Անդրադարձ

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողան Ներքաշուած Է 15 Միլիոն Տոլարի Ֆինանսական Նոր Գայթակղութեան Մը Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 14 տարի առաջ իշխանութեան եկաւ որպէս բարեպաշտ մահմետական` յայտարարելով, որ մտադիր է կաշառակերութիւնը արմատախիլ ընել թրքական քաղաքականութենէն: Իր իշխանութիւնը ամրապնդելէ եւ վարչապետէ աւելի բռնակալ նախագահ մը դառնալէ ետք, ան մոռցաւ իր խոստումները եւ վարեց խիստ փտախտաւոր քաղաքականութիւն, ինչ որ ինք նախօրօք դատապարտած էր: Ինչպէս ըսած...

Ապրի՛ Կամաւորը

Ապրի՛ Կամաւորը

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ  Կամաւոր ըլլալը ամէն մարդու գործը չէ. մանաւա՛նդ` այս օրերուն: Կամաւոր ըլլալ` կը նշանակէ աշխարհի ազնուագոյն նկարագիրը կրել: Կամովին գործելու յատկանիշը բնածին է, այսինքն բոլորը կը կրեն զայն, սակայն տարիներու ընթացքին այդ յատկանիշը միայն որոշ անհատներու մէջ կը զարգանայ ու ի վերջոյ կ՛ամրապնդուի մարդ արարածին մէջ` անոր ունեցած փորձառութիւններուն համաձայն: Կամովին գործող մարդիկ այլոց նկատմամբ հոգատար կ՛ըլլան: Գուրգուրոտ ըլլալու...

Մեր Ազգային Հաւաքական Կեանքին Մէջ Լոյս Ու Յոյս Սերմանող Կամաւոր Աշխատանքը

Մեր Ազգային Հաւաքական Կեանքին Մէջ Լոյս Ու Յոյս Սերմանող Կամաւոր Աշխատանքը

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Կամաւորներու միջազգային օրը այն առիթն է, երբ լուսարձակի տակ կ՛առնուին այն գործունէութիւնները, որոնք կը կատարուին մարդ անհատին կողմէ առանց որեւէ նիւթական ակնկալիքի, ընդհանրապէս յանուն մարդկային կեանքի զանազան բնագաւառներուն մէջ բարելաւման եւ բարեկարգման: Այդ կամաւոր աշխատանք կատարող մարդոց նպատակը պարզապէս հոգեկան գոհացում ստանալը չէ` բան մը իրագործելու քայլին դիմաց, որովհետեւ այդ մարդիկ կը շարժին մարդկայնական վեհ սկզբունքներով, մարդկութեան մէջ...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Ընտանիքի Անդամներուն Փոխյարաբերութիւնը» Նիւթով

Կամաւորը` Առողջ Մարդ

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. Կամաւոր աշխատանքի սահմանումը ընկերային գիտութիւններու մարզին մէջ հիմնուած է երկարատեւ հետազօտութիւններէ բխած եւ հաստատուած արդիւնքներու վրայ: Հոգեբանութեան գիտութիւնը, ի մասնաւորի, խորաթափանց վերլուծումներու ենթարկած է կամաւոր աշխատանքի երեւոյթը եւ կամաւոր ձեւով ծառայողներու անհատականութիւնները` յանգելու համար ժամանակակից նոր հասկացողութեան մը, ըստ որուն, կամաւոր աշխատանքը դրական ազդեցութիւններ կ՛ունենայ մարդ անհատին ֆիզիքական եւ մտային առողջութեան վրայ եւ շատ յաճախ կը նպաստէ...

Բարիքը

Բարիքը

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Ձմրան ցուրտ օրերէն մէկն էր: Որոտում, կարկուտախառն անձրեւ եւ փոթորիկ: Ո՞վ կը համարձակէր տունէն դուրս ելլել: Ամէն ոք իր կրակարանին դիմաց նստած` մէկ կողմէ ականջ կու տար երկինքի պոռթկումին,  միւս կողմէ`  ունելիով կրակը կը խառնէր` մէկ-մէկ ալ բոցկլտացող կայծերու գոյնին զմայլելով: Գիւղին մէջ անհանգիստ էր միայն Ռեբեքան: Ամուսինը այդ գիշեր նաւակով պիտի հասնէր ծովափ, եւ ինք դիմաւորելու պիտի...

«Կամաւորներու Կարիքը Ունիմ»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Կամաւորներու կարիքը ունիմ», զբօսանքի ելլելու պահուն յայտարարեց մեր ուսուցչուհին: 7 կամ 8 տարեկան էի: Հօրմէս լսած էի, որ Հայաստան անկախացած էր` շնորհիւ հայ կամաւորներու: Լսած էի այդ հերոսներուն մասին: Քանի մը հատին անուններն ալ գիտէի, մանաւանդ` Անդրանիկը: Եղբայրս անոր անունը կը կրէր: Լսած էի նաեւ Դրօ եւ Քեռի անունները: Դրոն անձամբ տեսած էի Ճեմարանի բակը, սակայն վստահ չէի,...

ՀՕՄ-ը Միջազգային Կամաւորի Օրուան Առիթով Երախտագիտական Խօսքը Կ՛ուղղէ Իր Անդամներուն

ՀՕՄ-ը Միջազգային Կամաւորի Օրուան Առիթով Երախտագիտական Խօսքը Կ՛ուղղէ Իր Անդամներուն

Հայ օգնութեան միութիւնը  կը միանայ գաղութին` տօնելու համաշխարհային Կամաւորի օրը` առ ի գնահատանք այն բոլոր կամաւորներուն եւ ընկերներուն, որոնք իրենց անսակարկ նուիրումով, նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին այլազան աշխատանքներու` գաղութի եւ հայրենիքի բարելաւման համար: Այս առիթով, Կեդրոնական վարչութիւնը իր երախտագիտական խօսքը կը յղէ իր անդամներուն, որոնք անձնուրաց ոգիով յառաջ կը տանին բարեսիրական գործը ու կարելի կը դարձնեն, որ այս...

Սեռային Ոտնձգութիւններուն Մասին

ՀՅԴ-ն Եւ Միջազգային Կնոջական Ընկերվարական Շարժումը

 ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Յատկանշական երեւոյթ մըն է, որ ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութիւնը եւս կը զուգադիպէ «Սեռային հիմքի վրայ բռնութեան դէմ 16-օրեայ արշաւ»-ին: ՀՅԴ-ն իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եղած է սեռային հաւասարութեան ջատագով` թէ՛ տեսական-գաղափարաբանական, թէ՛ ալ գործնական առումներով: ՀՅԴ-ի ընկերային-յառաջդիմական կողմնորոշումները (մանաւանդ ինչ կը վերաբերի կիներու իրաւունքներուն) ակնյայտ են կուսակցութեան պատմութեան էջերուն մէջ, մանաւանդ 1905-1920 երկարող տարիներուն ընթացքին: Ամէն ինչ...

Խմբագրական.  Ժողովրդային Կարիքներուն Հասնելէն  Մինչեւ Պետականաստեղծում (ՀՅԴ 127-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Ժողովրդային Կարիքներուն Հասնելէն Մինչեւ Պետականաստեղծում (ՀՅԴ 127-ամեակին Առիթով)

Տարեփակի նախօրէին, ըստ աւանդութեան ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութիւնը կը նշէ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 127-ամեակը եւ այդ առիթով կը ներկայանայ ժողովուրդին հիմնականին մէջ ընթացիկ տարուան գործունէութեան հաշուեկշիռը ներկայացնելու եւ յատկապէս յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղենիշերը փոխանցելու: Փակուող տարին բազմաթիւ ուղղութիւններու վրայ տարուած հետեւողական աշխատանքներով յատկանշուեցաւ կուսակցութեան համար` Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ եւ այնուհետեւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններ: Այդ բոլորին հանրագումարը, իրագործուածն ու դժուարութեան հանդիպած բաժինները իրենց ընդհանուր...

Բարի Լոյս 35.  127-ամեակ ՀՅ Դաշնակցութեան Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք

Բարի Լոյս 35. 127-ամեակ ՀՅ Դաշնակցութեան Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Այսօր երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՅ Դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութիւնը: Հաշուետուութեան, ուխտի ու յանձնառութեան վերանորոգման, գաղափարական լիցքաւորման ու նուիրական աւանդներու հաւատարմութեան վերահաստատման եզակի առիթ  հանդիսացող Դաշնակցութեան օրը մի՛շտ ալ ունի այժմէական հնչեղութիւն ու թելադրականութիւն: Հայ կեանքը մնայուն շարժման մէջ պահող ու իբրեւ այդպիսին իր խօսքն ու...

Սեռային Ոտնձգութիւններուն Մասին

Մի՛ Սպաննէք Մեր Կարողական Մայրերը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Թերեւս շատերուն համար ասիկա խորթ թուի` հարց տալով, թէ ինչո՛ւ կամ ինչպէ՛ս ազգ մը իր ապագայի մայրերը կը սպաննէ: Ինչպէ՞ս ազգ մը, որ տառապած է ցեղասպանութենէ, եւ ամէն օր իր զաւակները կը նահատակուին հայրենիքին սահմանները պաշտպանելու համար, կամայ թէ ակամայ, կը սպաննէ կարողական մայրերը: Լուրերուն մէջ կը կարդանք Հայաստանի մէջ սեռով պայմանաւորուած վիժումներուն մասին, բայց շատ ականջ չենք...

Անդրադարձ.  Ժամանակի Կուսակցութիւնը

Անդրադարձ. Ժամանակի Կուսակցութիւնը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Ամէն ժամանակ ծնունդ կու տայ, ոտքի կը հանէ եւ կ՛ամրապնդէ իր պահանջին եւ պայմաններուն ծառայող հոսանքը: 19-րդ դարուն հայ ազգին դիմագրաւած ընկերային-տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններէն է, որ ծնունդ առաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը` իբրեւ այդ ժամանակուան հայ յառաջդիմական մտածելակերպը ներկայացնող ուժ: Կառչած մնալով արդիականացման օրէնքին` ՀՅ Դաշնակցութիւնը ժամանակի պահանջներուն ու պայմաններուն կը յարմարցնէ իր մարտավարութիւնները, եւ այդ մէկը...

ՀՅ Դաշնակցութեան Ուժը

ՀՅ Դաշնակցութեան Ուժը

ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրները ժամանակի հայ կեանքի ամէնէն իրազեկ մարդիկն էին: Այդ վկայում են նրանց թողած երկերը, բայց, մա՛նաւանդ` ՀՅ Դաշնակցութեան առաջին ծրագիրը: Մինչդեռ նրանցից առաջ եւ յետոյ հայ կուսակցութիւն կազմողները ընդհանրապէս մեկնում էին վերացական դատողութիւններից, անում էին բնազանցական ընդհանրացումներ, ՀՅ Դաշնակցութեան ծրագրի հեղինակները խօսում են միայն կենդանի փաստերի եւ իրական տուեալների մասին: Այդ պատճառով նրանց եզրակացութիւններն էլ կենդանի...

Մե՛նք Ենք Մեր Պատմութեան Տէրը  (ՀՅԴ 127-ամեակ)

Մե՛նք Ենք Մեր Պատմութեան Տէրը (ՀՅԴ 127-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Չկայ աւելի վնասակար յիմարաբանութիւն, քան` «իրապաշտական» կոչուած կիսամտածումը: Իրապաշտը նա է, ո՛վ չգիտէ անցեալը տառապելով ապրել, ո՛վ գտնւում է ներկայի կոպիտ փաստերի ազդեցութեան տակ, ո՛վ չգիտէ կռահել եւ տեսանել ապագան: Ով ժամանակի մի մասով է ապրում` նա յաւիտենականութեան տիպ չէ, նա ամբողջական էակ չէ, նա մարդաբեկոր է, հոգեւոր թզուկ: ՀԱՅԿ ԱՍԱՏՐԵԱՆ (Գրող, մտաւորական եւ իմաստասէր) Առաջին հայեացքով` զարմացնող...

Հայ Յեղափոխական Կուսակցութեան Առաքելութիւնը` Իր Հիմնադրութենէն 127 Տարի Ետք

Հայ Յեղափոխական Կուսակցութեան Առաքելութիւնը` Իր Հիմնադրութենէն 127 Տարի Ետք

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Երբ 127 տարի առաջ Թիֆլիսի մէջ հիմնադրուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, սկզբնական շրջանին անոր թիւ մէկ հարցը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայութեան ռայա վիճակի վերացումն էր եւ «Էրգրի» մէջ բարեկարգումներու գործադրութեան միջոցով ինքնավարութեան որոշակի աստիճան ձեռք ձգելը: Եւ բնականաբար համիտեան բռնակալական միապետութեան պայմաններուն մէջ այս նուազագոյն նպատակն անգամ կարելի չէր խաղաղ միջոցներով իրագործել, ուրեմն Դաշնակցութիւնը եղաւ հայկական յեղափոխական շարժման դրօշակիրը, շարժում...

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ 18 Դիմումի Ընդառաջում Սեպտեմբերին Հնգամսեայ Հաշուեկշիռ` 132 Պարագայ

127-ամեայ Երիտասարդը…

  ՊԵՏԻԿ Այսօր` դեկտեմբեր 8-ին տեղի կ՛ունենայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 127-ամեակի տօնակատարութիւնը: Պատեհ առիթ մը Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութեան` վերյիշելու պատմական հաստատ իրադարձութիւններ եւ անդրադառնալու, որ այս 127 տարիներուն ընթացքին աշխարհի քաղաքական եւ ռազմական փոթորիկներու ընդմէջէն ծնունդ առած տասնեակ կուսակցութիւններ եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ անհետացած են միջազգային բեմերէն ու այսօր նոյնիսկ չեն յիշուիր: Իսկ մենք մեր աշխարհատարած գաղութներով պիտի յիշենք այն...

Տեսակէտ. 21-րդ Դարի Փոփոխութիւնների Պարտադրանքի Տակ…

Մայրս Տիեզերք

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Այդ ծանր, արիւնալի կացութեան մէջ ծնւում է մայրս` Լուսինը, Մարաշ վերադարձած նորաստեղծ ընտանիքի առաջին աղջիկ զաւակը: Այդ 1920 թուականն էր: Կիլիկիոյ հայութեան երկրորդ եղեռնը: Մեծ մայրս սրտի կսկիծով էր պատմում, թէ ինչպէ՛ս այդ վտանգուած, անապահով օրերին չկամութեամբ էր ընդունւում իւրաքանչիւր ծնունդ: Հայութեան համար ոչ միայն պարզ չէր իրենց ճակատագիրը, այլ բոլորովին անտեղեակ էին իրենց ճակատագրի շուրջ...

Դժուարին Վարքագիծ, Սակայն` Սկզբունքային Եւ Յուսադրիչ

Դժուարին Վարքագիծ, Սակայն` Սկզբունքային Եւ Յուսադրիչ

2-3 դեկտեմբեր 2017-ին Աւստրալիոյ Մելպուռն եւ Սիտնի քաղաքներուն մէջ նշուեցաւ  Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 127-ամեակը: Ստորեւ  կը հրատարակենք այս հանդիսութեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ  դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին արտասանած խօսքը: Այն դրուագը, որով այսօր պիտի բանամ իմ խօսքը, կը սկսի Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն եւ կ՛աւարտի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն։ Աշխարհագրականօրէն տարբեր վայրերու մէջ տեղի կ՛ունենան դէպքերը, սակայն մտածողութեան նոյն խարիսխը ունին։ Ծանօթ...

Սեռային Ոտնձգութիւններուն Մասին

Մարօ Մաթոսեան. «Եթէ Կ՛ուզենք Առողջ Ընկերութիւն Մը Ունենալ, Պէտք Է Արժեհամակարգի Փոփոխութիւն Կատարենք Եւ Քանդենք Կարծրատիպերը»

Վերջերս Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ քննարկումներու նիւթ դարձած էր «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման եւ ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան մասին օրէնք»-ի նախագիծը(1), որուն որդեգրման համար տարիներէ ի վեր պայքարած են կիներու իրաւունքներու պաշտպան հասարակական կազմակերպութիւններ: Օրէնքին դէմ եղողները ընդհանրապէս կը գործածեն այն փաստարկը, որ անիկա հայկական աւանդական ընտանեկան արժէքները կը քանդէ, մինչ օրէնքը պաշտպանողները կը հաւատան, որ կարիքը կայ նման օրէնքի...

Գաղութէ Գաղութ

Ալեքքօ Պէզիքեան Կը Պարգեւատրուի Հայրենիքին Մատուցած Ծառայութիւններուն Համար

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումով ազգային բարերար Ալեքքօ Պէզիքեան պարգեւատրուած է հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար` 2-րդ աստիճանի շքանշանով: Շքանշանը Ալեքքօ Պէզիքեանին յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, 29 նոյեմբերին, Ժընեւի մէջ կայացած Զուիցերիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին:

Page 574 of 806 1 … 573 574 575 … 806

Արխիւներ