Անկախութեան 100-ամեակ. Երկու Աւանդ Եւ Երկու Խորհրդածութիւն
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Յ. Օշականի բնորոշումով, «մեր բոլոր տօներուն տօ՛նն է» մայիս 28-ը, որ կը նշանակէ, թէ մեր բոլոր տօներուն ու արժէքներուն յիշողութիւնն ալ պիտի կորսուէր, եթէ չունենայինք Սարդարապատն ու Մայիս 28: Որով, մեծագո՛յնն է անիկա, որ երբեւիցէ ունեցած ըլլայ մեր ժողովուրդը իր բովանդակ պատմութեան մէջ: Բազմախորհուրդ ու բազմաշերտ է աւանդը Մայիս 28-ին, բայց հոս անդրադառնանք անոնցմէ միա՛յն երկուքին, որոնք մինչեւ...

















