Բնագիտական թանգարանի «Դաջուածքներ» խորագիրով նոր ցուցահանդէսին մէջ թանաքը մարմնին վրայ բազմաթիւ ձեւեր կը ստանայ: Շրջիկ ցուցահանդէսը, որ սկիզբ առած է Փարիզի Ժաք Շիրաքի անուան նախնական արուեստներու թանգարանէն, կ՛ուսումնասիրէ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող նշանները` սկսած հնագոյն ժամանակներու ցեղային միութեան մէջ գոյութիւն ունեցող նշաններէն, որոնք գոյնզգոյն պատկերներով կը զարդարէին բնիկներու մաշկը, մինչեւ ներկայիս Լոս Անճելըսի մէջ տարածում գտած դաջուածքները: Կան դաջուածքի տեսակներ, որոնք ինքնարտայայտման նշան են, ոմանք ցոյց կու տան, որ մարդը այս կամ այն խումբի անդամ է, ոմանք ալ պատիժի ձեւ եղած են: Բացի այդ` կայ նաեւ հալէպցի կնոջ 1919 թուականի լուսանկարը: Անոր մարմնին դաջուածքները կը սկսին դէմքէն ու կ՛իջնեն մինչեւ պարանոց, ինչ որ կ՛երեւի անոր կիսաբաց վերնաշապիկին տակէն:
Կնոջ անունը յայտնի չէ, սակայն նկարը բացատրող մակագրութեան մէջ մասամբ ներկայացուած է անոր պատմութիւնը: Ան հայ եղած է ու Երիտասարդ կիներու քրիստոնէական հաստատութեան շնորհիւ` կրցած է փախչիլ հասարակաց տունէն: Մակագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կիները գերեվարած են ու ստրկացուած, կամ անոնց ստիպած են մարմնավաճառութեամբ զբաղիլ, դաջուածքներն ալ ըրած են, որ տարբերակեն զանոնք: Ատիկա խորապէս վրդովեցուցիչ նկար է, փոքրիկ պատմութիւն մը, որ մէկն է այն անժխտելի փաստերէն, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւն, որ մինչ օրս կը ժխտուի Թուրքիոյ մէջ:
Նոյնիսկ այն պարագային, երբ դուն հայ ես, երբ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղածի ժառանգ ես, այդ դաջուածքները կրնան խորապէս յուզել քեզ: Դուն կը մեծանաս` լսելով մահուան երթերու ու այլ գազանութիւններուն մասին: Սակայն դաջուածքներու մասին այդ պատմութիւններէն շատերու մէջ չի խօսուիր: 2011 թուականին բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեան այդ թեման ներկայացուցած է «Մեծ մօրս դաջուածքները» ժապաւէնին մէջ: Այն փաստավաւերագրական ժապաւէն է, որ հետագային «Ժազիրա» հեռուստաընկերութիւնը հեռարձակած է իր «Ականատեսները» ֆիլմաշարով: Ժապաւէնը անհատական պատմութիւն է, որ աւելի շատ կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան ձգած հոգեբանական հոգեխոցի հետեւանքները: Հարցը, թէ ինչո՞ւ կիներուն վրայ դաջուածքներ ըրած են, կը մնայ անպատասխան: Ատիկա գուցէ նաեւ այն պատճառով է, որ չկայ որեւէ ճշգրիտ պատճառ: «Ամէն կնոջ պատմութիւնը տարբեր է», հեռախօսազրոյցի ժամանակ ըսած է Էլիզ Սեմերճեանը: Սեմերճեանը պատմաբան է, որ ուսումնասիրած է Օսմանեան կայսրութեան պատմութիւնը, ան Ուաշինկթընի Ուիթմըն քոլեճի փրոֆեսէօր է եւ ներկայիս կ՛աշխատի Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող գիրքի մը ու սեռային (գենդերային) հարցերուն շուրջ: Գիրքին մէկ մասը կը կազմէ նաեւ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ կիներու մարմնին եղած դաջուածքներու վերաբերեալ հետազօտութիւնը:
Սեմերճեանը կ՛ըսէ, որ այդ դաջուածքները օգտագործուած են Օսմանեան կայսրութեան գիւղական համայնքներուն մէջ ցեղային տարբեր խումբերու կողմէ, յատկապէս` քիւրտերու եւ արաբներու: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ որոշ կիներ կը տանէին տնային տնտեսութիւններ` որպէս ստրուկներ, միւսներն ալ կը դարձնէին տան անդամներ: «Դաջելու աւանդական ձեւեր կային, որոնք կը կրէին այդ համայնքներու կիներ», կ՛ըսէ ան: «Կային նշաններ, որոնք ցեղախումբերուն մէջ աւանդաբար կը դաջէին այս կամ այն դէպքերու պարագային: Ատիկա կը նշանակէ, որ այդ համայնքներու կիներ ունեցած են նոյն դաջուածքներէն, այսինքն հայ կիներ միակը չեն եղած, որ ունեցած են դաջուածքներ»:
Այդ պատճառով ալ կը բարդանան հայ կիներու վրայ եղած դաջուածքներու պատմութեան վերծանումը: Ատոնք որպէս պատիժի միջոց դիտարկելն ալ մակերեսային մօտեցում է: Ըստ մարդաբան եւ լուսանկարիչ Լարս Քրուտակի, որ ուսումնասիրած է դաջուածքները ու եղած է «Դաջուածք. ցուցահանդէս»-ի խորհրդատուներէն մէկը, աշխարհի տարբեր ծայրերու մէջ դաջուածքներու ունեցած նշանակութիւններու մասին օրինակներ կը բերէ հին Չինաստանէն ու եւրոպական երկիրներէն: Ներկայի ազգերէն համեմատութիւններ կարելի է տանիլ Ողջակիզման ժամանակ հրեաներու դաստակներուն եղած դաջուածքներուն հետ:
Այնուամենայնիւ, նման համեմատութիւնը խնդրայարոյց է: Օսվենցիմի համակեդրոնացման ճամբարին մէջ պահնորդական ջոկատներու ղեկավարները առաջարկած են բանտարկեալներու վրայ տարբերանշաններ ընել: Սեմերճեանը կը նշէ, որ դաջուածքները Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու վրայ յարձակումներու ժամանակ որպէս գործիք չեն օգտագործուած: Որոշ դէպքերու, այս դաջուածքներն իսկապէս օգնած են հայ կիներուն` փրկուելու մահէն: Սեմերճեանն իր հետազօտութեան ժամանակ յայտնաբերած է նաեւ նման դէպքեր: Դաջուածքները երկար ժամանակ օգտագործուած են որպէս տարբերանշան. անոնք երբեմն ցոյց տուած են, որ անձը այս կամ այն ցեղային խումբի անդամ է: Այս հարցին վերաբերեալ Քրուտակն ընդհանուր առմամբ կ՛ըսէ. «Դաջուածքները կը ձեւաւորուէին այնպէս, որ ցոյց տան որեւէ խումբի պատկանելութիւնը, քանի որ բոլորը կը կրէին նախնիներէն ժառանգած ու սերունդէ սերունդ փոխանցուող նշաններ: Եւ եթէ անձը մէկ անգամ կը կրէ այդ նշանը իր մարմնին վրայ, ան կը դիտարկուի որպէս այդ ընտանիքի կամ համայնքի անդամ»:
Այդ տեսանկիւնէն հայ կիներուն մարմիններուն վրայ եղած դաջուածքներով փորձած են ցոյց տալ, որ անոնք կը պատկանին այս կամ այն ցեղային խումբին, որ պիտի չբնաջնջուէր, բայց այդ նաեւ կը թաքցնէր անոնց իրական ազգային պատկանելութիւնը: «Ինծի համար հետաքրքրական է նաեւ, որ դաջուածքները օգտագործուած են տարբեր մակարդակներու վրայ,- կ՛ըսէ Սեմերճեանը: – Ատիկա ցոյց կու տայ, որ դաջուածքներ ունենալը որոշ պարագաներուն կրնայ քողարկել մարդը որոշ ժամանակ, յատկապէս` այն ընթացքին, երբ որոշած էին հայերը բնաջնջել»:
Ան կ՛աւելցնէ. «Այս մարդուն մէջ կը յառաջանայ ուժեղ զգացողութիւն, թէ այդ դաջուածքները, ըստ էութեան, ցոյց կու տան մարդու ազգային պատկանելութիւնը: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա հայերուն մէջ կը ստեղծէ զգացմունքային ուժեղ հակազդեցութիւն, որովհետեւ ատիկա կը նշանակէ ջնջել հայկական ինքնութիւնն ու ընդունիլ նոր ինքնութիւն. այն ինքնութիւնը, որ դաջուած է դէմքին»:
«Երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմը աւարտեցաւ, եւ որոշ հայ կիներ կրցան միաւորուիլ իրենց համայնքներուն հետ, անոնց դաջուածքները մնացին: Սեմերճեանը կը նշէ, որ որոշ կիներ շպարի միջոցով կը փորձէին թաքցնել Ցեղասպանութեան ժամանակ եղած անջնջելի դաջուածքները կամ կ՛ենթարկուէին յատուկ բուժումներու, որոնց միջոցով կը փորձէին ազատիլ այդ դաջուածքներէն: Սեմերճեանը կ՛ըսէ. «Անոնք չեն առանձնացուած հասարակութենէն: Անոնք, հնարաւոր է, իրենք զիրենք խարանուած ու օտարուած զգացած են, որովհետեւ իրենց վրայ կը կրէին այդ նշանները, բայց անոնք ընտանիքներ ունէին, ուր զիրենք չէին առանձնացներ մնացած հայերէն: Այնուամենայնիւ, հոգեբանօրէն ասոր ձգած ազդեցութիւնը շատ դժուար է վերացնել»:
Սեմերճեանը ուսումնասիրած է բազմաթիւ արխիւներ, որոնց մէջ` Միացեալ Նահանգներու Ազգերու լիկայի արխիւը, որպէսզի գտնէ լուսանկարներով փաստաթուղթեր դաջուածքներու վերաբերեալ, սակայն գտնելու շատ բան չէ եղած: Ան կ՛ըսէ, որ ամէն պարագայի հայ կիներուն վրայ դաջուածք ընելը Ցեղասպանութեան տարիներուն համընդհանուր բնոյթ չէ կրած, բայց գոյութիւն ունեցող նկարներն ու պատմութիւնները վեր կը հանեն Ցեղասպանութեան եւս մէկ ողբերգական կողմը: Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն դաջուածք ունեցող շատ քիչ թիւով հայ կիներ յաջողած են փրկուիլ,- կ՛ըսէ ան.- սակայն մարմնի վրայ դաջուածք ունեցող կիները կը գրաւեն մեր ուշադրութիւնը, քանի որ այդ երեւոյթը շատ բան կ՛ըսէ բռնի ձուլումի մասին: Ա՜խ այդ բռնի ձուլումը»: