ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Գետերուն մէջ ջուր չկայ:
Սրտերուն մէջ սէր չկայ:
Աստուած իմ, դուն գէթ անպայման,
Մեր ցաւերուն եղիր դարման:
Աչքերուն մէջ, Տէ՛ր, չկայ լոյս:
Մեր քայլերուն ուղեկորոյս,
Աստուած իմ, տուր Դուն ուղղութիւն, Որպէսզի մենք չերթանք անդունդ:
Երկնքին մէջ չկան աստղեր,
Ամպերուն մէջ կորսուած են, Տէր,
Բայց մենք Քեզմով ճամբան գտանք
Քու երկնքիդ մէջ շարունակ:
|Գետերուն մէջ երբ ջուր չկայ,
Սրտերուն մէջ երբ սէր չկայ,
Աստուած իմ, Դուն լեցուր զանոնք
Ջրհեղեղովն սիրոյդ անհուն:
Լիբանան