Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննական Ակնարկ` Դաշնակցութենէն Ցոլարձակուող Ներուժին…

Յուլիս 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Աստուծոյ սիրոյն, պարո՛ն վարչապետ, չփորձէք չափուիլ արի արանց կուսակցութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան հետ…

Ամէն անգամ որ հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ շղթայազերծուած բացասական որակումներու ականջալուր կ՛ըլլամ, կամ ալ մամուլով եղած ոմանց ձաբռտուքներուն հանդիպիմ, աչքերուս առջեւ կը պատկերանայ, Ալեքսանտրեթի իրենց որբանոցը այցելող Ճեմալ փաշային առջեւ կանգնած` տասնհինգ տարու հասակին Պեթհովենի «Ջութակի քոնչերթօ»-ն նուագող, ապագային ալ ֆրանսական հոգատարութեան մաս կազմող այդ նոյն քաղաքի պետական նուագախումբի ղեկավարը դարձած հօրս պատկերը…

Փարիզէն վկայուած լուսանկարիչ հայրս իր բազմանդամ ընտանիքը պահելու համար «Ֆօթօ Վահէ»-ի Պապ Իտրիսի լուսանկարչատունը ամբողջ օրը գործելէ ետք, տուն դարձին, իր պայուսակէն թատերական շարժումով գիտէ՞ք, թէ ի՛նչ կը հանէր ու իր կիսաքաղց զաւակներուն առաջ կը փռէր… Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Ազդակ» օրաթերթը: Ու մենք`  երեք անչափահաս եղբայրներ, իրարու ձեռքէն կը խլէինք թերթը:

Ազգային գաղափարական մեր դաստիարակութեան ողնասիւնը հանդիսացաւ կուսակցական հայ մամուլը, եւ իմ պարագայիս` իր ճակատագրական դերը ունեցաւ, գրական կոչումիս զարգացման ու գաղափարական կողմնորոշման սկզբնական շրջանին:

Եւ իբրեւ արտացոլում ազգային այդ դաստիարակութեան` տասնութ տարեկան հասակիս ՀՅԴ շարքերը ընդունուեցայ ու գործով Ափրիկէ մեկնելով` այնտեղ երկար տարիներ Հայ դատի պատասխանատուի պաշտօնը վարեցի: Հետագային Հայ դատի ղեկավար Շաւարշ Թորիկեանը Սիէրա Լիոնէ հրաւիրելով` Հայ դատը ծանօթացուցինք ափրիկեան երկիրներու ժողովուրդներուն ու ղեկավարութեան: Ամերիկա հաստատուելնէս երկու տասնամեակ վերջ, երբ արցախեան գոյամարտը ծայր տուաւ, համալսարանական մանչերուս հետ մէկս միւսին ետեւէն հայրենիք ուղղուեցանք` հայկական գոյապայքարին մեր բաժինը բերելու: Արմէնը` միջնեկս, արտաքին գործոց նախարարութիւն ընդունուեցաւ, քանի որ անգլերէն իմացողի կարիքը ունէին, մեծը` արցախեան ճակատ մեկնեցաւ ու մէկ ուսը հրազէն, միւսին` լուսանկարչական գործիք, նկարահանեց հայկական նոր օրերու գոյամարտը… Վկայ` Հրաչ Ռաճըր Գուբելեանի Արցախի հերոսամարտին նուիրուած, «Dark Forest In The Mountain» անուան տակ նկարահանած վաւերագրականը, որ միջազգային հանրութեան ծանօթացնելու ծառայեց արցախեան գոյամարտին բուն էութիւնը, միեւնոյն ատեն արժանանալով հոլիվուտեան շարժապատկերի շրջանակներու ճանաչումին ու գնահատանքին: Իսկ Արմէնը նախարարութիւն ընդունելէ ետք ինձմէ խնդրուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ վերադառնամ ու Արցախի հերոսներուն համար դրամահաւաքի նախաձեռնեմ, քանի որ ճակատը կռուող մեր տղաքը հագուելիք չունէին:

Այսքանը կարծեմ բաւարար է ՀՅԴ գաղափարաբանութեամբ սնանած ընտանիքի մը ներդրումը նշելու եւ ցոլացնելու համար` առանց անդրադառնալու նուաստիս գրական տասնամեակներու վաստակին:

Այնպէս կը թուի, թէ ներկայ իշխանութիւնները կ՛անգիտանան սփիւռքի տարածքին եւ, ինչո՞ւ չէ, հայրենիքէն ներս Դաշնակցութեան կատարած ու ապագային ալ կատարելիք ազգանուէր գործունէութիւնը` հակառակ այն իրողութեան, որ նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան գլխատել փորձեց ազգանուէր մեր կազմակերպութիւնը:

Այստեղ տեղին կը գտնեմ մէջբերում կատարել յուլիս 15-ին Երեւանի մէջ, «Նեմեսիս»-ի յուշարձանին մօտ տեղի ունեցած ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումի պաշտօնական բացման արարողութեան առիթով, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեանի ելոյթին փոքր մէկ հատուածը,

«Ամէն հարուածից յետոյ Դաշնակցութիւնը աւելի է ուժեղանում, ամրանում եւ ազգային նպատակների հասնելու համար աւելի հետեւողական պայքար մղում…»:

Իսկ դուք, պարո՛ն վարչապետ, որպէս երկրի ղեկավար, փոխարէնը ի՞նչ ըրիք: Առանց դոյզն խղճահարութեան` ելաք մեր հերոսներու արեան գնով ազատագրուած հողերը դարաւոր մեր թշնամիին յանձնեցիք:

Ու հիմա ալ ձեր ձեռքերը լուալով` կը փորձէք այդ նոյն հայրենապաշտ կուսակցութիւնը եւ նուիրական հայ կղերը հալածանքի ենթարկել` առանց ձեր ձախաւեր այդ քայլին հետեւանքներու մասին երկար մտածելու:

Հապա ինչո՞վ կ՛արդարացնէք ձեր լռութիւնը Պաքուի բանտերուն մէջ հիւծող հայրենի ղեկավարութեան արգելափակման գծով:

Ու առանց խպնելու, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերէն ժառանգ մնացած մեթոտով, հալածելու կը սկսիք ՀՅ Դաշնակցութեան նման հայրենանուէր քաղաքական կազմակերպութիւն մը: Այդ մէկը իրապէս անվայել կը գտնենք հայ ղեկավարի մը համար:

Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածով կը նշէինք, միայն իր շուքէն սարսափող վարչակազմ մը ատակ է նման ամօթալի վերաբերում ցոյց տալու հայութեան ծոցէն ելած ցեղակրօն կազմակերպութեան մը դէմ:

Հիմա ալ կը սպասէք, որ անջիղ հանդիսատեսի անտարբերութեամբ ականատեսը հանդիսանանք պետականօրէն կազմակերպուած խաչակրութեան ու հայրենապաշտ կուսակցութեան մը անդամներուն դէմ տարուող անտեղի եւ անարդարանալի հետապնդումներուն:

Պարո՛ն Փաշինեան եւ համախոհներ, խնդրեմ, դադրեցէ՛ք կրակին հետ խաղալէ: Իբրեւ սրտցաւ սփիւռքահայ` ձեզ դարձեալ կը զգուշացնեմ` խելքի՛ եկէք ու փրկեցէ՛ք հայոց աշխարհը փլուզումէ, քանի դեռ ուշ չէ…

Ռիչմընտ, Վըրճինիա
24 յուլիս 2025

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Թող Լիզպոնը Բազմապատկէ Հայու Պայքարող Տեսակն Ու Ոգին*

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?