Կիրակի առաւօտ մըն է. աչքերս կը բանամ, արտասովոր հանդարտութիւն մը կը տիրէ չորս կողմը: Կազդուրուած զգալով` կ՛ելլեմ անկողինէս: Տնեցիները տակաւին քնացած են: Ակնարկով մը կը նկատեմ, որ արեւուն ոսկեզօծ շողերը ամպերու շղարշին ետեւէն` խպնոտութեամբ մերթ ընդ մերթ կ՛երեւին: Կիրակիի մը հաճոյալի պատկերացումով համակուած` սուրճս կը խմեմ: Գրասեղանիս վրայ զետեղած եմ հայերէն եւ անգլերէն գիրքերու ընտրանի մը, որ մէկ մասն է 2025 տարեշրջանի ընթերցելիք գիրքերուս: Պատահմամբ հետաքրքրական գաղափար մը կը ճեմէ մտքիս մէջ: Կը մտածեմ, թէ ինչպէ՛ս կեանքի տարբեր փուլերը կրնանք զուգակշռել գրական տարբեր սեռերու պատկանող գիրքերու հետ: Եթէ մանկութիւնը հեքիաթ մըն է, ապա պատանեկութիւնը կրնայ արկածախնդրական վէպ մը ըլլալ եւ շարունակաբար…
Այս խոկումներով կը սաւառնիմ դէպի մանկութիւն, որ գունաւոր պատկերներով անմոռաց հեքիաթային աշխարհ մըն է: Անհո՜գ մանկութիւն, որ եկար ու անցար` ետիդ ձգելով բիւր յիշատակներ անշէջ: Մեր մանկութեան օրերը անկասկած երանգաւորուած են Թումանեանի հեքիաթներով. «Սուտասանը», «Քաջն Նազարը», «Ոսկի կարասը», «Բարեկենդանը», ուր երեւակայութիւնն ու իրականը միաձուլուած են: Երեւութապէս մանուկի մը պէս պարզունակ, սակայն խորքին մէջ Թումանեան «սխալ»-ները մատնանշելով` ցոյց կու տայ, որ մարդ պէտք է իր «խելքը գործածէ» եւ ունենայ իր սեփական որոշումը: Փոքրիկի մը անհատականութիւնը կը կերտուի, երբ ան կը տեսնէ ճիշդի եւ սխալի տարբերութիւնը եւ կ՛անդրադառնայ, որ աշխարհը միշտ վարդագոյն չէ:
Ժամանակը կ՛ընթանայ, եւ մենք պատանեկութեան սեմին ենք արդէն: Կը մտաբերեմ Վախտանգ Անանեանի «Յովազաձորի գերիները», ուր քանի մը դպրոցական պատանիներ կ՛արգելափակուին ձորի մը մէջ: Անոնք բնութեան «գերի»-ները դառնալով` արկածախնդրութիւններու շարք մը կ՛ապրին: Ձիւնը, բուքը, գազաններու ներկայութիւնը, ուտելիքի չգոյութիւնը սպառնալիքներ են: Պատանիի մը անհատականութեան յատկանիշները կարելի է յստակօրէն տեսնել այս վէպին մէջ: «Խենթ ջահելութիւն, որ միշտ անհոգ ես ու լաւատես…»: Աշոտը, որ խումբին «ղեկավար»-ն է, յաճախ կը խրախուսէ իր ընկերները: Բան պէտք չէր պատանի մը ոգեւորեու համար: Վէպին մէջ եւ առհասարակ կեանքի մէջ կը նկատենք պատանիներու ներազդեցութիւնը իրենց հասակակիցներու որոշումներուն վրայ: Անոնք գերզգայուն են, բայց եւ ինքնավստահ: Կանխավարկածի դիմելը բնական երեւոյթ է: Աշոտը եւ իր ընկերները վտանգաւոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին, սակայն կեանքի մեծ դասեր կը քաղեն այդ փորձառութիւններէն եւ շատ բան կը սորվին իրենց գործած սխալներէն:
Երիտասարդութիւնը վրայ կը հասնի. կը յիշեմ Շիրվանզադէի «Քաոս»-ը, ուր Մարկոս աղա Ալիմեանի երեք երիտասարդ տղոցմէ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն կերպարով կը ներկայանայ վէպին մէջ: Երէց տղան` Սմբատը, ազատամիտ գաղափարներով հրապուրուած է, բայց աւելի լուրջ է, քան` կրտսեր եղբայրները: Միջնեկը` Միքայէլը, «ոսկի երիտասարդութեան» ներկայացուցիչն է: Փճացած եւ ցանկասէր անձնաւորութիւն մը, որ վէպի տարբեր անցուդարձերէն ետք, ինքզինք կը վերագտնէ եւ կը դառնայ «նոր» անձ մը: Փոքրը` Արշակը, կը հետեւի Միքայէլի օրինակին: Մարկոս աղա Ալիմեանի մահէն ետք երեք տղաքը իրարու դէմ կը պայքարին ժառանգի համար: Երիտասարդի մը կեանքին տարբեր երեսները, իր դրական եւ ժխտական կողմերով, կարելի է տեսնել վէպին մէջ: Ակնյայտ է նաեւ մարդկային յարաբերութիւններու քաոս, ուր երիտասարդ մը ամբողջովին պատասխանատու է իր որոշումներուն եւ արարքներուն:
Վերջերս կը կարդայի Արամ Հայկազի «Ապրէ՛ք, երեխէք»-ը: Հեղինակը Միացեալ Նահանգներ կը գաղթէ եւ տարիներու թաւալումին հետ ան միջին տարիք մուտք կը գործէ. կեանքը կը դառնայ աւելի կայուն` շրջապատուած իր ընտանիքով, թոռներով: Ան կարօտով կը մտաբերէ անցեալի յիշատակները. անվերադարձ մանկութեան անսահման կարօտը կը յուզէ զինք: «Ու ժամանակի մշուշին մէջէն պայծառ աչքերով ես կը տեսնեմ ծնողքս ու մեր գիւղը…»: Հիմա, սակայն, հասուն տարիքի առանձնաշնորհումները կը վայելէ` դատողութիւն, իմաստութիւն եւ փորձառութիւն:
Եւ կեանքը կը շարունակուի…
Պատուհանէս դուրս կը նայիմ. ամպերը անհետացած են, եւ արեւը կը ժպտի ջինջ երկինքին վրայ:
Կեանքի իւրաքանչիւր փուլ առանձնայատուկ է` իր յատկանիշներով, հմայքով, մտածելակերպով եւ ձեռքբերումներով: Իւրաքանչիւր շրջանի շնորհենք արժանաւոր տեղ: Կեանքը նժար մըն է, ուր տարբեր ատեններ տարբեր «կշռոյթ»-ով նուաճումներ եւ ներդրումներ կը տեղադրենք, ապա կ՛ըմբոշխնենք անոնց ծանրակշռութիւնը մեր կեանքի ճամբուն ընթացքին: Ողջագուրենք կեանքի տարբեր փուլերը եւ ապրինք` դրական մօտեցումով, իմաստալից տեսլականով եւ բազմաբովանդակ գոյութեամբ: