Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահուան Բօթին Ի Լուր. Տիպար Ու Հարազատ Ընկերս` Տարաբախտ Աբրահամ (Աբօ) Սաղտճեանը Վերյիշելով

Օգոստոս 2, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Աբօ Սաղտճեան ու Պարոյր Աղպաշեան 2009-ին կ՛այցելեն Հայ աւետ. քոլեճի իրենց վաստակաւոր ուսուցիչին (ապա` տնօրէն), դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանին:

Երկարամեայ ընկերութիւն մը, որ սկսած էր շատ վաղուց ու շարունակուած` անդադար եւ անընդմէջ, մօտ թէ հեռու ժամանակներէն, երբեք չէր կրնար ըլլալ առժամեայ կամ անցողակի, հարեւանցի թէ մակերեսային, որովհետեւ հոն տիրող յարաբերութիւնները հիմնուած չէին կրնար ըլլալ ըստ պատահականութեան, այլ` գերազանցապէս հոգեկան, հարազատ, անմիջական ու հիմնուած անջնջելի կապերու վրայ:

Ճիշդ է` ամէն յարաբերութիւն նոյն տարողութեամբ, չափով ու մօտիկութեամբ չ՛ընթանար, ոչ ալ կը գտնուի նոյն հորիզոնականին վրայ, բայց կան պարագաներ, կենդանի օրինակներ, եզակի երեւոյթներ, որոնք իրենց ջերմութեամբ, անկեղծութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ ազնուութեամբ կը նշանաւորուին, կը յատկանշուին ու կը գերադասուին:

Ընթացիկ կեանքը երբեմն կրնայ խոչընդոտել,  կամ տարբաղադրել, կամ պակսեցնել ոմանց յարաբերութիւններու լարերը, բայց եթէ ատոնք առողջ են ու ամուր, կարելի չէ զանոնք արմատախիլ ընել ու տեղաշարժել այն ոգիներէն ու զգացումներէն, որոնք աճած, զարգացած ու գոյատեւած են բնական եւ արմատական ոլորտներու ընդմէջէն:

***

Այս արագ, բայց անխուսափելի մտորումներուն մէջ ինկայ, երբ մահուան բօթը առի (Ֆրեզնոյէն, Միացեալ Նահանգներ) ինծի համար հոգեղբայր, քաջեղբայր ու մարդեղբայր, տարիներու անզուգական եւ անգին ընկեր Աբրահամ (Աբօ) Սաղտճեանին, որ իր մահկանացուն կնքեց 17 յունիս 2025-ին` վերջին տարիներուն տառապելով լուրջ ու ծանր հիւանդութեամբ, առանց կարենալ յաղթահարելու կամ շրջանցելու զայն:

Ինչպէս ըսի, թէեւ քիչ թէ շատ ծանօթ էի թանկագին ընկերոջս տխուր վիճակին, բայց միամտօրէն կը փորձէի յուսալ (արդեօ՞ք հաւատալ), որ սիրելի Աբոն դարձեալ կը տեսնեմ, կը լսեմ զինք ու կը զրուցեմ հետը:

Ափսո՜ս, նախախնամութիւնը այդ «բարեբախտութիւնը» զլացաւ ինծի, զրկեց թէ՛ զինք, թէ՛ իր ընտանեկան պարագաները, թէ՛ զիս եւ առհասարակ բոլոր զինք ճանչցողները:

Ազգային-գաղափարական կեանքին մէջ միշտ գործօն ներկայութիւն մը եղած էր Լիբանանի թէ Ֆրեզնոյի մէջ` ստանձնելով բազմաթիւ պաշտօններ, իր նիւթական ու բարոյական աջակցութիւններու անսակարկ ծառայութիւններով եւ նուիրաբերումներով, միշտ հաւատացած ըլլալով այդ առաքելութիւններու մէջ մնալ` իբրեւ յառաջադէմ, ծառայող, պատրաստակամ եւ ազնուաբարոյ հայորդի մը:

Ամուսնացած ու կազմած էր տոհմիկ ընտանիք մը իր կեանքի ընկերուհիին` Ռոզային հետ, ու բախտաւորուած` երկու զաւակներով` Յովիկ ու Թալին, զորս կը սիրէր ու կը պաշտէր անսահմանօրէն, աչքի լոյսի պէս կը գուրգուրար անոնց վրայ:

Չարաբաստիկ ճակատագիրը անգութ եղաւ Սաղտճեան զոյգին նկատմամբ, երբ իրենց զաւակներով աշխարհ մը ունէին, սակայն շուրջ 11 տարի առաջ իր շքեղ բնակարանին առջեւ ինքնաշարժի արկածի զոհ գնաց իր հոգեհատոր` Յովիկը (որուն յիշատակին նոյն վայրին մէջ յուշակոթող մը կանգնեցուց), իսկ աւելի ուշ Աբոն կորսնցուց իր կողակիցը: Այս տխուր ու ցաւալի բաժանումները իրեն համար եղան ու մնացին անբուժելի վէրքեր` երբեք չհամոզուելով անոնց բացակայութեան:

Որոշ ատեն մը իր Քեսապ այցելութիւնները (հօր կողմէ քեսապցի էր), ապա հայրենիք` միշտ զանոնք պահելով իր կիզակէտին վրայ, երբեմն ալ իր ծննդավայր` Լիբանան, հոն ունեցած հանդիպումները փոքր ու մասամբ կազդուրեցին զինք, բայց բնաւ չկրցան ձերբազատել այն տեսիլքներէն ու մտածումներէն, որ իր զաւակն ու կինը միշտ գոյ էին, կը խօսէին հետը, իսկ ինք կ՛ապրէր անոնց մէջ` գտնելով իր ապրելու իրաւունքը, իր գոյութեան գրաւականը, բայց մարմնական անողոքութիւնը չխնայեց զինք, ու գնաց միանալու իր սիրեցեալներուն:

***

Աբոն ու Պարոյրը, Պուրճի հրապարակ (1964)

Աբոն եւ ես տարեկից էինք:

Այն Մըրէյսէի բնակիչ եւ ապրած` նոյն թաղամասի հարեւանութեամբ, մանաւանդ երբ շրջանը կը վխտար հայութեամբ, մեծ մասամբ` բաղկացած մուսալեռցիներէ ու քեսապցիներէ, որոնք բոլորն ալ զիրար կը ճանչնային, կը յարաբերէին իրարու հետ ու կ՛այցելէին իրար` մեծ ընտանիքի մը հոգեկցութեամբ:

Թաղային-տեղայնական ու միջավայրային բնակելիութիւնը աւելի թափ ստացան եւ անքակտելի մտերմութեան վերածուեցան, երբ միասնաբար սկսանք յաճախել Հայ աւետարանական քոլեճ, որ թէեւ քալելով յոգնեցուցիչ էր (զառիվեր ըլլալուն), բայց հաճելի էր` իր զանազան երեսներով ու դրուագներով, կողմերով ու զրոյցներով:

Այսպէս շարունակեցինք մեր դպրոցական ուսումնառութիւնը, մինչեւ որ աւարտեցինք 1964-ին, սակայն այդ ընթացքին մեր ընկերային կապերը, դպրոցէն ներս ու դուրս, մնացին ցուցանշային ու կենսունակ պատկերներ, որովհետեւ, մեր տուներէն ու դպրոցէն աւելի` միշտ միասին էինք (գիւղ, շարժապատկեր, ծովափ, տարեդարձ եւ այլն)` թէ՛ արտաքին երիտասարդական պահերով, թէ՛ ներքին ընտանեկան հաւաքներով, ուր Աբոն, Քերոբը, Սարգիսը (†), Պարոյրը, Աւետիսը, Արմէնը, Րաֆֆին եւ քանի մը այլ համակերպելի դասընկերներ միշտ միասին էին, համերաշխ, հասկացողական եւ անբասիր զգացումներով ու բուխ տրամադրութիւններով:

***

Տէր եւ տիկին Պարոյր եւ Անի Աղպաշեաններ` Աբօ Սաղտճեանի հետ, գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի կիսանդրիին առջեւ (Ֆրեզնօ, 2011)

Իմ Հայաստան մեկնիլս` համալսարանական ուսումս հոն շարունակելու, յուզիչ էր, սրտառուչ ու հոգեշարժ, բայց` ետդարձ չկար, մեր նամակագրութիւններն ու հաղորդակցութիւնները շարունակուեցան նոյն ջերմութեամբ, մինչեւ որ իմացայ, թէ Աբոն ալ Ամերիկա մեկնած է ուսումը շարունակելու, ապա հոն… հաստատուելու, Ֆրեզնոյի մէջ, իր սիրած, որթատունկային ցանքերով զբաղելու, մեծ յաջողութիւններու հասնելով:

Մեր կապերը ոչ միայն շարունակուեցան, այլ նաեւ հիմնաւորուեցան, երբ 1988-ին, 1991-ին, 1996-ին, 2011-ին, պաշտօնական եւ այլ առիթներով Ամերիկա այցելեցի, ընդ որում` մէկէ աւելի անգամներ Աբոյին բնակարանը հիւրընկալուելով ու վայելելով իր եւ իր ընտանիքին ազնիւ ու հոգատար հիւրասիրութիւնը` վերյիշելով մեր կեանքի ճանապարհներու ոսկեայ շղթաներու յուշերը:

Նոյն ապրումները ունեցանք նաեւ, երբ Աբոն քանի մը անգամ այցելեց Լիբանան, ուր անցուցինք դարձեալ հոգեցունց յիշատակներ` իրենց հարուստ, անջնջելի եւ երազային տպաւորութիւններով:

Այսօր, երբ Աբոն չկայ` անհաւատալի, բայց իրաւ հասկացողութեամբ, բնական է, տեղ մը խորապէս կը տխրինք, տեղ մըն ալ մեծապէս կ՛ոգեւորուինք, որ Աբոյին նման մաքրամաքուր, անարատ եւ անբիծ նկարագիրով անձի մը հետ ապրած ու վայելած ենք անմոռանալի ու յիշարժան ժամանակներ, պայծառ ու լուսաւոր շողերով:

***

Շատ պիտի ուզէի այս տողերը երկարէին կամ գրուէին աւելի պայծառակերտ ու շնորհաշատ առիթով մը, որ վայել էր մեր սիրելի Աբոյին եւ իր բերած ընկերային վաստակին ու ազգային ներդրումներուն, անշուշտ ատոնք շատ դիւրին ու հաճելի պիտի ըլլային, քանի «ծով» յուշեր ունիմ, բայց չի խանգարեր, որ անոնք մնան ու ճանչցուին այն հարազատութեան ու մտերմութեան օղակներուն մէջ, որոնց լիովին արժանի էր:

Յիշեցնեմ նաեւ, որ մենք ընտանեկան յարաբերութիւններ ալ ունէինք, ծնողքին` ողբացեալներ Յովհաննէսին եւ Սառային, երէց եղբօր` ողբ. Վարուժին, նաեւ նոյնքան սիրելի եղբօր` Կարպիսին ու քրոջ` Սարգիսին ու Մարալին, որոնց բոլորին կը յայտնեմ իմ խորազգաց ցաւակցութիւններս:

Յիշատակդ վառ եւ անշէջ, անգի՛ն ընկերս:

Պէյրութ

 

Նախորդը

Յիշելով Ճորճ Թիւթիւնճեանը

Յաջորդը

Արդար Կանչ Մը Եւս

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?