Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Պատասխան Հաւատացեալի Հարցումներուն» (Հեղինակ` Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ազնաւորեան)

Օգոստոս 1, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիասի տպարանէն, 2024-ին լոյս տեսաւ հոգելոյս Զարեհ արքեպիսկոպոս Ազնաւորեանի «Պատասխան հաւատացեալի հարցումներուն» գիրքը, բաղկացած` 272 էջերէ:

Կենսագրական բաժինին մէջ կ՛ըսուի, որ Զարեհ արքեպիսկոպոս հայ եկեղեցւոյ ընտրելագոյն հոգեւորականներէն է` իր բարութեամբ, խոնարհութեամբ, համեստութեամբ, համբերութեամբ, եկեղեցանուէր կեանքով եւ ծառայասիրութեամբ: Ան հայ եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր Սուրբ Աթոռին համար եղաւ օրինակելի, անմոռաց եւ պարծանք պատճառող ճշմարիտ հայ հոգեւորականը:

Գիրքի խմբագիր Աւետիք վարդապետ Տէր Կարապետեան կը գրէ, որ աշխատասիրութիւնը կատարուած է «Աստուածաշունչին վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ», «Հաւատամքի մեկնութիւն», «Լոյս եւ հաղորդութիւն» եւ «Մեկնութիւն յայտնութեան գիրքին» գիրքերը օգտագործելով, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական ամսագիր կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ` «Հասկ»-ը:

Զարեհ սրբազան գիրքին մէջ կը նշէ, թէ անոնք, որոնք «Աստուած» բացատրութիւնը չեն ուզեր գործածել, կը նախընտրեն ըսել, թէ ինչ որ մենք Աստուած կը կոչենք տիեզերքի մէջ` ուժ մըն է:

Երբ մենք կը խօսինք Աստուծոյ մասին, պարզապէս ուժի մը մասին չէ, որ կը խօսինք, այլ կը խօսինք մտածողութեան մը մասին, եւ մեր հաւատքը անոր վրայ կ՛աւելցնէ բան մը, որ ամբողջ տիեզերքի մէջ ամէնէն կարեւոր սկզբունքն է եւ այդ բանը կը կոչուի սէր:

Գիտենք բոլորս, որ Աստուած անքննելի է եւ անիմանալի իր էութեան մէջ, եւ անտեսանելի` մարդկային մեր աչքերուն համար:

Սրբազանը դիտել կու տայ, որ մարդը զԱստուած չի կրնար ճանչնալ իր էութեան մէջ, իր բուն ինքնութեան մէջ: Ըստ էութեան Աստուած անճանաչելի է:

«Մենք մեզ պէտք է չգանք ո՛չ թէ մարդոց կողմէ ընծայուած Աստուծոյ, այլ Աստուծո՛յ իսկ կողմէն իրեն ընծայուած:

Աստուած ինքզինք կը յայտնէ իբրեւ գերագոյն Բանականութիւն, որ համայն տիեզերքը կը ստեղծէ իր Խօսքով, եւ զայն կը կարգաւորէ եւ կը լեցնէ:

«Հաւատարմութիւնը Աստուծոյ անփոխարինելի յատկանիշն է, իր էութեան անփոփոխելիութեան պէս», կը գրէ ան:

Զարեհ սրբազան կը շարունակէ յայտնելով, որ Քրիստոս ինքզինք երկրի վրայ նոյնացուց մարդկութեան հետ, նաեւ ինքզինք ամէն բանով օրինակ դարձուց մեզի` մարդոց, իր տնօրինական կեանքի առաջին վայրկեանէն մինչեւ վերջին պահը, որով իւրաքանչիւր մարդու, իւրաքանչիւր հաւատացեալի ճշմարիտ օրինակը, տիպարը եղաւ:

Քրիստոս չուզեց, որ մենք գիտնանք իր վերստին գալստեան ժամանակը, ոչ թէ որովհետեւ ինք չէր գիտեր այդ գալուստին ժամանակը, այլ` ուզեց որ մեզմէ ծածկուած ըլլայ այդ պահը:

Մարդուն միտքէն առաջ` սի՛րտն է որ պէտք է յարի Աստուծոյ: Նախքան բան մը ճանչնալն ու հասկնալը մարդ պէտք է գրաւուի անով, պէտք է սիրէ՛ զայն: Նոյնն է Աստուծոյ պարագային, նախքան միտքով ճանչնալն ու ըմբռնելը` մարդ պէտք է նախ սիրէ զԱստուած:

Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին մէկ եւ անբաժանելի միութիւն են` երեք կատարեալ անձնաւորութիւններով, որովհետեւ սէրը բաժանում չի կրնար ճանչնալ:

Զարեհ սրբազան կը հաստատէ, որ մեր փրկութիւնը մարդու մը գործը չէ: Մեր փրկութիւնը Աստուծոյ ուղղակի միջամտութիւնն է մարդկային պատմութեան մէջ, մարդը դուրս բերելու համար իր անել վիճակէն, զայն նոր ազատագրութեամբ մը հանելու համար նոր ժամանակներու Եգիպտոսներէն եւ իր առաջնորդութեամբ հասցնելու համար փրկութեան ափը:

Քրիստոս ծնաւ` կատարեալ Մարդ ըլլալու համար: Մարդացաւ` ինքզինք կատարելապէս նոյնացնելու համար մարդ արարածին հետ, որպէսզի բոլոր մարդոց փոխարէն իր անձին մէջ յաղթահարէ չարը եւ մեղքը, զանոնք խաչափայտին վրայ բեւեռէ, մարդուն մահապատիժը ջնջէ` աստուածային իր սուրբ արիւնով վճարելով բոլորին մահուան գինը եւ բոլոր իրեն հաւատացողները Հօր Աստուծոյ ընծայէ կատարելապէս սիրուած, նորոգուած, արդարացած, աստուածգիտութեամբ լեցուած եւ մահուան վրայ յաղթանակ տարած:

Հայրն Աստուած նախ մարգարէներուն միջոցաւ խօսեցաւ մեզի, եւ այդ խօսքը Օրէնքն էր եւ Օրէնքին ընկերացող մարգարէական պատգամներն էին: Բայց Քրիստոսով` Հայրն Աստուած մեզի խօսեցաւ շնորհքի՛ լեզուով, իր շնորհքներուն եւ ճշմարտութեան ամբողջութիւնը պարգեւելով մեզի Յիսուսով:

Զարեհ սրբազան կը պատգամէ հաւատքով դիմակայել եւ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ վրայ:

Հաւատքին համապատասխան գործերով պէտք է հետապնդենք փրկութիւնը` զայն ունենալու համար:

Քրիստոնէական մտածողութիւնը, սկզբունքները, արժէքները եւ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը` Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին իբրեւ մէկ էութիւն, մէկ բնութիւն ճանչնալու եւ հաւատալու, եւ հաւատքի ընդմէջէն ինքզինք յարաբերաբար Աստուծոյ դիտելու եւ առօրեայ կեանքի մէջ արտայայտելու կոչուած հատոր մըն է «Պատասխան հաւատացեալի հարցումներուն» գիրքը, որուն հրատարակութիւնը արժանի է մեծագոյն գնահատանքի:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (31 Յուլիս 2025)

Յաջորդը

Կեանքի Նժարին Մէջ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?