Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի «Նորսիկեան» Մանկապարտէզի «Պզտիկեան» Պարտէզի Բացում

Դեկտեմբեր 14, 2017
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2017-ին ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Նորսիկեան» մանկապարտէզի «Պզտիկեան» պարտէզին բացումը: Այս գեղեցիկ իրագործումին առիթով, կէսօրուան ժամը 1:00-ին Ճեմարան ժամանեցին բարերարներ` տէր եւ տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեանները` ընկերակցութեամբ Ճեմարանի բարեկամներու եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ Ճեմարանի խնամակալութեան անդամներու:

Շրջելէ ետք Ճեմարանի զանազան բաժինները, անոնք այցելեցին մանկապարտէզ, ուր տեղի ունեցաւ մատղաշ սերունդներուն համար փայլուն ապագայի մը կերտումի յոյսով  տէր եւ տիկին Վահան եւ Նորա Պզտիկեաններու ծնողներ Յարութիւն եւ Ազնիւ Պզտիկեաններու յիշատակին նուիրուած «Պզտիկեան» պարտէզին բացումը:

Մանկապարտէզին մէջ երեք փոքրիկներ մօտեցան նուիրատու ամոլին, անոնցմէ մէկը զոյգին յանձնեց պարտէզի բացման վարդագոյն ժապաւէնը, միւսը նուիրեց ծաղկեփունջ մը, երրորդը` մանկապարտէզի աշակերտներուն կողմէ Լալայի ու Արայի պայուսակն ու գրենական իրերը յանձնեց անոնց` զայն նուիրելու համար իրենց կրտսերագոյն թոռան` Արային:

Ժապաւէնը կտրելէ ետք, Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեանը ողջունեց հիւրերը եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` Ճեմարանի բարգաւաճման սատար հանդիսացող եւ հայ երեխան հայ դպրոցին մէջ պահելու առաքելութիւնը խրախուսող այս իրագործումին համար: Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը, որ բարձր գնահատեց այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը: Ան ըսաւ. «Համազգայինը լաւատեսութեան մարմնացումն է, այդ պատճառով այս ներդրումները կ՛ըլլան մանկապարտէզի եւ մանկամսուրի մէջ, որովհետեւ մեծ հաւատք կայ ապագայի հանդէպ: 1987-ին, երբ Ճեմարանի առաջին դպրոցական մասնաշէնքը կը կառուցուէր Ծաղկաձորի մէջ, շրջակայքը ոչ մէկ կառոյց կար, թնդանօթ մը կար միայն: Երբ պատերազմին պատճառով ամէն մարդ կը գաղթէր Լիբանանէն, Համազգայինը մեծ հաւատքով դպրոց կը կառուցէր: Շէնքը շինուեցաւ, ռումբ ալ ստացաւ, սակայն, ինչպէս կը տեսնենք, անիկա գոյատեւեց ու բարգաւաճեցաւ»:

Մկրտիչ Մկրտիչեանի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` մանկապարտէզի ճաշասենեակին մէջ, ուր ներկաներէն ոմանք այս առթիւ շնորհակալական խօսքեր արտասանեցին: Վահան Պզտիկեանին կինը` Նորա Պզտիկեան, կարդաց այս առիթով իր ամուսնոյն սրտի խօսքը. «Այս պահը շատ յուզիչ է ինծի համար. մտքիս յուշերը ետ կ՛երթան աւելի քան վեց տասնամեակներ. կը յիշեմ ծնողքս եւ կը յիշեմ դպրոցս: Ընտանիք եւ դպրոց. մարդակերտումի երկու կարեւորագոյն դարբնոցներ: Ճեմարան սկսայ յաճախել 1956-ին: Այդ օրերուն մեր դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու փաղանգին մաս կը կազմէին ազգային հանրածանօթ դէմքեր եւ նուիրեալներ, որոնք այսօր արդէն հեռացած են մեզմէ: Նուիրեալներ, որոնք ամենայն զոհաբերութեամբ եւ համբերանքով աշխատեցան չարաճճի մանուկը վերածելու ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ զգացումներով օժտուած հայ մարդու: Յիշեմ քանի մը անուններ. մեր տնօրէնը` Սիմոն Վրացեան` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետը, որ յաճախ սուր հիւմուրով եւ մեղմ ձայնով ինքզինք կ՛անուանէր «նախկին վարչապետ, այժմ` վարժապետ»: Կարօ Սասունին, որ մեզի կը դասաւանդէր հայոց լեզու, գրականութիւն եւ հայոց պատմութիւն: Տակաւին մինչեւ այսօր կը յիշեմ եւ կը տեսնեմ իր այդ խոշոր ճերմակ կտաւէ թաշկինակը, զոր ան գրպանէն կը հանէր եւ կ՛օգտագործէր իր արցունքները սրբելու համար, երբ ան կը խօսէր, աւելի ճիշդ` կը պատմէր մեզի հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարի դրուագներէն եւ կամ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուաճումի ճակատամարտերու դէպքերէն: Իսկ մենք` «ջորեպաններս», առանց շշուկի եւ ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւէինք իր խօսքերուն եւ բառերուն: Ինչպէ՞ս չյիշեմ մեր աւելի նորագոյն ազգային դէմքերէն Մուշեղ Իշխանը եւ Գառնիկ Բանեանը, որոնք ամենայն համբերութեամբ եւ ներողամիտ ոգիով կը տանէին հայ պատանիին անմեղ չարաճճիութիւնները: Երկար է շարքը մեր նուիրեալ դաստիարակներուն եւ ուսուցիչներուն. ես պիտի չյանդգնիմ ամէն մէկուն անունը յիշել հոս: Ճեմարանը ինծի համար եղաւ յոյսի եւ լոյսի փարոս: Յոյս ներշնչեց ինծի, որ բարձրագոյն ուսման ճամբով կարելի է լայն հորիզոններ բանալ կեանքին առջեւ եւ լոյս սփռեց զանազան կարելիութիւններու վրայ, որպէսզի կարենամ ընտրել իմ նախասիրած մասնագիտութիւնս: Ինչպէս կ՛ըսէ Արամ Ա. վեհափառ հայրը դպրեվանքի մասին, Ճեմարանը մեզի համար եղաւ «մարդակերտումի դարբնոց»: Այսօր իմ մաղթանքս է, որ Ճեմարանը անխափան շարունակէ իր առաքելութիւնը` պատրաստելու եկող սերունդներու մեր ազգային առաջնորդները»:

Հիւրասիրութենէն ետք ներկաները այցելեցին նոր կառուցուող մանկամսուրը, ապա բաժնուեցան Ճեմարանէն` յառաջիկային նոր հանդիպման մը յոյսով:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Իրազեկ Կը Դառնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բացած Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատին Ներկայ Փուլին

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?