Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Լա՛ւ կ՛ըլլայ, որ ձկնորսական եղէգով ու կարթով ձկնորսութեան փոխարէն` ուռկանով ընես լուրերուդ որսը, այդպիսով, մէկի փոխարէն, բազմաթիւ «ձուկեր» կը բռնես, թելադրեց բարեկամս` զիս հրաւիրելով բարձրանալ իր երեւակայական առագաստանաւը:
Ինչո՞ւ ոչ, մտածեցի: Բացինք առագաստները եւ լրորսի համար ճամբայ ելանք տեղակատուական ծովերուն մէջ, ունեցանք առատ որս` մեծ ու պզտիկ, նաւուն սառցատուփերը լեցուցինք լրաձուկերով, մաս մըն ալ վերստին ծովը նետեցինք: Եւ որովհետեւ անձնասէր չեմ, ահա՛, սիրելի՛ ընթերցող, անոնցմէ մաս մը բաժին կը հանեմ քեզի, եթէ համով գտնես, կրնամ դարձեալ ձկնորսութեան երթալ ու քեզ բաժնեկից դարձնել «ձկնասեղան»-իս:
***
– Նախագահ Թրամփի սպառնալիքներն ու «թագաւորավայել» պահանջները տեղ հասան: Խորհրդարանի երկու պալատները, բանավէճերու յաջող բեմադրութենէ մը ետք, վաւերացուցին «գեղեցիկ պիւտճէ»-ն, որուն վրայ իջաւ նախագահին կնիքը: Հիմա կը մնայ, որ ժողովուրդը համոզուի, թէ «գեղեցիկ պիւտճէ»-ն առաւելաբար հարուստներու շահերը չ՛ապահովեր, թէ` իր ներկայացուցիչները քուէարկած են զանգուածին ի նպաստ: Զանգուածի շահերուն համապատասխան են (եղեր) ընկերային նպաստներու կրճատումը, պետական պարտքի աւելի՛ ահագնացումը եւ այլն: Ի դէպ, հոս ալ «սուտին պոչը կարճ է», քանզի բացայայտուեցաւ, որ որոշ տուրքերու ջնջման մասին Թրամփ ստած է (ըստ իր սովորութեան): Կատակասէր մը յիշեցուցեր է, որ քանի մը շաբաթ առաջ Այովայի մէկ լափալիսեան ծերակուտականը` տիկին Ճոնի Էրնսթ, ընկերային նպաստներու կրճատման եւ անոր պատճառելիք մահերուն մասին լրագրողի մը հարցումին պատասխաներ էր. «Բոլորս ալ պիտի մեռնինք…»:
– Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու կիրակի, 6 յուլիսին Ուաշինկթըն ուղղուեր է, որպէսզի երկուշաբթի Թրամփէն նոր «պրաւօ» մը շահի Կազայի մէջ իր ոճիրներուն բազմապատկումին ու Իրանի վրայ յարձակումներուն համար: (Չէ՜, Զելենսքիի վրայ բղաւելու տեսարանը պիտի չկրկնուի): Սպիտակ տան քուլիսներէն շշուկներ սպրդեր են, որ Թրամփ պիտի ըսէ (եղեր). «Ապրի՛ս, հաւատարիմ ծառայ, դուն որ քիչ բաներու հաւատարիմ եղար, քեզ շատ բաներու վրայ պիտի կեցնեմ», շարունակէ՛ ջարդերը եւ քանդումը, Կազայի մէջ վաղը քազինոներ կը կառուցենք եւ պատառ մըն ալ քեզի կու տամ: Հակաշշուկներ ալ հարց տուեր են, թէ ո՞վ է տէրը, ո՞վ է ծառան:
– Թիպեթի հոգեւոր առաջնորդը` Տալայ Լաման, որ կը նկատուի խաղաղութեան պատգամաբեր իմաստուն մարդ, տօներ է իր 90-րդ տարեդարձը: Սա առիթ եղեր է անդրադառնալու, որ ան 1959-էն ի վեր աքսորական է եւ ապաստանած է Հնդկաստան: Նիկոլ Փաշինեան մտերիմներուն փսփսացեր է. «Միակը չեմ, որ կրօնաւոր կը հալածեմ, ուրեմն կրնամ կաթողիկոսն ու առաջնորդները աքսորի ալ ղրկել»: Չէ՛ անդրադարձած, որ Թիպեթի կրօնապետը աքսորական է` հակառակորդ նկատուող Չինաստանի դէմ պայքարին բերումով, մինչդեռ ինք Հայ եկեղեցւոյ (եւ ընդհանրապէս ազգասէր ընդդիմադիրներու) դէմ պայքարի ելած է Հայաստանի թշնամիներուն ուղեցոյցին հետեւելով:
– Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմը շահեր է նոր յանկերգ մը. «Ռուսիա աննախընթաց սաստկութեամբ ռմբակոծած է Քիեւը (եւ այլ քաղաքներ)»: Փաշինեան ուրախացեր է, որ իր «աննախադէպ»-ի գիւտը հասեր է ռուս-ուքրանական դաշտ: Անդին` ո՛չ ոք ուրախ է, որ այս պատերազմը նուազ մահասփիւռ է, քան` Կազայի դաշտը, ուր Իսրայէլ օր աւուր կը ջարդէ մինչեւ անգամ սննդամթերքի նպաստի սպասող սովահարները: Նեթանիահուի կառավարութեան ծայրայեղական մէկ անդամը դժգոհ է, որովհետեւ… Նեթանիահու որոշ չափով արտօներ է նպաստաբաշխումը: Պետական ոճիրը միայն ռմբակոծումով ու կրակոցներով պէտք չէ ընել, կը մտածէ (եղեր) այդ նախարարը: Լուսանցքին` Զելենսքի կ՛ակնկալէ, որ «այլեւս քեզի զէնք պիտի չտամ» ըսող Թրամփը «Փեթրիըթ» տիպի պաշտպանականներ ծախէ իրեն, իսկ Թրամփ, որ արդէն ապահոված է Ուքրանիոյ բնական հարստութիւններու շահարկման իրաւունքը, կրնայ ստամոքսը պարարտացնող նոր հաշուեցոյցով մը ընդառաջել նման խնդրանքի: Չէ՞ որ եւրոպացիք ալ մրցումի մէջ են զէնք մատակարարելու ճամբուն մէջ` արհամարհելով իրե՛նց երկիրներու տնտեսական դժուարութիւնները: Ֆրանսացիք պէ՞տք է մխիթարուին, որ Սեն գետը ապականութենէ զերծ է եւ կրնան հոն լողալ… 1923-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով: Ահա՛ ձեզի դրական դարադարձ մը:
– Անգարայէն լուրեր կը հասնին, որ խորհրդարանականներ կը պահանջեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանային անցակէտը (որ կը մնայ կրկներեւոյթի վիճակի մէջ) կոչուի Թալէաթ փաշային անունով: Էրտողան, որ Ստեփանակերտ այցելեր է իսլամական տնտեսական խորհրդաժողովի մը անունով, կրկներ է, որ Հայաստանի հետ կրնայ համաձայնութեան հասնիլ, միայն եթէ Երեւան ընդառաջէ Պաքուի ԲՈԼՈՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ: Ան նաեւ հաւաստիք տուեր է, որ Փաշինեան «ճկունութիւն» ցուցաբերած է իրենց վերջին հանդիպումին: Արդեօք անցակէտին անուանումին մասի՞ն ալ է «ճկունութիւնը»: Չէ՞ որ Փաշինեան յայտարարեց, որ որեւէ վնաս չի տեսներ, եթէ թուրքերն ու ազերիները Հայաստանի վրայով երթան-գան: Իրատեսները նկատեր են, որ այս «հիւրընկալութեան» մէջ կայ «ճկունութեան» այլ փաստ մը, թէ` հայանուն մարդակերպը արդէն համաձայնած է ո՛չ միայն «Զանգեզուրի անցք»-ի ծրագիրին, այլեւ` բազմաթիւ «անցքերու», որոնք իրողապէս պիտի տրորեն Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ պետութիւնը: «Ճկունութեան» մէկ այլ արտայայտութիւնն ալ, կ՛ըսուի, Հայաստանը Իրանէն խզող գօտին ամերիկեան կամ այլ` թրքական ընկերութիւններու հսկողութեան տակ դնելն է:
– ՔՊ-ականները ճամբայ հանեցին բանտարկուած եւ «պետական յեղաշրջում պատրաստող» Սամուէլ Կարապետեանի սեփականութիւնը եղող ելեկտրացանցի ընկերութիւնը «պետականացնելու» ծրագիրը: (Կը յիշեցնեն, որ ՔՊ-ականներու նման «ձեռնարկներ», ինչպէս` ԱՆԻՖ-ը, փանջունիական նուաճումներու հասան): Թալէաթի ժառանգորդ թուրք «բարերարներու» մասին կը մտածուի (եղեր): Չանտեսենք հակաառաջարկները: Անցակէտը կոչել Թեհլիրեանի կամ Հրանդ Տինքի անունով: Անհաշտութեան սահմանները…
– Մամուլը կը հաղորդէ, որ (Էրտողանի անվերջանալի թելադրանքներուն ընդառաջելով) Փաշինեան կը պատրաստուի Ալիեւի հետ հանդիպումի մը: Կասկածէ վեր կը նկատուի, որ Փաշինեանի սեղանին պիտի դրուին հին-նոր պահանջներ, ինչպէս եղաւ անոր Թուրքիա վերջին այցելութեան առիթով, եւ որուն ծալքերը մէկ առ մէկ բացուեցան վերջին շաբաթներուն: Կը յիշեցնեն, որ հին-նոր պահանջներուն ցանկին վրայ են` սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, Մինսքի (Արցախի) խումբին վերջնական լուծարքը, բիւրաւոր ազերիներու Հայաստան «վերաբնակեցումը» (դուք ըսէք` իրողական արշաւանքն ու խաղաղ բռնագրաւումի մեկնարկը), Արցախի համար 150 միլիառ տոլարի վնասուց հատուցում եւ այլ նորութիւններ: Ալիեւ կարդացեր է մեր պատմութեան այն տողերը, ուր ըսուած են. «Սահման քաջաց, զէնն իւրեանց» (տեսէք, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրը ի՜նչ գին կրնայ ունենալ): Արեւմտեան աշխարհին մէջ նման ծրագիրներ ծափահարութիւններ պիտի բարձրացնեն, եւ պիտի բազմապատկուին ՔՊ-ականներու «խաղաղասիրութեան եւ ժողովրդավարութեան» փաստերը: Արեւմուտքին ի՜նչ հոգը, որ Հայաստան կը նօսրանայ կամ իրողապէս դուրս կը դրուի քարտէսէն, այնքան ատեն որ Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ իր ծրագիրները իրականանան… ՔՊ-ական իշխանութեան ձեռքով, որպէսզի ոեւէ մէկը Արեւմուտքը չմեղադրէ, թէ միջամուխ կ՛ըլլայ Հայաստանի ներքին գործերուն:
– Հարց կը ծագի, թէ «Ռուսիա մեր ներքին գործերուն պէտք չէ միջամտէ» յայտարարող Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը ի՞նչ կարծիք ունի թրքական, ազերիական ու արեւմտեան ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւններու մասին: (Միջանկեալ հարցում մը. ի՜նչ դիւանագիտութիւն, որո՞ւն ծառայող դիւանագիտական համակարգ): Համաձայն ենք իրեն հետ, որ ոեւէ մէկը պէտք չէ միջամտէ Հայաստանի ներքին հարցերուն, սակայն ՔՊ-ականներու ձեռքով միջամտութիւնները «ներքի՞ն հարց» են:
– Մեր պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը թրքական «ճամբու քարտէս»-ով վերախմբագրող Փաշինեան, Ալիեւի հետ հաւանական հանդիպումէն վերադարձին, կրնայ նոր «տեսութիւն» մըն ալ որդեգրել եւ Ազրպէյճանի բռնապետին պէս սկսիլ քարոզել, որ հայերը նախապէս իսլամ էին: Ինչո՞ւ ո՛չ: «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարողէն, ապա «Արցախը միշտ ալ Ազրպէյճանի պատկանած է»-ի անցք կատարողէն ամէն տեսակի «գիւտ» սպասեցէք եւ… կուլ տուէք: Հա՜, մի՛ մոռնաք, որ նման «գիւտ» ալ կրնայ վերագրուիլ «նախկիններուն»:
– Ազգային ժողովի ընդդիմադիր անդամ մը ԵԱՀԿ-ի 32-րդ նստաշրջանին բարձրացուց Արցախի (եւ ընդհանրապէս հայութեան) պահանջները` ակնկալելով, որ ցեղասպանական արարքները եւ հողերու խլումը դատապարտուին, Պաքուի մէջ անիրաւօրէն պատանդ պահուող բանտարկեալները ազատ արձակուին: Գտաւ երկու պատասխան. Ա). ՔՊ-ականները չձայնակցեցան իրեն, Բ). Պաքուէն հաղորդուեցաւ, որ Միջազգային կարմիր խաչի ներկայացուցիչները այսուհետեւ իրաւունք պիտի չունենան տեսակցելու պատանդ պահուող քաղաքական բանտարկեալներուն հետ: Շշուկներ շրջան կ՛ընեն, որ սա ներշնչման նոր աղբիւր է փաշինեանականներուն, որպէսզի Հայաստանի մէջ եւս քաղաքական բանտարկեալներուն (ո՞վ պահած է հաշիւը) զլացուին այցելութիւններ: «Ճկունութի՞ւն»:
– Բարերարի մը, հոգեւոր ականաւոր առաջնորդներու եւ ընդդիմադիրներու արգելափակման, անոնց դէմ զրպարտութիւններու արշաւին դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան` միօրեայ հացադուլ, հանրահաւաք ու ճառախօսութիւն, քայլերթ եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան առջեւ ցոյց եւ այլն: Իշխանափոխութեան նպատակով զուգահեռ այլ շարժումներ կը բարձրանան ալիք-ալիք, սակայն իշխանութիւնը, թիկունքին ունենալով «բարեկամացու» թշնամիներն ու անոնց դաշնակից-հովանաւոր-շահակիցները, նոր բռնարարքներու եւ… ուշադրութիւնները էական հարցերէ` կատարելիք զիջումներէն հեռացնելու նոր հնարքներու հետամուտ է: Հայաստանի շրջանները, նաեւ` սփիւռքը, կարծէք թէ կը մնան լուռ հանդիսատես: Սփիւռքի մէջ տեղ-տեղ բողոքի եւ դատապարտումի յայտարարութիւններ եւ գործնական քայլեր կ՛երեւին, սակայն ընդհանուր եւ ճնշո՛ւմ ստեղծող ալիքը կ՛ուշանայ: Իշխանութեան բթացնող քարոզչութիւնը իր բաժինը ունի այս վիճակին մէջ:
– Փաշինեան հայհոյանքի կարճաժամկէտ զինադուլ յայտարարեց` փաստօրէն ընդունելով, որ հայհոյող մըն է: Այսօրուան այլանդակ աշխարհին մէջ նման խոստովանութիւն ընող քանի՞ «անկեղծ» կը գտնէք:
– Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութեանց հորիզոններուն գորշ ամպեր կ՛երեւին. Հայաստանի մեկնաբանութիւններու բեմը աշխուժացած է, մինչեւ իսկ թելադրանքներ կ՛ըլլան Ռուսիոյ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հակադարձէ: Կը լսուին նաեւ իրատես ձայներ, որոնք կ՛ըսեն, թէ Ռուսիա ու այլապէս որեւէ երկիր (ինչպէս Իրանը) առաջին եւ վերջին հաշուով իրենց շահերէն մեկնած կը շարժին, թշնամութիւնը կրնան բարեկամութեան խաղի վերածել քիչ ետք, նաեւ` հակառակը: Նոյն ձայները կը շեշտեն, որ ՄԵՆՔ ԸՆԵԼԻՔ ՈՒՆԻՆՔ ՄԵ՛Ր ՇԱՀԵՐԷՆ ՄԵԿՆԵԼՈՎ, ձերբազատելով թշնամիին «շահերուն էշ»-ը յառաջ տանող այս վարչախումբէն:
– Արաբական աշխարհը օսմանեան տիրապետութեան դարերը կը կոչէ «Ասըր ալ-ինհիթաթ» (որ կը նշանակէ անկում ու նահանջ` բոլոր բնագաւառներուն մէջ), որմէ ետք եկաւ արաբական զարթօնքը: Հայաստանի մէջ ՔՊ-ականներու բերած «Ասըր ալ-ինհիթաթ»-ն ալ պէտք է նոր զարթօնքի հասցնել անյապաղ:
6 յուլիս 2025