Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մասին, Ցաւին Եւ Կարօտին Համար… Զիատ Ռահպանիի Յիշատակին

Օգոստոս 1, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Եղբայրներս` արաբները, աւելի երջանիկ են:

Գոնէ ցաւի աղբիւր մը ունին:

Գաղափարի, շունչի, գոյներու անուններ ունին:

Իրարու քովէն անցած պահուն բարեւել գիտեն, խունկը ճիշդ տեղը վառել գիտեն:  Երազներուն անուն տալ գիտեն, երազել գիտեն ու երազին համար մեռնիլ ալ գիտեն:

Հիմա հին տեսարանը նորէն կը կրկնուի, եւ Համրա փողոցի կիրակնօրեայ լռութիւնը առագաստի մը պէս կը բացուի…

Այդ լռութիւնը տուփի կը վերածեմ, կը բանամ տուփը երանութեան օրերու…

Քանի՜ քանի՛ ընկերներու նկարներ, քանի անգամ կրակ հանած անուններ, միասին կրակ բացած, միասին սիրած, միասին ճաշի նստած, միասին աղօթած …

Ու հիմա` հեռացած:

Ցաւը միայն հեռացումի մասին չէ, հին բառերուն կառչելու մասին չէ:

Անցեալը չէ ցաւը, ոչ ալ ապագայի ահն է:

Ընկերներու կորուստն ալ չէ ցաւը, այլ` ահագնութիւնը եւ սարսուռը, երբ կը կիսես կիրակնօրեայ տօթը եւ կը ճմլես բոլոր սէրերդ ափիդ մէջ:

Կարծես աշխարհի սկիզբը մոռցեր ես, մոռցեր ես Պարպարի պէօրէկները, ճերմակ Թոյոթան, որ կը կիսէր այդ վիրաւոր մայրաքաղաքի սիրտը:

Ցաւոտ լեարդներու մէջ եւ մինչեւ առաւօտները լուսցնելու գաղափարական վէճերը, որոնք քեզ պիտի տանին մինչեւ հեռուներ…

Ցաւը անցեալի քրտինքը չէ, կեանքի փիլիսոփայութիւնը եւ մահերը չեն, որոնք կը ծաղկին ամէն վայրկեան…

Ցաւը լրագրութիւնը չէ, երաժշտութիւնը չէ, կորուստներու մեծ պահը չէ… եւ կանացի պայուսակի աթէլիէներէն ելած ծուխը չէ..

Ում Քալթումին ձայնի ճիչը չէ ցաւը, հեռացումը չէ, ոչ ալ կապուած բերաններու շքերթն է…

Ցաւը ամայութիւնը չէ, ստրկութեան պահը չէ, այս շքեղ լեզուին մահը չէ, որ հիմա Երեւանի մայթերէն կը սահի եւ հեռադիտակով կը դիտարկէ «Քովիտ»-ի առանձնութիւնները:

Ցաւը մեծ կորուստի մը վերջին երգին  լռութիւնը չէ, աղմուկը չէ համայնավարներուն…

Ցաւը, տակաւին, Պերլինի պատը չէ, ահագնացումը չէ եւ դաշնակցական ընկերներու յիշատակը չէ միայն:

Ցաւը մեր հաւաքական մարմինն է, մեր սփոփանքն է, մեր անճրկումը, մեր լեզուակապութիւնը եւ սպիտակ քողը, որ մեր վրայ նետեցին վերջին օրը հեռացումի:

Ցաւը կիրքէն ետք եկած պարապութիւնը չէ, ամլութիւնը չէ, հեռետիկոսութիւնը չէ, աթոռին վրայ մեռնելու փափաքը չէ:

Ցաւը դուն չես, ընկալումդ չէ, սփռուածութիւնդ կամ առաւօտեան սուրճդ չէ, դանդաղ-մեռնող ռուսական կազի եւ թրքական կրակի միջեւ:

Յուլիսեան տապին մէջէն քեզի կը թուի, որ ամէն ինչ հիմա պիտի մեռնի…

Բոլոր սէրերը կը մարին, ու դուն առանձինդ քու սուրբիդ հետ, թաղէ թաղ եւ ամայութիւնէ ամայութիւն պիտի փնտռես բանաստեղծութեան վերջին շիթը, վերջին քրտինքի կաթիլը եւ վերջին սերմդ կանգնումի աւարտին:

Ցաւը կորուստը չէ տակաւին, ոչ ալ Սալին վերնայարկին վրայ մեզի տրուած «կանաչ տերեւներ»-ու հանրագումարն է:

Նստած ես բանաստեղծութեան կեդրոնը եւ կը փնտռես սպիտակ աչքերդ դիտարկելու համար գալիք աղմուկները եւ մեծ կորուստները, որոնք դեռ պիտի հասնին մեթրոյի վերջին կայարանին առջեւ…

Ցաւը միայն կորուստը չէ, ըլլալը չէ, սիրելը չէ, այլ` պատրաստուիլը մեծ թռիչքի մը, որ վերջ չունի եւ ոչ ալ սկիզբ…

Շատախօսութիւն ալ չէ ցաւը:

Այլ` միայն լռութիւն…

 

 

 

 

Նախորդը

Ծառերը Մանկութեան Յուշերու Մէջ

Յաջորդը

Ֆրանչեսքօ Թոթթիի Զաւակը Որոշեց Լքել Ֆութպոլի Իր Ասպարէզը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?