Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 9 դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին Մարաշի հայրենակցական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կամաւորներու օր»-ուան նուիրուած հանդիսութիւն:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, քարոզչական յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան, որ շեշտը դրաւ կամաւորներուն շնորհակալ, ինքնաբուխ, անշահախնդիր ու անհաշիւ նուիրումով բացառիկ գործունէութեան վրայ, որուն կատարեալ եւ ուսանելի օրինակներն են Լիբանանահայ օգնութեան խաչի երդիքին տակ համախմբուած եւ գործած ու գործող բոլոր կամաւորները: Ան դիտել տուաւ, որ ԼՕԽ-ի աշխատանքային դաշտը բազմաբնոյթ է, օրինակելի, սերունդներու միջեւ օղակ հանդիսացող, աւելցնելով, որ այս միութեան պատմութիւնը կը վկայէ, թէ իր հիմնադրութեան օրէն անիկա շահած է ժողովուրդին սէրն ու համակրանքը, նաեւ` ամբողջական վստահութիւնը, իսկ ԼՕԽ-ականները գործած են ամենայն նուիրուածութեամբ, եւ կամաւորներու օրուան առիթով անոնք արժանի են խոր գնահատանքի եւ երախտագիտութեան: «Լիբանանահայ օգնութեան խաչը ահաւասիկ մեր ժողովուրդին դիմաց ճակատաբաց կը կանգնի եւ բոլոր մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէ քաջաբար, որովհետեւ ունի կամաւորներու հսկայ բանակ մը: Ա՛յս է ԼՕԽ-ին հարստութիւնը, ուժն ու խորհուրդը: Առանց կամաւորներու նեցուկին, առանց անոնց անսակարկ նուիրումին` վստահաբար ԼՕԽ-ը գոյութիւն իսկ պիտի չունենար», ըսաւ Ծովակ Թազեան-Թիւթէլեան:
Ապա ներկաները դիտեցին տեսերիզ մը` այս տարուան 6 սեպտեմբերին ՀՕՄ-ի կողմէ Արցախի մէջ վերանորոգուած «Սօսէ» մանկապարտէզի բացման հանդիսութեան վերաբերող: Կարեւոր նախաձեռնութիւն մը, որ իր օգտաշատ ներդրումը պիտի ունենայ արցախցիներուն, յատկապէս նորափթիթ սերունդին կեանքին մէջ:
Օրուան խորհուրդին եւ արժէքին մասին խօսեցաւ տոքթ. Իշխան Եղիայեան, որ նախ լուսարձակի տակ առաւ կամաւորին ինքնութիւնն ու անոր օր նուիրելու երեւոյթը` շեշտելով, որ համաշխարհային մակարդակի վրայ կարեւոր նկատուած է կամաւոր աշխատանք տանողներու եւ բարեսիրական առաքելութիւն ծաւալողներու յատուկ օր տրամադրել, որպէսզի անոնց գործը քաջալերուի եւ թափ տրուի անոր: Բանախօսը տարբեր բառարաններու եւ լեզուներու մէջ կամաւոր բառին մեկնաբանութիւնները կատարելէ ետք հաստատեց. «Ուրեմն մէկ բան յստակ է բոլորիս համար. անձ մը կամաւոր կը կոչուի եւ իր աշխատանքը կամաւոր կ՛ըլլայ, երբ ան «ազատօրէն, ինքն իր կամքով ձեռնարկած կ՛ըլլայ մարդկութեան օգնելու աշխատանքին», ըսաւ Ի. Եղիայեան` դիտել տալով, որ կամաւորներուն շնորհիւ` մարդոց կեանքը շատ յաճախ լիովին կը փոխուի: Ըստ անոր, կամաւորը երբեմն իր կեանքն ալ վտանգի տակ կը դնէ, ընդհանրապէս իր եւ իր ընտանիքին յարգի ժամանակն ալ կը խլէ` այլ մարդոց, անծանօթներու չարչարանքը թեթեւցնելու գնահատելի առաքելութեան ընթացքին:
Այս բոլորին մէջ հայ կամաւորներուն անդրադառնալով` բանախօսը հաստատեց, թէ մենք, որ պատերազմներու, փորձանքներու, հալածանքներու, տեղահանութիւններու եւ, ի վերջոյ, Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ ենք, բնականաբար մեր կեանքին մէջ կամաւորներ կը ծնին, կամաւորներու միջամտութեամբ կը փրկուին կեանքեր: Այս ծիրին մէջ ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի հիմնադրութիւնն ու անոնց ծաւալած ազգանուէր գործունէութիւնը` յիշելով ԼՕԽ-ի կեդրոններն ու մասնաճիւղերը: «Այս մասնաճիւղերու բեղուն գործունէութիւնը, ընկերաբժշկական կեդրոնի մատուցած որակաւոր ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան մակարդակով մարդասիրական անվիճելի ներկայութիւնը ժողովուրդին կողքին, կ՛ապացուցեն, որ ան վստահելի, միշտ երիտասարդ, միշտ նորութիւններու հետ քայլ պահող եւ հայ իրականութեան մէջ լայն ժողովրդականութիւն վայելող մեր բոլորիս միութիւնն է»: Տոքթ. Եղիայեան հաստատեց, որ այս բոլորը ըսելէ, ըմբոշխնելէ եւ հասկնալէ ետք, առանց տատամսելու կարելի է խոստովանիլ, որ դեկտեմբեր 5-ը` Կամաւորներու միջազգային օրը, նաեւ հայ կամաւորներու օրն է, ԼՕԽ-ի կամաւորներու օրը:
Ապա ան հայկական ընդհանուր իրականութեան մէջ եւս կամաւորութեան մասին խօսեցաւ` դիտել տալով, որ մենք մօտ եւ հեռակայ անցեալին ունեցած ենք կամաւոր նուիրեալներ եւ կարծէք` այս մէկը ազգային նկարագիր է, որովհետեւ փոքր ազգ եղած ենք, թշնամիներով յաճախ շրջապատուած, փոքր հայրենիքի մը մէջ, սահմանափակ միջոցներով: Այս բոլորը պատճառ դարձած են, որ մենք մեր ձեւերով լուծենք մեր առօրեայ դժուարութիւնները: «Այսպէս, մեր նախնիներէն Հայկը կամաւորաբար ընդդիմացաւ Բէլի եւ մերժելով անոր ենթարկուիլ` հիմնեց անկախ երկիր, զոր կոչեց Հայկաշէն կամ Հայք: Սասունցի Դաւիթը կամաւորաբար դիմադրեց Մսրայ Մելիքին եւ պաշտպանեց իր ցեղին իրաւունքը: Գրիգոր Լուսաւորիչ կամաւորաբար ուղղուեցաւ Խոր Վիրապ եւ լուսաւորեց ամբողջ ժողովուրդ մը: Վարդան Մամիկոնեան կամաւորաբար դիմադրեց պարսկական զօրքերուն` գիտնալով հանդերձ իր դառն ճակատագիրը: Կամաւոր հրամանատարներ` Անդրանիկը, Դրաստամատ Կանայանը (Դրօ), Համազասպը, Քեռին հարիւրաւոր կամաւորներու աջակցութեամբ ժողովուրդի ազատագրութեան համար մարտնչեցան: Չմոռնալով` Խանասոր կերտած կամաւորները, զորս մինչեւ այսօր հպարտութեամբ կը յիշենք: Բայց նաեւ` Կոմիտաս վարդապետը, որ կամաւոր կ’որոշէր մշակոյթ փրկել: Այս բոլորը երեւակայական աշխարհի մը չեն պատկանիր: Մեր առօրեային մէջ ալ կը տեսնենք այս կամ այն հայկական վարժարանին մէջ նուիրեալ կամաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք նուիրուած են հայ սերունդ մը դաստիարակելու: Կամ կը տեսնենք կամաւոր ՀՄԸՄ-ական խմբապետ մը կամ վարչական մը, որ տարիներ շարունակ ծառայած է իր սիրելի միութեան` առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Կամ կը տեսնենք Համազգայինի անդամներ, որոնց միակ նպատակը մշակոյթի պահպանումն է: Բոլորիս նպատակը նոյնացած է. սփիւռքի այս դժուար պայմաններուն մէջ մէկը առողջապահութեան նախարարութեան գործը առած է, միւսը երիտասարդական հարցերու նախարարութեան, իսկ երրորդը` մշակոյթի, եւ բոլորը` կամաւոր, կամաւոր», ըսաւ օրուան բանախօսը:
Իր խօսքի աւարտին Իշխան Եղիայեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ իրենց հարիւրամեակը թեւակոխելու պատրաստուող, կամաւոր աշխատանք ծաւալած միութիւններ կոչուած են ապագայ սերունդին վերաբերող տեսլական ունենալու, որովհետեւ անոնց պիտի վստահուին այս միութիւնները: «Նպատակայարմար է անոնց փոխանցել կամաւոր ծառայելու հաճոյքը այս նիւթապաշտ ընկերութեան մէջ: Նոր սերունդը պէտք է այս կամ այն ձեւով մօտեցնենք մեզի: Թերեւս մասնագիտութեան ընթացքին հարկ ըլլայ համալսարանականները քաջալերել, որ գան եւ տարին քանի մը շաբաթ ծառայեն ԼՕԽ-ի միջոցով` այս կամ այն ճիւղին մէջ: Թերեւս պէտք է մեր միութիւնները երիտասարդական բաժիններով օժտենք, որպէսզի նոր անդամագրուողներ ունենանք գալիք տարիներուն: Ամէն պարագայի, պէտք է կամաւոր ծառայելու միշտ պատրաստ սերունդներ պատրաստենք, որովհետեւ միայն անոնք են, որ մեր ժողովուրդին կողքին պիտի մնան, երբ հարկ ըլլայ», եզրափակեց բանախօսը` երախտագիտութիւն յայտնելով ԼՕԽ-ականներուն:

Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտ Սելլա Սվագճեանը եւ նոյն կառոյցի շրջանաւարտ Նարօտ Սուրճեանը` ջութակի վրայ նուագելով:
Ապա իր հայրական պատգամը տուաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ ըսաւ, թէ բազում կամաւորներու աշխատանքին ու ջանքին շնորհիւ բազում այլ հայորդիներու կեանքի ընթացքը փոխուած է` նշելով, որ այսօր անոնցմէ շատեր կրնան մեզի հետ չըլլալ, բայց անոնք անջնջելի դրոշմ ձգած են մեր սրտին, հոգիին ու իրականութեան մէջ եւ դարձած օրինակելի տիպարներ: Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ Աստուած յորդորեց մարդը` իր եղբօր վերելքի ուղին ցոյց տալ, մասնակից դառնալ ու բաժնեկցիլ այլ կեանքերու բարելաւման: Առ այդ, ան նշեց, որ կամաւորը այն անհատն է, որ իր կողքին կը նկատէ իր կարիքը ունեցող եղբայրը եւ անտարբեր չի մնար, այլ ձեռք կ՛երկարէ անոր` գործնական թէ բարոյական իմաստով: Շահէ եպս. Փանոսեան յոյժ գնահատելի նկատեց ասիկա, որովհետեւ նոյն ընտանիքի անդամներ երբեմն չեն նկատեր, որ իրենց հետ նոյն երդիքին տակ ապրող այլ անհատներ կարիք ունին նեցուկի, սիրոյ, գուրգուրանքի եւ ուշադրութեան, եւ թէ` իրենց կողմէ առնուած դրական քայլ մը փրկարար դեր կրնայ ունենալ ուրիշին համար: Սրբազանը հաստատեց, որ ՀՕՄ-ն ու ԼՕԽ-ը այս սկզբունքով գործած են ու կը շարունակեն գործել տարբեր բնագաւառներու մէջ` աջակցելով համայնական կեանքի վերելքին ու բարգաւաճման: «Պատի՛ւ անոնց, որովհետեւ անոնք աստուածային պատգամը միշտ վառ կը պահեն իրենց յիշողութեան մէջ` զայն կը գործադրեն ու Աստուծոյ յորդորը կը գործնականացնեն մեր կեանքին մէջ, այդպիսով մարդկային կեանքին մէջ իրենց ներդրումն ու դերը ունենալով», ըսաւ ան:
Շահէ եպս. Փանոսեան նաեւ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ պէտք է աշխատանք տանիլ հիներուն յաջորդող նոր սերունդ պատրաստելու, մեր գործունէութեան քաջալերելու նորերը, որպէսզի հիներուն նայելով` անոնք նկատեն, որ պէտք է ազգային կեանքին մէջ դերակատար դառնալ, գործել, յեղաշրջել եւ բարեշրջել մեր կեանքն ու աշխարհը, որպէսզի նման աշխատանքով բարիք հասնի համայն հայութեան` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռքի տարածքին: Անոր համաձայն, ներկայիս եւ ապագային տարուելիք աշխատանքով պէտք է հասնիլ այնպիսի մակարդակի, որ վայել է մեր ժողովուրդին: Իր խօսքի աւարտին ան օրհնեց կամաւոր աշխատանք տանող ԼՕԽ-ականները` մաղթելով, որ անոնց տարած նուիրական աշխատանքը մարդկութեան կողմէ կ՛ընդունուի իբրեւ արարչագործութիւն:
Ապա յուշանուէր մը յանձնուեցաւ օրուան բանախօսին: