Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երուսաղէմի Կարգավիճակն Ու Հայկական Արձագանգները

Դեկտեմբեր 11, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահին  յայտարարութիւնը կարելի է նկատել ցնցիչ, բայց ոչ անպայման անակնկալ: Աւելի ճիշդը, նախագահ Թրամփ նման չկշռադատուած յայտարարութիւններ կատարելու կանխատեսելիութեամբ յատկանշուած է արդէն: Զուգահեռ, նկատելի է նաեւ քաղաքականօրէն, որ Թրամփի յայտարարութիւնները լարուած կացութիւններ կը ստեղծեն, բայց յաճախ ալ քաղաքական հետեւանքներ անպայման չեն ապահովեր եւ կը մնան յայտարարողական առումով մթնոլորտ ստեղծելու եւ ոչ թէ իրավիճակ փոխելու ուղղութեամբ կտրուկ շրջադարձներ զգացնելու ծիրին մէջ:

Աշխարհաքաղաքական առումով տարածաշրջանին մէջ առանցք կազմած գլխաւոր խաղացողներու Մոսկուա-Թեհրան-Անգարա առանցքը դատապարտանքի դիրքորոշումով հանդէս պիտի գար: Միացեալ Նահանգներու նախագահին նորագոյն այս յայտարարութիւնը  յայտարարողական հարթութեան վրայ նոր բաժանարար գիծ կ՛ընկալուի տարբեր գերտէրութիւններու միջեւ: Մինչ, տեղի ժողովուրդը կրնայ այդ հարթութենէն անդին աւելի սուղ գին վճարել:

Հիմա կարելի է մտածել, որ Երուսաղէմի մասին կատարուած այս յայտարարութիւնը եւս կը դիտարկուի շղթայական այս յայտարարութիւններու շարքին: Անշուշտ կարելի չէ հաստատել, որ տարածաշրջանին մէջ նոր սրումներ եւ բախումներ կը բացառուին այս ձեւով: Հիմա կը մեկնարկեն Ուաշինկթընի այս քայլը ողջունողներու կամ դատապարտողներու յայտարարութիւնները:

Երուսաղէմի կարգավիճակի ճշդումը համաշխարհային ուշադրութեան արժանացած խնդիր է հասկնալիօրէն: Առանց խորանալու տարբեր շահագրգռութիւններու շարժառիթներուն մէջ, փորձենք ընդգծել հայկական արձագանգներուն առանցքային բաժինները:

Պաշտօնական Երեւանի  դիրքորոշումը այս հարցին մէջ քաղաքական տրամաբանութեամբ հասկնալի է եւ կը յատկանշուի հաւասարակշռուածութեամբ ու նրբութիւններու յարգումով:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Երուսաղէմի խնդիրը իսրայէլա-պաղեստինեան բանակցութեամբ լուծուելիք խնդիր է, որուն մէջ շատ կարեւոր է խաղաղ եւ կայուն ընթացքը:

«Երուսաղէմի մէջ առկայ է բազմադարեան հայկական ներկայութիւն, հարուստ հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւն: Հայ առաքելական եկեղեցին կը հանդիսանայ Սուրբ վայրերու իրաւատէր եկեղեցիներէն մէկը: Բնականաբար, մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք Երուսաղէմին առնչուող բոլոր զարգացումներուն»:

Հիմա աւելի քննական հայեացքով մը քաղաքական այս յայտարարութիւնը կը յանգի այն եզրակացութեան, որ Երեւանը առանց դիրքորոշուելու իսրայէլեան-պաղեստինեան  քաղաքային կարգավիճակի ճշդումի հարցին մէջ, ըստ էութեան կը յայտնէ իր անհամաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահի կայացուցած որոշումին: Երբ կ՛ըսուի, որ խնդիրը հակամարտող կողմերուն միջեւ պէտք է համաձայնեցուի, ըսել կ՛ուզուի, որ երրորդ կողմը պէտք չէ նման որոշում կայացնէ:

Հիմնաւորումը եւս նման դիրքորոշում հրապարակելու արդարացուած է, այն իմաստով, որ  հայկական պետութիւնը նախանձախնդրութիւն ցոյց կու տայ պահպանելու բազմադարեան հայկական ներկայութիւնն ու հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը:

Տեղական հանգամանքներու նկատառումով զուտ հայկական թաղամասերու իրավիճակին մասին պարզաբանումներ կու տայ Երուսաղէմի պատրիարքութեան բանբերը: Մինչ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ուղղակի կը մերժէր Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը` զայն նկատելով միջազգային օրէնքի, արդարութեան եւ պատմական իրողութեան հակադրուող քայլ: Այս կեցուածքը օրինաչափ է նաեւ համաքրիստոնէական հայեցակէտով` Երուսաղէմը պէտք է շարունակէ մնալ բաց քաղաք միաստուածեան երեք կրօններուն առջեւ:

Աշխարհագրական տարբեր միջավայրերէ եւ տարբեր պայմաններէ հրապարակուած  հայկական արձագանգներուն միջեւ կայ ընդհանուր համահնչեղութիւն: Կարեւոր է վերընդգծելը, որ Երուսաղէմի մէջ կայ հայկական բազմադարեան ներկայութիւն, եւ այդ առումով համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող քաղաքի մէջ գոյութիւն ունին հայկական իրաւունքներ:

«Ա.»

 

Նախորդը

Երուսաղէմի Լուտերական Եկեղեցւոյ Եունան Եպիսկոպոսը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Եւ ՀՄԸՄ Պէյրութի Մրցումները

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?