Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Պաշտօնական Հանդիպումները Ֆրանսայի Մէջ

December 13, 2017
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը նոյեմբեր 23-էն դեկտեմբեր 2 Ֆրանսայի Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին տեսակցած է Ֆրանսայի հինգ քաղաքներու` Մարսէյի, Լիոնի, Վալանսի, Տեսինի եւ Կրենոպլի քաղաքապետներուն:

Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի հետ տեսակցութեան ընթացքին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը բազմաթիւ հարցերու քննարկման ընթացքին բարձրացուցած է նաեւ Մարսէյ-Երեւան ուղիղ թռիչքի բացման խնդիրը: Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովի գումարման մասին քաղաքապետը իր գոհունակութիւնը յայտնած է: Նախարարը առաջարկած է Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ֆրանսերէնի ուսուցման դասընթացներ կազմակերպել: Հանդիպումին քննարկուած է նաեւ Մարսէյի Կերպարուեստի թանգարանի ցուցանմուշներու ցուցադրութեան կազմակերպումը Երեւանի մէջ:

Տեսինի քաղաքապետ Լորանս Ֆոտրայի հետ տեսակցութեան ընթացքին Հրանուշ Յակոբեանը շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետին՝ ընթացիկ տարուան սեպտեմբերին Արցախ կատարած այցելութեան համար, որուն ընթացքին Արցախի Ճարտար քաղաքի եւ Տեսինի միջեւ ստորագրուած է բարեկամութեան յուշագիր: Սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատած է Տեսինի քաղաքապետին աջակցութիւնը տեղի հայերուն, Հայկական մշակոյթի եւ յիշողութեան կեդրոնին:

Տեսակցութեան աւարտին նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Տեսինի քաղաքապետ Լորանս Ֆոտրան պարգեւատրած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան երախտագիտութեան մետալով:

Լիոնի քաղաքապետ Գէորգ (Ժորժ) Քեփենեկեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, անոնց բարձր մակարդակն ու խորացման ուղղուած քայլերը, քննարկուած է 2018 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Ֆրանսախօսութեան  վեհաժողովի գումարման հետ կապուած հարցեր, որուն կը նախատեսուի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մասնակցութիւնը:

Լիոնի քաղաքապետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը քննարկած են մարտ ամսուն Գէորգ Քեփենեկեանի Հայաստան կատարելիք հնարաւոր այցելութեան մանրամասնութիւնները: Նախարարը եւ քաղաքապետը արծարծած են կրթութեան, ճարտարապետութեան, բժշկութեան ոլորտներու հարցեր: Առանձնայատուկ կերպով շեշտած է բարձր արհեստագիտութեան մէջ համագործակցութիւնը` մատնանշելով Երեւանի մէջ գործող Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի առկայութիւնը:

Տեսակցութեան աւարտին նախարար Յակոբեանը Գէորգ (Ժորժ) Քեփենեկեանին պարգեւատրած է նախարարութեան ոսկեայ յուշամետալով:

Տեսակցութենէն ետք նախարարը եւ Լիոնի քաղաքապետը ծաղիկներ խոնարհած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին մէջ:

Կրենոպլի քաղաքապետ Էրիք Փիոլի հետ տեսակցութեան ժամանակ նախարարն ու քաղաքապետը շեշտած են Կրենոպլի տարբեր ոլորտներու զարգացման գործին մէջ հայերու աշխուժ մասնակցութեան կարեւորութիւնը: Քաղաքապետը նշած է, որ հայերը յարգուած ու սիրուած են իր եւ կրենոպլցիներուն կողմէ:

Քննարկուած են Սեւան եւ Կրենոպլ քոյր քաղաքներու համագործակցութեան վերաբերող, մասնաւորապէս զբօսաշրջութեան եւ կենսոլորտին առնչուող հարցեր:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանը շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետ Փիոլին` Հայկական մշակոյթի տան եւ, առհասարակ, հայ համայնքի  գործունէութեան աջակցելու համար:

Աշխատանքային այցի ընթացքին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը Մարսէյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Ռուբէն Խարազեանին, Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխհիւպատոս Գայեանէ Մանուկեանին, Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննիսեանին ուղեկցութեամբ այցելած է նաեւ Վալանսի Հայ մշակոյթի կեդրոն եւ «Ռատիօ Ա»-ի գրասենեակ:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարին Այցելութիւնները Ֆրանսայի Եւ Զուիցերիոյ Հայկական Կրթամշակութային Օճախներ

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Դեկտեմբեր Բ. ՀՅԴ Հիմնադիրներուն Յանդգնութեամբ (ՀՅԴ 127-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.