Մեր Գլխագիր Ընկերը
ԱՐԻՆ Սիրելի՛ ընկ. Անդօ, Եկաք ու անցաք այս աշխարհէն: Ձեր երթալէն ետք զգացի այն մեծ վիհը, որ բացուեցաւ մեր միջեւ: Ականջիս մէջ կը լսեմ ձեր ձայնը, ձեր հարցերուն մօտեցման եղանակը եւ մտահոգութիւնը լուծելու ձեր պաղարիւն, սակայն հաստատուն որոշումները: Աչքիս առջեւ է միշտ ձեր հռչակաւոր «ձեռքի շարժում»-ը: Ձգէ` թող խօսի, ձգէ թող երթայ… Սորվեցուցիք համբերատար ըլլալ, բայց` ոչ զիջող: Իրաւունքը պաշտպանող...


















