Քառասուներկու տարիներ առաջ լիբանանահայ հայրենաշունչ միջավայրի մէջ ծնած եւ ազգային հայրենասիրական կազմաւորում ստացած Սիմոն Եահնիեանը, Սեդրակ Աճեմեանը, Արա Քըրճըլեանը, Սարգիս Աբրահամեանն ու Վաչէ Տաղլեանը միական ու վճռական քայլ դրին ողջակիզման եւ հերոսացման բարձունքին վրայ: Խոնարհ տղաք էին, բայց իրենց արարքով վերածուեցան ազգի հերոսներու` բանալով նոր էջ մը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթին մէջ: Հայ յեղափոխական բանակի մարտիկներուն համար Հայ դատի արդար լուծումը, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումը կենաց-մահու հարց դարձած էր: Արեւմտահայաստանն ու հայրենիքի ազատագրութեան գաղափարը գերագոյն նպատակ էր: Առաջին քայլը լռութեան պատը կործանելն էր, Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելը, եւ ապա` արդար հատուցում մը պարտադրել` պատմական արդարութեան վերականգնումով:
Արդարեւ, Լիզպոնի գործողութիւնը մաս կը կազմէ այդ տարիներու հակաթրքական պայքարի ընդհանուր շարժման շղթային: Թրքական պետութեան եւ անոր դիւանագէտներուն դէմ բազմաթիւ աքթեր կատարուեցան յստակ ուղղութեամբ եւ նպատակներով: Լիզպոնը անկիւնադարձային եղաւ ու նոր թափ հաղորդեց Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, հողային, մարդկային եւ մշակութային կորուստներու հատուցման պահանջատիրական պայքարին:
Ան խորհրդանիշն ու փաստն է վերադարձի` դէպի յեղափոխական աւանդներ, Դատը քաղաքական հարթակէն փոխադրելով ուժական դիմադրութեան, նպատակադրելով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնումը: Լիզպոնը միշտ կը միտի զգուշացնել թշնամին, թէ առանց հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչումին եւ պատմական արդարութեան հաստատման` հնարաւոր չէ հասնիլ արդարութեան:
Հայրենիքին եւ հայութեան ազատութեան համար անոնք գիտակցաբար ընտրեցին նահատակութիւնը: Անձնուիրութեան ու ինքնազոհութեան իրենց վճիռը տուին խոր գիտակցութեամբ` մէկդի նետելով կեանքի բոլոր բարիքները, գերադասելով գաղափարը ապագայի օրերէն: Անտեսեցին կեանքի հմայքները, որպէսզի ապրեցնեն ամբողջ ժողովուրդ մը` ի սպաս ամբողջ Դատի:
Դուք, ընկերնե՛ր, հայրենիքէն հեռու ծնած, բայց հայրենիք երազած` ձեր մէջ կրեցիք ամբողջ ազգին ցաւը` յանուն ազատութեան ու վեհ իտէալներու ձեռքբերման: Ուրիշներու նման` դուք ալ կրնայիք կազմել ձեր ապագան ու ապրիլ խաղաղ կեանք:
Բայց ընտրեցիք վերելքը: Ընտրեցիք քալել դէպի գագաթ: Մեր մեծագոյն գաղափարապաշտ առաջնորդի` Սիմոն Զաւարեանի ամենասուրբ պատգամը` «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է» լոզունգը դարձուցիք իրականութիւն` զոհելով ձեր ամենաթանկագինը: Խօսքի փոխարէն` գործն ընտրեցիք: Մերժեցիք անտարբերութիւնն ու սովորականը:
Սիրոյ ու երգի փոխարէն, հայու յեղափոխական նկարագրի ջահակիրը դառնալով, ձեր զէնքը ուղղեցիք թշնամիին: Թշնամի, որ մինչ օրս կը գրաւէ մեր հողը, կը սպառնայ մեր մշակոյթին ու ապագային:
Ճզմեցիք ձեր «ես»-ը, մերժեցիք` նիւթապաշտութիւնը, շահամոլութիւնը, անձնական յաջողութիւնը:
Յաղթեցիք մահուան, որպէսզի ձեր պատգամը փոխանցէք նախ հայ երիտասարդութեան, ցեղասպան թուրք պետութեան, եւ վերջապէս` անտարբեր լռութեամբ Հայկական հարցը պատմութիւն սեպող աշխարհին: Լիզպոնը դարձաւ կանչ մեզմէ իւրաքանչիւրին:
Ան իր վերանորոգ ոգեղէն լոյսով դարձաւ եւ կը մնայ ներշնչման աղբիւր պատանիներու եւ երիտասարդներու համար. սերունդներ դաստիարակուեցան անոր օրինակով, գաղափարապէս զօրացան եւ մուտք գործեցին պայքարի ճամբան: Մեր Հայաստանէն մաս մը անկախ է այսօր, Արցախը` գրաւուած ու հայաթափուած, սփիւռքը` օտարացումի եւ ինքնութեան պահպանման վտանգներով լեցուն: Հետեւաբար Լիզպոնի հերոսական գործողութիւնը, անոր սուրբերուն տեսերիզով փոխանցած միտքերը հրամայական պատգամ մըն են մեր ժողովուրդին: Չորս տասնամեակ անց հինգ հերոսներու նահատակութիւնը կը շարունակէ կենդանի մնալ մեր գիտակցութեան մէջ` իր մշտնջենական ուղենիշներով, որոնք իմաստ կը ստանան ի դէմս ժամանակի մարտահրաւէրներուն:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին` հայ ժողովուրդը տակաւին չէ ստացած արդար հատուցում, պատմական արդարութեան վերականգնում, իր հողին վրայ ապրելու ու արարելու իրաւունք:
Նահատակութիւնը կը շարունակէ ընկալուիլ իբրեւ գերագոյն արժէք` նոր միջոցներու եւ պայմաններուն մէջ նաեւ, երիտասարդութիւնը կը դաստիարակուի Լիզպոնի նուիրումի եւ արիութեան ոգիով: Լիզպոնի գործողութիւնը կը յիշեցնէ, որ գաղափարական պայքարը առանց զոհողութեան` ոչ մէկ խորք կ՛ունենայ:
Գործողութիւնը, մամուլին եւ աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնացումն ունենալով, այսօր նաեւ կը յիշեցնէ քարոզչութեան ու միջազգային հանրային կարծիքին հասնելու կարեւորութեան մասին:
Լիզպոնը հաւաքական միտքի արգասիքն է` բխած իտէալներու հիմքերէն: Ազգային շահը հրատապ դասող ուժերն ու միաւորները պէտք է կարողանան շարունակել այս միտքը` առանց պատեհապաշտութեան եւ գաղափարական սայթաքումներու:
Ու հետեւաբար ներշնչուիլ Լիզպոնով` կը նշանակէ պայքարիլ հայ ժողովուրդի դիմագրաւուած նոր իրադրութեան դէմ` Արցախի կորուստ, Հայաստանի սահմաններու խախտում, ազգային արժէքներու աղաւաղում, իշխանական վերնախաւի կողմէ ազգային գաղափարախօսութեան բացայայտ մերժում.
կը նշանակէ ամէն գնով հեռացնել թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին զիջող ու ծառայող Հայաստանի իշխանութիւններուն, ներշնչուիլ Լիզպոնով` կը նշանակէ դէմ դնել ապազգայինին, ստրկամիտ հոսանքներուն, պահանջատիրութեան փոխարէն` կեղծ խաղաղութեամբ խոստումներով առաջնորդուողներուն:
Ներշնչուիլ` կը նշանակէ անհատական շահերէն վեր դասել հաւաքականը, դէմ դնել դաւաճանութեան, օտարացումին ու թուլամորթութեան:
Ներշնչուիլ` կը նշանակէ կառչիլ մեր իրաւունքներուն, արդար պատիժը տալ ազգադաւ գործակցութիւններուն:
Կը նշանակէ վերակազմակերպել սփիւռքը, զօրաշարժի ենթարկել զայն իբրեւ Դատի իրաւատէր ու պահանջատէր ժառանգորդը միաժամանակ պայքարիլ մեր միջավայրէն ներս երեւացող թրքական երեւոյթներու հանդէպ համակրանք ու «վնաս չունիներու» ալիքին դէմ:
Սիրելի՛ երիտասարդներ,
Ձեզմէ իւրաքանչիւրին եւ, նոյնպէս, յաջորդ սերունդներուն համար Լիզպոնը թող դառնայ ոգեղէն ներշնչման եւ պայքարի աղբիւր, ուխտին հաւատարիմ մնալու ուժ ու հաւատամք:
Դուք այսօր կոչուած էք ընդարձակելու ձեր շարքերը` ներգրաւելով երիտասարդութեան տարբեր խաւերը, հայկական շրջանակներէ հեռու մնացողները, տալով անոնց միաժամանակ թէ՛ ժամանակակից մտածողութիւն եւ թէ՛ ազգային ոգի: Արժէքներու այս երկակի համադրութեան ճիշդ միջոցը գտնելը եւ հետեւողական աշխատանքը պիտի ըլլան գրաւականը` ապագայ տասնամեակներուն ձեր գործունէութեան արդիւնաւէտութեան եւ յաջողութեան:
Նորարարութեան օգտագործումն ու ժամանակակից մարտահրաւէրներուն մէջ ներգործելու կարողութիւնը` պահելով ուղեցոյց` արժեհամակարգային ուղենիշները:
Նորին եւ աւանդականին միաւորումը, զատորոշել չոր դատողութենէն գաղափարական ըմբռնումը եւ այսօրուան երիտասարդի ընկալումները, զայն վերածել շարժումի, գործունէութեան եւ արարող աշխատանքի:
Հայ դատը նոր ոճով առաջնորդելու ու յաջողութիւններու ձգտելու յանձնառութիւնը պիտի վերցնէք դուք` միաժամանակ աւելի կառչած մնալով իտէալին, Հայաստանին ու հայրենիքին եւ այսպիսով արժանի պատասխանը տալով սփիւռքը Հայաստանէն անջատելու բոլոր փորձերուն: Դատն ու Լիզպոնի պատգամը պէտք է համահայկական հնչեղութեան արժանանան անպայման` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ: Դառնայ միացնող կամուրջ` յանուն նոյն պայքարի:
Թող «Կ՛երդնունք անբիծ պատուովը ձեր` ընդարձակել պայքարը մեր»-ը դառնայ իսկական խորհրդանիշ ու շարժիչ ուժ բոլորիս, առաջնորդէ մեր կեանքը եւ բազմապատկէ հայու պայքարող տեսակն ու ոգին:
Լիզպոնի սխրագործութիւնը պիտի ապրի յաւերժ:
Բի՛ւր յարգանք ձեզի, աննմա՛ն հերոսներ:
Պատի՛ւ, ձեզ ծնող մայրերուն եւ ընտանիքներուն:
Փա՛ռք` ազատ անկախ ու միացեալ Հայաստանին:
* Լիզպոնի տղոց նուիրուած յիշատակի ձեռնարկին արտասանուած խօսք: