Սփիւռքի Վերակազմակերպման Խնդիրները Արծարծող Յատուկ Նիստ` Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Ընթացքին
Ազգային ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ նիստ մը յատկացուեցաւ սփիւռքին, նոր մարտահրաւէրներու դիմաց` անոր վերակազմակերպման, ինքնութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի հետ գործակցութեան: Յակոբ Բագրատունի (Լիբանանէն), Միհրան Քիւրտօղլեան (Յունաստանէն) եւ Տարօն Տէր Խաչատուրեան (Միացեալ Նահանգներէն) այս նիստին զեկուցաբերներն էին: Յակոբ Բագրատունի հարցադրումներու ընդմէջէն անդրադարձաւ սփիւռքի ներկայ բարդ կացութեան` նշելով, որ սփիւռք սահմանումը Ցեղասպանութենէն վերապրած սփիւռքը, նոր կազմաւորուող/կազմաւորուած սփիւռքը ու նաեւ մեր ուժերուն հասանելի...


















