Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ, մինչ Հայաստանի քաղաքական եւ ռազմական իրավիճակը կը շարունակէ սրիլ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմատետրի վրայ զբաղած է` փորձելով վերահսկողութիւն հաստատել Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ: Ան կարծես չի գիտակցիր, որ եկեղեցւոյ գործերուն իր մնայուն միջամտութեամբ կը խախտէ սահմանադրութեամբ ամրագրուած եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սկզբունքը:
Աւելի՛ն. վերջին եօթը տարիներուն Փաշինեան խախտած է հարիւրաւոր օրէնքներ: Ան 2020-ի Արցախի պատերազմին Հայաստանը առաջնորդեց դէպի աղէտալի պարտութիւն, 2023-ին յանձնեց Արցախը, իսկ 2021 եւ 2022 թուականներուն թոյլ տուաւ, որ ազրպէյճանական զօրքերը գրաւեն Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ տարածքներ` հակառակ իր սահմանադրական պարտականութեան` պաշտպանել երկրին սահմանները: Իրավիճակը աւելի վատթարացուց, երբ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ընէ ազրպէյճանցի զօրքերը հայկական տարածքներէն դուրս բերելու համար, ան անամօթաբար ըսաւ. «Ոչինչ»:
Կեղծ ժողովրդավարութեան քողին տակ Փաշինեան փաստօրէն վերածուած է բռնակալի. իր մենաշնորհը դարձուցած է իշխանութիւնը` վերահսկելով կառավարութեան բոլոր ճիւղերը, Ազգային ժողովին մէջ պահպանելով մեծամասնութիւն, նշանակելով հնազանդ նախագահ եւ հրամայելով դատաւորներուն ու ապահովական մարմիններուն` գործադրել իր անօրինական հրահանգները:
Իր քաղաքական եւ ռազմական ձախողութիւններէն հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով Փաշինեան մայիս 29-ի կառավարութեան նիստին յարձակում գործեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ: Յաջորդ շաբաթներուն Դիմատետրի վրայ տասնեակ զրպարտիչ գրառումներ կատարեց եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներուն դէմ` յաճախ գործածելով լկտի բառապաշար, առանց որեւէ փաստ ներկայացնելու, որ բացայայտ խախտում է Հայաստանի օրէնքներուն: Ան բազմիցս պահանջեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հրաժարականը կամ հեռացումը: Միեւնոյն ժամանակ Փաշինեանի կենակիցը` Աննա Յակոբեան, հետեւեցաւ անոր օրինակին իր գռեհիկ գրառումներով` զրպարտելով բարձրաստիճան հոգեւորականներ, զանոնք անուանելով «երկրի գլխաւոր մակապիղծներ» եւ «սեւ սքեմ հագնող այլասերած մոլագարներ»:
Վերջերս կայացած հանրային նախաձեռնութեան մը ընթացքին Փաշինեան փորձեց բացատրել, թէ ինչո՛ւ ինք եւ Աննան երբեք չեն ամուսնացած: Ան յայտարարեց, որ իբր թէ նախկին իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուելու մտահոգութեամբ եւ տունը բռնագրաւուելու վախով տունը արձանագրած է Աննային անունով: Ասիկա փաստօրէն յօրինում է` քննադատութենէն խուսափելու նպատակով, քանի որ զգաց, որ հասարակութեան մէջ սկսած էր կասկած ստեղծուիլ իր ենթադրեալ բարեպաշտութեան նկատմամբ: Խախտելով ամուսնութեան սրբութիւնը` ան ոչ մէկ իրաւունք ունի անարատութիւն քարոզելու: Ինչպէս նշուած է Աստուածաշունչին մէջ (Եբրայեցիս 13.4)` «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է, եւ անկողինը` անարատ. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները»: Աւելի՛ն. Հայաստանի ո՛չ ներկայ, ո՛չ ալ նախկին կառավարութիւնները երբեւէ չեն բռնագրաւած ձերբակալուած անձի սեփականութիւնը, ներառեալ` Փաշինեանի պարագային:
Վերջերս Փաշինեան յայտարարեց նոր խորհուրդի ստեղծման մասին` կաթողիկոսը հեռացնելու նպատակով: Ան նոյնիսկ կոչ ուղղեց ժողովուրդին` հաւաքուելու Սուրբ Էջմիածին` ստիպելու կաթողիկոսը, որ հրաժարական տայ: Ըստ իրեն, հեռացումէն ետք պիտի նշանակէ տեղապահ (եկեղեցւոյ ժամանակաւոր ղեկավար)` ամուսնացեալ քահանայ, ինչ որ բացայայտօրէն կը հակասէ եկեղեցական օրէնքներուն: Ապա պիտի ընտրէ նոր կաթողիկոս` իր վերաձեւած եկեղեցւոյ կանոնագիրքով: Այս բոլորը կը հանդիսանան ոչ միայն եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սկզբունքի կոպիտ խախտում, այլ նաեւ` սահմանադրութեան ամբողջական ոտնահարում: Մարդ մը, որ ձախողած է վարչապետի պաշտօնին մէջ, այժմ կը փորձէ հեռացնել ընտրուած կաթողիկոսը, վերաշարադրել կանոնագիրքը, տեղապահ նշանակել ամուսնացեալ քահանայ եւ հաստատել նոր կաթողիկոս:
Տարօրինակ կերպով Փաշինեան յայտարարեց, որ ինք պիտի ստուգէ ապագայ կաթողիկոսական թեկնածուներուն բարոյական մաքրութիւնը` առանց պարզաբանելու, թէ ինչպէ՛ս պիտի կատարէ այդ անկարելի առաքելութիւնը:
Ահա՛ աւելի լաւ առաջարկ մը` Փաշինեանին համար. ինչո՞ւ ինքզինք չնշանակէ կաթողիկոս, որպէսզի միեւնոյն ատեն ղեկավարէ թէ՛ պետութիւնը թէ՛ եկեղեցին: Կամ ալ իր կենակիցը` Աննա Յակոբեանը նշանակէ կաթողիկոս` եկեղեցւոյ «արդիականացում»-ի համար: Նոյնիսկ կրնայ սրբադասել զայն` զերծ կացուցելով բարոյական որեւէ ստուգումէն: Միակ կազմակերպչական խնդիրը այն է, որ «Սրբուհի» Աննան պիտի չեղարկէ Փեքին մեկնելու իր ծրագիրը` երկու տարի չինական փիլիսոփայութիւն ուսանելու:
Փաշինեան յոխորտանքով յայտարարեց, որ ինք օժտուած է բոլոր յատկութիւններով` ղեկավարելու իր իսկ ստեղծած խորհուրդը, որուն առաքելութիւնն է կաթողիկոսը հեռացնել. խորհուրդի անդամները պէտք է`
Ըլլան մկրտուած Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ (չենք գիտեր` Փաշինեանը մկրտուա՞ծ է, թէ՞ ոչ),
Հաւատան Յիսուս Քրիստոսին,
Գոնէ մէկ անգամ ամբողջական կերպով կարդացած ըլլան Աստուածաշունչը,
Վերջին հինգ տարիներուն գոնէ մէկ անգամ պահած ըլլան Մեծ պահքը,
Ամէն օր աղօթք ընեն:
Ան նաեւ պայման դրաւ, որ խորհուրդի ոեւէ կուսակրօն հոգեւորական պէտք չէ խախտած ըլլայ իր կուսակրօնութեան ուխտը: Բայց ոչ մէկ բացատրութիւն կու տայ, թէ ինչպէ՛ս պիտի ստուգէ այս պահանջներուն կատարումը:
Հակառակ նախորդ շաբաթ շրջան ընող լուրերուն, թէ Փաշինեանի հրահրած ամբոխը պիտի հաւաքուի Սուրբ Էջմիածին` «ազատելու» կաթողիկոսարանը Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն, նման բան տեղի չունեցաւ: Կա՛մ լուրերը կեղծ էին, եւ կամ Փաշինեան յետաձգեց իր այս քայլը` նկատելով, որ ընդդիմադիրները հաւաքուած են պաշտպանելու կաթողիկոսը: Նկատի ունենալով, որ եկեղեցւոյ կողմնակիցները զգալիօրէն աւելի են Փաշինեանի հետեւորդներէն, երկու խումբերուն միջեւ որեւէ բախում կրնայ վերածուիլ արիւնահեղութեան` Սուրբ Էջմիածնի սուրբ հողին վրայ:
Ըստ Ամերիկայի Միջազգային հանրապետական հիմնարկի վերջին հարցախոյզին, Հայաստանի բնակչութեան 58 տոկոսը կը սատարէ եկեղեցւոյ, այս թիւը նախորդ տարուան հետ բաղդատելով` 10 տոկոսով բարձր է: Միեւնոյն ժամանակ 59 տոկոսը դժգոհ է վարչապետին աշխատանքէն` 9 տոկոսով աւելի քան նախորդ տարի:
Փաշինեանի անօրինական եւ կործանարար ծրագիրը յաջողութեան չնչին հաւանականութիւն ունի: Կաթողիկոսը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի չհրաժարի: Փաշինեանի միակ կարելի ուղին կը մնայ ապահովական ուժեր ուղարկել եւ կեղծ մեղադրանքներով ձերբակալել Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Եթէ այդպիսի բան պատահի, ապա նոր կաթողիկոս պէտք չէ ընտրուի` արտօնելով Գարեգին Բ.-ը բանտէն շարունակել եկեղեցւոյ առաջնորդութիւնը: Ի՜նչ խայտառակութիւն աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգին համար:
Յոյսով ենք` այս սարսափելի բեմագրութիւններէն ոչ մէկը կ՛իրականանայ: Փաշինեան ի՛նք պէտք է հրաժարի: Եթէ մերժէ, պէտք է անմիջապէս հեռացուի: Հայ ժողովուրդը չի կրնար սպասել մինչեւ 2026-ի յունիս` յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Մինչ այդ Հայաստան կրնայ գոյութիւն չունենալ, քանի որ Փաշինեանը զայն կը քանդէ մաս առ մաս, օր օրի: