Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հաւանաբար ընթերցողներս ալ պարբերաբար այցելութիւն կու տան իրենց բժիշկին եւ, ժամադրութեան պահուն դարմանատուն հասնելէ ետք, ատեն մը կը սպասեն` քննութեան սենեակ առաջնորդուելու համար:
Հասարակ մահկանացու մը ըլլալով, երբ բժիշկի երթամ, սպասման սրահին մէջ ժամանակս կ՛անցընեմ քիչ մը ճակատագրակիցներս դիտելով, քիչ մըն ալ` պատկերասփիւռի հաղորդումներով: Նկատած եմ, որ ինծի նման սպասողները կ՛ըլլան մարդիկ` իրարու հանդէպ անհաղորդ, կամ, լաւագոյն պարագային, ձեռքի հեռաձայններու վրայ մատները թպրտացնելով` կը հաղորդակցին հեռակայ բարեկամներու կամ… կողքին նստող հարազատին հետ: Սենեակին լռութիւնը հազուադէպօրէն կը խզուի հեռաձայնով` խօսողի մը կողմէ, որ անտարբեր-անհաղորդ կը մնայ շրջապատին, չի մտածեր, թէ սա շուրջինները ինչո՞ւ պէտք է այլանդակ մանրամասնութիւններ իմանան իր կերածին կամ երթալիք սափրիչին մասին…
Նման կացութիւններու վարժուած եմ տարիներէ ի վեր, հետեւաբար քանի մը օր առաջ ափ ի բերան մնացի, երբ դարմանատան սպասման սրահին մէջ ստեղծուեցաւ բոլորովին տարբեր մթնոլորտ մը, որուն կ՛ուզեմ հակիրճ կերպով բաժնեկից ընել ընթերցողս:
6-7 այրերու եւ կիներու հետ լուռ նստած էինք, երբ դուռը բացուեցաւ եւ նախ շնիկ մը, ետեւէն ալ անոր ծերունազարդ տէրը եկան միանալու սպասողներուս: Քանի մը ակնթարթ ետք սրահին մթնոլորտը աշխուժացաւ մտերմիկ ու զուարթ խօսակցութիւններով: Պէտք ունի՞մ ըսելու, որ զրոյցներուն նիւթն ու հերոսը… շնիկն էր: Ամէն անկիւնէ հարցում մը, ակնարկութիւն մը եւ սրամտութիւններ իրարու հետ մրցումի ելան: Շուտով բոլորը գիտէին շան անունը, տարիքը, սովորութիւններն ու բոլորէն սիրուած ըլլալը: «Երբ տեղ մը մտնեմ, շուկայ կամ որեւէ գրասենեակ, մարդիկ անոր շուրջ կը հաւաքուին, տալիք բան մը կը գտնեն, անպայման կը շոյեն-կը գգուեն զինք, հետը կը զրուցեն. իմ երեսս չեն նայիր», բացատրեց տէրը` աւելի՛ հպարտի, քան գանգատողի ձայնով… Հոս ալ շան նկատմամբ ընդհանուրի վերաբերմունքը տարբեր չէր: Շնիկը կարգով այցելեց բոլորին, եկաւ, պահ մը կանգ առաւ դիմացս, ստեւներուն ետին կիսովին պահուըտած աչուկներով զրուցեց հետս, հոտոտեց կօշիկիս ծայրը (ըսեմ, որ բացառութիւն չէի), յետոյ, շրջապտոյտը աւարտելէ ետք, գնաց, պառկեցաւ տիրոջ ոտքերուն քով` գլուխը յենելով թաթիկներուն վրայ, անտարբեր` շարունակուող զրոյցներուն նկատմամբ, որոնք կը դառնային իր ու ընդհանրապէս շուներու շուրջ. ամէն մէկը բան մը ունէր պատմելիք իր շան մասին…
Մտածեցի. ուրեմն այս շունը (նաեւ` անոր նման ուրիշներ), իր տարբեր արժանիքներուն կողքին, ունի եղեր տարբեր յատկութիւն մըն ալ, զոր պիտի կոչեմ «շան գործօն»: Սրահ մտաւ ու քանի մը ակնթարթի մէջ իրարու կողքին-դիմաց անտարբերօրէն նստած մարդիկը մղեց իրարու հետ զրոյցի բռնուելու: Չեմ գիտեր, թէ այդ գործօնը կախեալ է աչուկներէ՞ն, քթիկին երկու կողմերէն վար կախուած ստեւներուն գրաւչութենէ՞ն, թէ՞ լուռ շրջապտոյտէն. փաստը այն էր, որ իրարու անծանօթ մարդիկ հիմա հին մտերիմներու պէս կը զրուցէին իրարու հետ, կարգով կը մօտենային ու կը փայփայէին զայն:
… Մտածում մը ծագեցաւ ուղեղիս մէջ. պատկերասփիւռէն յաճախ հանգանակութիւն կ՛ընեն անտէր շուներու եւ այլ անասուններու համար, կոչ կ՛ընեն, որ մարդիկ «որդեգրեն» լքուած շնիկներ: Կ՛ըսուի, որ Միացեալ Նահանգներու տարածքին կայ աւելի քան չորս միլիոն անտէր շուն: Ուրեմն աշխարհը ինչպիսի՜ բարիքներու պիտի հասնի, եթէ մարդիկ այդ շուներէն որոշ թիւ մը «որդեգրեն» եւ նուէր ղրկեն հակամարտ երկիրներու նախագահներու կամ իշխանաւորներու, որոնք կը սպառնան զիրար ոչնչացնել կորիզային կամ աւանդական զէնքերով, իրենց արտադրած զէնքերը կ՛ուզեն մեծաքանակ ծախել ասոր-անոր` զանոնք պատերազմի մղելու դիտաւորութեամբ, ջարդեր կը կազմակերպեն իրենց քաղաքացիներուն կամ երկրի փոքրամասնութեանց դէմ: Գուցէ «շան գործօն»-ը զանոնք ալ մղէ իրարու հետ բարենպատակ ու հաճելի զրոյցի, թերեւս «մարդուն ամէնէն հաւատարիմ անասունը» յաջողութեամբ փոխարինէ ՄԱԿ-ն ու մարդոց կեանքն ու բարօրութիւնը պաշտպանող բարեմիտ կազմակերպութիւնները:
Թերեւս անխօս անասունները աւելի՛ արդիւնաւոր գործ տեսնեն, քան` ապարդիւն շատախօսները…