Անդրադարձ

Շնորհաւոր Մայիս 28

Դար մը առաջ, մայիսեան յաղթանակի հրաշագեղ յայտնութեամբ, Հայ օգնութեան միութիւնը ականատես եղաւ հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին, որուն շնորհիւ պետականութիւն կերտեցինք: Այսօր ՀՕՄ-ն ու ՀՕՄ-ականը բարձրաճակատ կը յիշեն ոչ միայն մարտնչող հայ զօրքը, որ մեզի մայիսեան յաղթանակ պարգեւեց, այլ ժողովուրդի բոլո՛ր հատուածները, որոնք կերտեցին անկախութիւնը, բարձր պահեցին մեր ազգային արժանիքները եւ նոյնիսկ ազգային ծանր տագնապներու ընթացքին հայրենի հողէն բրտօրէն խլուած եւ...

Մտորումներ Հայաստանի Քաղաքական Զարգացումներում Դաշնակցութեան Կատալիտիկ Դերի Մասին

Մտորումներ Հայաստանի Քաղաքական Զարգացումներում Դաշնակցութեան Կատալիտիկ Դերի Մասին

Հեղինակ։ ՎԱԼԻ ՔՈՒԶԵՀԳԱՐ ՔԱԼԵՋԻ* Պարսկերէնից թարգմանեց։ ՍԱՐԳԻՍ ՄԿՐՏՉԵԱՆը Կատալիզատորը քիմիական նիւթ է, որը արագացնում է քիմիական ռեակցիայի ընթացքը, համակարգում հաւասարակշռութիւն ստեղծելու նպատակով, բայց ինքը չի ծախսւում եւ չի մտնում ռեակցիայի արդիւնքում առաջացած նոր նիւթի մէջ: Քաղաքական ոլորտում եւս որոշ քաղաքական եւ ընկերային շարժումներ իրենց իւրայատուկ դերի ու ազդեցութեան պատճառով գործնականում այդպիսի դեր են կատարում: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որն Իրանում ճանաչւում...

Տեսակէտ.  Ախտագին Երեք Երեւոյթներ

Տեսակէտ. Ախտագին Երեք Երեւոյթներ

ԼԱԽՏ Երբ ձեռքբերումներ արձանագրուին, յաճախ ականատես կամ լսողաց կը դառնանք անոնց վերաբերող ժխտական երեւոյթներու: Ստորեւ` երեք նման երեւոյթներ. - «Յաղթանակը բազմաթիւ հայրեր ունի, սակայն պարտութիւնը որբ է» ասացուածքը ճշմարիտ է բազմաթիւ ոլորտներու համար, մասնաւորաբար` քաղաքականութեան մէջ: Ոմանք կ՛ուզեն միայն կրել յաղթանակի դափնին, սակայն ոչ ձախողութեան պատասխանատուութիւնը, ուստի ձեռքբերումը կը վերագրեն իրենք իրենց, իսկ ձախողութիւնը ուրիշներուն` մոռնալով այն բնական իրողութիւնը, թէ...

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց իր աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին

Մայիս 68-էն Յիսուն Տարի Ետք` (Հայկական) Յեղափոխութիւնը 21-րդ Դարուն

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ յեղափոխութիւնը սկսած, կազմակերպած եւ իր յաջող աւարտին հասցուցած երիտասարդութիւնը շատ հաւանաբար անտեղեակ է, որ իր նախաձեռնութիւնը կը զուգադիպի Փարիզի մէջ մայիս 1968-ին ծայր առած ուսանողական ըմբոստութեան եւ զօրաշարժի յիսնամեակին: Մայիս 68-ը, ինչպէս ժողովրդականացաւ երեւոյթը, պատմութիւն է արդէն: Բայց, ինչպէս այդ օրերու անցուդարձերուն մասին արդէն լոյս տեսնելու սկսած բազմաթիւ յօդուածներ եւ պարբերաթերթերու յատուկ...

Արամ Մանուկեանի Սիրտը Դեռ Կը Տրոփէ Արարատի Գագաթին (Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակ)

Դժգոհները չեն ճանաչում Արամին: Երբ ճանաչեն, կը համոզուեն, որ ներկայումս նա ՄԻԱԿ կարող մարդն է այդ պաշտօնին համար: Ես ինչո՞ւ եմ հրաժարւում. որովհետեւ մէկ է` ես ինքս առանց Արամի ոչինչ չեմ անելու: Զօր. Մովսէս Սիլիկեան (Մայիսեան յաղթանակներու ընդհանուր հրամանատար) Եւ ինչո՞ւ սիրտը. չէ որ մարդու հոգին է, որ յետմահու կ՛ապրի ու կը սաւառնի, անսահման ու անեզր երկրագունդի ամբողջ տարածքին: Միթէ...

Ուխտի Ճանապարհներ Ռէտթէոս Պէրպէրեանի Գերեզմանը

Ուխտի Ճանապարհներ Ռէտթէոս Պէրպէրեանի Գերեզմանը

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Զոհրապին վերագրուած վկայութեամբ, «Ռէտթէոս Պէրպէրեան պարտականութեան մարդն էր, օգտակարին, գեղեցիկին եւ բարիին քարոզիչը»: Այդպէս ալ տեսայ ու կարդացի անոր գերեզմանին կառուցուած յուշակոթողին վրայ, Սկիւտարի հայոց գերեզմանատուն այցելութեանս ընթացքին: Վերջին տարիներուն վերատպագրուած Թէոդիկի հանրածանօթ «Ամէնուն տարեգիրքը» 1908 տարուան հատորին մէջ ալ յետ այդու կարդացած եմ 1876-ին  Քաղկեդոնի (Գատըգիւղ), ապա Սկիւտարի մէջ հիմնած սեփական, իր անունով կոչուած Պոլսոյ Պէրպէրեան ...

Յայտարարութիւններ (27 Յունուար 2018)

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. 90-ամեայ Համազգայինի Տեսլականը

«Իմաստութիւնը ո՛չ թէ տարիքի, այլ կրթութեան եւ ուսման արդիւնք է»: Անթոն Չեխով (1860-1904, ռուս գրագէտ) Շարունակ կը մոռնանք եւ լուսանցքի տակ կ՛առնենք, որ մայիս 28-ը միայն Հայաստանի առաջին անկախութեան օրը չէ, այլ նաեւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան օրն է: Յաւելեալ շփոթ ալ չստեղծենք: Տասը տարուան տարբերութիւն կայ երկու տարեդարձներուն միջեւ: Այս տարի կը նշենք Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ի՞նչ Կը Փնտռէ Քաղաքացիական Հասարակութիւնը

Որեւէ երկրի մէջ անհանդուրժողութեան ալիքները բարձրանալ կը սկսին այն պահուն, երբ տիրող ընկերային անարդարութեան, տնտեսական անձուկ կացութեան դիմաց իշխող ուժեր կամ ղեկավար մարմիններ երկրի կառավարման աշխատանքը թափանցիկ չեն դարձներ հասարակութեան համար ու առողջ քննադատութիւնը կամ բողոքը չեն ընդունիր որպէս հասարակութեան արդար հակադարձութիւն կամ կացութիւններու լուծումներ որոնող պոռթկում, այլ կը համարեն սոսկ տուեալ մարմիններու վարկազրկման ուղղուած կամ երկրի ազգային անվտանգութիւնը խաթարող...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցեցաւ Վրաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւններուն

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցեցաւ Վրաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Տօնակատարութիւններուն

Նախագահ Արմէն Սարգսեան 26 մայիսին Թիֆլիսի Անկախութեան հրապարակին վրայ ներկայ գտնուեցաւ Վրաստանի Առաջին Ժողովրդավարական Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան: Իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահը ջերմօրէն շնորհաւորեց Վրաստանի բարեկամ ժողովուրդը Վրաստանի ազգային տօնին` պետական անկախութեան վերականգնման 100-ամեայ յոբելեանին առիթով եւ նշեց, որ իրեն համար մեծ պատիւ է այդ հրաշալի առիթով այդտեղ գտնուիլ: «Իմ երկիրս նոյնպէս երկու օր յետոյ` 28 մայիսին, պիտի...

Նամականի

Անդրադարձ. Սարիղամիշի Մէջ 1918-ին – Ա.

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սիմոն Վրացեանի այս յուշագրութիւններու շարքը (1) ընթերցողը կը տանի 1918-ի անկախութեան ժամանակաշրջանը` միջավայրը, ժողովուրդին եւ Թիֆլիս բնակող ղեկավարութեան առօրեային մասին պատկերներ կը ներկայացնէ, յատկապէս ահաւոր դժուարին պայմաններու տակ գտնուող զինուորականներուն ռազմական-բարոյական իրավիճակը` ռուսական բանակին անկանոն նահանջէն ետք, ականատեսի երբեմն հեգնական երանգով շեշտուած նկարագրութիւններով (արեւմտահայերէնի վերածուած): «Այդ տարի` 1918-ին, Հայաստանի ձմեռը առանձնապէս սաստիկ էր: Նոր տարին սկսաւ խիստ ցուրտով,...

Ստացուած Գիրքեր.  «Պանդուխտ»  (Հեղինակ` Եղիա Ճէրէճեան)

Ստացուած Գիրքեր. «Պանդուխտ» (Հեղինակ` Եղիա Ճէրէճեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2018-ին «Հրասիրտները» մատենաշարով լոյս տեսաւ Եղիա Ճէրէճեանի «Պանդուխտ» (Միքայէլ Սերեան) հատորը, բաղկացած` 238 էջերէ: Նախաբանը գրած է պատմական գիտութիւններու դոկտոր Վահան Մելիքեան: Պանդուխտ` Միքայէլ Սերեան ծնած է Մշոյ դաշտի Յունան գիւղին մէջ: Թրքական եւ քրտական հորդաներու կողմէ ծննդավայրին աւերումէն ետք, 1904-ին, դարձած է ֆետայի: Սասունէն հեռանալէն ետք  անցած է Անդրկովկաս եւ մասնակցած 1905-ի հայ-թաթարական կռիւներուն: 1906-ին...

Ստացուած Գիրքեր. Լուսարձակի Տակ  (Հեղինակ` Երուանդ Քասունի)

Ստացուած Գիրքեր. Լուսարձակի Տակ (Հեղինակ` Երուանդ Քասունի)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ Երուանդ Հ. Քասունիի «Լուսարձակի տակ. անհաճոյ ըլլալու գաղտնիքը» հատորը, բաղկացած` 328 էջերէ: Ներածականին մէջ Քասունի կ՛ըսէ, որ եռեւեփող աշխարհի այս դարուն մէջ հայ ժողովուրդը կը մնայ իր դարաւոր տագնապով, գոյապահպանումի պայքարով, յոյսերով, յուսախաբութիւններով, բայց միշտ լուսապայծառ ապագայի երազով: Համաշխարհայնացումի խաղին մէջ հայուն աշխարհը կը մնայ Հայաստանը, Արցախը եւ սփիւռքը: Գիրքը բաղկացած է շարք...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրոյ Հիւղակը

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Ոսկի վառ շողեր ամպերու մէջէն Իմ սիրոյ ճամբան կը լուսաւորեն. Ու ես կը քալեմ սիրոյ սրտին մէջ` Հետեւելով այդ շողերուն անշէջ: Հոն կայ լռութիւն, շրթներ անշշուկ, Այտերու վրայ պագեր անաղմուկ: Հոն կանաչ աչքեր կ՛երազեն արթուն: Վարդեր կը բուրեն բոսոր, թաթաւուն: Կը տեսնես նաեւ գետակի ափին Հիւղակը սիրոյ` ծառերու շուքին: Իմ երազը այս ամպերուն մէջէն Ոսկի վառ շողեր ինծի...

Խմբագրական.  Պետականութիւնը Շարունակականութիւն Է (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Պետականութիւնը Շարունակականութիւն Է (Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Առիթով)

Հայկական աշխարհը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը: Տարի մը առաջ կազմուած էր 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողով, հիմնականին մէջ միջգերատեսչական ներկայացուածութեամբ: Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ իշխանափոխութիւնը պահ մը դիպաշարին հետեւողներուն մօտ յառաջացուց այն մտահոգութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկները կրնան ընդհանրապէս տեղի չունենալ, կամ լաւագոյն պարագային` ոչ համարժէք արժանավայելութեամբ տեղի ունենան: Պետականութեան եւ պետականութենէն ակնկալուած գործառոյթները փաստօրէն կը պահեն իրենց...

«Լիբանանահայութեան Ուժը Ամբողջ  Սփիւռքի Եւ Հայութեան Ուժն Է»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

28 Մայիս. Մնայունը` Տօն Մարտունակութեան Եւ Ազատատենչութեան

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ «Վարդահեղեղ արշալոյսին» հարիւրամեակն է այսօր: 28 մայիս 1918-ի, Հայաստանի անկախութեան, Հայաստանի պետականութեան վերականգնման, անկախ Հայաստանի հիմնադրութեան հարիւրամեակը: Նուաճումը, տօնը, կոչեցէք` ինչպէս որ կ՛ուզէք: Բայց մէկ իրողութիւն անվիճելի է: 28 մայիս 1918-ը հայ մարդու անկախ մտածողութեան յաղթանակի տօնն է աներկբայօրէն: Պատմական դէպքերը տեղի կ՛ունենան քաղաքական, ռազմական, ընկերատնտեսական ժամանակի պայմաններուն մէջ: Պատմական դէպքերը կը գնահատուին ժամանակի ու տասնամեակներու ընթացքին: 28...

Խմբագրական «ՎԷՄ»-ի.  Մայիս 28-ն` Իբրեւ Փորձաքար*

Խմբագրական «ՎԷՄ»-ի. Մայիս 28-ն` Իբրեւ Փորձաքար*

Հայաստանի Հանրապետության 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւնները խոստանում են դառնալ այն իւրայատուկ «լակմուսի թուղթը», որն առարկայօրէն ի ցոյց է դնելու ոչ միայն պետականութեան գաղափարի հանդէպ իւրաքանչիւրիս յարգանքի աստիճանը, այլեւ` մեր ներկայ հանրապետութեան(1) ինքնուրոյնութեան եւ ինքնիշխանութեան չափը: Թէեւ մեր երկրի 1991-ի վերանկախացումից յետոյ Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1920 թթ. պատմութիւնը դուրս է բերուել քաղաքական արգելանքի դաշտից, այնուամենայնիւ, նրա հանդէպ վերաբերմունքը այդպէս էլ չի հասել ո՜չ...

Նամականի

Անդրադարձ. 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Յուշագրութիւնները Եւ Համացանցին Մէջ Հանդիպած Մամլոյ Եւ Այլ Յօդուածներու Կարգ Մը Վրիպումները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն 100 տարի ետք, այժմ, 2018-ին, որեւէ տեսակի ուսումնասիրութիւն կամ արժեւորում կատարելու համար անհրաժեշտ է կարելիութեան սահմաններուն մէջ երեւակայել եւ վերապրիլ 1914-1920 ժամանակաշրջանը` իր միջավայրով, մշակոյթով, կենցաղային առօրեայով, ժողովրդագրական, աշխարհաքաղաքական-ռազմական եւ կուսակցական իրավիճակով: Տուեալ ժամանակաշրջանի թանկագին լուսանկարները եւ ազատագրական-յեղափոխական գրականութեան իմացութիւնը կը դիւրացնեն այդ: Սիմոն Վրացեան                              Ալեքսանդր Խատիսեան                     Ռուբէն Տէր Մինասեան Իսկ միջավայրերն էին հայ ժողովուրդին...

Ազգը Միացնող Քայլերու Ակնկալութեամբ (Չարտասանուած Խօսք`  Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին)

Ինչո՞ւ Ոչ` Հանրապետութեան Հրապարակին Վրայ (Արամ Մանուկեանի Արձանի Բացումին Առիթով)

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Այս նիւթի մասին, չեմ գիտեր, թէ քանիերո՛րդ անգամն է, որ կը գրեմ` մտածումներս ու զգացումներս բաժնեկցելով ընթերցողներուն հետ: Կը խոստանամ, որ այս մէկը վերջինը ըլլայ այս շատ չարչրկուած նիւթի մասին, հակառակ անոր որ վիրաւորանքն ու անտեսումը այնքան խորն են, որ օր մը  կրնամ ստիպուիլ դարձեալ գրել այս մասին: Նախ սկսիմ պատմելով, թէ ինչպէ՛ս առաջին անգամ այցի գացի ազգային...

Ապրիլ` Մայիսով …

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ (Ապագայ լրագրող) «Թրքական լուծին տակ մեր դարաւոր ստրկութենէն ետք, վճռած ենք ազատ ապրիլ կամ մեռնիլ: Եթէ չյաջողինք պաշտպանել մեր երկիրը, մեր ազատութիւնը եւ պատիւը, զէն ի ձեռին, արժանի չենք ուրեմն իբրեւ ազգ ապրելու»: Հայոց բանակի սպարապետ զօր. Նազարբէկեանի այս գերագոյն կոչը` բանակի զինուորներուն, խթան հանդիսացաւ հետագայ օրերուն անոնց անխորտակելի դիմադրութեան: Իւրաքանչիւր զինուոր իր մէջ ունէր ամբողջ ազգի մը...

Մայիսեան Փառապանծ Թուական

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Մայիս ամիսը կը համապատասխանէ տարուան այն եղանակին, երբ բնութիւնը անգամ մը եւս կ՛արթննայ, կը նորոգուի եւ կը ծաղկի երկար ձմեռէ մը ետք: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մայիս ամիսը նաեւ մարմնացումն է ծաղկման, յոյսի, վերածնունդի, որովհետեւ այն ամիսն է, երբ աւելի քան 600 երկար տարիներու ստրկութենէ, զուլումէ, ջարդէ ետք, 1918 թուականին հայ ժողովուրդը, միասնակամ եւ միասնական պայքարէ ետք...

Page 531 of 806 1 … 530 531 532 … 806

Արխիւներ