Անկախ Մտածողներու Վերջին Խնճոյքը («Կոնտոլեզիա, Իմ Սէր» Թատրերգութեան Ներկայացման Առիթով)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Դիտումնաւոր, չակերտազերծ ու առանց երկմտանքի արձանագրեցինք անկախ ածականը: Իսկ ինչ կը վերաբերի մտածողներու, փա՜ռք ստեղծիչին, որ տակաւին նման անհատներ կը շնչեն ու կ՛արարեն: Այլապէս ալ պէտք չէ մտահոգուիլ, որ անկախ մտածողներու տեսակը ենթակայ է տակաւ անհետացման, որովհետեւ անոնք թէեւ անհատ առ անհատ կ՛ապրին, այսուհանդերձ կը կազմակերպեն խրախճանքներ, հանդիպումներ եւ հանրային լսարաններ. ահա վերջին խնճոյքը: Քիչ կը պատահի, մանաւանդ...

















