ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Սփիւռքի տարածքին եւ մանաւանդ 1930-էն ետք հազուադէպօրէն կը հանդիպինք հայատառ բժշկական-առողջապահական պարբերաթերթերու:
1934-ին Փարիզի մէջ, Շաւարշ Նարդունիի նախաձեռնութեամբ, սկսաւ հրատարակուիլ «Հայ բոյժ» բժշկական-առողջապահական ամսաթերթը, որ շարունակուեցաւ հրատարակուիլ մինչեւ 1968: «Հայ բոյժ»-ի մասին նախապէս արդէն անդրադարձած էինք առանձին յօդուածով մը, ուստի ընթերցողը կրնայ «Հայ բոյժ»-ի մասին կարդալ այդ յօդուածին մէջ: Սակայն պէտք է արձանագրել, որ «Հայ բոյժ»-ը վերջին տարիներուն մատնուած էր նիւթական-հրատարակչական դժուարութիւններու եւ Շաւարշ Նարդունին իր անձնական միջոցներով ու իր տոկալու զօրաւոր կամքով կարողացաւ պատնէշի վրայ պահել իրմէ ծնած «Հայ բոյժ»-ը մինչեւ 1968` իր մահուան տարին:
«Հայ բոյժ-ի շիջումէն 13 տարի առաջ, 1955-ին, Պէյրութի մէջ ծնունդ առաւ, «Հայ բոյժ»-ի նման, «Բժիշկ» ամսաթերթը` որպէս բժշկագիտական եւ առողջապահական ամսագիր: Ան լոյս տեսաւ մինչեւ 1988, երբ դադրեցաւ հրատարակուելէ կամքէ անկախ պատճառներով: Սկիզբը վարչական պատասխանատուն եղած է Արամ Սահակեանը: Խմբագիրները եղած են բժիշկներ` Վարուժան Սահակեանը, Մելքոն Էպլիղաթեանը եւ Յարութիւն Գազանճեանը (Գեղարդ): 1964-էն ետք հրատարակուած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ եւ վայելած է անոր բարոյական հովանաւորութիւնը:
«Բժիշկ»-ին յարատեւութեան եւ յաջողութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Յ. Գեղարդ (Յարութիւն Գազանճեան)` վիրաբուժ-ատամնաբուժ, գրող, լրագրող եւ խմբագիր: Ան ծնած է Պէյրութ, 1928-ին: Աշակերտած է Լեւոն Շանթին ու Նիկոլ Աղբալեանին` Համազգայինի Պէյրութի ճեմարանին մէջ: Մաս կազմած է քանի մը թերթերու խմբագրական մարմիններուն: Ունի բանաստեղծութիւններու, առակներու եւ յուշերու հատորներ: Գործօն դեր ունեցած է Համազգայինի ու ՀՄԸՄ-ի մէջ: Արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:
«Բժիշկ»-ին մէջ գրեցին սփիւռքի զանազան գաղթօճախներէն յարգելի բժիշկներ` Լ. Գրիգորեան (Փարիզ), Յ. Կարեւորեան (Պէյրութ), Իսահակ Տէրտէրեան, Վարուժան Սահակեան (Պէյրութ), Վ. Թաշճեան, Օսվալտ Հրեշտակեան (Պէյրութ), Գ. Օ. Գալուստեան (Պուէնոս Այրես), Յարութիւն Սաղըրեան, Ե. Ագխաչերեան, Սեպուհ Սիսեռեան, Զաքար Մկրեան (Պէյրութ), Ա. Աբէլեան, Սարգիս Գարայեան (Պէյրութ), Գ. Անտոնեան, Տիգրան Գավաֆեան, Յակոբ Սահակեան, Յ. Սապունճեան, Ճորճ Միքայէլեան, Յ. Ճըլճըլեան (Պէյրութ), Կարպիս Հարպոյեան (Պէյրութ) եւ ուրիշներ, առանց մոռնալու նշանաւոր երգիծաբան Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ իւրաքանչիւր թիւի մէջ ունեցաւ «Երգիծաբուժութիւն» խորագրեալ իւրայատուկ գրութիւն մը:

«Բժիշկ»-ը եղաւ հայ ընտանիքներու ամէնէն սիրուած բժշկական պարբերականը: Ան դարձաւ հանդէսը երիտասարդներուն, նորապսակ զոյգերուն, տարեցներուն եւ բոլոր հայերուն: Երիտասարդներըկը գտնէին հոն զիրենք յուզող հարցերը եւ զանոնք լուծելու առարկայական փորձերը: Նորապսակ զոյգերը կը փնտռէին հոն երջանիկ բոյն մը կազմելու եւ առողջ ու կիրթ զաւակներ մեծցնելու արուեստը: Տարեցները կը սորվէին գուրգուրալ իրենց առողջութեան վրայ, որպէսզի ապրէին երջանկութեան մէջ:
«Բժիշկ»-ին մէջ տպագրուեցան համաշխարհային բժշկագիտութեան նուաճումներու, բժշկութեան պատմութեան, նշանաւոր բժիշկներու եւ Հայաստանի առողջապահութեան բնագաւառին մէջ ձեռք բերուած նուաճումներու մասին:
Հոն գրուեցան հիւանդութիւններու, մտային եւ հոգեբանական խանգարումներու, բժշկական բարոյագիտութեան, բժիշկ-հիւանդ փոխյարաբերութիւններու, ընկերային, ընտանեկան, ամուսնական, սեռային դաստիարակութեան, առողջ սննդականոնի, ազգագրական բժշկական դարմանումներու, մարմնամարզի եւ ծիծաղի օգուտներու, ինչպէս նաեւ` տարեցներու եւ մանուկներու յատուկ հարցերու մասին: Ընթերցողը հոն գտաւ օտարալեզու բժշկական գրութիւններու հայերէն թարգմանութիւնները եւ երգիծաբուժական գրութիւններ: Ան ունէր բժշկական նամականիի եւ լրատուի բաժիններ, որոնք հարուստ էին բժշկական միջազգային լուրերով եւ նորութիւններով: Ան պայքարեցաւ մոլութիւններու, անխոհեմութիւններու եւ յոռի ունակութիւններու դէմ. այլ խօսքով, ան հայ ընթերցողին հասցուց բժշկութեան եւ իմաստութեան խօսքը:
Ամբողջ 34 տարի «Բժիշկ»-ը պահեց գիտական հանդէսի մը տուեալները, եղաւ ժողովրդանուէր եւ անշահախնդիր ձեռնարկ մը: Շատ մը բժիշկներ կամաւոր եւ անսակարկ գրեցին եւ հաղորդեցին իրենց գիտելիքները` ի շահ հայ անհատի առողջութեան:
«Բժիշկ»-ը եղաւ փնտռուած բժշկական ամսաթերթ մը ոչ միայն լիբանահայութեան համար, այլ նաեւ` սփիւռքի զանազան գաղութներու հայութեան համար: Ան վայելեց բոլորին յարգանքը եւ նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը:
Ամբողջ 34 տարի «Բժիշկ» ամսաթերթը 32 մեծադիր էջերով լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ` յաղթահարելով բոլոր տեսակի դժուարութիւնները: «Բժիշկ»-ը տոկաց, յարատեւեց Լիբանանի ներքին պատերազմի բոլոր տարիներուն: Այդ դժուարին եւ փոթորկալից տարիներուն յաճախ «Բժիշկ»-ը կանոնաւոր եւ ամսական հերթականութեամբ լոյս չտեսաւ, այլ հարկադրաբար լոյս տեսաւ երկու ամիսը կամ երեք ամիսը անգամ մը:
Լիբանանի պատերազմի օրերուն տոքթ. Գեղարդ «Բժիշկ»-ի թիւերէն մէկուն մէջ «Առաջարկ եւ յիշեցում» գրութեան մէջ գրած էր. «Այս հանդէսը սեփականութիւնն է մեր ժողովուրդին, եւ ձեռնարկին գլուխը կեցողները միշտ ալ դիմած են ընթերցողներու գործակցութեան, նոր միջոցառումները ենթարկած անոնց համաձայնութեան` միասին հարթելու համար դժուարութիւնները եւ ապահովելու այս օգտաշատ ամսագրին յարատեւումը»:
Իսկ 1981-ի ապրիլ-մայիս թիւը կը սկսէր «Խօսք ընթերցողին» գրութեամբ, ուր կ՛ըսուէր. «Բժիշկ» ժողովուրդի եւ մշակոյթին նուիրուած ձեռնարկ մըն է` առանց նիւթական դոյզն ակնկալութեան: Խմբագիր ու աշխատակից, գիտութեան բարիքը բաշխելու օգտաշատութենէն քաջալեր` սիրայօժար կամաւորութեամբ լծկանը կը մնան հայ կեանքի մէջ ա՛լ իր տեղն ու դերը ունեցող այս գործին: Կան սակայն հրատարակութեան անխուսափելի ծախսերը, որոնք կը սղին օրէ օր: Ելեւմուտքը «ծայրը ծայրին» բերելու «բացը» նուազագոյնի իջեցնելու ճիգին մէջ` ձեռնարկին պատասխանատուները անյետաձգելի գտան այլեւս փոքր չափով մը բարձրացնելու հանդէսին հատագինը: Այս թիւէն սկսեալ, ուրեմն, ամսագրի իւրաքանչիւր թիւը կը վաճառուի 5 լիբ. ոսկիի: Ամիսը մէկ լիբ. ոսկիի յաւելումը, վստահ ենք, դիւրաւ յանձն պիտի առնէ ընթերցողը` ապահովելու համար մասնագիտական այս հանդէսին յարատեւութիւնը»:
Տոքթ. Գեղարդ որոշ առիթներով «Բժիշկ»-ին մէջ կը գրէր` մատուցելով որոշ մտածում մը: Այս յօդուածի աւարտին տեսնել անոր գրութիւններէն մէկը` գրուած 1978-ի հոկտեմբեր-նոյեմբեր-դեկտեմբեր թիւին մէջ:
Ես առաջին անգամ բախտաւորութիւնը ունեցայ տեսնելու «Բժիշկ» ամսաթերթը 1958-ին, երբ կը յաճախէի Հալէպի Ալեբբօ քոլեճ երկրորդական վարժարանը: Օր մը մեր հայերէնի ուսուցիչ Սաաթճեանը նշեց Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Բժիշկ» ամսաթերթի կարեւորութիւնը հայ ընտանիքներու բժշկական-առողջապահական մարզէն ներս: Հետաքրքրութիւնս արթնցաւ ունենալ «Բժիշկ» ամսաթերթը` յուսալով, որ հոն պիտի գտնէի մօրս ծունկերու մնայուն յօդացաւին դարմանը: Մայրս տարիներով կը տառապէր իր ծունկերուն մնայուն յօդացաւէն: Ան դիմած էր Հալէպի մէջ գործող քանի մը բժիշկներու եւ որոշ օգուտ մը չէր տեսած: Ես տեսնելով իր տառապանքը` հոգեպէս անհանգիստ կ՛ըլլայի եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայի օգտակար դառնալ անոր: Բարեկամ հայ բժիշկէ մը ունեցայ «Բժիշկ» ամսաթերթին հասցէն: Բաժանորդագրուեցայ անոր եւ ուշացումով սկսայ ստանալ զայն: Կը կարդայի ամէն մէկ թիւը մեծ հաճոյքով: Հոն կը տեսնէի մաքուր հայերէնով գրուած բժշկական-առողջապահական գրութիւններ, թելադրութիւններ, ցուցմունքներ եւ կանխազգուշական խօսքեր: «Բժիշկ»-ը կարդալով` հասկցայ, որ մօրս հիւանդութիւնը վերջնական դարման մը չունէր, սակայն մեղմացուցիչ եւ ցաւազերծող դեղերու գործածութիւնը օգտակար էր:
Տարի մը ետք, 1959-ին, արդէն բժշկականի ուսանող էի Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ: Բաժանորդագրութիւնս նորոգեցի եւ հասցէս ուղարկեցի տոքթ. Գեղարդին: «Բժիշկ» ամսաթերթը կը կարդայի իմ հանգիստի ժամերուն: Աւելի մտերմութիւն մը ստեղծուեցաւ իմ եւ «Բժիշկ»-ին միջեւ, որովհետեւ կը գտնուէի բժշկական դպրոցի մէջ, բժշկական-առողջապահական միջավայրի մէջ եւ կոյտ մը բժշկական դասագիրքերու հետ: Անոր միջոցով կը ծանօթանայի հայ բժիշկներու անուններուն, անոնց յաջողութիւններուն բժշկական գետնի վրայ եւ անոնց կատարած ծառայութիւններուն հայ համայնքին մէջ:
Երկու տարի ետք, երբ բժշկական դպրոցի երկրորդ տարուան ուսանող էի, տոքթ. Գեղարդ նամակով մը իմացուց հետեւեալը. «Ասկէ ետք եւ մինչեւ շրջանաւարտ ըլլալդ «Բժիշկ» ամսաթերթը պիտի ստանաս անվճար` նկատի ունենալով ուսանողի հանգամանքդ»: Մեծ էր ուրախութիւնս այս անակնկալին համար, որովհետեւ այս մեծհոգի տոքթ. Գեղարդը, քաջ գիտնալով բժշկական ուսանողի մը նիւթական դժուարութիւնը, կայացուցած էր շատ ազնիւ որոշում մը: Պատասխանեցի տոքթ. Գեղարդին` շնորհակալութիւնս յայտնելով իր վսեմ մօտեցումին համար: Այդ օրէն սկսեալ անքակտելի կապ մը ստեղծուեցաւ մեր երկուքին միջեւ: Միշտ կը հետաքրքրուէր ինձմով եւ կը հարցնէր` «Ե՞րբ պիտի վերջացնես մասնագիտութիւնդ եւ սկսիս գրելու «Բժիշկ»-ին մէջ»:
1969-ի յուլիսին, աւարտելէ ետք «քիթ, կոկորդ, ականջ» մասնագիտութիւնը, հաստատեցի անձնական դարմանատունս եւ սկսայ աշխատիլ մասնագիտութեանս ծիրէն ներս: Սակայն նախքան գործի սկսիլս` այցելեցի Պէյրութի հայ բժիշկներէն եւ ատամնաբուժներէն շատերուն` փոխադարձ ծանօթացում հաստատելու համար եւ իմացնելու անոնց, որ շուտով պիտի սկսէի գործել որպէս «քիթ, կոկորդ, ականջ» հիւանդութիւններու մասնագէտ: Ուստի ժամադրութեամբ այցելեցի տոքթ. Գեղարդին ալ` իր դարմանատան մէջ: Արժանացայ սիրալիր ընդունելութեան: Երբ բացատրեցի այցելութեանս նպատակը, ան ըսաւ. «Յարգելի մասնագէտ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, բարի գալուստ լիբանահայութեան ծոցին մէջ, վստահ եմ` մեծ յաջողութիւն պիտի ունենաս ասպարէզիդ մէջ, ես եւ ինծի նման գործակիցներ զօրավիգ պիտի կանգնինք քեզի: Սակայն գիտցիր` հայ շրջապատը պէտք ունի քու եւ քեզի նման նորածիլ եւ արժանաւոր բժիշկներու ծառայութեան, ու կը խնդրեմ, որ մասնակցութիւնդ բերես «Բժիշկ» ամսաթերթին բժշկական գրութիւններովդ»: Հրաժեշտ առի երէց եղբայր եւ գործակից տոքթ. Գեղարդէն` հասկնալով իր հոգիի մեծութիւնը եւ ազնուութիւնը:
Տարի մը ետք գրեցի առաջին անգամ ըլլալով «Բժիշկ» ամսաթերթին մէջ: Ճիտիս պարտքն էր, որ կը կատարէի: Այսպէս, սկսայ գրել մեր շատ սիրելի «Բժիշկ»-ին մէջ: Գրելու առաջին քայլերս առի հոն: «Բժիշկ»-ը եղաւ ինծի համար դպրոց մը, որպէսզի գրէի հայերէնով: Անոր միջոցով ուռճացաւ բժշկական հայերէն բառամթերքս: Ամէն անգամ որ գրութիւն մը ղրկէի «Բժիշկ»-ին, տոքթ. Գեղարդ շուտով կը զանգէր եւ իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէր:
Վա՛րձքդ կատար` մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած սիրելի տոքթ. Գեղարդ:
Մոնրէալ, 4 սեպտեմբեր 2017
«Խոհ Ամանորի`
Բարոյական Պարտաւորութիւնը»
Բնութեան անյայտ ու բացայայտ օրէնքներու հետեւանք` անբնական, կամ ալ արգահատանք շարժող տխեղծ ծնունդներու կը հանդիպիք երբեմն:
Աւելի ստուար թիւ մը կը ներկայացնեն անոնք, որոնք կը ծնին քաջառողջ, ապա միայն, այս կամ այն տարիքին, անզգուշութիւններու, արդի կեանքը գերեվարող անզուսպ թեքնիքին զոհ կու տան իրենց մարմնին մէկ մասը. արկածահարներ, որոնցմէ ոմանք անկար կը մնան ցմահ:
Իսկ անհաշուելի են անոնք, որոնց դերբուկ ջիղերը չեն տոկար ընկերութեան թերիներուն, որոնց մտա-հոգեկան հաւասարակշռութիւնը կը խախտի ի լուր ռումբերու, հրազէններու դժոխաշունչ պայթիւններուն, ի տես պատերազմի սահմռկեցուցիչ աւերներուն: Եւ ուրիշներ, վերջապէս, որոնք տխուր բարքերու զոհ, յառաջացեալ տարիքի մէջ կը լքուին իրենց թշուառ առանձնութեան:
Անհատապէս կամ հաւաքական կազմակերպութեամբ, այլ նաեւ պետական միջոցներով մարդը, որ յաճախ ի՛նք իսկ է վերոյիշեալ ողբերգութիւններուն հեղինակը, բարեսիրական զգացումներէ առաջնորդուած` օգնութեան կը փութայ, առհասարակ, դժբախտ իր նմանին` վերադարձնելու համար զայն բնական կեանքի գիրկը, կամ գէթ` մխիթարելո՜ւ, թեթեցնելո՜ւ անոր ուսին ծանրացող տառապանքի խաչը:
Մարդկային պարտականութիւն է անկասկած` մարդը գազանէն զանազանող եւ քաղաքակրթութեան բարենիշ` մարդէ դէպի մարդ այս վերաբերումը:
Կայ, սակայն, ժամանակաւորապէս թէ ընդմիշտ կեանքի փակագծին մէջ մտած պարագաներու այլ խումբ մը, որուն կը սեւեռի, որուն վրայ կանգ կ՛առնէ հուսկ` երախտալիր մեր ակնարկը: Խումբը այն երիտասարդներուն, որոնց երակները չեն սահմանափակուիր իրենց մարմնին մէջ, այլ սրտէն կը տարածուին դէպի իրենց շրջապատը, կ՛ոռոգեն հողը վասն կենսաւորման եւ կենսաբաշխ աւիւն կը մատակարարեն այդ հողին վրայ ապրող համաքաղաքացիներուն, արիւնակիցներուն: Ա՛յն երիտասարդները, որոնք անձնուրաց խանդավառութեամբ եւ անշահախնդիր խիզախութեամբ կ՛ընծայաբերեն իրենց սիրտն ու արիւնը` երաշխաւորելու համար իրենց հաւաքականութեան, համայնքին եւ հայրենիքին գոյատեւումը: Երբեմն կը խաւարի յաւէտ իրենց կեանքին կանաչ արեւը: Յաճախ ալ կ՛իյնան անոնք լուսողող այդ ճամբուն վրայ` կիսամեռ, կամ հաշմանդամ:
Ժողովուրդը գերագոյն նպաստ մը ունի հող ու հայրենիք, մարդ ու սրբավայր փրկագործած նման անձնազոհերու հանդէպ: Եւ այդ պարտքը այլեւս մարդասիրութիւն մը չէ, ոչ ալ` մարդկային պարտականութիւն մը, այլ պարզապէս` բարոյական պարտաւորութիւն մը, հաւաքականութեան մը ապագան երաշխաւորող գիտակցութեան չափանիշ մը:
Նոր տարուան զանգերը չհնչած` յիշենք բոլոր անոնք, որոնք պէտք ունին մեր խինդին, մեր գորովին: Մանաւանդ չմոռնանք, միշտ մտաբերենք անոնք, որոնք իրենց լաւագոյնն ու գերագոյնը զոհաբերեցին, որպէսզի ուրիշներ շնչեն տակաւին:
Շնորհաւո՛ր Նոր տարի, նոր բարի բոլորին:
Յ. Գ.