Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքը` Իմ Ընկերս

Յուլիս 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԻՒԼԷՆ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Բնական է, որ ամէն մարդ նախասիրութիւն մը ունենայ. իմ ալ նախասիրութիւնս գիրքն է, հաց ու ջուրի պէս կենսական է ինծի համար: Բարեբախտաբար  վերջին շրջանին հարստացայ նոր գիրքերով:

Մարդուն անկեղծ բարեկամը գիրքն է, ուզած ժամուդ կրնաս կարդալ եւ մէկը միւսին տեղը չի գրաւեր. կը խրատէ, կը խնդացնէ, կ՛օգնէ, կը զարգացնէ, բառապաշարդ կը հարստացնէ, երբ ձեռքերուդ մէջն է, կը զգաս անոր մտերմութիւնը…

Գիրքերու կողքին, մամուլն ալ կրնայ մեզ տանիլ նոյնանման աշխարհի մը ճամբով: Օրաթերթերու մէջ կարելի է օրական հանդիպիլ խաչբառերու, շաբաթը անգամ մը` աղեղնաբառի` բառամթերքի գիտելիքներով լեցուն: Եթէ ուզենք, ինչպէս առածը կ՛ըսէ, նեղ կ՛ընենք, տեղ կ՛ընենք. որքան ալ գործով զբաղած ըլլանք, ժամանակ կը գտնենք կարդալու, իսկ եթէ չուզենք կարդալ, պատճառներ կը փնտռենք չկարդալու: Օրուան գործի տաղտուկէն յոգնութիւնս կը չքանայ, երբ նախքան քնանալս անպայման էջ մը կարդամ, որպէսզի կարենամ օրը աւարտած սեպել ու հանգիստ քնանալ:

Եթէ շուարած ես, թէ ի՛նչ պէտք է եփես, կը բանաս ճաշագիրքը եւ կ՛ընտրես եփելիքդ: Վստահաբար այդ խոհագիրքը ինքնիրեն չպատրաստուեցաւ. հոն կայ աշխատանք: Ամէնէն նոր ճաշագիրքս, որ ունեցայ,  Փառանձեմ Տիւքենճեան-Քելեանի «Խոհագրեր մեր խոհանոցէն»-ն է, ուր համադամ ճաշեր ու անուշեղէններ, իրենց ախորժաբեր նկարներով, զիս կը տանին Փառանձեմի փորձառութեամբ:

Տօնական օրեր շատ ունինք, բայց բոլորին մանրամասնութիւններուն տեղեակ կրնանք չըլլալ: Ունինք աննման գիրք մը` Շաքէ Հարպոյեան-Գարայեանի «Աւանդութեանց լուսամուտը», որ բնաւ չի ձանձրանար, «ժամանակ չունիմ» չ՛ըսեր ու լիովին գոհացում կու տայ մեր հարցումներուն. չհասկցա՞ր, կրկին անգամ կը կարդաս: Ահա հասաւ Վարդավառը: Քանի՞ հոգի գիտէ, թէ ինչո՛ւ ջուր կը թափենք իրարու վրայ: Եթէ գիրքը չունիս եւ «Վանայ Ձայն» ալ չես լսեր, ուրեմն չես գիտեր մեր հինգ տաղաւարներուն եւ սուրբերու մասին, թէ ուրկէ՛ կու գանք եւ ո՛ւր կ՛երթանք…

Ունինք նաեւ պատմութեան եւ բանաստեղծութեան գիրքեր, Հայոց պատմութեան գիրքեր: Չէի գիտեր, որ Հնդկաստանի մէջ մենք ունեցած ենք հարուստ հայեր եւ եկեղեցի: Գիտցայ, երբ կարդացի Ասպետ Մանճիկեանի «Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայկական գաղութներ»-ը գիրքը:

Եթէ նեղուած կամ մտահոգ ես, կրնաս գիրք մը առնել եւ կարդալ: Մտովին դուն ալ կը ճամբորդես ընթերցանութեանդ ընդմէջէն: Ուրեմն հարուստ եմ ես գիրքերով, անոնք սեղանիս զարդը կազմեցին, ու ես մէկ շունչով կարդացի Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը», միջոցին` Գառնիկ Բանեանի «Յուշերը Ճիպէյլի որբանոցէն  ետք եւ իր ճեմարան մտնելէն առաջ (1925-1929)» գիրքերը: Այս վերջինը կը կարդար նաեւ Նազարէթը (ամուսինս), երբ տեսաւ իմ կարդացած մասս եւ աւարտելու մնացած քանի մը էջերը, «Քի՜չ մը կամաց կարդայ», խնդրեց: Համաձայնած էինք, որ իւրաքանչիւրս կը կարդայ իր ձեռքի գիրքը, եւ ապա կը փոխանակուինք: Ինք դեռ կէսին հասեր էր, սպասել պէտք էր, քանի որ ամէն մէկս իր կարծիքը կը յայտնէր եւ սիրած բաժիններէն ալ օրինակ մը կը բերէր:

Ունինք նաեւ մանկական պատմուածքներ: Կարելի է մանկուց գիրք նուիրել փոքրիկներուն` բարի օրինակ ըլլալով անոնց: Մանուկները խրատէն աւելի տեսածնէն կը սորվին:

 

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Կենսունակ Արեւմտահայերէն` Խոչընդոտներէն Դէպի Հնարաւորութիւններ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?