Անդրադարձ

Զեկուցումներ` Հայկական Ինքնութեան, Սփիւռքի Կազմակերպման Եւ Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան Մասին

Զեկուցումներ` Հայկական Ինքնութեան, Սփիւռքի Կազմակերպման Եւ Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան Մասին

Առաջնորդուիլ Բազմամակարդակ Եւ Բազմաշերտ Օրակարգով ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Սերունդին «ազգային ինքնութիւնը» մտատանջող օրակարգին նուիրուած  Պիքֆայայի  խորհրդաժողովին վեհափառ հօր ներկայացուցած ներածականը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-սփիւռք վերջին համագումարին` երկու նախադասութիւններու մէջ խտացուցած նորին սրբազնութեան նշանակալից «հայրենիքը կը պարպուի, իսկ սփիւռքը կը մաշի» շշմեցնող  ահազանգը բիրտ մարտահրաւէրներ են, որոնք օրահրամանի շեշտով կը դրուին ազգի ղեկավարութեան սեղանին: 1980-ական թուականներէն կը զգացուէր արդէն, որ մեր միջոցները` մամուլ,...

Զեկուցումներ` Հայկական Ինքնութեան, Սփիւռքի Կազմակերպման Եւ Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան Մասին

Զեկուցումներ` Հայկական Ինքնութեան, Սփիւռքի Կազմակերպման Եւ Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան Մասին

Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեամբ Հզօրացնել Մէկզմէկու ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ Արամ վեհափառին հրաւէրով, «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց» ընդհանուր խորագրին տակ, պիտի զեկուցեմ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան նիւթին շուրջ` կեդրոնանալով մէկ կողմէ ինչպէ՞ս կարելի է մասնակցիլ Հայաստանի եւ սփիւռքի հզօրացման եւ միւս կողմէ` ինչպէ՞ս կարելի է այս գործակցութեամբ հզօրացնել սփիւռքը: Սիրելինե՛ր, հայութեան դրուածքը այսօր, իր Հայաստան-Արցախ-սփիւռքով, իւրայատուկ է աշխարհի մէջ: Արդարեւ, չկա՛յ այլ ազգ մը, որ...

Երկու Խօսք

Երուսաղէմի Օրակարգ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Տարօրինակ ձեւով, անցնող շաբաթներուն, Հայաստանի եւ սփիւռքի մամուլը, քաղաքական եւ կրօնական աղբիւրները Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու առիթով ոչ թէ լուռ են, այլ քիչ մը մտահոգիչ մեղմ կեցուածքով մը կը դրսեւորուին: Աւելի՛ն. Հայաստանի եւ սփիւռքի կարգ մը լրատուական աղբիւրներու մէջ Երուսաղէմի օրակարգը զուտ պաղեստինեան օրակարգի պրիսմակէն դիտելու ճիգ մը կայ: Հրեայ-Պաղեստին խնդիրին շուրջ միայն...

Անդրադարձ.  Ստեղծուած Բացը

Անդրադարձ. Ստեղծուած Բացը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 6 դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ընտրական խոստումը կատարելով ամերիկեան դեսպանատան Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրումը յայտարարեց` աւելցնելով. «Որոշեցի, որ ժամանակը հասած է Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու»: Ան այդպիսով ո՛չ միայն այդ առնչութեամբ Քոնկրեսի որոշումի գործադրութիւնը յետաձգելու ամերիկեան իրերայաջորդ վարչակազմերու քսանամեայ քաղաքականութեան վերջ տուաւ, այլ նաեւ` պաղեստինցիներու եւ Իսրայէլի միջեւ ամերիկեան միջնորդութեան: Թրամփ այդպիսի դերակատարութեան մը...

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 127-ամեակի Արժանավայել Նշում

Դաշնակցութեան Օրուան Արդիական Եւ Ժամանակակից Պատգամները

ՊԱՐԳԵՒ 8 դեկտեմբերին Համազգայինի Մ. եւ Հ.  Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեակը` ժողովրդային տօնակատարութեամբ: ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ օրուան պատգամը ուղղեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Բագրատունի կեդրոնացաւ հայութեան արդի, ժամանակակից հարցերուն վրայ եւ տուաւ իրապաշտ պատասխաններ` բոլոր հարցադրումներուն, որոնք կը վերաբերին հայկական իրականութեան: Ան նախ եւ առաջ ներկայացուց Դաշնակցութեան օրուան պատգամին ընկերային-տնտեսական բուն...

Յակոբ Համամճեանի Յիշատակին

Յակոբ Համամճեանի Յիշատակին

ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Տերեւաթափ է դարձեալ: Հարազատ ու սիրելի դէմքեր մէկիկ-մէկիկ կը հեռանան մեզմէ: Այս անգամ Յակոբ Համամճեանն էր հրաժեշտ տուողը` Քանատայէն, ուր լուռ ու մունջ իր հոգին կ՛աւանդէր, առանց «մնաք բարով» ըսելու մեզի: Ան անվերադարձ կը բաժնուէր մեզմէ, իր ետին ձգելով վիշտ ու յուզում, խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, հարազատները, ծանօթներն ու բարեկամները: Իր մահով կը կորսնցնենք արուեստագէտ ու տիպար...

Կարապետ Գույումճեանի Յիշատակին

Կարապետ Գույումճեանի Յիշատակին

Շուրջ քառասուն օրեր առաջ հողին յանձնեցինք «ակա» Կարապետ եղբայրս: Իր Կեսարիա ծնած հայրը կանուխ մեռած էր եւ ընտանիքին բեռը մնացած էր անոր ուսերուն: Պատանի տարիքին մտաւ կեանքի ասպարէզ, եռանդուն կերպով զանազան գործեր ըրաւ պահելու իր ընտանիքը: Շատ անգամ ծանր պայմաններու մէջ պայքարեցաւ կեանքի ալեկոծումներու դէմ: Շատ տարիներ ետք սկսաւ շինարարութեան գործին: Սանճաք-շէլ շրջանի մէջ աշխուժ աշխատանք տարաւ բարեզարդելու շրջանը: Պատերազմի...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Յարգանք Քեզ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Ասկէ քանի մը ամիս առաջ, երբ կարճ արձակուրդով Պէյրութ կը գտնուէի, ուզեցի անպայման հանդիպիլ Նշան Փալանճեան ճեմարան, որ այժմ կը կոչուի Քաղաքի ճեմարան: Ճեմարանը իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան յաճախած դպրոցս էր: Երեսուն տարիներէ ի վեր չէի վերադարձած հոն. այցելութեանս նպատակը սոսկ զգացական էր, կ՛ուզէի կրկին տեսնել իմ անցեալի դպրոցը` իմ երկրորդ տունը: Երեսուն երկար տարիներ անցած էին,...

Ուխտի Ճանապարհներ. Քրիստափոր Միքայէլեանի Գերեզմանը

Ուխտի Ճանապարհներ. Քրիստափոր Միքայէլեանի Գերեզմանը

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ 1980 թուականի ամրան, առաւօտ կանուխ,  շոգեկառքով կնոջս հետ Պուքրեշէն Պուլկարիոյ մայրաքաղաք` Սոֆիայի երկաթուղիի կայարանը հասանք: Մեզ սպասող ծանօթ չունինք: Ուստի անձամբ մեր իջեւանութեան հարցը շուտով լրացուցի եւ հանգիստ շունչ քաշեցի այս քաղաքին մէջ առաջին յաջողութեանս համար, նոյնը յուսալով յաջորդին համար: Երկար տարիներու երազանքս էր` ուխտս, իմ գաղափարի սուրբ դաւանանքի առաքեալին գերեզմանը այցելել: Հետեւաբար երեկոյեան անմիջապէս  քաղաքի մայր...

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի.  Էրտողանի Յունաստան Այցելութեան «Պատմական Նշանակութիւնը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Էրտողանի Յունաստան Այցելութեան «Պատմական Նշանակութիւնը

Թուրքիոյ նախագահ պրն. Էրտողանի Յունաստան երկօրեայ այցելութիւնը «պատմական» իրադարձութիւն մը եղաւ ոչ միայն սոսկ այն պատճառով, որ 1952-էն ասդին, 65 տարուան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ մը պաշտօնապէս կ՛այցելէր արեւմտեան իր դրացի Յունաստանի Հանրապետութիւն, որուն հետ, ի դէպ, դաշնակից է ՕԹԱՆ-ի ճամբով: Պրն. Էրտողանի Յունաստան այցը դառնօրէն եւ թրքավայել ոճով «պատմական» եղաւ նաեւ ու մանաւա՛նդ այն պատճառով, որ...

Կաթիլային Ներարկումներ

Կամաւոր Դեսպան

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Հայոց բանակի «Զինուորներու ապահովագրութեան հիմնադրամ»-ի վերջին նիստի մասին եղած տեղեկատուութենէն կ՛իմանանք, որ Հոգաբարձուներու խորհուրդը քննարկած է «Հիմնադրամի դեսպաններ» ունենալու ծրագիր մը: Այս ծրագիրին նպատակն է մեծաթիւ հայ համայնք ունեցող քաղաքներուն մէջ ունենալ` «Հիմնադրամի դեսպաններ, որոնք պէտք է աշխատին սփիւռքի կառոյցներուն հետ` առաւել մանրամասն ներկայացնելով հիմնադրամին գործունէութիւնը»: Վստահ ենք, որ մեծ թիւով սփիւռքահայեր սիրով կամաւոր դեսպաններ պիտի ուզեն ըլլալ`...

Անիի Մէջ` Ռուս Հնագէտի Հետքերով

«Անին աշխարհ մըն է, բայց աշխարհը Անի մը չ՛արժեր»... Կարսի նահանգին մէջ գտնուող Անիի մասին ամէն  խօսակցութիւն այս խօսքով կ՛աւարտի: Պատմութեան քառուղիներուն վրայ մեր վերջին կանգառը Անիի աւերակներն են: Անին հարիւրաւոր տարիներ իր ողջ վեհութեամբ կանգնած է Թուրքիա-Հայաստան սահմանին գտնուող խորը հովիտի մը վրայ: Ականատես եղած է հայկական արքայատոհմերէն մինչեւ բիւզանդական, վրացականէն մինչեւ սելճուքեան, օսմանեան ու բազմաթիւ այլ կայսրութիւններու հիմնադրմանն...

Ազրպէյճանի` Արցախի Սահմանամերձ Շրջանէն Հարիւրաւոր Մարդիկ Կը Մեղադրուին Դաւաճանութեան Մէջ

Ազրպէյճանի` Արցախի Սահմանամերձ Շրջանէն Հարիւրաւոր Մարդիկ Կը Մեղադրուին Դաւաճանութեան Մէջ

Ազրպէյճանական ընդդիմադիր Meydan.tv կայքը յօդուած  հրապարակած է IFact.ge կայքին մէջ, ուր կը պատմուի, թէ ինչպէ՛ս հարիւրաւոր մարդիկ Աղտամի շրջանին մէջ հարցաքննուած են` իբր Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ համագործակցելու համար: Այն մասին, թէ ինչպէ՛ս հովիւ մը եւ անոր հօտը խճճուեցան հետաքննութեան մէջ, որուն ընթացքին հարիւրաւոր ազրպէյճանցիներ հարցաքննուած են եւ որոշ պարագաներու` մեղադրուած դաւաճանութեան մէջ: Այս ամէնը IFact.ge-ի հետ զրոյցի ընթացքին կը...

Կեդրոնականցին Կ՛ուզէ Նամակ Գրել Արցախի Նախագահին

ՄԱԿԱՐ ի Գաղղիա Յաւերժի սիրայօժար լրագրող Արմենակ ժամանակին հետ քայլ կը պահէ, լսածը հալած իւղի պէս կուլ չի տար եւ հաւկուրութենէ չի տառապիր, ինչպէս` բանգէտ հիներ եւ նորեր: Ինքզինք օժտած է ոչ թէ պարզ բջիջային հեռախօսի գործիքով, այլ` այֆոնով, ինչպէս` մոլորակի բոլոր կարեւոր անձերը: Տեսածը կը նկարէ, լսածը կ’արձանագրէ: Երկուշաբթի առաւօտ  հնչեց հեռաձայնի զանգը: Այդ օրով եւ ժամով միայն Արմենակը...

Հպանցիկ Մտորումներ Գրականութեան Ու Զահրատի Մասին

Նեցուկ Կանգնինք Արցախին

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ Ականջ դնենք իր կանչին միասնական ժիր կամքով դէպի Արցախ մենք երթանք` հպարտ ցցած կրծքերով: Կենաց մահու կռիւ է այս, որ կը հրահրէ մեր հոգին, եթէ անմաս մենք մնանք, կը վնասենք Արցախին: Զինուորները սահմանին եռանդ կու տան մեր կեանքին, որ օրն ի բուն քաջ սրտով պաշտպան կանգնած են երկրին: Մեր անսակարկ օգնութեամբ, ուժ հասցնենք սահմանին, որ թշնամին չարամիտ` չսպրդի...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Ջուղայի Սրբապղծուած Հայկական Խաչքարերու Աղաղակը Եւ Ճգնաժամերը Յաղթահարելու Կամքը

(Հին Ջուղայի Հայկական Գերեզմանատան Ոչնչացման 12-Ամեակին Առիթով) ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին դիմագրաւած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելուն մէջ թէեւ պատահած է, որ բազմատեսակ ու տարբեր բնագաւառներու մէջ տարուած աշխատանքին լարուածութեան պատճառով անոր ուժը սպառած է կամ երբեմն` թուլացած: Բնականաբար այս խնդիրը կը ծագի առաջնահերթ եւ երկրորդ կարգի իրագործուելիք ծրագիրներու գոյութենէն: Բայց եւ այնպէս թշնամիի կամ հակառակորդի հետ...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Ծայրայեղ Աւետարանականութիւնը Եւ Թրամփ Երեւոյթը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Ինչպէս Միջին Արեւելքի մէջ, նոյնպէս ալ Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնական շարժումները ունին նաեւ ազդեցիկ քաղաքական դերակատարութիւն: «Ճերմակ աւետարանականութիւնը» կամ «աջ աւետարանականութիւնը» ներկայիս Ամերիկայի աւետարանական համայնքին մէջ հսկայ ազդեցութիւն ունի, եւ այս շարժումին միջոցով է, որ ներկայիս հանրապետականները կրցան թափանցել կառավարութեան մէջ: Հետեւաբար այս իրավիճակին մէջ զարմանալի չէ, որ Տոնալտ Թրամփի նման երեւոյթ մը հասնէր նախագահական աթոռ: Սակայն հասկնալու...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Մեր Վտանգուած Գանձը` Արամի Տո՛ւնը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Ժամանակէ մը ի վեր խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք «Հին Երեւան» անունը կրող շուկայական համալիրի ծրագրային կազմաւորման փուլերուն: Մեծածախս այս ծրագրին տէրերը հետեւողականօրէն կը պնդեն, որ հակառակ յաջորդական ձգձգումներուն` ծրագիրը կենդանի է եւ շուտով պիտի մտնէ շինարարական փուլ: Կ՛իմանանք սակայն, որ դեռ հարցեր կան լուծուելիք, որոնց բնոյթը յայտնի չէ հանրութեան: Որմէ կը հետեւի, որ այս կէտին վրայ հանրութեան պարտաւորութիւնն...

«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը»` Ուրախութեամբ Ընթերցուելիք Գործ Մը

«Երիտասարդ Ընտանիքին Աստուածաշունչը»` Ուրախութեամբ Ընթերցուելիք Գործ Մը

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Նոր գիրք մը ունենալը աշխարհի ամէնէն լաւ զգացումներէն մէկն է, քանի որ ընթերցողին յոյս կը ներշնչէ, որ` ընթերցողը նոր աշխարհ մը պիտի ճամբորդէ գիրքին էջերուն ընդմէջէն: Գիրքին բովանդակութիւնը` իր կարգին, բայց գիրքը ինքնին` կողքի շապիկը, կողքի նկարը, էջերուն որակը, էջադրումը, տառատեսակը`  ամբողջութեամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունին գիրքին ընծայելիք փորձառութեան: Երբ իմացայ, որ Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութիւնը «Երիտասարդ ընտանիքին Աստուածաշունչը» խորագիրով...

Աքչամ Զօրակցութիւն  Կը Յայտնէ Արցախահայերուն

Կա՛մ «Մաղձէն» Ազատիլ, Կա՛մ Ալ` Քաղաքացիական Պատերազմ

Ստորեւ «Ակունք»-էն կը ներկայացնենք թուրք նշանաւոր պատմաբան, ցեղասպանագէտ, փրոֆեսէօր Թաներ Աքչամի յօդուածը, որ կը վերաբերի թուրք ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ Թուրքիոյ ներկայ ճգնաժամին: Ամերիկան մօտէն ճանչցող ընկերներս կը հաւաստեն, որ ամերիկացիները երբեք ուղղակի եւ բացայայտ կերպով չեն ճակատիր: Անոնք կ՛ըսեն, որ ամենաուժգին ընդհարումի ժամանակ ամերիկացիները նոյնիսկ ժպիտով դրութիւնը արձանագրելով` առանձնապէս մեծ հակազդեցութիւն չեն ցուցաբերեր: Ընկերներուս կարծիքով, ամերիկացիներու` «ուժգին եւ անմիջական հակազդեցութիւն...

Page 572 of 806 1 … 571 572 573 … 806

Արխիւներ