեւ.

– Աւանդական արժէքներէ հեռացում,
– Աւանդական լեզուի չգոյութիւն,
– Ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ երիտասարդներու մասնակցութեան տկարացում,
– Ինքնութեան տագնապ,
– Մեծ ծնողներու հետ հաղորդակցութեան խզում,
– Նսեմութեան զգացումներ,
– Պատկանելիութեան զգացումներու կորուստ եւ
– Տան մէջ մայրենի լեզուին գործածութեան պակաս:

Հաւանաբար կը մտածէք, թէ արդեօք ետդարձի ճամբայ կա՞յ: Անպայմա՛ն կայ:

Ընկերալեզուաբաններու օրակարգը

Ճիշդ է,  որ ընկերալեզուաբաններու յաջողութիւններուն շարքը երկար է, որովհետեւ մենք միշտ լաւատես ենք, ԲԱՅՑ… Որպէս ընկերալեզուաբաններ` կրնանք լեզուապահպանումի եւ վերակենդանացումի առաջարկներ եւ ճամբու քարտէս ներկայացնել, բայց իրականութիւնը այն է, որ միայն ընկերութիւնը ի՛նք կրնայ փրկել իր լեզուն:

Այսօր տակաւին կան հայեր, որոնք տեղեակ չեն, թէ իրենց մայրենի լեզուն վտանգուած է, թէ` ի՛նչ արագութեամբ երկլեզու ընկերութիւն մը կրնայ միալեզու դառնալ, եւ թէ` լեզուի փոփոխութիւնը (language shift) սաստիկ արագ է: Անոնք կը նային իրենց շուրջը եւ կը տեսնեն, որ տակաւին կան շատեր, որոնք կը խօսին հայերէն, եւ կը հետեւցնեն, թէ լեզուն լաւ վիճակի մէջ է:  Անոնք կը մերժեն տեսնել կամ ընդունիլ, որ իրենց մայրենի լեզուն կը տկարանայ, եւ որ` վտանգուած է:

Կան նաեւ անոնք, որոնք կը հաւատան, որ իրենց լեզուն յատուկ պաշտպանութիւն կը վայելէ, ինչպէս, հակառակ այն իրականութեան, որ Փանամայի թերիպի ընկերութեան լեզուն` նասօ, խիստ վտանգուած է, անոնց թագաւորը այսպէս արտայայտուած է. «Մենք վտանգուած չենք, որովհետեւ Աստուած ստեղծեց մեզ: Ան մեզ չստեղծեց, որ ուրիշներ մեզ ոչնչացնեն: Եթէ անցեալ 500 տարիներու դժուարին պայմաններուն տոկացինք, ուրեմն ինչո՞ւ հիմա պիտի անհետանանք»:

Ընկերալեզուաբաններու նպատակը հաղորդակցութեան միջոց մը ապահովել չէ, այլ` օգնել ընկերութեան, որ իր ժառանգութեան յատուկ ըլլալը տեսնէ եւ գնահատէ: Եւ այս մէկը դիւրին գործ մը չէ:  Բաւական ճիգ կը պահանջէ լեզուական ժառանգութեան մը կարեւորութիւնը ընդգծելը:

Ի՞նչ պէտք է ընել: Շատ պարզ է` երկլեզու ըլլալ:

Արեւմտահայերէնի պահպանման գաղտնիքը` երկլեզուութիւն

Արդէն մարդկային ուղեղը բնական կարողութիւն ունի քանի մը լեզուներ սորվելու նոյն ատեն:  Աշխարհ մը, ուր ամէն անձ կը խօսի երկու լեզու` մայրենի լեզուն եւ մեծամասնութեան լեզուն, բացարձակապէս կարելի է եւ փափաքելի` առանց որեւէ խաչաձեւումի կամ պայքարի, որովհետեւ անոնք ունին տարբեր նպատակներ` մէկը ինքնութեան եւ միւսը` հասկցուելու համար:

Լեզուաբաններ քաջատեղեակ են, որ լեզուներուն անհետացումի երեք փուլերէն երկրորդ փուլին` երկլեզութեան շրջանին, կարելի է փրկել մայրենի լեզու մը մեռնելէ:

Ինչո՞ւ երկլեզուութիւնը:

Այսպէս, ըստ գիտական սերտողութիւններու, երկլեզու խօսողներ`

– Աւելի գործնական են եւ լայնախոհ,
– Աւելի դիւրին ընկերութիւն կը հաստատեն,
– Աւելի խելացի, հաղորդական եւ իմացողական են,
– Իրենց լեզուները «կը խառնեն», որովհետեւ աւելի իմաստուն են,
– Կը գերազանցեն մէկ լեզու խօսողները,
– Կը յաջողին դպրոցին մէջ, որովհետեւ տան մէջ մայրենի լեզուն կը գործածեն,
– Հարցերը աւելի արագ կը լուծեն` ըլլան անոնք կեանքի, գործի կամ թուաբանական հարցեր եւ
– Չափով աւելի մեծ ուղեղ կ՛ունենան:

Արեւմտահայերէնի կենսունականացման գործնական քայլեր

Եթէ այս փաստերը համոզիչ եղան, անցնինք արեւմտահայերէնը սերունդէ սերունդ փոխանցելու գործնական քայլերուն, ուր անհատը, ընտանիքը եւ ընկերութիւնը շատ ընելիք ունին: Այսպէս,

Կենսունականացման քայլեր` անհատական մակարդակի վրայ

– Այցելել Հայաստան` առանձին, հայ կամ օտար բարեկամներու հետ,
– Անդամագրուիլ հայկական մշակութային միութեան  կամ կուսակցութեան մը,
– Առիթներ ստեղծել հայերէն խօսելու,
– Խուսափիլ քննադատել հայ մշակոյթը կամ հայկականութիւնը,
– Կարելի եղածին չափ տան մէջ հայերէն խօսիլ (նշանափոխութիւնը բնական է),
– Հայերէն երգեր մտիկ ընել,
– Հպարտ ըլլալ, որ հայ ես,
– Ներկայ ըլլալ մշակութային, ընկերային եւ եկեղեցական ձեռնարկներու,
– Չքննադատել անոնք, որոնք «սխալ», «կտրտուած» կամ «խառն» հայերէն կը խօսին:

Կենսունականացման քայլեր` ընտանեկան մակարդակի վրայ

Եկեղեցի յաճախել` կանոնաւորապէս,

– Զաւակներ հայկական դպրոց ղրկել (եթէ կարելի է անշուշտ),
– Հայ բարեկամներու շրջանակը ընդլայնել, որպէսզի փոքրիկներ աւելի առիթներ ունենան հայերէն խօսելու,
– Հայերէն երգեր մտիկ ընել, մանաւանդ` ընտանեկան հաւաքոյթներու ժամանակ,
– Չքննադատել զաւակները, երբ անոնք «սխալ», «կտրտուած» կամ «խառն» հայերէն խօսին,
– Տօնախմբել բոլոր ազգային եւ կրօնական տօները,
– Քաջալերել մեծ ծնողները, որ հայերէն խօսին թոռնիկներու հետ,
– Օրինակ ըլլալ ուրիշ ընտանիքներու` քաջալերելով հայերէն խօսիլը տան մէջ:

Կենսունականացման քայլեր` հաւաքականութեան մակարդակի վրայ

– Արեւմտահայերէնի վտանգուած կարգավիճակին մասին տեղեակ պահել գաղութները,
– Դրական կեցուածք որդեգրել Հայաստանի հանդէպ,
– Երիտասարդներուն մէջ հպարտութիւն ներմուծող մշակութային ելոյթներ կազմակերպել,
– Ընդունիլ, որ սփիւռքը մնայուն կարգավիճակ մըն է,
– Ծնողներ տեղեակ պահել հայերէն սորվելու համացանցային կայքէջերու հասցէները,
– Կազմակերպել շրջապտոյտներ դէպի Հայաստան,
– Հայոց լեզուի դասաւանդութիւնը եւ դպրոցները արդիականացնել,
– Հայկական մշակոյթը ծանօթացնել տեղական մշակոյթին,
– Միջկուսակցական եւ միջեկեղեցական համագործակցութիւն քաջալերել,
– Մշակել ծրագիրներ, որպէսզի ծնողներ հայերէն խօսիլ սորվին,
– Քաջալերել ծնողներ, որպէսզի հայերէն խօսին իրենց զաւակներուն հետ:

Եզրակացութիւն

Այս առաջարկները պարզ եւ շատերու կողմէ փորձուած եւ ընկերալեզուաբաններու կողմէ վաւերացուած` մեծապէս պիտի նպաստեն արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման եւ անոր գոյատեւման` 21-րդ դարէն անդին:

Յուսամ` բոլորս համոզուեցանք, որ անպայման ելք մը կայ եւ, ինչպէս աշխարհի միւս լեզուները, մեր մայրենի լեզուն` արեւմտահայերէնը, իրաւունք ունի գոյատեւելու` փոխանցելով զայն ներկայ եւ յաջորդ սերունդներուն:

ardajeb@gmail.com

Քուէյթ, յուլիս 2025

Նախորդը

Գիրքը` Իմ Ընկերս

Յաջորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Մարզախաղերու Մասնակիցները Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Եռաբլուր Եւ Էջմիածին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?